Սուրիոյ ճգնաժամի առաջին տարիներուն, կառավարական ուժերու տիրապետութենէն դուրս եկած շրջաններուն մէջ շատեր սկսան պեղումներով զբաղիլ՝ հնութիւններ ձեռք բերելու, զանոնք այլ երկիրներու մէջ վաճառելու նպատակով, սակայն անոնց մեծ մասը երբ չկրցաւ որեւէ արժէքաւոր իր գտնել, դիմեցին այլ միջոցի, այսինքն՝ կեղծ յուշարձանիկներ արտադրելու ու զանոնք որպէս հնագիտական հարստութիւն աշխարհի տարբեր շուկաներու մէջ վաճառելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:
Կայքին փոխանցմամբ՝ ժամանակ առ ժամանակ Թուրքիոյ, Լիբանանի, Իրաքի եւ Յորդանանի ոստիկանութիւնը տարբեր վաճառականներու մօտ Սուրիայէն յափշտակուած հնագիտական իրեր կը յայտնաբերէ, սակայն կը պարզուի, որ անոնց մեծ մասը կեղծ է:
Սուրիոյ Հնութիւններու եւ թանգարաններու նախկին տնօրէն Մամուն Ապտ Ալ Քարիմ յայտնած է, որ անցնող տարիներու ընթացքին Լիբանանի մէջ յայտնաբերուած ու Սուրիա վերադարձուած հնագիտական իրեր 70 տոկոսը կեղծ եղած է:
Աղբիւրին համաձայն՝ կեղծուած հնագիտական իրերուն մէջ զգալի թիւ կը կազմեն գիրքերն ու ձեռագիր մատեանները, որոնք կը պատրաստուին եղնիկի կաշիի վրայ յատուկ միջոցներով հնացուած մելանի կիրառումով: