8 Մայիսին 89 տարեկանին Լոնկ Պիչի իր բնակարանը մահացած է ԱՄՆ Գալիֆորնիոյ նախկին հայ նահանգապետ, հանրապետական գործիչ Ճորճ Տէօքմէճեանը, կը հաղորդէ «Լոս Անճելոս թայմզը»:
Ան երկու անգամ զբաղեցուցած է Գալիֆորնիոյ նահանգապետի պաշտօնը՝ ընտրուելով 1982 եւ 1986 թուականներուն:
Յայտնի հանրապետական գործիչը իր աշխատանքը կառուցած էր յանցաւորութեան դէմ պայքարի հիմքին վրայ՝ ամրապնդելով պետութեան քրէական արդարադատութեան դիրքերը:
Տէօքմէճեանը 16 տարի եղած է պետական օրէնսդիր, իսկ 4 տարի՝ նահանգի գլխաւոր դատախազ: Ան յաջողութեամբ պաշտպանած է «զէնք օգտագործեր ես, գնայ բանտ» օրինագիծը, գլխաւորած է սոցիալական նպաստ ստացողներու համար աշխատատեղերու ծրագիրը եւ այլն:
Տէօքմէճեան եղած է հայ ներգաղթեալներու ընտանիքէ: Ան դարձած է ԱՄՆ-ի մէջ հայ ամենայայտնի պետական գործիչը: