Երկուշաբթի, 11. 11. 2024

spot_img

Երեւանի Պետական Համալսարան – Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Պէտք Է Այլ Դիտանկիւնէ Մօտենալ

*ՍՈՆԱ ԱԲՈՒՆՑ*
ԵՊՀ լրագրութեան բաժնի
2-րդ դասընթացքի ուսանողուհի

Ապրիլ 21-28-ը Պէյրութ  մասնագիտական փորձուսումի նպատակով գտնուող ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի «Ցեղասպանագիտութիւն» մագիստրոսական ծրագիրի ուսանողներէն էր նաեւ Մերի Գէորգեանը: Ան, բացի կրթութիւն ստանալէ, այսօր կ»աշխատի նաեւ որպէս ուսուցչուհի: Մերիի հետ զրուցած ենք Սփիւռքի մէջ իր ունեցած փորձուսումին, Պէյրութի աշակերտութեան հոգեբանութեան մասին, փորձած ենք համեմատական եզրեր կատարել թեմայի  հանդէպ զգացականութեան եւ գիտակցական մակարդակներուն, Հայաստանի եւ Սփիւռքի աշակերտներու հոգեբանական տարբերութիւններուն միջեւ:

Արդէն 2 տարիէ Մերի Գէորգեանը ուսուցչութեամբ կը զբաղի: Աւարտելով ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի Պսակաւոր Արուեստի կրթական ծրագիրը՝ Մերին անմիջապէս աշխատանքի անցած է Կոտայքի մարզի Քասախի Ա. Յովհաննիսեանի անուան N2 միջնակարգ դպրոցին մէջ: «Ես 2016 թուականէն կ’աշխատիմ Ա. Յովհաննիսեանի անուան N2 միջնակարգ դպրոցը: Պսակաւոր Արուեստի ուսումնառութիւնս աւարտելէ ետք ես ինծի դպրոցը չէի պատկերացներ: Բայց 4-րդ տարին արդէն առաջին փորձուսումը ունեցայ եւ հասկցայ, որ այդքան ալ բարդ չէ եւ կարելի է փորձել: Այնուհետեւ յայտարարութիւն տեսայ դպրոցը աշխատելու կապակցութեամբ, դիմեցի եւ անցայ: Օգոստոս 29-ին էր այդ մէկը, իսկ ես Սեպտեմբեր 1-էն արդէն աշխատանքի գացի»:

Մերին, չնայած ուսուցչութեամբ զբաղելու կարճ ժամանակահատուածին, յստակ սկզբունքներով կ’առաջնորդուի աշակերտներուն հետ աշխատելու ժամանակ: «Ուսուցիչ-աշակերտ սահմանը չկայ, ես ինծի կը պահեմ այնպէս, ինչպէս ընկերներուս հետ: Այդ ժամանակ կը զգաս քու անձիդ, մասնագիտութեանդ հանդէպ հետաքրքրութիւնդ: Քանի որ դեռ թարմ են դպրոցական կեանքէն իմ յիշողութիւններս, դժգոհութիւններս, կը փորձեմ այնպէս ընել, որ նոյն բաներէն չանցնին աշակերտներս»:

Մերին երկրորդ մասնագիտութիւն ընտրած է ցեղասպանագիտութիւնը: ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի «Ցեղասպանագիտութիւն» մագիստրոսական ծրագիրի իր առաջին տարին է: Ապրիլ 21-28-ը Մերի Գէորգեանը ՀՀԻ ցեղասպանագէտներուն հետ Պէյրութ կը գտնուէր՝ տեղի հայկական վարժարաններուն մէջ դասաւանդումներ իրականացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող հարցերուն շուրջ: Ասիկա առաջին առիթն էր Սփիւռքի մէջ դասաւանդելու, ծանօթանալու տեղի աշակերտութեան, անոնց մտածելակերպին, քննարկելու Հայոց Ցեղասպա­նութեան պատճառները, հետեւանքները: Տպաւորութիւն­ներու մասին խօսելու ատեն Մերին առաջին հերթին կը նշէ, որ աշակերտները պատկերացում չունին, թէ ի՛նչ մասնագիտութիւն է ցեղասպանագիտութիւնը: «Թէ ինչո՛վ կը զբաղին ցեղասպանագէտները, բոլորին պատկերացումը շատ մշուշոտ է: Ասիկա նոր գիտակարգ է, 1980-ականներէն սկսած  է ձեւաւորուիլ, ուստի շատերուն յայտնի չէ, թէ ի՛նչ է անոր նպատակը, ինչո՛վ կը զբաղի ցեղասպանագէտը ընդհանրապէս: Երբ կը հաղորդես, որ մենք տարբեր ցեղասպանութիւններ կ’ուսումնասիրենք, որպէսզի հետագային նմանատիպ դէպքեր չկրկնուին, այդքանէն ետք արդէն կը պարզուի, թէ ի՛նչով կը զբաղիս դուն, եւ ի՛նչ է քու մասնագիտութեանդ էութիւնը»:

Մերին դասաւանդումներ իրականացուցած է Լիբանանի հայկական կրթօճախներու տարբեր դասարաններուն մէջ, աշխատած է տարիքային տարբեր խումբերու հետ:
«Անկեղծ ըսած, զիս աւելի կը հետաքրքրէ բարձր դասարաներու մէջ վերաբերմունքի հարցը: Հաշուի առնելով, որ անոնց նախնիները Ցեղասպանութեան անմիջական վերապրողները եղած են, դասարաններէն մէկուն մէջ շեշտը յատկապէս անոր վրայ դրի՝ ըսելով, որ դուք այն  մարդիկն էք, որոնց նախնիները պայքարեցան եւ փրկուեցան, ատոր շնորհիւ է, որ մենք այսօր այստեղ ենք եւ կրնանք հանդիպիլ ու խօսիլ նոյն այդ թեմային շուրջ: Եւ այդ մէկը իր դերը ունեցաւ, վերաբերմունքը կտրուկ փոխուեցաւ: Այսինքն՝ ինքնապաշտպանութեան, պայքարի գաղափարը երկար ժամանակ չէ արծարծուած: Օրինակ՝ Այնճարի բնակիչները մուսալեռցիներու սերունդներն են, իրենք իրենց կեանքի իրաւունքը վաստակած են կռուելով»: Խօսելով զոհի հոգեբանութեան մասին՝ Մերին կը նշէ, որ նոյնիսկ ցած դասարաններուն մէջ նման բան չէ նկատած: «Ամենափոքր դասարանը, որ մտայ, 7-րդն էր Մեսրոպեան վարժարանի մէջ. նոյնիսկ այդտեղ զոհի հոգեբանութիւնը չնկատեցի: Թերեւս գիտակցութիւնը այդքան ալ ձեւաւորուած չէր, իրողութիւնները այնպէս չէին պատկերացներ, ինչպէս մեծահասակները: Երկու տիպի վերաբերմունք կար: Երբ Ցեղասպանութեան մասին հարցում կ’ուղղէի, մէկ մասը պայքարի ոգիով կ’արձագանգէր, միւս մասն ալ, ընդհակառակը, կը ներքաշուէր եւ չէր խօսեր, չէր կրնար արտայայտուիլ, եւ ատիկա, վստահ եմ, գիտելիքներու պակասէն չէր: Լռելու եւ քու ազգիդ ցաւին մասին խօսելու ցանկութիւն չունենալու պարագային այդ վիշտը միմիայն քուկդ կը դառնայ: Կը կարծեմ, փոխշփումներու, համագործակցութեան, նմանատիպ դասընթացքներու արդիւնքով իրենք ալ կը հասկնան, որ հիմա՝ 103 տարի անց, 21-րդ դարուն, խնդիրին պէտք է այլ դիտանկիւնէ մօտենալ. հասկնալ պատճառները, դիտարկել ժխտողականութեան հիմնական կէտերը եւ հակաքայլերու ձեռնարկել ու խնդիրին նայիլ ոչ թէ որպէս զոհ, այլ որպէս փրկուած, թրքական պետական քաղաքականութեան ծրագիրները ի դերեւ հանած սերունդ»:  «Եթէ համեմատեմ, ապա Հայաստանի մէջ 11-րդ դասարանէն ներս նոյն թեմային շուրջ քննարկումներ կատարելու պարագային երեխանները աւելի գործնական հարցեր կը բարձրացնեն: Այդտեղ ալ կը բարձրացնէին, բայց ոմանք առաջին բանը, որ կ’ըսէին ցեղասպանութիւն լսելու ատեն, արեան գինն էր: Հայաստանի մէջ այդպէս չէ: Իսկ, օրինակ, աւելի բարձր դասարաններու աշակերտներէն մէկը ցեղասպանութիւնը կապեց վերածնունդի հետ: Ասիկա արդէն շատ տպաւորիչ էր: Եթէ այդ տարիքին աշակերտը կը զգայ, որ Ցեղասպանութիւնը անշրջելի փաստ է, բայց անոր հիմքին վրայ դուն կրնաս վերածնիլ եւ այդ ցաւը քեզի համար չհաղորդակցուելու, ներքաշուելու առիթ չդարձնել, այլ մղիչ ուժ առաջ աւելի աշխուժանալու, վերածնելու համար, այդ մէկը շատ լաւ է»: «Ի՞նչ է Ցեղասպանութիւնը» հարցի պատասխաններէն Մերիին տպաւորած է նաեւ «պայքար», «հայդուկային կռիւ», «ֆետայի» պատասխանները: Ցեղասպանութեան հարցին շուրջ քննարկումներու ժամանակ, ինչպէս կը նշէ Մերին, աշակերտները խնդիրի լուծումը կը կապէին քաղաքական-տնտեսական գործօններու հետ: «Ես բոլոր դասարաններուն այդ հարցը կու տայի, թէ ի՛նչպէս կը պատկերացնեն Ցեղասպանութեան հարցի լուծումը: Մեծ մասամբ հարցի լուծումը կը տեսնէին Հայաստանի տնտեսական, քաղաքական հզօրացման, Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան մէջ: Պատասխանը կը կապէին քաղաքականութեան հետ, կը հասկնային, որ հարցը զուտ քաղաքական է:»


Մերին շատ կարեւոր կը համարէ նաեւ, որ աշակերտութիւնը ընդհանուր առմամբ կը հասկնար, կը պատկերացնէր սեփական ընելիքներու չափաբաժինը: «Կը հասկնային, որ իւրաքանչիւրը պէտք է իր բնագաւառին մէջ մասնագէտ ըլլայ, իր դիրքին վրայ մնայ»: Թեմայի նկատմամբ զգացականութիւնը եւս քիչ չէր: «Զգացականութիւնը իր ամբողջ ուժով կ’արտայայտուէր պահանջատիրութեան մասին խօսելու ժամանակ: Այն հարցին, թէ ինչո՛ւ Թուրքիան չի ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բոլոր պատճառները մէկ առ մէկ կը նշուէին»:
Դասի մասին հիմնաւոր պատկերացում կազմելու համար Մերին կը շեշտէր ինքնապաշտպանական կռիւները, երեք վարչակարգերու քաղաքա­կանութիւնը առանձնացնելու անհրաժեշտութիւնը: «Շատ կարեւոր է, որ աշակերտները հասկնան, թէ հարցը անհատներու հետ կապուած չէ: Ցեղասպանութիւնը քաղաքականութիւն էր, զոր կը վարէին Համիտեան վարչակարգը, երիտթուրքերն ու Քեմալը»: «Ընելիքներու մասին խօսելու ատեն պէտք է մասնաւորաբար նշեմ, որ առաջին հայեացքէն կը թուէր, թէ բոլորը թեմայէն տեղեակ են, բայց երբ կը խօսիս, կը պարզուի, որ՝ ոչ: Եթէ անընդհատ շեշտը դնես սպանութիւնններու վրայ, սերունդը ճիշդ չի զարգանար: Ես կը հանէի զգացական բաժինը, յատկապէս աւելի փոքր տարիքի երեխաներուն հետ աշխատելու ժամանակ: Մինչ այժմ շեշտը դրուած եղած է մարդկային, աշխարհագրական, տարածքային կորուստներու վրայ, մինչդեռ շատ կարեւոր է խօսիլ նաեւ մշակութային, հոգեբանական կորուստներուն եւ հետեւանքներուն մասին: Այս  պարագային աւելի հիմնաւորուած եւ առարկայական վերաբերմունք կը դրսեւորուի թեմային նկատմամբ: Պէտք է բովանդակային հէնքի վրայ կառուցուի թեմայի մատուցումը, պէտք է շատ զգոյշ ըլլալ բառերու, նկարներու ընտրութեան հարցին մէջ»:

Այսպիսով, աւարտին հասաւ ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի պատուիրակութեան գիտակրթական փորձուսումը Լիբանանի մէջ: Անիկա նոր ու բովանդակալից հնարաւորութիւններ բացաւ ԵՊՀ ուսանողներուն համար՝ առիթ տալով մտածելու նմանօրինակ ծրագիրներու շարունակականութեան եւ բովանդակային զանազանութեան մասին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին