Ապագայի Արհեստագիտութիւնները՝ Արցախի Դպրոցներուն Մէջ
Սահմանամերձ Մատաղիսի Դպրոցին Մէջ Ճարտարագիտական Աշխատանոց Բացուած Է
*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
«Արմաթ»-ը ճարտարագիտական աշխատանոցներու թերեւս ամենամեծ ցանցը ունի հայկական երկու հանրապետութիւններու հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ: Հերթական աշխատանոցը Ապրիլ 23-ին բացուեցաւ Արցախի սահմանամերձ Մատաղիս գիւղի դպրոցին մէջ: Բացումին առթիւ մատաղիսցիներուն շնորհաւորելու գացած էին ծրագիրի նախաձեռնողները եւ կրթութեան ոլորտի արցախեան պատասխանատուները:
2016-ի Ապրիլին Մատաղիսը բուռն հրետակոծումներու կ’ենթարկուէր: Այսօր, սակայն, այս գիւղին մէջ ոչ մէկ բան կը յիշեցնէ Ապրիլեան պատերազմի դժուարութիւններուն մասին: Աւերուածը վերականգնուած է, գիւղը բարեկարգուած ու ապահովուած է նոր ենթակառուցուածքներով: Հրթիռներէն մէկը նոյն գիւղի դպրոցի կողքին ինկած էր. պայթիւնի ալիքը ջարդուփուշուր ըրած էր բոլոր լուսամուտները, նոյնիսկ փեղկերը տեղահան ըրած էր: Դպրոցը ամիսներու ընթացքին վերանորոգուեցաւ ու դարձեալ իր յարկին տակ ընդունեց մատաղիսցի դպրոցականները: Դեռ աւելին: Այդ օրերէն մնացած յիշողութիւնները նպաստեցին նաեւ, որ Արցախի մօտ երկուք ու կէս հարիւրեակ դպրոցներու շարքին նախաձեռնողները եւ կրթութեան ոլորտի Արցախի պատասխանատուները ընտրեն նոյնինքն Մատաղիսի դպրոցը, ուր պէտք է բացուի «Արմաթ» ճարտարապետական աշխատանոցը: Նախաձեռնութիւնը իրագործուած է ՀՀ Ինֆորմացիոն Տեխնոլոկիաներու Ձեռնարկութիւններու Միութեան (ԻՏՁՄ) ու ԱՀ ԿԳՍ նախարարութեան համագործակցութեան արդիւնքով՝ «Պէյզ Մեթըլս» ընկերութեան հովանաւորութեամբ: Ապրիլ 23-ին լուր տարածուեցաւ, որ աշխատանոցը արդեն պատրաստ է դպրոցականներուն ծառայելու: «Արցախի մէջ արդէն նման 9 աշխատանոց ունինք: Մատաղիսի մէջ բացուածը 10-րդն է: Կրնանք վստահօրէն ըսել, որ զարգացումը ակնյայտ է: Երեխաներուն մտահորիզոնի ընդլայնման, հնարաւորութիւններու ընդլայնման առումով ասիկա անփոխարինելի գործիք է, որ կ’օգնէ խրամատէն մի քանի քիլոմեթր հեռու ապրող արցախցի դպրոցականը օգտուի ժամանակակից տեղեկատուական արհեստագիտութիւններէն»,- ընդգծած է Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղապալեանը՝ աւելցնելով նաեւ, որ այդ նորութիւնը կը նպաստէ նաեւ, որ երեխաները աւելի արագ կողմնորոշուին ապագայ մասնագիտութեան ընտրութեան հարցի առումով: Ծրագիրի պատասխանատուները վերոյիշեալ խնդրով համոզման եկած են փորձով: Հայաստանի եւ Արցախի 222 դպրոցի մէջ կը գործեն նմանատիպ աշխատանոցներ: ԻՏՁՄ «Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցներու ծրագիրի ղեկավար Սեդրակ Վարդանեան կ’ընդգծէ, որ ծրագիրին արդիւնքները նկատելի են արդէն այսօր, սակայն անոր նշանակութիւնը աւելի լիարժէք կը բնորոշուի տարիներ ետք, երբ առաջին քայլերը դպրոցական աշխատանոցին մէջ առած աշակերտները համալրեն երիտասարդ մասնագէտներու շարքերը: «Արդէն 5-րդ դասարանէն աշակերտները կը սորվին ծրագրաւորում, ռոպոթաշինութիւն եւ աւելի ուշ, միջին կամ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ կրնան դիւրութեամբ շարունակել իրենց կրթութիւնը՝ յառաջխաղացք արձանագրելով իրենց ընտրած մասնագիտութեանց մէջ»,- կը գնահատէ Սեդրակ Վարդանեանը:
«Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցներու ցանցի ընդլայնման ծրագիրները Արցախի մէջ այդքանով չեն աւարտիր: Պատասխանատուները աջակիցներ կը փնտռեն՝ ծրագիրը շարունակելու, ընդլայնելու համար: Կը նախատեսուի Արցախի մէջ 11-րդ աշխատանոցը Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր գիւղի դպրոցին մէջ բանալ:
Վերածնուող Թալիշի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Առաջին Հարսանիքը
Ապրիլեան պատերազմէն ետք Թալիշի մէջ տեղի ունեցած է առաջին հարսանիքը: Նորաստեղծ ընտանիքը առաջին Թալիշ վերահաստատուողներէն պիտի ըլլայ: Խոստումին հաւատարիմ՝ վերածնուող Թալիշի մէջ առաջին հարսանիքի ծախսերը հոգացած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը: Նորապսակներուն շնորհաւորելու համար Թալիշ ժամանած է նաեւ Մարտակերտի շրջանային վարչակազմի ղեկավարը՝ շրջանի պատասխանատուներուն հետ:
Դպրոցական տարիներէն ծնած սէրը տարիներ ետք Տիգրանին ու Լիլիթին բերաւ-հասցուց Թալիշի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի: 19-րդ դարու եկեղեցին չի գործեր: Բացառութիւնը բացառիկ դէպքի առթիւ է. ապրիլեան պատերազմէն ետք Թալիշի մէջ ահաւասիկ առաջին հարսանիքն է: 2016-ի Ապրիլեան պատերազմի օրերուն երիտասարդներուն ընտանիքներն ալ Թալիշէն հեռացած էին՝ Արցախի տարբեր շրջաններ ապաստանելով: Բայց սիրոյ դէմ պատերազմն ու հեռաւորութիւնը անզօր գտնուեցան: Հարազատներուն եւ բազմաթիւ հիւրերուն գիւղ բերողը Տիգրանի ու Լիլիթի ցանկութիւնն էր՝ ամուսնանալ հայրենի գիւղի նոյնիսկ եթէ չգործող, բայց հարազատ եկեղեցիին մէջ: «Ուզած ենք, որ հարսանիքը մեր գիւղը ըլլայ: Խորհուրդն ալ այն է, որ երիտասարդութիւնը տեսնէ, չհեռանայ Թալիշէն: Թալիշը լաւ գիւղ է: Թող վերադառնան, թող Թալիշ մնան»,- կ’ընդգծէ երիտասարդ փեսացուն՝ Թալիշի բնակիչ Տիգրան Պետրոսեանը: «Եթէ պահ մը մտածենք, ամէն տեղ ալ նոյն վտանգը կայ: Ինչո՞ւ լքենք մեր բնակավայրը եւ ուրիշ տեղ երթանք»,- կը լրացնէ հարսնացուն՝ Լիլիթ Բրուզեանը:
Տիգրանի եւ Լիլիթի հարսանեկան ծախսերը հոգացած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը: Ան ժամանակին խոստացած էր վերականգնուող Թալիշի մէջ առաջին հարսանիքը անձամբ կազմակերպել եւ չէր մոռցած իր խոստումը: Իսկ նորապսակներն ալ պսակադրութեան օրը չեն մոռնար յարգանքի տուրք մատուցել հայրենիքի ազատութեան համար զոհուած հայորդիներու յիշատակին:
Տիգրանն ու Լիլիթը պիտի ապրին Թալիշ՝ Պետրոսեաններու հայրական տունը: Երիտասարդներու որոշումին ծնողները ուրախութեամբ արձագանգած են: Սա՛ է իրենց հայրենիքը: «Թող բոլորն ալ մեր երիտասարդներուն օրինակին հետեւին, իրենց գիւղը վերադառնան: Ամուսնանան ու ապրին հոս»,- կը բարեմաղթէ հարսի մայրը՝ Լուսինէ Բրուզեանը: «Ես շատ ուրախ եմ, որ այդպէս կառուցած են տուները: Տէր իմ, թող խաղաղութիւն ըլլայ, միայն խաղաղութիւն»,- կը լրացնէ փեսայի հայրը՝ Կարապետ Պետրոսեանը:
Գիւղի վերակառուցման ծրագիրով վերանորոգուած ու կահաւորուած է Պետրոսեաններու հայրական տունը: Տուն առ տուն կը վերականգնուի աւերուած Թալիշը: Մօտ երկու տասնեակ բնակարաններ, հասարակական ու վարչական նշանակութեան շինութիւններ կը կառուցուին՝ «Հայաստան» հիմնադրամի եւ Արցախի կառավարութեան ջանքերով: «Ներկայիս, գիւղին մէջ կը շարունակուին շինարարական աշխատանքները: Համայնքային կեդրոնին հետ նաեւ դպրոց ու մանկապարտէզ կը կառուցուի, բազմաթի առանձնատուներ կը կառուցուին կամ կը վերակառուցուին,- կը թուարկէ Թալիշի համայնքի ղեկավար Վիլեն Պետրոսեանը եւ կը վստահեցնէ,- պատրաստ ըլլալուն պէս կը սկսի Թալիշի վերաբնակեցումը»:
Հանդիսութիւններու տունը արդէն պատրաստ է: Եկեղեցիէն այստեղ կը շտապեն երիտասարդները: Համայնքի ղեկավար Վիլեն Պետրոսեանը յուզուած է, բայց միաժամանակ ուրախ. վստահ է, որ օրինակը վարակիչ կ’ըլլայ. «Եւս մէկ ընտանիք կ’աւելնայ Թալիշ: Ասիկա նշան է, որ Թալիշը այսուհետեւ ալ կը բազմանայ, կը զարգանայ: Գիւղը իրաւունք վաստակած է գոյատեւելու եւ յարատեւելու»:
Մայիսի Սկիզբէն Ազրպէյճանական Ուժեր Կը Հաւաքուին Արցախի Սահմաններէն Ոչ Հեռու
Ի տարբերութիւն Ապրիլի հանգստեան վերջին օրերուն արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հաստատուած յարաբերական հանգիստ իրադրութեան՝ Ապրիլ 30-էն սկսեալ առաջնագիծին վրայ դարձեալ նկատուած են հակառակորդի զինամթերքի եւ կենդանի ուժի կուտակումներ ու տեղաշարժեր, որոնք շարունակուած են նաեւ Մայիս 1-ին: Պաշտպանութեան բանակը այս տեղեկութիւնը տարածած է համապատասխան տեսագրութեան հետ: «Յատկապէս Ապրիլ ամսուան ընթացքին նմանատիպ կուտակումներ եղած են, ուղղակի անոնք տարբեր փուլերու վտանգաւորութեան տարբեր աստիճաններ եղած են: Եթէ ՊԲ-ն կ’իրազեկէ այդ մասին, կը նշանակէ, որ ատիկա որոշ առումով արդէն իրմէ վտանգ կը ներկայացնէ»,- կը մեկնաբանէ Արցախի նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեանը:
Այս պահուն իրավիճակը ամբողջապէս կը վերահսկուի Պաշտպանութեան բանակին կողմէ, կը վստահեցնէ Տիգրան Աբրահամեանը: Առկայ հնարաւորութիւնները թոյլ կու տան անհամեմատ կանուխ արձանագրել սահմանի միւս կողմի տեղաշարժերը եւ համարժէք պատասխանի պատրաստուիլ: «Եւ եթէ զօրաշարժերու, կուտակումներու վտանգը հասնի այն աստիճանի, որ անհրաժեշտութիւն յառաջանայ գործնական որոշ քայլեր կատարելու՝ ՊԲ-ն անյապաղ այդ քայլերուն կը դիմէ»,- կ’ընդգծէ Տիգրան Աբրահամեանը:
Առաջնագիծին վրայ հակառակորդի աշխուժութեան աճը կը զուգորդուի նաեւ անոր համար տեղեկատուական եւ դիւանագիտական ճակատներու վրայ յարմար հանրանկարի ստեղծման փորձերով: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կեղծ տեղեկութիւններ կը տարածէ, թէ վերջին օրերուն հայկական կողմէն գնդակոծուած են ազրպէյճանական դիրքերը ինչպէս Հայաստանի հետ սահմանին, այնպէս ալ Արցախի հատուածին մէջ: Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի խորհրդարանին մէջ կոչեր կը հնչեն օգտագործելու յարմար պահը՝ հայաստանեան իրադարձութիւնները, եւ փորձելու զէնքի ուժով լուծել արցախեան հակամարտութիւնը: Տիգրան Աբրահամեանը ասոնք զգուշանալու ազդակներ կը համարէ, բայց ոչ անմիջական սպառնալիք: Միւս կողմէն ալ, անկախ քաղաքական տարաձայնութիւններէն՝ համազգային հարցերու առումով Հայաստանի մէջ կը պահպանուի միասնականութիւնը եւ, ըստ էութեան, ատիկա այսօր Ազրպէյճանը ետ կը պահէ նոր արկածախնդրութեան գայթակղութենէն: «Ես, կը կարծեմ, Ազրպէյճանի նպատակը, որ է՝ օգտուիլ իրավիճակէն, իրեն համար չափազանցուած է: Երբ ժամանակը գայ, հասարակութիւնը պիտի միաւորուի եւ համախմբուի»,- կ’ընդգծէ Արցախի նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեանը:
Ամէն պարագայի, յատկապէս մայիսեան տօներուն ընդառաջ՝ Արցախի մէջ զգօնութիւնը չեն թուլացներ: Ազրպէյճանը նախատօնական օրերուն առաջնագիծին վրայ իրավիճակը լարելու փորձեր կ’ընէր, նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ Հայաստանի մէջ տակաւին քաղաքական ճգնաժամ չկար:
Առաջնագիծին Վրայ Հակառակորդի Շարժը Ամբողջութեամբ Կը Վերահսկուի
Արցախի Նախագահը Առաջնագիծ Այցելած Է
Մայիս 3-ին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի ուղեկցութեամբ այցելած է հանրապետութեան արեւելեան սահմանագիծերէն մէկը եւ այդտեղ ծանօթացած է տիրող իրավիճակին ու զինուորներու ծառայութեան ընթացքին: Նախագահի այցը յաջորդած է նախորդ օրը՝ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ հրամանատարական կազմի հետ հանդիպումին, ուր Բակօ Սահակեանին ներկայացուած էր առաջնագիծին վրայ առկայ իրավիճակը:
Հրամանատարական դիրքի վրայ ներկայ իրավիճակին մասին նախագահ Բակօ Սահակեանին զեկուցած է Արցախի պաշտպանութեան նախարարը: Պաշտպանական բնագիծի երկայնքով վերջին շրջանին մէջ հակառակորդը զարկ տուած է տեղաշարժերուն: Որոշ պարագաներու, անոնք պայմանաւորուած են զօրավարժութիւններով: «Թէ տեսադիտարկման սարքերու միջոցով ձեռք բերուած, թէ զօրային հետախուզութեան եւ աւելի խորքային դիտարկումներու համար օգտագործուող անօդաչու թռչող սարքերու միջոցով հաւաքուած նիւթերէն յստակ կ’երեւի, որ վերջին շրջանին մէջ հակառակորդը առաջնագիծին մօտ բաւական լուրջ կուտակումներ կատարած է,- կը մանրամասնէ ՊԲ զօրամիաւորումի հրամանատար, գնդապետ Ժալալ Յարութիւնեանը:- Հակառակորդի նպատակը ակներեւ է. առաջնագիծէն ոչ հեռու բաւական ուժեր ունենալ, անընդհատ մարզել եւ պատրաստ պահել՝ պատեհ առիթի արագ գործողութիւններու դիմելու համար»:
Նախագահ Սահակեան ծանօթացած է մարտավարական իրավիճակին, հակառակորդի հաւանական ոտնձգութիւնները կանխելու ուղղութեամբ իրականացուած ու շարունակուող աշխատանքներուն: Ինչպէս նախագահին զեկուցած ու հաւաստիացուցած են զինուորականները, իրավիճակը ամբողջովին կը գտնուի ՊԲ ուժերու վերահսկողութեան ներքոյ եւ արկածախնդրութեան դիմելու պարագային հակառակորդը հերթական անգամ առիթ կ’ունենայ համոզուելու իր ծրագիրներուն անհեռանկարային ըլլալու փաստին: Վերջին օրերուն աշխուժացած է կենդանի ուժի եւ զինամթերքի շարժը: Համապատասխան գործողութիւններ թափ առած են. պաշտպանութեան բանակի առաջապահ ստորաբաժանումները ամբողջութեամբ կը տիրապետեն իրավիճակին: «Մեր կողմէ համապատասխան միջոցները կը ձեռնարկուին: Մեր խնդիրը հետեւեալն է. առաջինը՝ իրականացնել շարունակական մարզումներ, զօրքերը մշտապէս պահել մարտական պատրաստականութեան բարձր աստիճանի վրայ, պատրաստ վիճակի մէջ եւ մշտապէս հետեւիլ սահմանի միւս կողմը մեծ ու փոքր տեղաշարժերուն՝ որեւէ ատեն պատրաստ ըլլալով համարժէք պատասխան տալ հակառակորդի գործողութիւններուն»,- կ’ընդգծէ ՊԲ զօրամիաւորումի հրամանատար, գնդապետ Ժալալ Յարութիւնեանը:
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը խնդիրներ առաջադրած է ներկաներուն եւ նշած, որ այսուհետեւ առաջնագիծին վրայ ծառայութիւնը պէտք է կազմակերպել առկայ իրողութիւններն ու հաւանական զարգացումները հաշուի առնելով:
Ստեփանակերտ