Լիբանան իր այցելութեան ծիրէն ներս պատիւը ունեցանք «Զարթօնք»ի խմբագրատուն ընդունելու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Գարեգին Վարդապետ Համբարձումեանի այցելութիւնը: Հայր Սուրբին կ’ընկերակցէին թերթիս հոգեհարազատ բարեկամներ՝ Տէր եւ Տիկ. Հրայր եւ Անահիտ Տանձիկեանները:
Հանդիպումը առիթ մըն էր Հոգշ. Վարդապետին հետ զրուցելու Հայրենիքն ու Սփիւռքը յուզող հարցեր: Այցելութիւնը առիթ մըն էր նաեւ մօտէն ծանօթանալու Հոգշ. Տ. Գարեգին Վարդապետ Համբարձումեանին տեսչութեամբ գործող Գէորգեան Ճեմարանի աշխատանքներուն:
Ինչպէս յայտնի է մեր ընթերցողներուն, Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանը կը կազմէ հայոց եկեղեցական, ազգային ու մշակութային կեանքի անբաժան մէկ մասնիկը։
Պատմութեան մէջ, 28 Սեպտեմբեր 1874-ին` սբ. Գէորգ Զօրավարի տօնին, տեղի ունեցած է Ճեմարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, եւ նոյնինքն սուրբ Գէորգի անունով ալ կոչուած «Ժառանգաւորաց Հոգեւոր Ճեմարան Սուրբ Գէորգեան»:
Այսօր Ճեմարանի պաշտօնական անուանումն է «Մայր Աթոռ Էջմիածնի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան»: Շարունակելով Սուրբ Էջմիածնի Մաշտոցեան դպրոցի, հայոց երանելի հայրապետներու եւ մեծ ուսուցչապետներու դպրոցաշէն աւանդները` ճեմարանը մշտապէս հաւատարիմ եղած է բարձրակարգ կրթութիւն մատուցելու իր նպատակին։
Նշենք, որ Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի շրջանաւարտներէն է նաեւ ներկայիս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդը։ Վեհափառ Հայրապետը իր անդրանիկ կոնդակին մէջ յստակ ձեւակերպած է ճեմարանական կրթութեան բարեփոխման միտուած ծրագրային հետեւեալ հիմնադրոյթը. «Հոգեւոր կեանքի զօրացման ուղիին վրայ առաջին հերթին կը կարեւորենք հոգեւորական նոր սերունդի դաստիարակութիւնը, որպէսզի օր առաջ կեանք մտնեն Աւետարանի ճշմարտութեան լոյսով զինավառ, շնորհներով լեցուն, մեզի գործակից հոգեւոր նուիրեալ սպասաւորներ` մեր զաւակները առաջնորդելու եւ համախմբելու Մայր Եկեղեցւոյ եւ հայրենական աւանդներուն շուրջ։ Հայրական մշտական հոգածութեան ներքոյ պիտի պահենք ուսումնակրթական գործընթացներու կազմակերպումը»:
Հաճելի էր հանդիպիլ ու ծանօթանալ Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի Տեսուչ Հոգեշնորհ Վարդապետին հետ, որուն Լիբանան գտնուելու ժամանակամիջոցին տեղի պիտի ունենար Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի 58-ամեակի տօնակատարութիւնը, ինչպէս հանդիպման ընթացքին մեզի տեղեկացուց ազնուափայլ Տիկ. Անահիտ Տանձիկեանը, որ ժրաջան ու անձնուէր ատենապետուհին է նշեալ եկեղեցանուէր համախմբումին:
Սիրելի Վարդապետը իր այցելութեամբ աւելի եւս ծանօթացաւ մեր թերթի աշխատանքներուն ու ծանօթացաւ մեր 80-ամեայ թերթի պատմութեան ու արխիւին:
Փոխադարձ յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով բաժնուեցանք մեր հիւրերէն՝ դարձեալ հանդիպելու ակնկալութեամբ:
«Խմբ.»