*Դոկտ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ*
Առաջին հանդիպում
Սիրելի ընթերցող, այսուհետեւ պիտի ջանամ գրել քեզի հրապարակաւ: Ի՛նչ յաճախականութեամբ՝ չեմ գիտեր, բայց կեանքի խայտառակութիւնները, ազգային, տեղական, շրջանային թէ միջազգային իրադարձութիւնները այնքան ստապատիր ու կեղծ դարձան, որ ատակ չեմ այլեւս տեղ տալու Յոբի համբերութեանս:
Ներեցէ՛ք, որ ասկէ աւելի կլլելու կարողութիւնը չունիմ: Ուստի պիտի գրեմ:
Երբեմն ալ պիտի գրեմ իրադարձութիւններու ընդհանուր հետեւանքներուն մասին իմ մտորումներս՝ միշտ ալ ջանալով ելակէտ ունենալ մարդկային-ազգային-բարոյական չափանիշներս:
Ըսեմ, սակայն, որ ամէն բանի մասին պիտի չգրեմ. պիտի գրեմ իմ տեսած, իմացած, կարդացած, շփուած իրադարձութիւններուս մասին: Այլ խօսքով, գետին մէջի բոլոր սատկած ձուկերուն մասին պիտի չգրեմ, այլ անոնց որոնք դէմս կը ցցուին…
Ուրեմն սկսիմ
Այս օրերուն մեզի՝ հայերուս համար, մեծագոյն խնդիրը դարձաւ հայաստանեան իրադարձութիւնները:
Այդ իրադարձութիւններով շրջանցուեցան (այսինքն՝ երկրորդական կարեւորութեան մղուեցան) թէ՛ Հայոց Ցեղասպանութիւն-Հայ Դատ խնդիրը եւ թէ՛ Արցախի հիմնահարցը:
Այսինքն՝ ՀՀ կենցաղային, քաղաքական-ընկերային-տնտեսական տագնապը առաջնային դարձաւ:
Մտահոգ եմ: Արդեօ՞ք ուրիշներ մեզ մեր բուն առաջնայնութիւններէն կը շեղեն, թէ ուրիշներու պէտք չկայ մեզ մեր առաջնայնութիւններէն շեղելու համար…:
Միտքս պահ մը յետեղեռնեան առաջին տասնամեակներուն գնաց: Մարդիկ կրնան ըսել, թէ 1920-40-ականներուն ալ Հայ Դատը առաջնային չէր. մեր կենցաղային խնդիրներն էին առաջնային: Այսինքն, եթէ մենք այն ատեն երկրորդականացուցինք Հայ Դատը, պատճառը այն էր, որ նախապատուութիւնը գոյութենական հարցին տուինք: Միաժամանակ, սակայն կը ձեւաւորէինք Հայ Դատի մեր ըմբռնումները: Իսկ երբ լուծեցինք մեր հացի խնդիրները, առաջնայնացուցինք Հայ Դատը…:
Կը կարծեմ, որ առարկութիւնը ճիշդ չէ:
Ճիշդ չէ, որովհետեւ, մենք 1920-ականներէն սկսանք ոչ միայն հացի խնդիրը առաջնայնացնել, այլեւ Խորհրդային Հայաստանի «հայրենիք»-ութիւնը: Գաղափարախօսական այս վերջին երեւո՛յթը մեզ շեղեց մեր Դատէն: Ըսել կ’ուզեմ՝ 1920-40-ականներուն մենք առնուազն երկու ճակատի վրայ կրցանք պայքարիլ. ա) հացի խնդիր եւ բ) «Հայրենիք»-ութեան խնդիր: Աւելորդ է ըսել, որ եթէ առաջինը ճիշդ էր, երկրորդը կարեւորագոյն սայթաքում մըն էր, որ շատ ուժ խլեց մեզմէ … յումպէտս, այսինքն՝ պարապի:
Այնուհետեւ ալ Սփիւռքին մէջ հացի խնդիրը, «հայրենիք»-ութիւնը իր տարբեր դրսեւորումներով եւ Հայ Դատը (նոյնպէս իր տարբեր դրսեւորումներով) մնացին օրակարգի վրայ: Բայց ասոնք օգտագործուեցան տարբեր տարողութեամբ՝ ըստ կացութեան եւ պարագայի:
Արդ, սթափ ըլլանք, որպէսզի չշեղինք դարձեալ:
Հայութեան ուժականութիւնը զիրար ստորնացնող բառեր գիւտելու, ազգը պառակտող արտայայտութիւններ ու գնահատականներ գտնելով այս ու այն պիտակելու, մեր ազգային հաստատութիւնները, կառոյցները հեղինակազարկելու ինքնաքանդիչ «գործին» չվատնենք…:
Մեր ուժականութիւնը կրնա՛նք ծառայեցնել ազգաշինական եւ բազմաճակատ ռազմավարութեան: