Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*

Արշաւ Դէպի Հունոտի Կիրճ. Արկածային, Բայց Յարմարաւէտ

 

Շուշիի հարեւանութեամբ գտնուող Հունոտի կիրճը կը շարունակէ Արցախի ամենապահանջուած զբօսաշրջավայրերէն մէկը մնալ: Յատկանշական է, որ ամբողջ տարեշրջանին այցելուներու պակաս չի գրանցուիր: Հոս ինչպէս արցախցիներ, այնպէս ալ հիւրեր կու գան: «Սկսած Շուշիէն՝ ուղին բարեկարգելու կարիք կայ: Ասոր կողքին, Հունոտի կիրճ այցելողները շատ անգամ կամուրջներու բարելաւման խնդրանքով կը դիմեն մեզի»,- կը պատմէ «Հունոտի կիրճ» բնապատմական արգելոցի վարիչ Արամ Յարութիւնեան:

Արգելոցի պատասխանատուները արդէն որոշ օրինաչափութիւն նկատած են: Սովորաբար, Հունոտի կիրճի՝ արցախցի այցելուները նախապատուութիւնը կու տան Մխիթարաշէնի ուղղութեան. ինքնաշարժներով կը հասնին մինչեւ գիւղ՝ կիրճի մուտքը եւ կածանով կ’իջնեն կիրճը: Ասիկա աւելի կարճ ուղի է՝ Շուշիէն ու Քարին տակ գիւղէն Հունոտի կիրճ տանող արահետներուն հետ համեմատած: Փոխարէնը, արգելոցի աշխատակիցներու դիտարկումերուն համաձայն՝ արտասահմանցի այցելուներէն շատերը կը նախընտրեն Շուշիէն իջնել Հունոտի կիրճ: Նոյն այդ դիտարկումներն ալ որոշիչ դարձած են ընտրութեան հարցին մէջ, թէ առաջին փուլին ո՛ր արահետները կահաւորել: Այդ աշխատանքը իրականացնելու պատրաստակամութիւն յայտնած է «Հայ լեռնագնացների միութիւն» ՀԿ-ն: «Կազմակերպութիւնը կը նախատեսէ մաքրել Շուշիէն մինչեւ Քարին տակ հատուածը, որ կ’անցնի Հունոտի կիրճով եւ պատմական Հունոտ գիւղով, ինչպէս նաեւ վերականգնել պատմական արահետը՝ որպէս քայլարշաւի երթուղի,- ծրագիրները ընդհանուր գիծերու մէջ կը ներկայացնէ «Հայ լեռնագնացների միութիւն» ՀԿ նախագահ Գէորգ Գասպարեանը:- Թուփերէն, խոտերէն կը նախատեսուի մաքրել պատմական արահետի այն հատուածը, որ փակուած է բուսականութեամբ. աւելին՝ Հունոտի կիրճին ճոպաններով մի քանի կախովի կամուրջ կառուցել այն հատուածներուն մէջ, ուր ջրահոսքի բարձրացման հետեւանքով ողողումներ տեղի կ’ունենան, հետեւաբար կը կահաւորուին շրջանցիկ արահետներ, կը դիւրացուի դէպի ջրվէժներ՝ Մամռոտ քար տանող ճամբան: Կրնանք վստահ ըլլալ, որ ասիկա պիտի ըլլայ ամենայարմարաւէտ, գեղագիտական առումով ալ ամենագեղեցիկ արահետներէն մէկը»:

Հունոտի լեռնանցքին նախատեսուող աշխատանքները պիտի իրականացուին բարեգործական միջոցներով: Ֆինանսներու զգալի մասը հանգանակուած է 2017-ին արշաւորդուհի Թելմա Ղազարեան-Ալթունի՝ Հայաստանէն Արցախ ճամբան վազքով  յաղթահարելու շնորհիւ: Կահաւորման աշխատանքներու մեկնարկէն առաջ՝ Ապրիլ ամսուան սկիզբը կազմակերպութեան ներկայացուցիչները Հունոտի կիրճ էին յառաջիկայ ընելիքները գնահատելու, ծրագրելու համար: «Մենք ոչ միայն տարբեր երկիրներէ այցելուներ կ’ունենանք, այլեւ տարբեր տարիքի՝ տարեցներ, երիտասարդներ, նոյնիսկ երեխաներ, ուստի կը նախատեսենք արահետները կահաւորելու ատեն հաշուի առնել այդ բոլոր հանգամանքները»,- կը վստահեցնէ  «Հունոտի կիրճ» բնապատմական արգելոցի վարիչ Արամ Յարութիւնեան: Բնապատմական արգելոցը պիտի կահաւորուի՝ արտասահմանեան փորձը կիրարկելով: Այս նպատակով Արցախ ժամանած է ամերիկաբնակ Հանս Քէյֆերը: «Մեր նպատակն է, որ Հայաստան ու Արցախ հնարաւորինս շատ զբօսաշրջիկներ գան,- կ’ընդգծէ «Հայ լեռնագնացների միութիւն» ՀԿ նախագահ Գէորգ Գասպարեան:- Մենք ալ մեր հերթին կ’աշխատինք այն միջավայրը ստեղծել, ուր այցելուները կարենան միջազգային չափանիշներուն համապատասխան ապահով ու յարմարաւէտ պայմաններու մէջ ունենալ իրենց ժամանցը, հիանան մեր բնական ու պատմական յուշարձաններով»:

 

«Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» Ծրագիրը Պաշտօնապէս Կը Գործէ Նաեւ Արցախի Մէջ

 «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» կրթական հիմնադրամը այժմ պաշտօնապէս կը գործէ նաեւ Արցախի մէջ: Արցախեան գրասենեակի բացման առիթով Ստեփանակերտ ժամանած է հիմնադրամի հիմնադիր ու ղեկավար Լարիսա Յովհաննիսեանը:

«Դասաւանդի՛ր Հայաստան» ծրագիրը արդէն 4 տարիէ կը գործէ Հայաստանի մէջ: Ծրագիրի նպատակը կրթութեան ոլորտին մէջ առկայ անհաւասարութիւնը վերացնելն է: Պատասխանատուներու հետ կը ճշդուի, թէ ո՛ր բնակավայրերուն մէջ դպրոցները ի՛նչ մասնագէտներու կարիք ունին, ինչպէս նաեւ ծրագիրի ծիրէն ներս հաւաքագրում երիտասարդ մասնագէտներու, անհրաժեշտութեան պարագային անոնց համար վերապատրաստման դասընթացքներու կազմակերպում եւ որոշ ժամանակահատուածով ու պայմաններով՝ գոծուղում տուեալ համայնքներուն մէջ աշխատելու: Ընկերային ուղղուածութեան ծրագիրը մեկնարկած է Հայաստանի 5 մարզերուն մէջ, որոնց կը միանայ նաեւ Արցախը: «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան»  հիմնադրամի հիմնադիր ու ղեկավար Լարիսա Յովհաննիսեան անթաքոյց հրճուանքով կը խօսի այդ մասին: Արցախը իր հայրենիքն է ու շատոնց կը սպասուէր այս օրուան: «Այնպէս կը թուի ինծի, որ, կարծէք, իմ հայրենիքս վերադարձած եմ ու կը շարունակեմ իմ մեծհօրս՝ Լէոնիդ Հուրունցի գործը,- յուզումը չի թաքցներ Լարիսա Յովհաննիսեանը:- Համոզուած եմ, որ մեծհայրս կը հպարտանար ինձմով»:

Ծրագիրը կեանքի կը կոչուի յառաջադէմ, խելացի ու նուիրուած երիտասարդներու ներգրաւումով, որոնք պատրաստակամ են 2 տարի շարունակ դասաւանդել Հայաստանի Հանրապետութեան կամ Արցախի հեռաւոր բնակավայրերուն մէջ՝ սեփական օրինակով սահմանելով դասաւանդման նոր չափանիշներ: «Այսօր պաշտօնապէս կը յայտարարենք, որ Արցախի մէջ եւս կը գործենք: Սակայն մեր մասնակիցները աւելի կանուխ սկսած են Արցախի մէջ աշխատիլ: Այսօր «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» ծրագիրի մասնակիցները Արցախի մէջ շուրջ ութ տասնեակ աշակերտներ ունին: Արդիւնքներէն գոհ ենք»,- կը մանրամասնէ ծրագիրի գլխաւոր տնօրէն Տենի Աւագեանը: Արցախի մէջ փորձնական ծրագիրը սկսած են 2017-ի Սեպտեմբերէն: 4 երիտասարդներ արդէն իսկ կ’աշխատին 3 համայնքներու մէջ՝ Վաղազին, Նոր Շէն, Եղծահող: Կրթութեան, Գիտութեան ու Մարմնակրթութեան նախարարի տեղեկացմամբ արդէն իսկ փոփոխութիւն կը նկատուի նաեւ համայնքային կեանքին մէջ: Նոր ուսուցիչներով սահմանամերձ գիւղերը զարգացման նոր գաղափարներ, նորարարական մօտեցումներ կը ստանան: «Այս ծրագիրի դերը կարեւոր է նաեւ անով, որ կրթութիւնը կը ջամբուի համայնքի զարգացման ծրագիրներուն հետ»,- կ’ընդգծէ Արցախի Կրթութեան, Գիտութեան եւ Մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղապալեանը: «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» ծրագիրի 4 ներկայացուցիչներ արդէն կը դասաանդեն Արցախի մէջ: 2018-ի Սեպտեմբեր 1-էն Արցախ կը ժամանեն ծրագիրի 16 ուսուցիչներ եւս: Անոնց աշխատանքը համակարգելու, Արցախի մէջ այս հարցի ծիրէն ներս պահանջարկը գնահատելու եւ գործնական լուծումներ առաջարկելու առաքելութեամբ Արցախի մէջ բացուած է «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» կազմակերպութեան գրասենեակը: «Մենք կ’ընդլայնենք թէ՛ Արցախի մէջ աշխատող կազմը, թէ՛ աշխատանքի աշխարհագրութիւնը՝ գերազանց կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւնը հասանելի դարձնելով այն բոլոր վայրերուն մէջ, ուր անոր կարիքը կայ»,- կը խոստանայ ծրագիրի տարածաշրջանային ղեկավար Արմէն Յովհաննիսեանը:

Ծրագիրի մասնակիցները ոչ միայն այս կամ այն նիւթը պիտի դասաւանդեն, այլեւ առաջնորդութեան իւրօրինակ դասեր պիտի կազմակերպեն իրենց սաներուն համար:  «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան»-ը կ’աջակցի այնպիսի առաջնորդներու, որոնք կրնան ազդեցութիւն ունենալ հարիւրաւոր երեխաներու վրայ: Համակարգը, որուն հիման վրայ ստեղծուած է ծրագիրը, 25 տարուան պատմութիւն ունի ու կիրարկուած է աշխարհի 47 երկիրներիւ մէջ:

 

Գանձասարը Կը Հանրահռչակուի Նաեւ Որպէս Գիտական Կեդրոն

Ապրիլ 18-ին Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան-Գանձասար գիտամշակութային կեդրոնին մէջ կայացած է պատմական գիտութիւններու թեկնածու Արմէն Մալխասեանի «Հայկական կազմարարութեան Արցախ-Ուտիքի դպրոցը» գիրքի շնորհահանդէսը: Արցախը իր անառիկ ամրոցներով ոչ միայն ապահով պահոց եղած է հարիւրաւոր ձեռագիրերու համար, այլեւ ունեցած է ձեռագիրերու ստեղծման, վերականգնման հնարաւորութիւններ: Կազմարարութիւնը ոչ այնքան արհեստ, որքան արուեստ կը համարէ Արմէն Մալխասեանը: Միաժամանակ այդ արուեստը իր յստակ պահանջները ունէր, զորս միայն ընտրեալները կը  բաւարարէին: Տէր Ղազար, Տէր Մխիթար, Տէր Մեսրոպ. ասոնք արցախցի յայտնի կազմարարներ են արդէն այսօր: Արմէն Մալխասեանը կը կարեւորէ՝ խօսքը Արցախի մէջ ոչ թէ առանձին կազմարարներ, այլ կազմարարական դպրոց ունենալու փաստին մասին է: Գանձասարի կազմարարական դպրոցը 18-րդ դարուն գործած է: Յամենայնդէպս, ուսումնասիրութեան մէջ ընդգրկուած գործերը այդ ժամանակահատուածով կը թուագրուին: Կազմուած են աւելի կանուխ գրուած մատեանները: 27 մատեան միայն արդէն արցախցի երեք յայտնի կազմարարները կազմած են: Արմէն Մալխասեանի խօսքով՝ հաւանականութիւնը մեծ է, որ աւելի շատ մատեաններ կազմած ըլլան այդ վարպետները: Հաւանական է նաեւ, որ, Գանձասարէն բացի, Արցախի մէջ կազմարարական այլ դպրոցներ եւս գործած ըլլան: «Հայկական կազմարարութեան Արցախ-Ուտիքի դպրոցը» աշխատութիւնը լոյս ընծայուած է Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մարմնակրթութեան եւ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւններու աջակցութեամբ: Ասիկա այս թեմայով հերթական նախաձեռնութիւնն է: ԿԳՍ նախարար Նարինէ Աղապալեանը շարունակութիւն  կը խոստանայ, բայց փակագիծերը լայն չի բանար. «Մենք խնդիր դրած ենք ոչ միայն ցուցադրութիւն ունենալ Գանձասարի մատենադարանին մէջ, այլեւ վերականգնել այն պատմական միջավայրը, որ ունեցած ենք Արցախի մէջ: Մեր պատմաբանները շերտ առ շերտ բացած եւ սերունդներուն ներկայացուցած են այն գանձերը, զորս ունեցած է Արցախը»:

        Գանձասարի մէջ մէկ այլ շնորհահանդէս՝ Ստեփանոս Երէցի «Հանգիտագիրք»-ի երկրորդ հրատարակութեան առթիւ էր: 1787-89 թուականներուն գրուած աշխատութիւնը կը պատմէ Իրանի, իրանահայ գաղութի եւ հարեւան երկիրներուն մասին՝ 1665-1789 թուականներու կտրուածքով: Լոյս ընծայուած է Մատենադարանի գիտական խորհուրդի երաշխաւորութեամբ եւ Թեհրանի Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան ու մեկենասներու ֆինանսաւորումով: Առաջին հրատարակութեան շնորհահանդէսը կայացած էր Թեհրանի եւ Երեւանի մէջ: Վերջինիս մէջ կայացած շնորհահանդէսի ժամանակ ալ Մատենադարանի տնօրէնը առաջարկեց երկրորդ հրատարակութեան շնորհահանդէսը Գանձասարի մէջ իրականացնել, կը մանրամասնէ Սինխրոն Թեհրանի Փերիոյ կրթասիրաց միութեան անդամ, գիրքի հրատարակութեան պատասխանատու Գասպար Ամիրխանեանը:

        Այս տրամաբանութեամբ՝ յառաջիկային ալ հանդիպումներ տեղի կ’ունենան: Նպատակը Գանձասարի մասնաճիւղի գիտամշակութային գործառոյթը փաստացի իրականացնել է, կը վստահեցնէ Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեանը. «Մարդիկ պէտք է աստիճանաբար սորվին, որ այստեղ ոչ միայն ցուցադրութիւններ կը կազմակերպուին, այլեւ գիտաժողովներ: Կրնանք սկզբունք դարձնել Հայոց արեւելեան կողմի հետ կապուած որեւէ աշխատութեան շնորհահանդէս Գանձասարի մէջ կազմակերպելը: Թերեւս ասիկա նաեւ կազմակերպչական որոշ աշխատանք կը պահանջէ, որոշ լրացուցիչ ծախսեր կ’ըլլան: Կը կարծեմ, այդ հարցին մէջ պատկան մարմինները եւս ընելիք կ’ունենան»: Արցախի ՄԵՀԶ նախարար Սերկէյ Շահուերդեանը կը վստահեցնէ՝ ապակեդրոնացումը մշակոյթի ոլորտի պատասխանատուներուն առաջնահերթութիւներու շարքին է եւ Մատենադարանի Գանձասարի մասնաճիւղն ալ իր արհեստագիտական հնարաւորութիւններուվ ու ցուցադրուող նիւթի բացառիկութեամբ կրնայ այդ հարցին մէջ լուրջ դեր խաղալ:

        Ստեփանակերտ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին