Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Հայաստանի Մէջ Պիտի Բարձրացուին Թոշակներն Ու Նուազագոյն Աշխատավարձը․ Սերժ Սարգսեան

Արտագաղթը Հայաստանի արիւնահոսող վէրքն է, որ կառավարութիւնը կը փորձէ լուծել: Այս մասին «Շանթ» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՀ վարչապետ Սերժ Սարգսեան:

Ան չափազանցուած համարած է արտագաղթի վերաբերեալ ընդդիմութեան ներկայացուցած  թիւերը` այդուհանդերձ արձանագրելով, որ ատիկա իսկապէս խնդիր է երկրի համար:

«Արտագաղթը մեր արիւնահսող վէրքն է: Ատիկա մեզի համար շատ վտանգաւոր ու ցաւալի է: Չեմ ըսեր արդարացնելու համար, սակայն պէտք է հաշուի առնենք, որ արտագաղթը բնորոշ է ոչ միայն Հայաստանին, այլեւ նախկին բոլոր խորհրդային երկիրներուն, Արեւելեան ու նոյնիսկ Արեւմտեան Եւրոպային: Գաղթի գործընթացները միշտ տեղի կ’ունենան: Այո՛, որոշակի հանգամանքներէ մեկնած` մեր մօտ յաւելեալ խնդիրներ կան: Այո՛, ատիկա խնդիր է, սակայն մենք կը փորձենք զայն լուծել: Ես յայտարարած եմ եւ վստահ եմ, որ ատիկա հասանելի թիւ է` 2040 թուականին 4 միլիոն բնակչութիւն ունենալը»,- «Փանորամա»-ի փոխանցմամբ ըսած է Սերժ Սարգսեան:

Ան յայտնած է, որ մօտակայ քանի մը շաբաթներու ընթացքին արդէն պիտի սկսին հանրային քննարկումները մինչեւ 2030 թուականը Հայաստանի զարգացման ռազմավարութեան վերաբերեալ: Սարգսեան համոզուած է, որ  այդտեղ եղած թիւերը, ցուցանիշները բոլորին գոնէ կը համոզեն, որ Հայաստանը կ’երթայ դէպի նախանշած այդ հիմնական ցուցանիշը:

«Արդէն կառավարութիւնը ծրագրած է, եւ կը կարծեմ մենք ընդամէնը շաբաթներու ընթացքին որոշակի փոփոխութիւն պիտի մտցնենք հարկային օրէնսգիրքի մէջ նուազեցնելու մարդոց եկամտահարկը: Ծրագրուած է, որ Յունուար 1-էն սկսեալ թոշակներու, նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացում պիտի ըլլայ»:

Այդ բոլորը հնարաւորութիւն կու տայ հանգիստ, հանդարտ կեանքի, տնտեսական զարգացման, յառաջխաղացքի: Նորէն կը կրկնեմ՝ ոեւէ մէկը չի կրնար 5, 10, 15 տարուան մէջ ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որ բոլորը այդ պայմաններէն գոհ ըլլան: Եւ այս 25-26 տարիներու ընթացքին, եթէ հաշուի առնենք բոլոր այն խնդիրները, որ եղած են Հայաստանի բոլոր ժամանակներու իշխանութիւններուն առջեւ, մեր երկիրը վատ չէ զարգացած: Ես չեմ ըսեր, որ լաւ է: Որքան ալ լաւ ըլլայ, միշտ իմ գնահատականը պիտի ըլլայ, որ աւելին կրնայինք ընել»,- նշած է վարչապետ Սարգսեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին