Շաբաթ, 02. 11. 2024

spot_img

Արցախի Մէջ Գտնուող Յուշարձանները Կը Թուագրուին Քարէ Դարէն Մինչեւ Ուշ Միջնադար. Ոլորտի Պատասխանատու

Արցախի մէջ յուշարձաններու պահպանութեան պետական ցուցակին վրայ հաշուառուած է աւելի քան 4000 յուշարձան:

Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օրուան առիթով ըսած է «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի գիտական աշխատանքներու գծով փոխտնօրէն Նժդեհ Երանեան:

Ըստ անոր՝ Արցախի տարածքին գտնուող պատմամշակութային արժէք ներկայացնող բոլոր կոթողները ներառուած են յուշարձաններու պահպանութեան պետական ցուցակին վրայ: Անոնք պարբերաբար կը համալրուին նորայայտ յուշարձաններով, ինչպէս նաեւ կը գտնուին պետական հսկողութեան տակ:

«Արցախի տարածքին վրայ գտնուող յուշարձանները կը վերաբերին շատ տարբեր ժամանակներու` քարէ դարէն մինչեւ ուշ միջնադար: Հետեւաբար, եթէ նայինք կրօնական բաժանման տեսանկիւնէն, կան յուշարձաններ, որոնք կը պատկանին այն ժամանակներուն, երբ անգամ ներկայ համաշխարհային կրօնները չկային: Ուստի ըսել, թէ քանի յուշարձան քրիստոնէական են, քանի հատը՝ ոչ, հնարաւոր չէ: Իսլամական դաւանանքին պատկանող յուշարձաններու թիւը յուշարձաններու պետական ցուցակին վրայ կը հասնի շուրջ երեք տասնեակի»,- նշած է Ն. Երանեան:

Անոր խօսքով՝ Արցախի մէջ բազմաթիւ են ինչպէս պատմամշակութային, այնպէս ալ բնական յուշարձանները: «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի կազմին մէջ գտնուող արգելոցներէն երեքը պատմամշակութային են, երկուքը` բնապատմական:

«Արցախի մէջ գտնուող յուշարձանները ֆիզիքապէս հասանելի են բոլորին: Հաւանաբար անոնց մէկ մասը կը գտնուի դժուարամատչելի վայրերու մէջ, կամ քիչ հանրահռչակուած է, որուն պատճառով քիչ է այցելութիւններուն թիւը: Անընդհատ կը տարուին աշխատանքներ նմանատիպ յուշարձաններու հանրահռչակման, տեղեկատուական վահանակներու, տարբեր ցուցանակներու եւ այդ յուշարձաններու շրջակայքի բարեկարգման ուղղութեամբ: Եթէ խօսինք յուշարձաններու բացառիկութեան մասին, հարկ պիտի ըլլայ նշել, թէ ի՛նչ նկատի ունիք՝ բացառիկ ըսելով: Ցանկացած յուշարձան, Արցախի մէջ, ունի իր պատմամշակութային արժէքը եւ հետաքրքրութիւնը»,- աւելցուցած է Ն. Երանեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին