Չորեքշաբթի, 15. 01. 2025

spot_img

ՀԵԸ Անդրանիկ-Անթիլիաս Սկաուտական Շարժումի Միօրեայ Այցելութիւնը Զահլէ

ՀԵԸ Անդրանիկ-Անթիլիասի սկաուտական  շարժումը իր բեղուն  գործուէնութիւններուն  ընթացքին յաճախ մոռցած է խմբային  շրջապտոյտներուն պատճառած  քաղցրութիւնը:

Այս լոյսին տակ,  ՀԵԸ Անդրանիկ-Անթիլիասի Գործադիր Վարչութիւնը եւ  սկաուտական շարժումի վարչութիւնը   որոշեցին  շրջապտոյտ  մը կազմակերպել  եւ ընտրել վայր մը, որ սկաուտական շարժումի մատղաշ անդամ-անդամուհիներու մեծամասնութեան համար կը մնար անծանօթ:  Վայր մը, որ հաւանաբար  պատեհութիւնը չէին ունեցած այցելելու  իրենց  դպրոցական շրջապտոյտներուն ընթացքին եւ կամ ծնողներուն հետ: 

Ընտրութիւնը գնաց  Զահլէին, ուր քաղաքին ծանօթանալու կողքին, անոնք պիտի այցելէին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ  Անդրանիկ Զահլէի Ալեք Մանուկեան կեդրոնը մտերմիկ  պահեր ապրելու Զահլէի իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն  հետ:

ՀԵԸ Անդրանիկ Զահլէի  Գործադիր  Վարչութիւնը  մեծ ոգեւորութեամբ  ընկալեց ՀԵԸ Անդրանիկ-Անթիլիասի ծրագիրը: Վարչութեան անդամները   ոչ  միայն  դիմաւորեցին Պէյրութէն ժամանած իրենց  միութենական քոյրերը եւ  եղբայրները, այլեւ իրենց առաւելագոյնը  կատարեցին՝  յարմարաւէտ պայմաններ ստեղծելու իրենց հասակակիցներուն՝ անոնց տրամադրութեան տակ դնելով ակումբը՝ սրահներով, խաղավայրերով, որպէսզի ՀԵԸ Անդրանիկ-Անթիլիասի  իրենց քոյրերը եւ  եղբայրները Զահլէի ակումբին մէջ եւս ազատօրէն շնչեն միութեան բոյրն ու մթնոլորտը:

Ուղեւորութիւնը սկսաւ Շաբաթ առաւօտեան ժամը  9-ին, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան  կեդրոնէն:  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական շարժումի բոլոր խմբակները՝ երէցներ, քառավելներ, սկաուտներ, գայլիկներ, արենուշներ եւ արծուիկներ, թիւով 350 անդամ-անդամուհիներ,  տասը մեծ օթոպիւսներու մէջ տեղաւորուելով՝   ճամբայ ելան դէպի Զահլէ: Ընթերցողը անմիջապէս պիտի  կռահէ  թիթեռներուն  բացակայութիւնը շրջապտոյտէն: ՀԵԸ Անդրանիկ-Անթիլիասի սկաուտական խմբապետութիւնը, նկատի առնելով  թիթեռներուն տարիքը, աւելի նպատակայարմար  գտաւ երկար  ճանապարհորդութեան փոխարէն, համեմատաբար  մօտակայ  վայրի  մը  մէջ զուարճացնել  զանոնք:

Ճանապարհին վրայ, խանդավառութիւն կը տիրէր ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի դրօշներով  զարդարուած   օթոպիւսներուն մէջ: Ճանապարհի երկարութեան կը լսուէին  ազգային, հայրենասիրական երգեր:  Նախքան Զահլէ   հասնիլը, քառավելները եւ երէցները ժամանակաւորապէս բաժնուեցան խումբէն: Անոնք իրենց ճամբուն վրայ այցելեցին  Թաանայէլ,  հեծանիւներով   շրջեցան  Թաանայէլի  լիճին շուրջ, ապա այցելեցին  հանրածանօթ  «Քսարա» գինիի  կեդրոնը,  ծանօթացան  գինիի  պատրաստութեան, որմէ ետք  այցելեցին «Սէյիտէթ  Զահլէ» բարձունքին վրայ գտնուող  Մարիամ Աստուածածնի  արձանը:

Սկաուտները, արենուշները, գայլիկները եւ արծուիկները  շարունակեցին  ճամբան՝ ժամը 11-ին  հասնելով  Զահլէի ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Ալեք Մանուկեան կեդրոնը:  ՀԵԸ Զահլէի Գործադիր Վարչութեան ատենապետ Ժորժ  Տէյիրմենճեանի եւ անդամներուն ջերմ ընդունելութենէն ետք սկաուտական իւրաքանչիւր խմբակ  տեղաւորուեցաւ    տրամադրուած սենեակներուն մէջ:  Կէսօրուան   ճաշէն ետք  իւրաքանչիւր  սկաուտական խմբակ անցաւ իր յայտագիրին:

Սկաուտները եւ արենուշները «Ռալի Փէյփըր» մը կազմակերպեցին Զահլէ քաղաքին մէջ: Անոնք բաժնուեցան տասը խմբակներու: «Ռալի Փէյփըր»-ին նպատակն էր  ծանօթանալ Զահլէին եւ Զահէլի ՀԵԸ-ի կեդրոնին, միաժամանակ ՀԵԸ-ը  աւելի  մօտէն  ծանօթացնել  Զահլէի   բնակչութեան: Տեղւոյն  բնակիչները   մեծ ոգեւորութեամբ  հետեւեցան  ՀԵԸ Անդրանիկ-Անթիլիասի  սկաուտներուն եւ արենուշներուն նախաձեռնութեան: Քաղաքի  բնակիչները, յատկապէս  հայկական  թաղամասերու եւ հայկական շուկայի  բնակիչները  ցնծութեամբ դիմաւորեցին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի տարազներով  ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումի անդամ-անդամուհիները «Ռալի  Փէյփըր»-ը աւարտելէ ետք, սկաուտները եւ արենուշները  վերադարձան  ՀԵԸ Զահլէի ակումբը: Գրեթէ  նոյն  ժամերուն Թաանայէլէն ակումբ վերադարձան երէցները եւ քառավելները:

Գայլիկները, արծուիկները եւ արենուշները վեց խումբերու բաժնուելով՝  այցելեցին  Զահլէի  հռչակաւոր հանրային զբօսարանը: Ապա վերադարձան ակումբ:

Պտոյտներու  երկար օրուան վերջաւորութեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական շարժումի անդամ-անդամուհիները համախմբուեցան ՀԵԸ Անդրանիկ Զահլէի Ալեք  Մանուկեան կեդրոնը, ուր, ի  պատիւ Պէյրութէն ժամանած հիւրերուն, տեղւոյն  Գործադիր Վարչութիւնը կազմակերպեց հիւրասիրութիւն:   Այս միջոցին մեր սկաուտական շարժումի անդամները  կատարեցին  խմբերգեր,  կազմակերպեցին խմբային խաղեր,   վերցուցին յիշատակի լուսանկարներ եւ    անմոռանալի յիշատակներով վերադարձան  Պէյրութ:

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասը  ոչ  միայն  կազմակերպեց  շրջապտոյտ, այլեւ նոր խանդավառութիւն   եւ եռանդ  հաղորդեց Զահլէի   քոյր միութենականներուն  մէջ:

Յանուն ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս  Սկաուտական  շարժումին՝  խորին  շնորհակալութիւն ՀԵԸ Անդրանիկ Զահլէի  Գործադիր Վարչութեան անդամներուն,   բոլոր միութենականներուն,  իրենց  սիրալիր ընդունելութեան եւ   հիւրասիրութեան համար:

 

Գնահատանքի խօսք,  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Վարչութեան,  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  բոլոր խմբապետական կազմերուն, երէցներու խմբակի խմբապետ Ռաֆֆի Խաչատուրեանին, քառավելական խմբակի խմբապետ Գարլա Աբրահամեանին, սկաուտներու խմբապետ Եղիկ Աւետիքեանին, արենուշներու խմբապետուհի Անժելիքա Այվազեանին, գայլիկներու խմբապետուհի Լէա Ինքնատիոսեանին, թիթեռներու խմբապետուհի Արաքս Չերչեանին, արծուիկական խմբապետի պարտականութիւնները վարող փոխխմբապետուհիներ Սելին Քիսոյեանին եւ Հերա Մազլումեանին, փոխխմբապետ- փոխխմբապետուհիներուն, սկաուտական վարչութեան ատենապետուհի տիկին Թալին Ինքնատիոսեանին այս  գեղեցիկ եւ յիշատակելի օրը յղանալու եւ կազմակերպելու առիթով:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին