Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Փառատօնական Առճակատումներ Ընտրական Խոստումներով

Տոքթ. ԱՒԵՏԻՍ ՏԱԳԷՍԵԱՆ

          Ինչպէս կը նախատեսուէր, Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ ընտրական մրցակցութիւնը իր սաստկութեամբ հասած է իր գագաթնակէտին:

            Այս շռնդալից վիճակը, որքան ալ կարծուի թէ գտած է իր շահողի կամ յաղթողի հեղինակները, անակնկալներն ու ցնցումները կը մնան խիստ հաւանական գործօններ:

            Ամէն կողմ կան փառատօնային ընտրական տրամադրութիւններ, սակայն միշտ այլամերժական եւ արհամարհական տրամադրութիւններով գերյագեցած:

            Իւրաքանչիւր կողմ, մանաւանդ անոնք որոնք կը գտնուին հակադիր ու մրցակից հորիզոնականներու վրայ, կը փորձեն իրենց թեզին ու քաղաքականութեան իրաւացիութիւնը պաշտպանել՝ քննադատելով ու մերկացնելով դիմացինը:

            Այստեղ անհրաժեշտ է նշել, այլեւ հաստատել, որ ընտրապայքարի մոլուցքը համակած է այն ուժերը կամ խմբակցութիւնները, որոնք տակաւին երէկ նոյն բեմերուն վրայ, նոյն հրապարակներուն մէջ, նոյն հաւաքներէն ներս, կը գործածէին նոյն լեզուն ու կարգախօսները, կը գովերգէին նոյն լաւատեսութեամբ, մինչ այսօր դարձած են թշնամիներ, իրարու նկատմամբ անհանդուրժողներ:

            Շատ-շատեր կը հաւատան, որ ասիկա լիբանանայատուկ գործելաձեւ մըն է, ընդհանուր բնաւորութիւն մը, որ հինէն կու գայ ու չի կրնար փոփոխուիլ, քանի մտածելակերպերը նոյնն են, նաեւ ախորժակներն ու յաւակնութիւնները:

            Անգամ մը դիտենք մեր շուրջը. այս ի՜նչ հոգեկան անկում կը տիրէ թեկնածուներուն հոգիներէն ու միտքերէն ներս, որ ամէն նուիրականութիւն իսկ մոռցուած է:

            Անհատական թէ հաւաքական իւրաքանչիւր արտայայտութիւն, յայտարարութիւն կամ ելոյթ կ’անդրադառնայ այնպիսի հարցերու, որոնք իբր թէ կը կազմեն երկրի փրկութեան բանալիները, բայց չեն ուզեր հաւատալ, որ եղածը պարզապէս ինքնաոլորապտոյտի խաղ մըն է, որուն հետեւանքներուն ծանօթ է լիբանանցին, տակաւին հի՜ն-հի՜ն օրերէն:

            Լսեցէ՛ք ու հետեւեցէ՛ք այդ խօսքերուն. արդեօք նորին անցնելէ ետք, բան մը փոխուա՞ծ է մարդոց մտայնութեան ու հոգեբանութեան մէջ, թէ եղածը պարզապէս ընտրական ձեւակերպումներ են, որոնք շուտով պիտի լուծուին:

            Հիմա որ կը խօսուի (թէեւ հինէն ի վեր շատ խօսուած ու գրուած է) փտածութեան ու նեխածութեան դէմ՝ զանոնք արմատախիլ ընելու վճռակամութեամբ, այսօր կամ վաղը կրնա՞ն ատոնք իրականանալ, երբ նոյնինքն այս ընտրութեանց մէջ կը տեսնուին ոմանց բաժնեկցութիւնները:

            Անցնինք առաջ:

            Ի՞նչ կը նշանակէ տեղ մը համերաշխութեան ի նպաստ գործել ու կազմել համախոհական ցանկ մը, երբ ուրիշ տեղ մը ճիշդ հակառակը տեղի կ’ունենայ:

            Լիբանանի կերտումը այս արտասովոր ոստոստումներով անկարելի է իրականացնել, մանաւանդ երբ մարդիկ իրենց տեղերը չեն գտած կամ իրենց դիրքերը կը շփոթեն ուրիշներու իրաւունքներուն ու պարտաւորութեան հետ:

            Ընտրական փառատօնները լաւ են, օգտակար ու նպատակային, սակայն երբ անոնք կը վերածուին հայրենակերտումի անունով զիրար խծբծելու ու վիրաւորելու աժան արտայայտութիւններու, այո՛, երբ ատոնք կը բացատրուին միայն ու միայն աժան արտայայտութիւններով, մանաւանդ երբ մսխուի ժողովուրդին բարոյական դրամագլուխը:

            Այս հակիրճ խորհրդածութիւններէն ետք, մաղթանքս ու փափաքս է որ Լիբանանի ազնիւ ժողովուրդը ու յատկապէս լիբանանահայութիւնը՝ հեռու տիրող փառատօնական առճակատումներէ կամ ընտրական գզուըռտոցներէ, ազատ կամքով ու խիղճով 6 Մայիսին ներկայանայ քուէարկութեան ու իր քուէն տայ, որպէսզի 7 Մայիսին լիբանանահայութիւնը դիմաւորէ իր արժանաւոր երեսփոխանները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին