«Քեզ միշտ սիրել եմ, իմ վարդագոյն ընկեր,
Քեզնով ապրել եմ, քեզ միշտ երգել,
Դու անխաւար լոյսի տուն, Երեւան,
Ամէն հայի յոյսի տուն, Երեւան»
Վ. Յարութիւնեան
Երեւանը Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքն է եւ պատմական Հայաստանի տասներկուերորդ մայրաքաղաքը: Ան աշխարհի հնագոյն բնակավայրերէն ու շարունակաբար բնակեցուող հին քաղաքներէն մէկն է: Հիմնադրած է Արգիշտի Առաջին արքան Ք.ա. 782 թուականին եւ զայն կոչած Էրէբունի, որուն հնչիւնափոխութենէն առաջ եկած է Երեւան անունը: Ան միշտ պիտի փայլի նորահարսի մը նման եւ ամէն հայու յոյսի ու ապրելու, ապագան կերտելու վայրը պիտի մնայ:
Երեւանը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի աշակերտութեան սրտին ու հոգիին մէջն է: Ան հայ աշակերտին առօրեայ մտածումին ու ապրելակերպին մաս կը կազմէ. հայօրէն ապրելու եւ տէր դառնալու պատմական նշանակութիւն ունեցող պապենական այս քաղաքին:
Երեւանը այն արեւավառ ամրակուռ ամրոցն է, որուն երդիքին տակ հաւաքուած հայ ազգը քաջարի զայն կը պաշտպանէ փառապանծօրէն յաղթանակած շունչով ու մեծ երազի տեսիլքով, ներշնչանքի աղբիւր դարձած, սիրոյ եւ հայրենասիրութեան անվիճելի համոզումով «Երեւանը՝ Մե՛րն է ու Մե՛րը պիտի մնայ յաւիտեան», քանի հայ ազգը կ’ապրի ու միակամ ոգիով պիտի շարունակէ գոյատեւել յանուն հայրենիքի անպարտելի գոյութեան ու յաւերժութեան:
Հայ երգը, պարն ու արուեստը անքակտելի մաս կը կազմեն աշակերտի դպրոցական կեանքի ապրելակերպին մէջ: Իւրաքանչիւր երգի կամ պարի դասապահ, դպրոցը կը թնդայ խինդով, աշխոյժ ու կայտառ երաժշտութեամբ:
Միանալով ՀՀ Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանի կոչին՝ 2018 տարին նշանաւորել Երեւան քաղաքի 2800 ամեակով, ինչպէս նաեւ նոր սերունդին հայկական մշակոյթով հետաքրքրուած պահելու հրամայականով՝ այս տարի անգամ մը եւս վարժարանիս հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը համագործակցաբար գեղարուեստական ղեկավար՝ վարժարանիս երգի ուսուցիչ Պրն. Արեգ Տաղլեանի, ինչպէս նաեւ պարուսոյց Տիկ. Նանոր Տօնէրեան-Քէլէշեանի, կազմակերպեց աւանդութիւն դարձած այս ձեռնարկը «Սիրում եմ քե՛զ, իմ Երեւան» խորագրով՝ նոր աւիշ ու թափ տալով մեր սիրելի դպրոցի վերելքին, մեր հայրենիքի բարգաւաճման եւ համայն հայ ժողովուրդի բարօրութեան համար:
Շաբաթ, 14 Ապրիլ 2018, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Վահան Թէքէեան Միջն. վարժարանի Յակոբ Պարսամեան սրահը ողողուած էր ներկաներու հոծ բազմութեամբ, որոնք եկած էին վայելելու դասական եւ ժողովրդական հայ երգ ու պարի պատրաստուած գեղարուեստական յատուկ յայտագիրը:
Հանդիսութիւնը իր հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ պատուեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեան, իսկ նախագահութիւնը պանծացուցին ազգային բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկ. Միսաք եւ Մարօ Ներսէսեանները: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մօտ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Տիար Աշոտ Վարդանեան, ԹՄՄ հիմնադիրներու մարմինի ատենապետ, նախկին պետական երեսփոխան ընկ. Յակոբ Գասարճեան եւ անդամներ, ԹՄՄ-ի հիմնադիրներու մարմինի նախկին ատենապետ ընկ. Կարապետ Պապահէքեան, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկ. տոքթ. Աւետիս Տագէսեան եւ անդամներ, վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ ընկ. տոքթ. Յովիկ Վարդանեան եւ անդամներ, Սանուց Միութեան եւ Ծնողաց յանձնախումբի ժրաջան անդամներ, ծնողներ, ուսուցչակազմ, պաշտօնէութիւն եւ բարեկամներ:
Լիբանանի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վարժարանի քայլերգերը յոտնկայս ունկնդրելէ ետք, տնօրէնուհի Տիկ. Կալինա Շեմեմեան Նաճարեան, ողջոյնի իր խօսքը արտասանելով, ըսաւ, թէ վարժարանս, յամառօրէն հաւատալով նոր սերունդին հայրենասիրական դաստիարակութեան, անգամ մը եւս կը ջամբէ հայ մշակոյթը մեր մատղաշ սերունդին՝ հայ երգի ու պարի միջոցաւ՝ տեսնելու համար, թէ որքանո՛վ մեր աշակերտները կը սիրեն իրենց հայրենի մայրաքաղաք Երեւանը՝ իմանալով անոր պատմութիւնը, հոգեւոր արժէքները, ինչպէս նաեւ ունենալ անոր պահպանելու ձգտումն ու ցանկութիւնը:
Վարժարանիս տնօրէնուհին հակիրճ ներկայացուց հանդիսութեան նախագահ նախկին շրջանաւարտ Տիկ. Մարօ Ներսէսեանի բազմաբեղուն կենսագրութիւնը՝ մատնանշելով, որ ան ներկայիս կը վարէ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանի խորհրդատուի պաշտօնը Լիբանանի մէջ:
Անդրադառնալով ձեռնարկի նպատակին՝ տնօրէնուհին ըսաւ, որ սոյն երեկոյի գլխաւոր նպատակն է հայկական աւանդական երգ ու պարի պահպանումն ու տարածումը, մեր ժառանգութիւնը նոր սերունդին աւելի ճանաչելի դարձնելը, ապրիլ ու ապրեցնել հայ աշակերտը իր նախնիներու ստեղծագործութիւններով ու տեսլականով, հայ երաժշտութեան ընդմէջէն հայ աշակերտը հաղորդակից դարձնելու իր արմատներէն բխող հայ մեղեդիին ու հայկական շունչին, եւ վերջապէս առիթ ընծայել մեր աշակերտներուն իրենց տաղանդները բացայայտելու, ինչպէս նաեւ կարողութիւնները աճեցնելու եւ զարգացնելու, որպէսզի ապագային իրենք ալ իրենց հերթին հայութիւնն ու հայկական արժէքները մարմնաւորեն միջազգային բեմերու վրայ, որովհետեւ հայ մշակոյթը միշտ ալ բարձունքներ նուաճած է հայ ժողովուրդի զաւակներուն տաղանդով: Ան նաեւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան աննախընթաց երեկոյին յաջողութեան համար:
Բծախնդրօրէն ընտրուած ու սիրով պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ գարնանաբոյր խմբերգերով՝ մասնակցութեամբ նախ. Ա.Բ.Գ դասարաններուն: Յաջորդաբար հնչեցին §Անուշ հայրենիք¦, §Գարուն Երեւան¦, §Հզօր Հայաստան» երգերը, տհոլի ընկերակցութեամբ՝ Պերճ Քէօմպէճեանի (նախ. Բ. Դասարան):
Խանդավառ մթնոլորտը կը շարունակուի վարժարանիս «Կարս» պարախումբի (միջակ եւ մեծեր) «Դդմաճազ» պարով, որուն կը յաջորդէ «Սիրոյս կը սպասեմ» նազ պարը նախկին շրջանաւարտ Կարսիա Մարիա Քիւփճեանի, միջն. Գ. դասարանէն Սէլին Յովհաննէսեանի եւ Ռուպինա Օհանի կատարողութեամբ, ապա «Իմ Աննման Եար» զուգերգը կատարողութեամբ Ատրիանա Տօմպուրեանի (նախ. Զ դասարան) եւ Մոսիկ Տէօլտուրեանի (միջն. Ա դասարան):
«Կարս» պարախումբի փոքրերը խանդավառօրէն եւ գեղեցկօրէն ներկայացուցին «Երգչուհի եմ դարձել» եւ «Նորահարսիկ» մանկական պարերը, որոնց յաջորդեց «Ես կամ» խմբերգը՝ կատարողութեամբ Ալին Գէորգեանի (նախ. Ե. դասարան), Սելին Յովհաննիսեանի, Վարդի Սալխանեանի եւ Ռուպինա Օհանի (միջն. Գ. դասարան),՝տուտուկի ընկերակցութեամբ վարժարանիս նախկին երգի ուսուցիչ Պրն. Գէորգ Քէշիշեանի:
Հայ մանուկները մեր ժողովուրդի ապագան են, որոնցմով պիտի շարունակուի մեր փառապանծ գոյատեւումը: Հպարտութեամբ ու բարձր ոգիով, մանկապարտէզի մանուկները տողանցեցին ջահերով ու դրօշներով խանդավառ երաժշտութեան մը ներքոյ ու հպարտօրէն երգեցին §Երեւանում Տօն է¦, §Հաւատքի երգ¦, «Քեզ բարի լոյս» եւ §Արարատն առաջ-Զարթիր լաօ¦ն, ընկերակցութեամբ Դաւիթ Քէօմպէճեան (տհոլի) ու Արենի Օհան (ծնծղայի) վրայ (Ծաղիկ դասարան):
Նախ. Դ., Ե. եւ Զ. դասարանները գեղեցկօրէն մեկնաբանեցին «Մեր սիրելի Երեւան», «Իմ Հայաստան» եւ «Հայկական Ժողովրդական Երգերու շարք» խմբերգերը՝ տհոլի ընկերակցութեամբ նախկին շրջանաւարտ Փիթըր Մուրատեանի, որուն յաջորդեց խանդավառ ու համադաս կատարումով «Կարս» պարախումբի (միջակ եւ մեծեր) «Զարթօնք» պարը:
Երեւան քաղաքի քայլերգը՝ «Երեւան-Էրէբունի»-ն գեղեցիկ եւ դասական կատարմամբ ներկայացուցին նախ. Ե. դասարանի աշակերտները՝ սրինգի ընկերակցութեամբ հայերէնի դասատու Պրն. Աւետիս Տիպանին:
Գեղարուեստական յայտագիրը վերջ գտաւ վարժարանիս ամբողջ աշակերտութեան մասնակցութեամբ, ուր խմբային պարով «Երեւան Ջան» երգի ներքոյ ու Երեւան քաղաքի 2800-ամեայ զինանշանի ծածանող դրօշներով թնդաց սրահը ներկաներու որոտընդոստ ծափողջոյններով: Աշակերտութիւնը փաստեց հաւատարմութիւնը իր կրթօճախի կրթադաստիարակչական սկզբունքներուն՝ պահպանելով սէրը դէպի հայ երգը, պարն ու արուեստը, կառչած մնալով ամբողջական Հայրենիքին համար պայքարելու ուխտին ու յաւերժ գոյութեան:
Փառատօնի աւարտին վարժարանիս տնօրէնուհին շնորհակալական խօսքերով պատուեց գեղարուեստական յայտագիրի ղեկավար Պրն. Արեգ Տաղլեանն ու պարուսոյց Տիկ. Նանոր Տօնէրեան-Քէլէշեանը՝ իրենց անսակարկ ու հոգատար աշխատանքին, Պրն. Գէորգ Մանուէլ Քէշիշեանը՝ իր կամաւոր (տուտուկի ընկերակցութեամբ) օժանդակելուն, մասնակից աշակերտութեան, ինչպէս նաեւ պատասխանատու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն հանդիսութիւնը յաջողութեամբ պսակելուն համար: Ապա բեմ հրաւիրուեցան հանդիսութեան նախագահ Տիկ. Մարօ Ներսէսեանը, ինչպէս նաեւ վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Յովիկ Վարդանեանը՝ յուշանուէրներով պատուելու հանդիսութեան գեղարուեստական ղեկավարներն ու օժանդակող անհատները:
Հուսկ, բեմ հրաւիրուեցաւ երեկոյի գլխաւոր հովանաւոր Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեանը՝ փոխանցելու համար իր սրտի խօսքը: Պրն. դեսպանը իր երախտագիտական ջերմ զգացումները արտայայտեց երեկոյի բարձրաճաշակ ներկայացման առիթով՝ խրախուսելով կառչած մնալ հայրենիքին եւ դառնալ անոր գոյատեւման եւ բարգաւաճման ջատագովը: Ան քաջալերեց իւրաքանչիւր հայուն՝ այցելելու համար գեղեցիկ ու զարգացած հայրենի մայրաքաղաքը՝ արեւավառ Երեւանը, որ հաստատ քայլերով կ’ուղղուի դէպի միջազգային ճանաչման ու տնտեսական բարգաւաճման: Ապա աւելցուց՝ ըսելով, որ անհամբերութեամբ կը սպասէ վարժարանիս յաջորդ ելոյթներուն ներկայ գտնուելու համար:
Բարձր տրամադրութեամբ ու գնահատանքով ներկաները մեկնեցան այն համոզումով, որ հայ սերունդը պիտի շարունակէ պահպանել հայ մշակոյթն ու արուեստը՝ հաւատալով հայրենիքի հզօրութեան ու մայրաքաղաք Երեւանի յաւերժ սիրոյ ու գուրգուրանքին՝ զանոնք փոխանցելով յաջորդ սերունդներուն:
Բոլորին վարձքը կատար:
Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ