Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Գահիրէէն Պոլիս-Պոլիսէն Գահիրէ Պատմական Ակնարկ ՀԲԸՄ-ի Քայլերգի Ծնունդին

*ՊԵՏՐՈՍ ԹՈՐՈՍԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Աշխատակից

ԵՂԲԱՅՐ ԵՆՔ ՄԵՆՔ                                                                             

Միութիւն, Յուլիս 1912, էջ 106:

Ի բիւր ձայնից բնութեան շքեղ,
Թէ երգը թռչին սիրողաբար.
Մատունք կուսին ամենագեղ
Թէ որ զարնեն փափուկ քընար՝
Չունին ձայն մի այնքան սիրուն,
Քան զանձկալի եղբայր անուն:

Տո՛ւր ինձ քու ձեռքդ, եղբա՛յր ենք մենք,,
Որ մրրկաւ էինք զատուած,
Բախտին ամէն ոխ չարանենգ
Ի մի համբոյր ցրուին ի բաց.
Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն
Քան զանձկալի եղբայր անուն:

Երբ ալեւոր Մայրն Հայաստան
Տեսնէ զորդիս իւր քովէ քով,
Սրտին խորունկ վէրքերն դաժան
Քաղցր արտասուաց բուժին ցօղով.
Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն
Քան զանձկալի եղբայր անուն:

Մէկտեղ լացինք մենք ի հնում
Եկէք դարձեալ յար անբաժան
Խառնենք զարտօր եւ զխնդում,
Որ բազմածնունդ ըլլայ մեր ջան.
Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն
Քան զանձկալի եղբայր անուն:

Մէկտեղ յոգնինք, մէկտեղ ցանենք,
Մէկտեղ թափին մեր քրտինքներ,
Ըզհունձ բարեաց երկինս հանենք,
Որ կեանք առնուն Հայոց դաշտեր.
Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն
Քան զանձկալի եղբայր անուն:

Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան

              Կուտակուած բոլոր ոտանաւորները կը ղրկուին Պոլիս գտնուող հայ երգահան եւ երաժշտագէտ Կոմիտաս Վարդապետին[1], անոնցմէ լաւագոյնը նուագագրելու համար: Սակայն, հակառակ սպասուածին, վարդապետը կ’ուղարկէ իր կողմէ գրուած ու նուագագրուած նոր երգ մը: Մալէզեանի մերժումով Կոմիտասի ղրկածը չ’ընդունուիր որպէս Միութեան քայլերգ[2]: ՀԲԸՄ-էն ներս իր ունեցած հանգամանքին ու բարձր պաշտօնին բերումով, կը թուի, թէ Մալէզեան յաջողած էր առաջ մղել իր հեղինակած քայլերգը:

Կոմիտաս Վարդապետ

Միութիւն, Մարտ-Ապրիլ-Մայիս 1931:

ՀԱՅԿ. ԲԱՐԵԳ. ԸՆԴՀ. ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՔԱՅԼԵՐԳԸ

Մեր հայ երկիրն է խաւար՝
Տգիտութեան է աւար.
Ուսում տարէք,
Որ լոյս վառէք ,
Որ յոյս վառէք,
Ու տգէտը վտարէք:

Պանծա՛ Դու, Հա՜յ Միութիւն՝
Գիւղին տուիր Հա՜յ դպրոց՝
Մըտքի, սըրտի կուռ հընոց.
Պանծա՛ դու, Հա՜յ Միութիւն,
Պանծան հայեր բարեգործ:

Հայեր, Հայուն՝ դպրոց,
Հայո՛ւ դպրոց:

Մեր հայ երկիրն է անապատ,
Ու հայն ընկեր պատէ պատ.
Գութա՛ն տարէք,
Որ հող վարէք.
Որ խոր վարէք,
Հողին կուրծքը պատառէք:

Պանծա՛ Դու, Հա՜յ Միութիւն՝
Գիւղին տուիր հուր գութան,
Որ գիւղացիք արտ փութեան.
Պանծա՛ դու, Հա՜յ Միութիւն,
Հայ պանդուխտներ տուն կու գան:
Հայեր, Հայուն՝ գութան,
Հայո՛ւ գութան:

Կոմիտաս

Կոմիտաս Վարդապետի ՀԲԸՄ-ի ձեռագիր քայլերգը, Միութիւն, 5 Մարտ 1930, էջ 284-285:

Գրանեանի կարծիքով «Կոմիտասի գրած եւ ձայնագրած երգը հարկ եղած տուեալները չունէր, որպէսզի կարելի ըլլար զայն իբրեւ Միութեան վերջնական քայլերգ որդեգրել[3]»:

Կարճ ժամանակ ետք, վերոյիշեալ բոլոր քերթուածները դարձեալ կը ղրկուին Պոլիս, այս անգամ նշանաւոր երաժշտագէտ Յարութիւն Սինանեանին[4], որպէսզի ինք կատարէ լաւագոյն բանաստեղծութեան ընտրութիւնը եւ դաշնաւորէ զայն[5]:

Պոլսահայ երաժշտագէտ Յարութիւն Սինանեան:

Պոլսոյ Սինանեանները կը պատկանէին երաժիշտներու նշանաւոր գերդաստանի մը:[6] Անոնք ունէին «Սինանեան Նուագախումբը», որ հիմնուած էր Պոլսիս 1861-ին Գրիգոր Սինանեանի գլխաւորութեամբ[7]: 1888-1896 տարիներուն Յարութիւնն էր որ կը ղեկավարէր 40 անդամներ ունեցող խումբը[8]:

Վերջապէս, Մարտ 1914-ին Պոլիսէն Գահիրէ կը հասնի Միութեան քայլերգը: Սինանեան երաժշտականացուցած էր Մալէզեանի «Փա՜ռք Միութեան» ոտանաւորը[9]:

10 Մայիս 1914-ին ՀԲԸՄ-ի 8-րդ տարեդարձին առիթով, Գահիրէի Հելիոպոլիս արուարձանին մէջ տեղի ունեցած դաշտահանդէսի մը ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ՀԲԸՄ-ի հիմնադիր-նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշայի ներկայութեամբ, բրիտանական բանակի կատարողութեամբ, հանրութեան կը հրամցուի Միութեան պաշտօնական քայլերգը, որուն խօսքը կը պատկանէր Վահան Մալէզեանին, իսկ երաժշտութիւնը Յարութիւն Սինանեանին[10]:

Կարելի է ըսել, որ ՀԲԸՄ-ի քայլերգի մեղեդին հաւանաբար կրած ըլլալու է որոշ եւրոպական ազդեցութիւններ՝ նկատի ունենալով, որ Սինանեան աշակերտած է Իտալիոյ Միլան քաղաքը ուսանած՝ նշանաւոր պոլսահայ երաժիշտ Տիգրան Չուխաճեանին, որ նաեւ հիմնադիրն է հայկական օփերային[11]: Իր կարգին, Սինանեան նաեւ կը հետեւէր եւրոպական դասական երաժշտութեան ներդաշնակութեան օրէնքներուն[12]:

Համաշխարհային Ա. Պատերազմը վրայ հասնելով (Յուլիս 1914ին) եւ Եգիպտոսի Օսմանեան Կայսրութենէն ամբողջական խզումով, ՀԲԸՄ-ը չի յաջողիր պաշտօնական քայլերգէն օրինակներ ղրկել իր զանազան մասնաճիւղերուն: Այդ մէկը կարելի կ’ըլլայ ընել 1931-ին, երբ պատերազմը արդէն վերջ գտած էր եւ գաղթականները գէթ մասամբ հաստատուած էին տարբեր շրջաններ[13]:

Քայլերգի հրատարակութեան ծանուցումը Միութեան Մարտ-Ապրիլ-Մայիս 1931 թիւին մէջ:

Աչք մը նետելով Միութեան քայլերգերու բովանդակութեանց, կարելի է նաեւ գաղափար մը կազմել ու հասկնալ, թէ ինչեր կ’ակնկալուէին ՀԲԸՄ-էն՝ իր հիմնադրութեան առաջին տարիներուն:

Պէտք է ըսել, որ մեծ յոյսեր դրուած էին Բարեգործականին վրայ, մասնաւորաբար 1894-1986-ի Համիտեան ու 1909-ի Ատանայի ջարդերէն ետք: Ան կը դիտուէր որպէս փրկարար հայ ժողովուրդի անտէրներուն, ինչպէս՝ աշխատաւոր-աղքատ դասակարգերուն, գաւառի մէջ ապրող հայրենակիցներուն եւ որբացած մանուկներուն: Այս բանաստեղծութիւնները կը խօսին նաեւ հայ ժողովուրդի տարբեր հատուածներու անմիասնականութեան մասին:

Օրինակ՝ Խանճեանի համաձայն, ՀԲԸՄ-ը պարտաւորուած էր ձեռք երկարելու հայ ժողովուրդի զաւակներուն՝ զանոնք փրկելով «թշուառութենէ», երբ «սովն էր տիրած խեղճ հայորդուն տնակը, [ու] հացի վերջին պատառն հատած էր արդէն…»: Խանճեանի կարծիքով նաեւ ՀԲԸՄ-ը ծնած էր հայ տղոց ուսում ջամբելու եւ վերջ տալու «տգիտութեան»: Ինչպէս նաեւ ան պիտի օգնէր գիւղացիին, որպէսզի արտերը ցանելով իր ապրուստը ապահովէր[14]:

Իսկ Կոմիտաս նաեւ ուրախութիւն կը յայտնէր, թէ հայկական գաւառներուն համար ՀԲԸՄ-ը ստեղծած էր կրթական համակարգ մը՝ մատնանշելով, թէ «գիւղին տուիր Հայ դպրոց», ինչպէս նաեւ նպաստած էր գիւղատնտեսութեան զարգացման: Ան կը գրէ, թէ Բարեգործականը հայ գիւղացիին տուաւ «հուր գութան[15]»:

Միւս կողմէ, Մալէզեանի ակնոցով դիտուած, ՀԲԸՄ-ը այն միութիւնն էր, որ կը համախմբէր հարուստն ու աղքատը, ինչպէս նաեւ կարեւոր դեր ունէր կատարելիք «ազգաշինութեան» մէջ՝ ուսում ու գործ հայթայթելով հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Իր կարծիքով, ուսեալ եւ անուս մարդկանց համագործակցութեամբ պիտի բարգաւաճէր ազգը:  Ան կ’ըսէ «հարուստ ու աղքատ, անուս թէ գիտուն, երթանք կանգնելու օճախը կործան»:

Մալէզեան, Դանիէլեան եւ Ակիւլինէ նաեւ ուրախութիւն կը յայտնէին, որ վերջապէս կարելի եղած էր հայութիւնը համախմբել մէկ միութեան մը շուրջ: Մալէզեան կը նշէ, թէ «հըրաշքով Հայը միացաւ…»[16], իսկ Ակիւլինէ կը հաւաստէ, թէ «հայն ի՜նչքան պէտք ունի սիրոյ, միութեան…» եւ կ’աւելցնէ, թէ «բա՛ւ որքան հայն անհամերաշխ տըւաւ զոհ»:

Իրեն համար ՀԲԸՄ-ը կը նմանէր փողի մը, որուն ղօղանջէն կը միանար «ցիրուցան» ազգը[17]: Դանիէլեան նաեւ կը գրէ, թէ «հայն է հայուն միացեր ատելութիւնն է մոռցեր[18]»: Ճիյէրճեանի համար ալ Միութիւնը թիկունք էր «նահատակ ազգին,» որ անշուշտ տառապած էր 1896 եւ 1909 ջարդերուն ընթացքին[19]: Այս դէպքերը նկատի առնելով, հաւանաբար Ակիւլինէ կը նկատէր ՀԲԸՄ-ը որպէս միջոց պաշտպանուելու «օտարէն» այսինքն` թուրքէն[20]:

Ի միջի այլոց, Դանիէլեան միակ անձն էր, որ ՀԲԸՄ-ը կը տեսնէր նաեւ որպէս հայ իգական սեռի ներկայացուցիչներու պաշտպանը: Ան կոչ կ’ընէր հայ կոյսերուն եւ որբերուն, որ սրբեն իրենց արցունքները Բարեգործականի ներկայութեան[21]:

Կարելի է եզրակացնել, որ ՀԲԸՄ-ը նմանելու համար եւրոպական արդի կազմակերպութիւններուն պէտք էր օժտուէր նաեւ քայլերգով մը: Քայլերգը մէջտեղ եկաւ Միութեան հիմնադրութենէն 8 տարիներ ետք: «Միութիւն»-ը կարեւոր դեր ունեցաւ քայլերգի ընտրութեան գործընթացին մէջ:

1914-ին ՀԲԸՄ-ը կ’ունենայ իր պաշտօնական քայլերգը երկար ատեն Գահիրէէն Պոլիս եւ Պոլիսէն Գահիրէ ոտանաւորներ եւ երաժշտական յօրինումներ փոխանակելէ ետք: Այսօր աւելի քան հարիւր տարիներէ ի վեր Բարեգործականը կը շարունակէ գործածել Մալէզեանի քայլերգը:

[1] Կոմիտաս Վարդապետ (բուն անունով Սողոմոն Սողոմոնեան) ծնած է Քոթահիա 1869-ին եւ մահացած Փարիզ 1935-ին:

[2] Հմայեակ Գրանեան, «Բարեգործականի Քայլերգին Ծնունդը», Զարթօնք, Ապրիլ 15, 1969:

[3] Հմայեակ Գրանեան, «Բարեգործականի Քայլերգին Ծնունդը», Զարթօնք, Ապրիլ 15, 1969:

[4] Յարութիւն Սինանեան ծնած է Պոլիս 1872-ին եւ մահացած 1939-ին: Ան եղած է նշանաւոր ջութակահար, դաշնակահար եւ երաժշտահան: 1926-ին ան կ’ընտրուի պատուաւոր անդամ Պոլսոյ երաժշտական խորհուրդին: Տես՝ Ց. Բրուտեան, Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, Հատոր 10, խմբ. Վ. Հ. Համբարձումեան, Երեւան, 1984, Էջ 386:

[5] Հմայեակ Գրանեան, «Բարեգործականի Քայլերգին Ծնունդը», Զարթօնք, Ապրիլ 15, 1969:

[6] Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, Հատոր 10, խմբ. Վ.Հ. Համբարձումեան, Երեւան, 1984, Էջ 386:

[7] Հայկական Համառոտ Հանրագիտարան, խմբ. Հ.Մ. Այվազեան, Հայկական Հանրագիտարան Հրատարակչություն, Երեւան, 2003, Էջ 439:

[8] Նոյն:

[9] «Միութեան Պաշտօնական Քայլերգը,» Միութիւն, Մարտ 1914, էջ 105-106:

[10] «Հայկ. Բարեգ. Ընդհ. Միութեան 8-րդ Տարեդարձի Առթիւ Գահիրէի Դաշտահանդէսը», Միութիւն, Մայիս 1914, էջ 73:

[11] Ց. Բրուտեան, Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, Հատոր 10, խմբ. Վ. Հ. Համբարձումեան, Երեւան, 1984, էջ 386:

[12] Նոյն:

[13] «ՀԲԸՄիութեան Քայլերգը», Միութիւն, Մարտ-Ապրիլ-Մայիս 1931, էջ 45:

[14] Խանճեան, Միութիւն, Յունուար 1912, էջ 6:

[15] Գրանեան, Միութիւն, 15 Ապրիլ 1969:

[16] Մալէզեան, Միութիւն, Փետրուար 1912, էջ 21:

[17] Ակիւլինէ, Միութիւն, Ապրիլ 1912, էջ 56:

[18] Ներսէսեան, Միութիւն, Մարտ 1912, էջ 36:

[19] Յովհաննէս Ճիյէրճեան, «Միութեան Ուխտը», Միութիւն, Մայիս 1912, էջ 67:

[20] Ակիւլինէ, Միութիւն, Ապրիլ 1912, էջ 56:

[21] Ներսէսեան, Միութիւն, Մարտ 1912, էջ 36:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին