Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ – ԼԵ – Հայաստան Ասելիս Աշխարհը Իմ Տունն Է… Հայաստանի Պատմութեան Թանգարան

*ՏԱԹԵՒԻԿ  ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

Հայաստան ասելիս այտերս այրուում են ,
Հայաստան ասելիս ծնկներս ծալուում են,
Չգիտեմ ինչու է այդպէս
Հայաստան ասելիս շրթունքս ճաքում է,
Հայաստան ասելիս հասակս ծաղկում է,
Չգիտեմ ինչու է այդպէս
Հայաստան ասելիս աչքերս լցուում են,
Հայաստան ասելիս թեւերս բացուում են,
Չգիտեմ ինչու է այդպէս
Հայաստան ասելիս աշխարհը իմ տունն է…

Համօ Սահեան

Հայաստանը աշխարհի հնագոյն երկիրներէն մէկն է: Դարաւոր պատմութիւն կերտած խորհրդաւոր երկիր հանդիսանալով` Հայաստանը համահունչ կ»ընթանայ ժամանակակից դարաշրջաններուն հետ: Անիկա լեռնային երկիր է հարաւային Կովկասի մէջ: Հայաստանը այն երկիրն է, ուր աւելի քան 1700 տարի առաջ  301 թուականին առաջին անգամ ամբողջ աշխարհի մէջ քրիստոնէութիւնը ընդունուեցաւ որպէս պետական կրօն:

Հայաստանին կը սահմանակցին չորս երկիրներ` Վրաաստանը, Թուրքիան, Իրանը եւ Ազրպէյճանը: Երկիրը առանձնայատուկ է իր ինքնատիպ եւ իւրօրինակ այբուբենով, որ յայտնագործուած է 405ին: Եթէ օտարերկրացիները ցանկան աւելին գիտնալ խորհրդաւոր երկիր Հայաստանի մասին, ապա պէտք է ուսումնասիրեն մեր դարաւոր պատմութիւնը: Հայաստան աշխարհը հարուստ է նաեւ իր հին ու ինքնատիպ մշակոյթով: Մեր երկիրը միշտ աչքի զարկած է իր հիւրընկալ եւ հիւրասէր ժողովուրդով: Հայերը միշտ ուրախութեամբ հիւրընկալած են աշխարհի տարբեր ծայրերէն ժամանած հիւրերը: Յաճախ կը պատահի, որ զբօսաշրջիկները տեղեակ չեն ըլլար Հայաստանի եւ իր պատմութեան մասին, թէ Հայաստանը միակ երկիրն է, որ աւելի քան 3000 տարուան պատմութիւն ունի:

Շարք մը գիտնականներու եւ պատմաբաններու հաստատումով հայ ժողովուրդը կը համարուի ամենահին  ժողովուրդներէն մէկը: Հին աւանդոյթի համաձայն՝ Հայաստան անունը անմիջականօրէն կ’առնչուի նախահայր Հայկի անուան հետ:  Ինչպէս վերը նշեցի, Հայաստան աշխարհի պատմութիւնը աւելի քան 3000 տարուան խորհուրդ ունի եւ կը զուգորդուի պիպլիական Արարատ լերան հետ:


Ժամանակագրական բաժանման համաձայն՝ Հայաստանի պատմութիւնը կը բաժնուի հետեւեալ երեք պատմական շրջաններու`

  • Հին ժամանակաշրջան`մինչեւ Վանի թագաւորութեան անկումը
  • Միջին դարեր`քրիստոնէութիւնը պետական կրօն ընդունուեցաւ, յետոյ 17-րդ դարու կէս
  • Նորագոյն ժամանակաշրջան, ժամանակակից Հայաստան` Հայաստանի առաջին, երկրորդ եւ երրորդ հանրապետութիւններ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, ընդհուպ մինչեւ մեր օրերը:

«Զարթօնք»-ը այս շաբաթ Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ պիտի  բացայայտէ թանգարանի պատմութիւնն ու գործունէութիւնը:

Հայաստանի պատմութեան թանգարանը հիմնադրուած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան խորհրդարանի օրէնքով։ Կոչուած է Ազգագրական-մարդաբանական թանգարան-գրադարան։ Առաջին տնօրէնը եղած է Երուանդ Լալայեանը։ Այցելուներուն համար բացուած է 1921-ի Օգոստոս 20-ին։

Ժամանակի ընթացքին կրած է անուանափոփոխութիւններ. Հայաստանի պետական կեդրոնական թանգարան,Կուլտուր-պատմական թանգարան, Պատմական թանգարան, Հայաստանի պատմութեան պետական թանգարան, Հայաստանի պատմութեան թանգարան:

Թանգարանը կազմաւորուած է Կովկասի Հայոց ազգագրական ընկերութեան, Նոր Նախիջեւանի Հայկական հնութիւններու թանգարաններու, Անիի Հնադարանի, Վաղարշապատի Մատենադարանի հաւաքածոներուն հիման վրայ։

1935 թուականին ՀԿԿ Կենտկոմի հրամանով մայր թանգարանի հաւաքածոներուն հիման վրայ ստեղծուած են ինքնուրոյն թանգարաններ:

Մեր զրուցակիցն է Հայաստանի պատմութեան թանգարանի զբօսարշաւներու բաժինի վարիչ, պատմաբան Արմինէ Զօհրապեանը:

«Զ.» – Տիկի՛ն Զօհրապեան, կ’ըսէ՞ք՝ հիմնադրման ի՛նչ պատմութիւն ունի թանգարանը: Ի՞նչ առաքելութեամբ հիմնադրուած է անիկա:

«Ա. Զ.» – Տակաւին առաջին Հանրապետութեան տարիներուն որոշում կայացուած է թանգարան բանալու, եւ հայ մտաւորականները ձեռնամուխ եղած են այդ գործին: Բայց թանգարանը բացուեցաւ միայն խորհրդային շրջանին` 1921-ի Օգոստոս 20-ին: Առաջին ցուցադրութիւնը լայն հասարակութեան ներկայացուեցաւ միայն 1925 թուականին եւ այդ օրէն սկսեալ թանգարանը մշտական ցուցադրութիւն ունի: Կը պահպանէ շուրջ  400,000 առարկայէ բաղկացած ազգային հաւաքածոյ հետեւեալ բաժիններով. հնագիտութիւն, ազգագրութիւն, դրամագիտութիւն: Հաւաքածոները հիմնականը կը համալրուին Հայաստանի տարածքի հնավայրերէն յայտնաբերուած գտածոներով, գնումներով, նուիրատուութիւններով: Մենք բաւականին մեծ հաւաքածոներ ունինք, զորս ժամանակին նուիրած են թանգարանին մեր սփիւռքահայ  հայրենակիցները ե՛ւ Լիբանանէն, ե՛ւ Սուրիայէն, ե՛ւ ԱՄՆ-էն: Խօսքը մասնաւորաբար կը վերաբերի դրամներու հարուստ հաւաքածոյին, ուր ներկայացուած են Ծոփքի, Արտաշէսեան, Կիւրիկեան եւ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ տարբեր ժամանակաշրջաններու՝ Հայաստանի մէջ գործող դրամահատարաններու օտար  թողարկումներու նմոյշներ: 

Հայաստանի պատմութեան թանգարանը այսօր կը համարուի տարածաշրջանի ամենահարուստ թանգարաններէն մէկը: Թերեւս քանակային առումով թանգարանը առաջին հայեացքէն այնքան ալ շատ չէ, բայց թանգարանի մը համար աւելի քան 400,000 առարկաներու պահպանումը ինքնին մեծ թիւ է, բայց հոս առարկաներու թիւը այդքան չէ պայմանաւորուած, որքան թանգարանի նշանակութեան եւ թէ ի՛նչ առարականեր կը պահուին այստեղ: Պէտք է ըսեմ, որ առարակներու զգալի մասը բացառիկ գտածոներ են: Թանգարանը կը ներկայացնէ Հայաստանի մշակոյթի եւ պատմութեան ամբողջական պատկերը նախապատմական ժամանակներէն՝ 1.8 միլիոն տարի առաջ, մինչեւ մեր օրերը: Կը ցուցադրուի Հայկական լեռնաշխարհի եւ Հին Արեւելքի երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Հռոմի՝ Բիւզանդիոնի մշակութային փոխառնչութիւններու հազուագիւտ հետքերը:

«Զ.» -Արդեօք ի՞նչպէս է թանգարանի ստորաբաժանումներու եւ ֆոնտերու կառուցուածքը:

«Ա. Զ.» – Շատ յաճախ առարկաներու ժամանակաշրջանը որոշելը, թէ ի՛նչ նշանակութիւն ունեցած է եւ ի՛նչպէս կիրարկուած է, գիտական որոշ հետազօտութիւններ կը պահանջէ, որով կը զբաղին մեր գիտական բաժինները՝ հնագիտութեան, դրամագիտութեան, ազգագրութեան, նորագոյն պատմութեան եւ վերականգնման բաժինները:

Հնագիտական բաժինի հնագիտական ֆոնտը հնագիտական եօթը հաւաքածոյ կ’ընդգրկէ, զորս կը ներկայացնեն Հայկական Լեռնաշխարհի պատմա-մշակութային զարգացման ամբողջական ընթացքը՝ հին քարէ դարէն մինչեւ ուշ միջնադար ինկած ժամանակաշրջաններով՝ մ.թ.ա. 1 միլիոնէն մինչեւ մ.թ. 15-րդ դար: Հին քարէ դարու հաւաքածոներ, միջին եւ նոր քարէ դարերու հաւաքածոներ, պրոնզէ եւ երկաթի սկիզբի դարաշրջանի հաւաքածոներ, Ուրարտուի (Վանի թագաւորութիւն) հնագիտական հաւաքածոներ, հաւաքածոներ մ.թ.ա. 6 –4-րդ դարերու, հելլենիստական հաւաքածոներ, միջնադարեան հաւաքածոներ:

Դրամագիտական ֆոնտի մեծ մասը կը կազմեն մետաղադրամները՝ ոսկի, արծաթ, պղինձ։ Դրամագիտական ֆոնտին մէջ կը պահուին նաեւ մետալներ, մետաղանիշներ, շքանշաններ, կրծքանշաններ։ Կան նաեւ թղթադրամներու եւ նամականիշներու ժողովածուներ։ Ազգագրական ֆոնտը կը ներառէ 16-20-րդ դարերուն պատկանող գեղազարդային-կիրառական արուեստի, կենցաղի, արտադրութեան միջոցներու նմոյշներ՝ Հայաստանի պատմա-ազգագրական բոլոր շրջաններէն:

Թանգարանին մէջ Նոր եւ նորագոյն շրջանի պատմութեան բաժինը սկսած է գործել 1949 թուականէն։ 1991 թուականին Հայաստանի Յեղափոխութեան թանգարանի լուծարումէն ետք վերջինիս հաւաքածոն տրուած է Հայաստանի պատմութեան թանգարանի Նոր եւ նորագոյն պատմութեան բաժինին։ Բաժնի ուսումնասիրութեան շրջանակը կ’ընդգրկէ 17-րդ դարերէն մինչեւ արդի ժամանակահատուածի հայկական գաղթօճախներու, ինչպէս նաեւ բուն Հայաստանի հասարակական, քաղաքական, ազգային ազատագրական շարժումներու եւ մշակոյթի պատմութիւնը։ Նորագոյն պատմութեան ֆոնտը կ’ընդգրկէ 17-20-րդ դարերուն վերաբերող փաստաթուղթեր, լուսանկարներ, վիմագիր արձանագրութիւններ, դրօշներ, կնիքներ, հասարակական, քաղաքական, ռազմական գործիչներու անձնական արխիւները՝ լուսանկարներ, փաստաթուղթեր, անձնական իրեր:

Իսկ Վերականգնման բաժինը հիմնադրուած է 1945-ին։ Իր կառուցուածքով գործած են չորս աշխատանոցներ՝ խեցեգործական առարկաներու վերականգնում եւ մանրակերտներու պատրաստում, մետաղներու մաքրում եւ վերականգնում, բանուածքներու եւ ասեղնագործութիւններու վերականգնում, ատաղձագործական առարկաներու վերականգնում եւ կազմարարութիւն:

«Զ.» – Զբօսաշրջիկներուն մօտ ի՞նչպէս է թանգարանին հանդէպ հետաքրքրուածութիւնը: Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք սփիւռքի հետ:

«Ա. Զ.» – Օտարեկրացիներուն մօտ շատ մեծ է հետաքրքրուածութիւնը, որովհետեւ իրենք կ’ապշին նիւթի հարստութեան վրայ, եւ այդ նիւթն է որ մեզի հնարաւորութիւն կու տայ մեր պատմութիւնը օտարին ներկայացնելու: Մեր մօտեցումը, պատմութիւնը ներկայացնելու տեսանկիւնէն, թերեւս կը տարբերի միւս թանգարաններու մօտեցումներէն. այսինքն՝ մենք կ’աշխատինք ցոյց չտալ մեր պատմութեան շատ մը ողբերգական կողմերը, խօսքս ցեղասպանութեան չի վերաբերիր: Հիմնականօրէն կը ներկայացնենք մշակոյթը, հայ ժողովուրդի դերակատարութիւնը ընդհանրապէս համաշխարհային պատմութեան մէջ, որ մեր պատմութիւնը չէ տուժած, այլ ստեղծած, արարած ու պայքարած է: Եւ եթէ այդ պայքարը չ’ըլլար, բնականաբար այսօր այս փոքրիկ Հայաստանն ալ չէր ըլլար: Այդ պատճառով ես մեր թանգարանի ցուցադրութիւնը եւ իւրօրինակ մօտեցումը բարձր կը գնահատեմ:

Սփիւռքի հետ, ի հարկէ, կա՛յ որոշ համագործակցութիւն: Մենք ունինք հրատարակութիւններ, զորս իրականացուցած ենք Կիւլպէնկեան հիմնադրամի միջոցով: Սփիւռքի հետ ունինք նաեւ ընդհանուր ցուցահանդէսներ, բայց պէտք է ըսեմ, որ խորհրդային շրջանին սփիւռքէն ստացած նուէրներու քանակը համեմատաբար աւելի շատ էր, ինչը բոլորովին չի բացատրուիր խորհրդային իրողութեամբ, կամ այսօրուան Հայաստանի վիճակով, այլ անով, որ սփիւռքը այսօր շատ փոխուած է, այսօրուան սփիւռքը ան չէ, ինչ որ էր 1960–ական թուականներուն: Մենք գիտենք, թէ սփիւռքահայութիւնը ի՛նչպէս քայքայուեցաւ արաբական երկիրներուն մէջ: Շատ աւելի դժուար է պահել ինքնութիւնը արեւմտեան զարգացած երկիրներուն մէջ, եւ մեր պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ հայերը իրենց ինքնատիպ տեսակը աւելի շատ պահած են հոն, ուր թէ՛ կրօնական, թէ՛ մշակութային խոր տարբերութիւն եղած է: Ես ցաւով պէտք է նշեմ, ասիկա իմ անձնական կարծիքս է, որ այսօրուան երիտասարդ սփիւռքահայը նոր կը բացայայտէ Հայաստանը:

«Զ.» -Ի՞նչ կրթական ծրագիրներ կ’իրականացնէ թանգարանը դպրոցականներու համար: Հրատարակչական ի՞նչ գործունէութիւն ծաւալած էք:

«Ա. Զ.» – Թանգարանը կրթական յատուկ ծրագիրներ չունի դպրոցականներուն համար, որովհետեւ հոս երեխաները կրնան ամբողջութեամբ ծանօթանալ ուղղակի նիւթին միջոցով: Յատկապէս այս տարի բաւականին մեծ էր դպրոցահասակ երեխաներու այցելութիւններուն թիւը: Եթէ դպրոցներուն մէջ երեխաները միայն տուեալ պատմութեան մասին կը կարդան, ապա մեր մօտ զայն կը տեսնեն նկարներու, առարկաներու տեքսով:

Մենք վերջին տարիներուն սկսած ենք հրատարակչական գործունէութեամբ զբաղիլ, որովհետեւ վերանորոգման աշխատանքներու պատճառով մեր ցուցադրութիւնը մի քանի տարի փակ էր: Ցուցադրութիւնը վերաբանալէ ետք սկսանք ալպոմներ հրատարակել: Ունինք գորգերու, հին շրջանին, պրոնզէ դարուն վերաբերող ալպոմներ: Շուտով աշխատանքներ կը տարուին Ուրարտուի եւ հելլենիստական շրջաններուն վերաբերող ալպոմներու հրատարակութեան համար: Ունինք միջնադարեան կոթողներու վերաբերեալ ալպոմ, տարազներուն նուիրուած ալպոմ, որ մեր մօտ ցուցադրուած է, բայց ալպոմը աւելի լայն պատկերացում կու տայ տարազի մասին: Ալպոմները կրնաք գնել եւ տեսնել մեր թանգարանին մէջ:

 

«Զ.»Որքան վսեմ է ժողովուրդի հասկացողութիւնը հայրենիքի մասին, այնքան զօրաւոր է իր երկիրը, իր հայրենասիրութիւնը եւ պատմութիւնը: Նշեմ, որ Հայաստանի պատմութեան թանգարանը կը գտնուի Երեւան, Հանրապետութեան հրապարակի 4 շէնքը:

Հեռ.է  +374-11-583861 , +374-10-520691

Էլ. հասցէ` zohrabyanarmine@yahoo.com

Կայք էջ` www.historymuseum.am

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին