Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի հրաւէրով, Հայ Աւետ. Գոլէճի պատուակալ տնօրէն, պատմաբան եւ ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան մասնակցեցաւ Ակադեմիայի Հայագիտութեան եւ Հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի 27 Մարտ 2018-ի նիստին, որ տեղի ունեցաւ ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի նիստերու դահլիճին մէջ:
Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան զեկուցում ներկայացուց «Քեմալական Թուրքիոյ ցեղասպան քաղաքականութիւնը Հայոց նկատմամբ (1919-1942 թուականներուն)» նիւթին շուրջ: Ան իր զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ Մուսթաֆա Քեմալի իթթիհատական արմատներուն, Թուրքիոյ հանրապետութեան մէջ Հայոց ցեղասպաններուն մասնակից անձերու նախարարական եւ այլ բարձր պաշտօններ տալուն: 1918-ի զինադադարէն ետք Թուրքիա, Արեւմտեան Հայաստան եւ Կիլիկիա վերադարձած հայերուն հանդէպ ցեղասպանական քաղաքականութեան, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վրայ նախայարձակման եւ հոն կատարուած սպանդին, Իզմիրի աղէտին, Արեւմտեան Հայաստանի հայու մնացորդացին յաջորդական տեղահանութիւններուն (1923, 1926, 1929-30) արձանագրուած մահերուն, 1934-ի ներքին տեղաշարժերուն, 1938-ի Տէրսիմի ցեղասպանութեան (որու ընթացքին մեծաթիւ հայ զոհեր եղած էին) Իսկենտերունի պարպումին, հայկական ստացուածքnերու տիրացումին եւ 1942-ի ունեւորութեան տուրքին, որ «անարիւն ջարդ» նկատուած է: Ան աւելցուց, որ 1942-ի Նոյեմբերին եթէ նացի Գերմանիա Ստալիկրատի մէջ յաղթէր խորհրդային բանակին, Անդրկովկասի մէջ տեղադրուած 26 թրքական զօրաբաժինները, մէկ միլիոն զօրքով, պիտի ներխուժէին Խ. Հայաստան, եւ այդ կրնար ըլլալ 1915-ի շարունակութիւնը:
Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան նաեւ ներկայ եղաւ ակադեմիայի Մարտ 28-ի տարեկան ընդհանուր ժողովին, որուն կը մասնակցէին 131 հոգի, ի ներկայութիւն հանրապետութեան նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի: