Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Գահիրէէն Պոլիս-Պոլիսէն Գահիրէ Պատմական Ակնարկ ՀԲԸՄ-ի Քայլերգի Ծնունդին

*ՊԵՏՐՈՍ ԹՈՐՈՍԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Ծանօթ է, որ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) հիմնուած է 15 Ապրիլ 1906-ին: Իր հիմնադրութենէն 8 տարիներ ետք, Մայիս 1914-ին, ՀԲԸՄ-ի պաշտօնական քայլերգը կը դառնայ Վահան Մալէզեանի հեղինակած «Փա՜ռք Միութիւն»-ը:

Սակայն յայտնի է Մալէզեանի քայլերգը միակը չէր: Սոյն ուսումնասիրութեամբ կ’ուզենք պատմագրել ՀԲԸՄ-ի քայլերգի ծնունդը եւ ուշադրութեան առարկայ դարձնել անոր ութ տարբերակներն ու բովանդակութիւնները: Նիւթին համար իբրեւ աղբիւր հիմնուած ենք ՀԲԸՄ-ի «Միութիւն» պաշտօնաթերթի եւ Միութեան Եգիպտոսի գործիչ ու կրթական քննիչ Համայեակ Գրանեանի 1969-ին «Զարթօնք»ի մէջ յետմահու լոյս ընծայուած յուշերուն վրայ:

Պէտք է ըսել, որ Յունուար 1912-էն Գահիրէի մէջ հրատարակուող «Միութիւն» ասմաթերթը կարեւոր դեր ունեցաւ «քայլերգերու» հաւաքման մէջ: Իր առաջին թիւէն պաշտօնաթերթը կոչեր ուղղեց հայ մտաւորականութեան՝ գրելու Միութեան նուիրուած քայլերգ մը:

Պոլսոյ, Գահիրէի, Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր շրջաններու եւ Եւրոպայի մէջ ապրող կղերական եւ աշխարհային անձնաւորութիւններ ընդառաջեցին «Միութեան» հրաւէրին՝ առաքելով զանազան ոտանաւորներ, այն յոյսով, որ անոնցմէ մէկը պիտի հռչակուէր Միութեան քայլերգը:

«Միութիւն»-ը իւրաքանչիւր ամիս լոյս կ’ընծայէր ՀԲԸՄ-ի նուիրուած բանաստեղծութիւններու շարք մը:

Առաջին արձագանգը կու գար հալէպաբնակ ու ՀԲԸՄ-ի տեղի մասնաժողովի ատենադպիր Գաբրիէլ Խանճեանէն: Ան կը ղրկէ «Միութեան Երգը» խորագրեալ բանաստեղծութիւն մը[1]:

 Միութիւն, Յունուար 1912, էջ 6

ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳԸ

Սովն էր տիրած խեղճ Հայորդուն տնակը,
Հացի վերջին պատառն հատած էր արդէն,
Եւ յուսահատ՝ դիմումներէ դէս ու դէն,
Հէքն էր թաղուած սեւ մտածմանց յատակը:

Վեր կաց թշուա՛ռ, վիշտի զաւակ,
Վանէ թախիծդ անյուսութեան.
Շուտ կը հասնի քեզ երկնառաք
Ձեռքն Հայկական սուրբ Միութեան:

Սուգն էր տիրած խեղճ Հայորդուն սրտիկը.
Զուլումի սուրն անպակաս էր գլխէն յար.
Դեռ նոր լծվարն էին տարեր բռնավար,
Չիկար նոյն իսկ սերմընցուի հատիկը:

Վեր կաց, թշուա՛ռ, հողի զաւակ,
Վանէ սարսափդ բռնութեան.
Շուտ կը հասնի քեզ երկնառաք
Ձեռքն Հայկական սուրբ Միութեան:

Մութն էր պատած խեղճ Հայորդուն ճրագը,
Գէթ հուրն ուսման բոցավառ էր հնոց,
Զի պակսէր գէթ մըտքի լոյսը իր տղոց,
Որ չի մարէր ցեղին հաւատքն ու կրակը:

Վեր կաց, թշուա՛ռ, լոյսի զաւակ,
Վանէ խաւարն տգիտութեան.
Շուտ կը հասնի քեզ երկնառաք
Ձեռքն Հայկական սուրբ Միութեան:

Գ. Խանճեան

Այնուհետեւ ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր քարտուղար Վահան Մալէզեան[2] խանդավառուելով կոչ կ’ընէ, որ աւելի մեծ թիւով հայ մտաւորականներ գրեն ուրիշ ոտանաւորներ՝ ընդլայնելու համար ընտրութեան դաշտը: Հետաքրքրականօրէն Մալէզեան առաջիններէն կ’ըլլար, որ երեւան կը հանէր իր «Փա՜ռք Միութեան» քերթուածը[3]:

 

Վահան Մալէզեան

 

ՓԱ՜ՌՔ ՄԻՈՒԹԵԱՆ                                                         

Միութիւն, Փետրուար 1912, էջ 21:

Աւետի՜ս, Հայեր, ա՜լ սուգը մէկդի,
Նոր արեւ ծագեց մեր ազգին վերեւ.
Հայութիւնն ամբողջ կու տայ ձեռք-ձեռքի՝
Հայկական Միութեան դըրօշին ներքեւ:

Հայեր, միանա՜նք մէկ սիրտ մէկ հոգի՝
Ազգաշինութեան վըսեմ գործին շուրջ.
Մոռնալով վէրքեր եւ ոխն երէկի,
Ժամ է, որ ըլլանք վաղուան աչալուրջ:

Հարուստ ու աղքատ, անուս թէ գիտուն,
Երթանք կանգնելու օճախը կործան,
Երթանք հիմնելու դըպրոց, գործատուն,
Երթանք մըշակին տալ ցանք ու լըծկան:

Եթէ ճիշդ է որ միութիւնն է միայն
Վերջին զօրութիւնն ազգիս քարուքանդ,
Մէկ սիրտ մէկ հոգի փութանք Միութեան
Սուրբ գործին բերել մեր ուխտն ու եռանդ:

Եւ դուն ա՜լ մի լար, թըշուառ Հայրենիք,
Քանզի հըրաշքով Հայը միացաւ.
Քանզի վաղն ամէնքս՝ գոհ եւ երջանիկ՝
Միութեան փառքը պիտ» երգենք կարգաւ:

Վահան Մալէզեան

Ապա Մարտ 1912-ին կը հրատարակուէր Ատանայի Առաջնորդարանի բարձր պաշտօնեայ, Հնչակեան գործիչ եւ ՀԲԸՄ-ի պատուոյ անդամ Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեանի  «Միութեան Աւետիսը[4]»:

Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեան

ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՒԵՏԻՍԸ                                                                         

Միութիւն, Մարտ 1912, էջ 36:

Ի՜նչ հոգեզմայլ, ի՜նչ խանդակաթ, տրտմանուշ
Սա բեկբեկուն հայ քնարին ձայն քնքուշ,
Հնչէ ծիծղուն ափունքներէն Նեղոսի՝
Մինչեւ ափերն Եփրատ, Ջիհան, Տիգրիսի…

Կուսանք Հայոց, որբ մանկունք,
Օ՛ն, սրբեցէք ձեր արցունք,
Հայն է Հայուն միացեր՝
Ատելութիւնն է մոռցեր:

Տես, ո՛վ Հայ մարդ, Մասեաց սարէն Տաւրոսին,
Կամար կապեր է Միութեան ծիրանին,
Արիւն արցունք հեղեղներու ընդմէջէն,
Հրեշտակն Հայոց կ’աւետէ մեզ երկնքէն՝

Նժդեհ ցրուած հէգ հայեր,
Զուլմին մրրիկն է դադրեր,
Օ՛ն ձեռք տուէք իրարու՝
Սուրբ միութիւն ուխտելու՝

Վերջին յոյսի ճրագն Հայոց, ա՜խ, առկայծ՝
Եգիպտոսի աստղերուն տակն էր մարած,
Դարձեալ անկէ Հայ Միութեան նոր արեւ,
Ճառագայթէ աւերքներուն մեր վերեւ,

Հայ Յովսէփներն Եգիպտոս՝
Ցեղն իրենց չեն մոռցեր հոս,
Հայուն մարած օճախին,
Ջամբելն լոյսն յոյս կենսածին:

Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեան

          Յաջորդաբար, Ապրիլ եւ Մայիս 1912-ին լոյս կը տեսնեն եգիպտահայ Ակիւլինէի եւ hալէպաբնակ «անծանօթ»[5]  Յովհաննէս Ճիյէրճեանի նոյն վերնագիրը կրող, բայց տարբեր բովանդակութեամբ «Միութեան Ուխտը» ոտանաւորները: Ապա հեռաւոր Մեծն Բրիտանիայէն Խոսրով անունով անձ մը Կայսրութեան «God Save the King» քայլերգի երաժշտական մեղեդիին համապատասխանող «Միութեան Քայլերգը» կը ղրկէր Գահիրէ[6]:

Ակիւլինէ

ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՈՒԽՏԸ                                                                               

Միութիւն, Ապրիլ 1912, էջ 56:

Երբոր շէնշող օճախին շուրջ գիւղական
Տղամարդերն ու հալւորներ միանան,
Ի՜նչքան քաղցր է այդ միութեան սուրբ պատկեր՝
Աստղերն ինչպէս երկնից վրայ են շարուեր:
Օ՛ն, ողջունենք մեր Միութիւնն Հայկական,
Հայն ի՜նչքան պէտք ունի սիրոյ, միութեան:

Երբ մարտագոռ փողին ձայնէն՝ ցիրուցան
Քաջ ռազմիկներ կը խմբուին միաբան,
Պաշտպանելու օտարին դէմ հայրենիք,
Ի՜նչ հզօր է միութիւնն այս զօրավիգ:
Օ՛ն, ողջունենք մեր Միութիւնն Հայկական,
Հայն ի՜նչքան պէտք ունի սիրոյ, միութեան:

Երբ աշխարհիս բռնաւորներ միանան,
Նոր արեւներ, նախճիր, արիւն կը միանան,
Ուր կը պղծեն սրբութիւններն հայրենի՝
Սէր միութիւնն ի՜նչ հրաշքներ ծոցն ունի:
Օ՛ն, միանանք սուրբ միութեան ուխտով գոհ,
Բա՜ւ որքան Հայն անհամերաշխ տըւաւ զոհ:

Ե՜րբ համերաշխ գործեն ուժերն բնութեան,
Ի՜նչ անիւներ արագաշարժ կը դառնան:
Գործակցութեամբն աշխատութեան, անհնարին,
Ի՜նչ հիասքանչ հորիզոններ կը բացուին:
Օ՛ն, միանանք շուրջ Միութեան Հայկական,
Հայը դեռ շատ պէտք ունի սիրոյ, միութեան:

Երբ Միութեան այս դրօշին տակ Հայն ա՛լ
Սիրայօժար կու գայ իր սիրտն ու կեանք տալ,
Ցեղն իր ցաւին մէջէն կանգուն՝ դեռ դարեր
Պիտի ապրի… քանզի Հայն է միացեր:
Օ՛ն, եղբայրներ, դէպի Միութիւն Հայկական,
Հայը միշտ պէտք ունի սիրոյ, միութեան:

Ակիւլինէ

 

ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՈՒԽՏԸ                                                                               

Միութիւն, Մայիս 1912, էջ 67:

Միրաժն հմայիչ Նեղոսի ափանց,
Ցոլացուց հայուն վիշտը անթափանց,
Ու Հայն ապշեցաւ տեսիլքէն անլուր՝
Ու երկնեց Հայոց Միութիւնն հանուր
Բարեգործական, որ առջի օրէն
Ներշնչեց յոյսեր եւ սէր համօրէն:

Ալեզարդ Մասիս, Սիսուան սգանուն,
Սփոփուած ժպտին խրոխտ բուրգերուն.
Կը յառին Հայուն նայուածքներ տըխուր
Դէպի փրկաւէտ Միութիւնն հանուր
Բարեգործական ձեռնարկ թանկագին՝
Նեցուկն աննկուն նահատակ Ազգին:

Մշակ յուսալից՝ հողդ այլեւս հերկէ,
Եւ դու, որբ անբախտ, անփոյթ ա՛լ երգէ.
Գացէք դուք պատմէք աշխարհ ի լուր
Թէ ունիք պաշտպան Միութիւնն հանուր
Բարեգործական, ձեռնարկ կենսաւէտ՝
Ոյր կեցցե՜ն սատար բարերարք յաւէտ:

Հալէպ     Յովհաննէս Ճիյէրճեան

 

ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՔԱՅԼԵՐԳԸ 
Միութիւն, Յունիս 1912, էջ 92    

Անցան սուգի օրեր տխուր.
Կը հեռանան ամպերը սեւ.
Միութիւնը մի, ընդհանուր.
Նոր յոյս բերաւ կենսապարգեւ:
Կեցցէ՜ Բարեգործ Հայոց Միութիւն,
Թո՛ղ մխիթարուած հրճուի Հայութիւն:

Զօրեղ հոգին զուտ Հայկական
Կեանք տուաւ այս մեծ Միութեան.
Չէ, եղբայրներ, չը վհատինք
Անցան անձրեւք, ջինջ է երկինք:
Օրհնենք Միութեան անուն պաշտելի,
Թո՛ղ Հայուն սիրտը անով խնկարկի:

Օ՜ն Միութեան դրօշին տակ
Երգենք սիրոյ սուրբ յաղթանակ
Եւ, ձեռք-ձեռքի, եղբայրութեան
Կնքենք ուխտը նուիրական.
Տանք մեր սիրտը, տանք մեր կեանքը եւ քսակ,
Միութիւնն ըլլայ թո՛ղ ազգիս պսակ:

Խոսրով (Անգլիա)

Այս բոլորը տեսնելով ու կարդալով, իր կարգին, մալաթիացի բանաստեղծ Ռուբէն Որբերեան կ’առաջարկէ պոլսահայ մտաւորական Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Եղբայր ենք մենք»-ը օգտագործել որպէս Միութեան երգը[7]:

 

 

 

[1] Հմայեակ Գրանեան, «Բարեգործականի Քայլերգին Ծնունդը», Զարթօնք, Ապրիլ 15, 1969: Գ. Խանճեան, «Միութեան Երգը», Միութիւն, Յունուար 1912, էջ 6:

[2] Մալէզեան ծնած է Սուլինա, Ռոմանիա 1871-ին: Մահացած է 1966-ին Ֆրանսայի Նիս քաղաքը: Ան եղած է նաեւ հիմնադիրներէն Եգիպտոսի Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան 1908-ին: Տես «Վահան Մալէզեան Բանաստեղծ-Գրագէտը եւ Ազգային Գործիչը», Խօսնակ, Փետրուար-Մայիս 1967, էջ 415-416:

[3] Հմայեակ Գրանեան, «Բարեգործականի Քայլերգին Ծնունդը», Զարթօնք, Ապրիլ 15, 1969: Գ. Խանճեան, «Միութեան Երգը», Միութիւն, Փետրուար 1912, էջ 21:

[4] «Միութեան Աւետիսը,» Միութիւն, Մարտ 1912, էջ 36: Տես՝ Հ. Մրկտիչ Վարդ. Պոտուրեան, Հայ Հանրագիտակ, Հատոր Գ., 1938, էջ 582: Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեան ծնած էր Մարաշ 1868-ին եւ աշակերտած էր Սիսի մայրավանքէն ներս: Ան առաջնորդական տարբեր պաշտօններ կը վարէ Իսկէնտերունի, Պոլսոյ, Սսոյ, եւ Հաճնոյ մէջ: Ապա, 1914-ին ան կը դառնայ Եոզկաթի առաջնորդը եւ զոհ կը դառնայ Եոզկաթի սպանդին: Ան նաեւ կարեւոր դեր ունեցած հայ ազգայնական շարժման մէջ քանիցս աքսորուած եւ բանտարկուած ըլլալով Օսմանեան իշխանութիւններու հրամանով:

[5] Հմայեակ Գրանեան, «Բարեգործականի Քայլերգին Ծնունդը», Զարթօնք, Ապրիլ 15, 1969:

[6] Նոյն:

[7] Ռուբէն Որբերեան, «Միութեան Երգը», Միութիւն, Յուլիս 1912, էջ 105-106:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին