*ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ*
Ա. Հանրապետութեան նման Բ. Հանրապետութիւնն ալ մեծ մասամբ դրսեկ էր (բացի Ա.-ին նախորդող Սարդարապատի յաղթանակէն եւ Բ.-ին նախորդող Մայիսեան ապստամբութենէն), բայց Բ.-ը տեւեց եօթը տասնամեակ եւ իրագործեց մեր նորագոյն Ոսկեդարը՝ հայ մշակոյթի, գիտութեան, կրթութեան, տնտեսութեան, պետականութեան եւ ռազմական ուժի մարզերուն մէջ, զորս առանց կաթիլ մը արիւն կամ քրտինք թափելու ժառանգեց ձրիօրէն Գ. Հանրապետութիւնը, որուն օլիգարխիական համակարգի հրէշները՝ թալանեցին, սեփականաշնորհումներով, աժանագոյն գիներով ու քանդեցին եւ քայքայեցին՝ հայաթափելով նաեւ Արեւելահայաստանը (մինչդեռ Բ.-ը իրագործած էր նաեւ պատմական ներգաղթը, հայրենադարձութիւնը): Բ. Հանրապետութեան իրագործած նոր Ոսկեդարը ոչ ոք կրնայ հերքել, այլ կրնայ միայն հաւկուրօրէն ուրանալ, բայց անոր ճշմարտութիւնը կը ճամբորդէ առանց վիզայի:
Կուսակցութեան մը պատմութեան մեծագոյն հերոսն անգամ չի կրնար աւելի վեր դասուիլ համայն հայ ժողովուրդի պատմութեան Ազգային Հերոսէն:
Իսկ եթէ պիտի դասուի, այդ պարագային ալ Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ պէտք է կանգնեցնել Բ. Հանրապետութեան հողատարածքը թրքական ու նացիական զօրքերուն ներխուժումէն պաշտպանած կուսակցութեան լուսաճակատ հերոսներուն արձանները՝ նահատակ Ստեփան Շահումեանի (որ երբ կը գլխաւորէր Պաքուի Կոմունան եւ հայութիւնը մուսաւաթական թաթարներուն եւ բրիտանական գաղութարարներուն դէմ, դաշնակցական Ռոստոմը (Ստեփան Զօրեան), իր դաշնակցական զինուորներով զինակցեցաւ Կարմիր Ստեփանին եւ մնաց հոն մինչեւ 19 Սեպտեմբեր 1918՝ հակառակ Պաթումի Յունիսեան ստրկական դաշնագրի պահանջին՝ զինաթափելու դաշնակցական զինեալներն ու Զօրավար Անդրանիկի զօրքը), կամ Ալեքսանդր Միասնիկեանի, կամ Անաստաս Միկոյեանի, կամ Մարշալ Յովհաննէս Բագրամեանի։
Իսկ եթէ մեր քրոնիկ անմիաբանութեան հետեւանքով չգոյանայ համահայկական համաձայնութիւն, կ՚առաջարկենք Բ. Հանրապետութեան կանգնեցուցած Հայկ Նահապետի յուշարձանը փոխադրել Երեւանի կեդրոնական հրապարակ, մինչեւ համահայկական համաձայնութիւն:
Բայց մեր համեստ կարծիքով, մինչեւ Զօրավար Անդրանիկի կիսաւարտ պայքարին յաղթական աւարտը, հոն հարկ է որ զետեղուի Զօրավար Անդրանիկի յարացոյց արձանը, որպէսզի չմոռնանք Արարատն ու Արեւմտահայաստանը, որոնց նկատմամբ այսօր կը տիրէ ահազանգային անտարբերութիւն մը, դժբախտաբար ե՛ւ Արեւելահայաստանի իշխանաւորներուն, ե՛ւ Սփիւռքի պատեհապաշտներուն մօտ: