Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2018 Տարեշրջանի Բ․ Նիստ

 

Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի երկրորդ նիստը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Եպս. Փանոսեանի:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքէն ետք, Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Տիար Գառնիկ Մկրտիչեան բացուած յայտարարեց ժողովը ու, համաձայն նիստին համար ճշդուած օրակարգին,  առիթ ընծայեց, որ ժողովականներ քննարկեն ու վաւերացնեն նախորդ նիստի ատենագրութիւնը: Այնուհետեւ յաջորդաբար ներկայացուեցան ու քննարկուեցան Լիբանանի Հայոց Թեմի Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան 2016-2018 երկամեայ պաշտօնավարութեան շրջանի գործունէութեան տեղեկագիրերը:

Հաշուեքննիչ յանձնախումբի զեկոյցէն ետք յաջորդաբար քննարկուեցան ու հաստատուեցան 2017 տարեշրջանի իրականացած հաշուեկշիռն ու 2018 տարեշրջանի նախահաշիւ-պիւտճէն: Ապա յառաջիկայ շրջանին համար ժողովականներ կատարեցին առաջարկներ ու թելադրութիւններ:

Աւարտին, Կրօնական ժողովի, Ազգային վարչութեան եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբի  կազմերուն համար Ազգ. Երեսփոխանական ժողովը կատարեց հետեւեալ ընտրութիւնները.-

 

ա- Կրօնական ժողով

Արժ. Տ. Խաչիկ Ա. Քհնյ. Միսիրեան, Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Լօշխաճեան, Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Հէճինեան, Արժ. Տ. Սարգիս Քհնյ. Սարգիսեան եւ Արժ. Տ. Մկրտիչ Քհնյ. Քէշիշեան:

 

բ- Ազգային Վարչութիւն

Տիար Յակոբ Լուսարարեան, տիար Ալեքսան Մուրատեան, տոքթ. Էլի Թաշճեան, տիար Յովիկ Կէօզըպէօյիւքեան, տիկ. Վերա Պչաքճեան, տիկ. Սալբի Սիմիթեան, տիար Ռա‎ֆֆի Սիսլեան, տիար Զարեհ Խտըրլարեան, տիկ. Հուրի Տէր Սարգիսեան, տիար Զաւէն Պօյաճեան եւ տիար Աբգար Առաքելեան:

 

գ- Հաշուեքննիչ Յանձնախումբ.-

Տիար Արա Հացագործեան, Տիար Վաչէ Նաճարեան եւ Տիար Մարկոս Սնապեան:

Ժողովի աւարտին, եզրափակիչ խօսք արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Ան նշեց, որ անցնող քառամեայ շրջանը եւ յատկապէս անցնող երկու տարիները մեծաւ մասամբ տրամադրուեցան դպրոցաշինութեան նուիրական գործին, զոր շրջանա-ւարտ Ազգային վարչութիւնը իր ուսերուն վերցնելով, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ հասցուց իր աւարտին։

Ապա Սրբազանը, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք անցնող երկամեակին Ազգային Միացեալ Վարժարանի կարեւորագոյն ծրագիրին եւ թեմի այլ աշխատանքներուն ընծայեցին կարեւոր աջակցութիւն, յայտնեց, որ Ազգային Միացեալ Վարժարանով մասնաւոր հանգրուան մը բացուեցաւ լիբանանահայ մեր կեանքէն ներս: Հետեւաբար ըսաւ ան՝ պէտք չէ կասկածիլ, որ ի վերջոյ Ազգային Միացեալ Վարժարանը պիտի ըլլայ հայկական արժէքներով ճոխացած այն տունը, որ մեր զաւակներու դաստիարակութեան գործին բերելիք իր նպաստով մեր հաւաքականութիւնը պիտի առաջնորդէ դէպի նոր վերելք։ Ապա, յիշեցնելով, որ Ազգային Միացեալ Վարժարանը պատահականութեամբ պիտի չբարձրանայ պատուանդանին վրայ, ան  ըսաւ, որ հայ դպրոց պահելու յանձնառութեամբ պէտք է լծուիլ հայ դպրոցին դիմագրաւած հարցերը լուծելու եւ անոր դիմաց նոր ասպարէզ բանալու կարեւորագոյն աշխատանքին։ Ակնարկելով Ազգ. Միացեալ Վարժարանին՝ Սրբազանը յիշեցուց, որ ներկայ հանգրուանին պէտք է անյապաղ լուծել առկայ մնացած շարք մը հարցեր, յատկապէս տնօրէնի նշանակումի խնդիրը, որպէսզի, շրջանցելով մերօրեայ նոր մարտահրաւէրները, հայ դպրոցով մենք կարենանք մեր հաւաքականութեան դիմաց բանալ նոր կարելիութիւններ։

Այնուհետեւ, շնորհաւորելով նորընտիր Ազգ. Վարչութիւնը, Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրակացուց՝ ըսելով. «Եթէ դպրոց շինելը, յախուռն ձեռնարկ էր, ապա դպրոց պահելը աւելի մեծ խիզախութիւն կը պահանջէ բոլորէս: Վստահաբար տակաւին ահագին ալիքներ պիտի զարնուին մեր ազգային ամրութեան միջնաբերդը համարւող հայ դպրոցին, եւ այդ բոլորին դիմաց մենք պէտք է քաջաբար տոկանք եւ յարատեւենք։ Գալիք աւելի պայծառ օրերու հեռանկարով, աւելի մեծ նուիրումով տանինք հայ եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդին հանդէպ մեր ունեցած պարտքն ու պարտաւորութիւնները, որպէսզի մեր զաւակներն ալ մեր նուիրումի օրինակին մէջ տեսնեն իրենց վաղուան կեանքին պատկերը»։

Ժողովը փակուեցաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»-ով:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին