Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Կազի Ու Նաֆթի Տիրապետելու Գերհզօրներու Թաքուն Պատերազմին Պատճառած Արհաւիրքները

*ԳՐԻԳՈՐ ԱՏԱՆԱԼԵԱՆ*
Բժշկական Գիտութիւններու Դոկտոր

North Stream

Ռուսական գազի խողովակաշար է, որ կազ կը մատակարարէ Հիւսիսային Եւրոպային։ Կը սկսի Ռուսաստանէն, կ’անցնի Պալթիկ ծովու ընդմէջէն մինչեւ Գերմանիա։

Այս համաձայնութիւնը կնքուած է ռուսական Գազփրոմի եւ Գերմանիոյ միջեւ։ Նշենք, որ Գազփրոմի տնօրէնը նախկին Արեւելեան Գերմանիոյ քաղաքացի էր։

 

South Stream

Այս կազատար խողովակը սկսած էր Ռուսիայէն եւ պիտի հասնէր Աւստրիա՝ անցնելով Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ եւ Հունգարիոյ հողատարածքներէն։

Պուլկարացիները արեւմտեան պետութիւններու ճնշումներուն ներքոյ դժուարութիւններ յարուցեցին ռուսական կազատար խողովակը իրենց հողատարածքէն անցընելու կապակցութեամբ։

2014-ին ռուսերը անմիջապէս շրջադարձ մը կատարեցին, կանգնեցուցին խողովակաշարին հետագայ ընթացքը եւ Թուրքիոյ հետ կնքեցին խիստ կարեւոր ստրատեգիական (ռազմավարական) համաձայնութիւն մը. գիծին ընթացքը փոխելով ուղղեցին դէպի Թուրքիա։ Այստեղ պէտք է փնտռել ռուս-թրքական նորագոյն յարաբերութիւններու կարեւորութիւնն ու նշանակութիւնը։

Պատմականօրէն ռուս-թրքական յարաբերութիւնները միշտ ալ թշնամական եղած են։ Այս խողովակաշարը ռուս-թրքական հետագայ յարաբերութիւնները նոր մակարդակի տեղափոխելու կարեւորագոյն ազդակ է։

South Stream կազատար խողովակները ապագային Թուրքիոյ նոր թեւեր պիտի տան.

  1. Նախ Յունաստանի հետ յարաբերութիւնները անկասկած պիտի բարելաւուին կամ առնուազն գաղջանան, քանի որ կազի հաւաքման վայրը պիտի հանդիսանայ թուրք-յունական սահմանը։ Տնտեսական բարւոք յարաբերութիւնները անկասկած քաղաքական բարւոք յարաբերութիւններ հաստատելու խթան պիտի հանդիսանան։
  2. Մանաւանդ պիտի մեծնայ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը Եւրոպայի վրայ։
  3. Խողովակաշարը կարեւոր ազդակ պիտի հանդիսանայ Թուրքիան կապելու Ռուսաստանին ե՛ւ տնտեսապէս ե՛ւ քաղաքականապէս։ Յատկապէս, որ այս կնքուած համաձայնութենէն Թուրքիան տարեկան շուրջ 2 թրիլիոն տոլար պիտի շահի։

Հակառակ որ Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի անդամ է, սակայն աշխարհագրութիւնը, այսինքն՝ երկրի մը աշխարհագրական դիրքն ու տնտեսական շահերը կը թելադրեն, երբեմն ալ կը ստիպեն երկրի մը քաղաքականութեան ուղղութիւնը։

Աւելին՝ Nabucco-ն կազի խողովակներն ալ պիտի անցընէր Թուրքիայէն, հետեւաբար Թուրքիան պիտի հանդիսանար դէպի Եւրոպա ուղղուած կազի հաւաքման միջազգային կեդրոնատեղի՝ ապահովելով նիւթական հսկայածաւալ եկամուտ։

 

Սուրիոյ կազի ու նաֆթի պաշարներու քանակն ու տեղաբաշխումը

Օգոստոս 2010-էն մինչեւ Սուրիոյ «Արաբական գարունը»՝ ամերիկեան նաֆթի ու կազի հետազօտական հսկայ նաւ մը, թրքական օժանդակութեամբ երկրաբանական (geological) շերտաւոր նկարներով հետազօտեց Միջերկրական ծովու արեւելեան շրջանը եւ յայտնաբերեց, որ երկրագունդի ամենահարուստ կազի պաշարները կը գտնուին Միջերկրականի արեւելքը (որ կը կոչուի Lavitan, Lavitan-ի կազի հորեր, որ շուրջ 23 թրիլիոն մ3 կազի պաշարներ կը պարունակէ), որմէ ետք միջազգային նաֆթի ու կազի հսկաները, յատկապէս ամերիկեան ընկերութիւնները մրցակցութեան մէջ մտան, որպէսզի արտահանումի եւ շահարկումի պայմանագիրը ստանան։

2013-ին նորվեկական INSIEN ընկերութիւնը սուրիական Միջերկրականի ափը 2 եւ 3 dimention-ով շերտաւոր նկարահանեց, որուն արդիւնքը յանձնեց նորվեկական ՍԱԺԵՔՍ (Sajeks) ընկերութեան, վերլուծելու նկարները եւ հաստատելու նկարահանման արդիւնքները։ Ընկերութիւնը հաստատեց, թէ սուրիական Միջերկրականի ափը կը պարունակէ նաֆթի եւ կազի պաշարներու երեք հսկայական բաժիններ (պլոք)։

Առաջին պլոքը կը պարունակէ 4 միլիառ տակառ (պարմիլ), իսկ երկրորդ պլոքը՝ 3 միլիառ տակառ, իսկ երրորդ պլոքը 4 միլիառ տակառ նաֆթ։ Ընդհանուր 11 միլիառ տակառ։

Տակաւին շրջանին մէջ կան հորեր, որոնք կը պարունակեն կազի ու նաֆթի հսկայածաւալ պաշարներ, սակայն ճշգրիտ քանակը չէ յայտնաբերուած։

Նորվեկական յիշեալ երկու ընկերութիւնները հետագային ծախուեցան ամերիկա-ֆրանսական համատեղ ընկերութեան մը, որուն կեդրոնատեղին Լոնտոն կը գտնուի եւ կը կոչուի Vertitas CGG։

Սուրիական նաֆթի ու կազի հսկայածաւալ պաշարները կը գտնուին ծովափնեայ շրջանը եւ սուրիական հողատարածքին ընթերքը հետեւեալ համեմատութեամբ.

Ծովեզերեայ շրջանին մէջ 38 առ հարիւր նաֆթ ու կազ, իսկ հողատարածքին ընթերքը 62 առ հարիւր նաֆթ ու կազ։

Սուրիոյ կազի պաշարը կը կազմէ 10.83 թրիլիոն մ3։

Սուրիոյ հողատարածքին ընթերքի պաշարները հետեւեալ վայրերու մէջ կը գտնուին (տոկոսային համեմատութեամբ).

46 առ հարիւրը անապատի մէջ

12 առ հարիւրը սուրիական Ժեզիրէի շրջանը

2 առ հարիւրը Հալէպի շրջանը

2 սուրիական Կոլանի բարձունքը

Իսկ բռնագրաւուած Իսրայէլի կողմէ Կոլանի մասը, ըստ տնտեսագէտներու կարծիքին, կը պարունակէ Սէուտական Արաբիոյ ունեցած նաֆթի պաշարներուն հաւասար քանակի նաֆթ։

Եթէ ճիշդ է տնտեսագէտներու կարծիքը, ուրեմն Իսրայէլը երբեւիցէ բռնագրաւուած Կոլանի բարձունքը արդեօք պիտի վերադարձնէ՞ Սուրիոյ։

2009-ին Սուրիա եւ Իրաք պայմանագիր կնքեցին, որպէսզի Իրաքէն դէպի Սուրիա նաֆթի եւ կազի խողովակաշար մը երկարեն դէպի Միջերկրական։

8 Օգոստոս 2011-ին Սուրիա եւ Իրան պայմանագիր մը ստորագրեցին, որպէսզի Իրանէն դէպի Սուրիա, Իրաքի տարածքէն անցնող խողովակաշար մը հաստատեն։

Այս խողովակը իրանեան հողատարածքէն մինչեւ Իրաք 225 քմ տարածութիւն պիտի ունենայ, Իրաքէն Սուրիա՝ 500 քմ, իսկ սուրիական սահմանէն մինչեւ Միջերկրական՝ 500 քմ։

Այս խողովակաշարին պիտի միանայ Իրաքէն Սուրիա երկարող խողովակաշարը։

Այս խողովակաշարի պարունակութենէն Իրաքին պիտի տրամադրուի 25-30 միլիոն մ3 օրական նաֆթ, Սուրիոյ՝ 20-25 միլիոն մ3, իսկ մնացեալը՝ շուրջ 50 միլիոն մ3 Եւրոպա պիտի հոսի։

2013 Դեկտեմբերին Սուրիա եւ Ռուսիա պայմանագիր կնքեցին, որ Ռուսիա պիտի շահարկէ սուրիական նաֆթն ու գազը։

 

Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ թշնամանքի պատճառները Սուրիոյ

Երկրագունդի կազային պաշարներու պահեստի 3-րդ տեղը կը գրաւէ Քաթարը, Ռուսիայէն եւ Իրանէն ետք։ Քաթարի կազի պահեստային պաշարը կը հաշուէ 25.4 թրիլիոն մ3, որ կը գտնուի Պարսից ծոցի ջուրերուն յատակը Քաթար-Իրան սահմանին։ Ան կը կոչուի Պարս, որուն հիւսիսային մասը կը պատկանի Քաթարին եւ կը կազմէ Պարսի 2/3-ը։ Իսկ մնացեալ հարաւային մասը կը պատկանի Իրանին։

Քաթարը իր կազը խողովակներով տեղափոխելու երկու ճանապարհ ունի.

  1. Սէուտական Արաբիոյ հողատարածքէն դէպի Յորդանան, որմէ ետք Սուրիոյ տարածքով դէպի Միջերկրականի ափը։ Այս ճանապարհը աւելի կարճ ճանապարհ է քան երկրորդ տարբերակը։
  2. Քաթարը կրնայ համաձայնիլ Իրանի հետ. այդ պարագային կազի խողովակը Իրանի տարածքով կը հասնի Իրաք, ապա Սուրիա եւ Միջերկրական։

Երկու ճանապարհներն ալ դժուար իրագործելի են։ Սէուտական Արաբիան երբեք պիտի չարտօնէ, որ Քաթարի կազը անցնի իր հողատարածքէն, որովհետեւ Քաթարի միջազգային հեղինակութիւնը կը հզօրանայ եւ տնտեսապէս կը հարստանայ, որ երբեք պիտի չուզէր Սէուտ. Արաբիան։ Ինչո՞ւ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին