Հինգշաբթի, 03. 07. 2025

spot_img

Թրքական Բանակին Ներխուժումը Սուրիոյ Քրտական Աֆրինի Շրջանը Յեղաշրջեց Սուրիական Տագնապը Եւ Վերածեց Միջազգային Կնճռոտ Հարցի

*ԳՐԻԳՈՐ ԱՏԱՆԱԼԵԱՆ*
Բժշկական Գիտութիւններու Դոկտոր

Սուրիոյ քիւրտերու մասին

Սուրիոյ քիւրտերու թուաքանակը 2-3 միլիոնի շուրջ կը տարուբերի, նոյնիսկ պետութեան մօտ ճշգրիտ թիւ գոյութիւն չունի։

1962թ. նախագահ Նազէմ էլ Քիւտսին, Սուրիոյ քիւրտերը երեք խմբաւորումներու բաժնեց.

  1. Սուրիացի քաղաքացիութիւն կրողներ,
  2. Օտարներ առանց քաղաքացիութեան, եւ
  3. Քիւրտեր, որոնք պետական պաշտօնական տոմարներու մէջ գրանցում չունին։

Այս վերջինին մէջ պետութիւնը նկատի ունի այն քիւրտերը, որոնք Սուրիոյ սահմանակից Թուրքիոյ պատկանող Մարտինի հովիտներէն կը թափանցեն սուրիական հո­ղեր։

Սուրիոյ քիւրտերու մեծամասնութիւնը կը պատկանի Հանաֆի եւ Սիւննի իսլամական դաւանանքին։ Քիւրտերուն քով ազգային պատկանելութեան զգացումը գերադաս է կրօնական պատկանելութենէ։

2012թ. Սուրիոյ նախագահ Պաշշար էլ Ասատի հրամանով 320,000 քիւրտերու սուրիական քաղաքացիութիւն պիտի շնորհուէր, սակայն այդ շրջանին միայն 36,000 քիւրտեր սուրիական քաղաքացիութիւն ստացան։

Սուրիոյ տարածքին քիւրտերու մեծամասնութիւնը կը բնակի Սուրիա-Թուրքիա սահմանի երկայնքին գտնուող քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ։ Այսինքն, հիւսիս-արեւելքէն մինչեւ հիւսիս-արեւմտեան շրջանները, յատկապէս Աֆրինի, Պապի, Մունպէճի, Այն ալ Արապի, Քամիշլիի, Ամուտա, Հասաքէ եւ Տէր­պէսիյէ քաղաքներուն եւ շրջաններուն մէջ։ Սուրիոյ մեծ քաղաքներէն յատկապէս Հալէպի եւ որոշ չափով ալ Դամասկոսի մէջ։

Հալէպի կեդրոնի խոշոր շրջաններու՝ Աշրաֆիյէի, Շէյխ Մաքսուտի, Հըլլուքի բնակիչներու բացարձակ մեծամասնութիւնը քիւրտեր են։ Յիշեալ շրջաններու բնակչութիւնը մինչեւ 70ական թուականները հայեր էին։

Քիւրտերը կը նախընտրեն իրենց զաւակները հայ արհեստաւորներու մօտ ուղարկեն, որպէսզի հայերու նման վարպետներ դառնան, որոնք կը սորվին նաեւ հայերէն լեզուն։

Անոնց մեծ մասը սոցիալիստական գաղափարախօսութեան հետեւորդ է. իսկ մեծամասնութիւնը PKK-ի հիմնադիր՝ Օճալանի փիլիսոփայութեան կը հաւատայ։

Սուրիոյ քիւրտերու զգալի մասը Սուրիոյ պետութեան եւ անոր ամբողջականութեան հաւատացող է։ Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ քիւր­տեր պատգամաւոր անդամ մըն ալ ունին։

Քիչ թիւով քիւրտեր կան, որոնք Պարազանիի հետեւորդներ են։

Քիւրտերուն քով իգական սեռի ներկայացուցիչը նոյն իրաւունքները կը վայելէ, ինչպէս տղամարդը եւ աւելի ազատ են իրենց սոցիալական իրաւունքներու մէջ, նոյնիսկ հագուկապի եւ աշխատանքային տարբեր ասպարէզներու մէջ ներգրաւուելու տեսակէտէն։ Իւրայատուկ ժողովուրդ են իրենց յատուկ կենցաղով։

Սուրիոյ քիւրտերը չունէին իրենց յատուկ մշակոյթի կեդրոնները, պաշտամունքի վայրերը, դպրոցները, ինչպէս ունին այլ փոքրամասնութիւններ՝ հայերն ու արաբ քրիստոնեաները, նաեւ ասորիները։ 2012թ. սուրիական պետութիւնը արտօնեց քիւրտերուն, որ իրենք ալ վայելեն նման արտօնութիւններ։

Այսօր քիւրտերը ունին շուրջ 40ի հասնող կուսակցութիւններ, սակայն գլխաւոր տարածուն կուսակցութիւնները՝ PKK, YPG եւ Սուրիական դեմոկրատ կուսակցութիւններն են։

Սուրիոյ տագնապի առաջին երկու տարիներուն քիւրտերը Սուրիոյ պետութեան կողքին էին։ Նոյնիսկ սուրիական պետութիւնը զինեց կարգ մը շրջաններու քիւրտերը պաշտպանուելու համար ահաբեկիչներու յարձակումներէն։

Սուրիոյ տագնապի սկզբնական շրջանին քիւրտերու պահանջքը կը սահմանափակուէր իրենց ազգային իրաւունքներուն տիրանալով. լե­զուի գործածութեան պաշտօնականացումը իրենց ապրած շրջաններուն մէջ, դպրոցներու, մշակոյթի կեդրոններու, կուսակցութիւններու հիմնադրումը։ Սակայն տագնապի յետագայ տարիներուն պահանջքներուն աստիճանը բարձրացուցին, պահանջելով ինքնավար մարզեր ունենալ. կարգ մը քիւրտ խմբաւորումներ միացան պետութեան ընդդիմադիր խմբաւորումներու շարքին, պահանջելով սուրիական պետութեան մէջ ֆետերաթիւ Քիւրտիստան, նման Իրաքեան Քիւրտիստանի։ Պէտք է ընդգծել, որ այս գաղափարին ընդդիմացաւ քիւրտերու մեծամասնութիւնը։

Աֆրինի քիւրտերուն մասին

Աֆրինը կը գտնուի Սուրիոյ հիւսիսային շրջանը, Հալէպէն շուրջ 40 մղոն հեռաւորութեան վրայ, դէպի թրքական սահմանը։

Աֆրինի բնակչութիւնը բացարձակ մեծամասնութեամբ քիւրտեր են, որ կը հաշուէր 500,000 մինչեւ Սուրիոյ տագնապը։ Սակայն, տագնապի տարիներուն որպէս ապահով շրջան Աֆրին տեղափոխուեցան քիւրտեր եւ արաբներ։ Այսօր բնակչութեան թիւը հասած է շուրջ մէկ միլիոնի։

Աֆրինի ժողովուրդը հիմնականին մէջ կը զբաղի երկրագործութեամբ, յատկապէս ձիթապտուղի այգեգործութեամբ, ձէթի եւ օճառի արդիւնաբերութեամբ, ինչպէս նաեւ գորգագործութեամբ։ Աֆրինի ձիթապտուղի ձէթը մասնագէտները կը համարեն աշխարհի լաւագոյն որակի ձէթերէն։

Աֆրինի ժողովուրդը համեմատած Սուրիոյ այլ շրջաններու քիւրտերու՝ զարգացած է։ Հալէպին մօտիկ ըլլալուն պատճառով երիտասարդները կը յաճախեն Հալէպի համալսարանները, իսկ աւարտելէ ետք կը ծառայեն պետական պաշտօններու մէջ, կամ կ՚ընդգրկուին անձնական տարբեր աշխատանքային բնագաւառներու մէջ։

Աֆրինի քիւրտերը Օճալանի գաղափարախօսութեան հետեւորդներ են։

Ապտալլահ Օճալանը իր փիլիսոփայութիւնը մշակած է հինգ հատորներու մէջ, որ կը կոչէ ՄԱՆԻՖԵՍԹՕ (Manifesto) դեմոկրատիկ քաղաքակրթութիւն, ուր կը բացատրէ ժողովուրդներու համատեղ ապրելու փիլիսոփայութիւնը եւ կը շարադրէ իր փիլիսոփայութիւնը՝ Ազգային փիլիսոփայութեան տեսութիւնը։

Անոր հետեւորդները զինք կը համարեն քիւրտ ժողովուրդի ժամանակակից փիլիսոփայ-հիմնադիրը։

Աֆրինի շրջակայ գիւղերու բնա­կիչները մինչեւ թրքական սահման քիւրտեր են։

Սուրիոյ տագնապի առաջին տարիներուն Աֆրինը դարձաւ ինքնավար մարզ։ Սուրիական պետութիւնը զինեց քիւրտերը, պաշտպանուելու համար ահաբեկիչներու յարձակումներէն, նաեւ արգիլելու համար Թուրքիոյ սահմանէն թափանցող ահաբեկիչները։

Մինչեւ թրքական յարձակումը ոեւէ սուրիացի քաղաքացի առանց Աֆրինի  ինքնավար մարզի արտօնագրի կամ աֆրինաբնակ քիւրտի մը երաշխաւորումին չէր կրնար Աֆրին մուտք գործել կամ Աֆրինի շրջակայ որեւէ գիւղ։

Աֆրինը մեկուսացած շրջան է Սուրիոյ քրտական այլ  շրջաններէն։ Աֆրինէն դէպի հիւսիս շուրջ 10-12 քմ. Ազէզ քաղաքն է, ուր բնակչութիւնը սիւննի իսլամներ են, թրքական հսկողութեան ներքոյ կը գտնուի եւ թուրքերուն հետ կը համագործակցի։

Իսկ Ազէզէն դէպի յաջորդ քրտա­կան շրջանները, սուրիական բանակի հսկողութեան ներքոյ կը գտնուի։

Հետեւաբար, Աֆրինի քիւրտերուն միայն կրնայ օգնել սուրիական բանակը, եւ կամ սուրիական բանակին թոյլտուութեամբ քրտական այլ շրջաններէ քիւրտ զինեալներ, յատկապէս քրտական մեծ շրջաններէն՝ ինչպիսին են Եփրատի արեւելեան մասի քիւրտերը, որոնք ալ ամերիկացիներուն գործակիցներն են գետնի վրայ։

Վերջին շաբաթներուն Սուրիոյ պետութիւնը արտօնեց Ճէզիրէի քիւրտերուն օգնութեան ձեռք մեկնելու Աֆրինի քիւրտերուն։

 

Թրքական ներխուժման պատճառներն ու յետագայ հնարաւոր զարգացումները Թրքական բանակի ներխուժումը սուրիական սահմանակից Աֆրինի շրջանը թուրքերը կոչեցին «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւն։

Թրքական բանակը կը յառաջանայ «Ազատ սուրիական բանակ»ի զինեալներով, որոնք շատ աւելի թոյլ եւ անփորձառու կռուողներ են համեմատած քիւրտերու։ Քիւրտերը առաւելութիւն ունին, որովհետեւ լաւապէս ծանօթ են շրջանի լեռներուն, հովիտներուն եւ անցքերուն։ Անոնք կը յայտարարեն, որ թուրքերը կ՚օգտուին նաեւ Իտլիպ ապաստանած ISIS-ի զինեալներէն։

20 Յունուար 2018թ. սկսած թրքական ռազմական գործողութիւնը մինչեւ այս յօդուածը գրուելու պահը առանձնապէս նշանակալի յաջողութեան մը չէ հասած։

Թուրքերը քրտական շրջանները կը հարուածեն օդանաւներով, հրասայլներով եւ թնդանօթներով։ Քիւրտերը ուժեղ ընդդիմութիւն կը ցուցաբերեն եւ վճռած են մինչեւ վերջին մարտիկը կռուիլ։

Քիւրտերը կը գիտակցին, որ Աֆրինի կորուստը քաղաքական եւ գաղափարական հսկայական կորուստ մը պիտի հանդիսանայ ընդհանրապէս քրտական երազին։

Թրքական բանակէն եւ «Սուրիական ազատ բանակ»էն մեծ թիւով սպաննուածներ եւ վիրաւորներ կան։ Քանի մը հրասայլ թիրախ դարձած է քրտական հակաթանկային հրթիռներու, ինչպէս նաեւ քանի մը ուղղաթիռներ վար առնուած են։

Քիւրտեր նոյնպէս բաւական թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ տուած են. առաւելաբար՝ քաղաքացիներ։

 

Ինչո՞ւ Ռուսիա թոյլատրեց Թուրքիոյ յարձակումը

Մոսկուան մինչեւ թրքական ներխուժումը Աֆրինի քիւրտերուն առաջարկեց առաւելագոյնը՝ որոշ իրաւասութիւններով ինքնավար մարզ սուրիական պետութեան հովանիին ներքոյ, եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ճնշել սուրիական պետութեան, կամ համոզել՝ իրականացնելու համար այս առաջարկը. Ռուսիա նաեւ պատրաստ էր այդ առաջարկը թուրքերուն «կոկորդէն իջեցնելու»։

Սակայն Աֆրինի քիւրտերը նախընտրեցին «օդին մէջի ամերիկեան թռչունը, քան ռուսական թռչունը իրենց ձեռքին մէջ». թուրքերը ի սկզբանէ դէմ էին առաջարկին։

Թրքական ներխուժումը վերջակէտ դրաւ ոչ միայն սուրիական Քիւրտիստանի մը երազին, այլեւ՝ Աֆրինի ինքնավար մարզին։ Այս բոլորէն ետք Աֆրին գտնուող ռուսական զինուորները քաշուեցան, որպէսզի Թուրքիան անարգել սկսի ռազմական գործողութեան։

 

Ամերիկայի, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Սուրիոյ դիրքորոշումը թրքական ներխուժման հանդէպ

 

Աֆրինի քիւրտերը երբ ամերիկացիներուն օգնութեան դիմեցին, Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զինուժի խօսնակը պատասխանեց, թէ Աֆրինի պաշտպանութիւնը ամերիկեան պարտաւորութիւններուն մէջ չ՚իյնար։

Իրանի լռութիւնը, Չաւուշօղլուի՝ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, թէ պաշտօնապէս նամակով տեղեակ պահած են Դամասկոսը թրքական ներխուժումէն առաջ, կը բացայայտէ այն իրողութիւնը, որ Սուրիան թրքական օդուժին հանդէպ հակաօդային որեւէ միջոցառման չդիմեց։

Ամերիկայի եւ Ռուսիոյ լռութիւնը կը փաստեն, որ անոնք կանաչ լոյս տուած են Թուրքիոյ ներխուժման. գումարենք նաեւ Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ բարձրաձայն համաձայնութիւնը այստեղ։

Կ՚ենթադրուի, որ այս բոլորին դիմաց Սուրիան պիտի վերադարձնէ Իտլիպի նահանգը։ Իրապէս ալ սուրիական բանակը թրքական ներխուժումէն ետք Իտլիպի մօտակայ տասնեակ գիւղեր գրաւելով, ներկայիս քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Իտլիպ քաղաքէն։

Հետեւաբար, համաձայնութիւններու շարք մը գոյացած է յիշեալ պետութիւններուն միջեւ, որուն զոհը անկասկած քիւրտերն են։

Քիւրտերը դիմեցին սուրիական բանակի օժանդակութեան մտնելու Աֆրին ու պաշտպանելու քաղաքն ու քաղաքացիները. սուրիական պետութիւնը պայման կը դնէ, որ քիւրտերը իրենց բոլոր զէնքերը յանձնեն պետութեան, սակայն քիւրտերը կը մերժեն զէնքերու յանձնումը։ Բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են, իսկ թէ ինչպիսի աւարտ կ՚ունենան, գալիք օրերը ցոյց պիտի տան։

Քիւրտեր անցեալէն մինչեւ այսօր կատարուած սխալներէն դասեր պիտի քաղե՞ն

Աֆրինի քիւրտերը այսօր առանձին կը դիմադրեն մինչեւ ատամները զինուած Միջին Արեւելքի գերհզօր բանակ ունեցող Թուրքիոյ դէմ։

Դարձեալ քիւրտերը զոհն են անիրականալի քրտական երազի՝ անկախ Քիւրտիստանի մը հիմնադրման… սխալ հաշիւներու մէջ։

  1. Տակաւին վերջերս՝ 25 Սեպտեմբեր 2017ին Իրաքեան Քիւրտիստանի անկախութեան հանրաքուէն ինչպիսի ձախողութեան ենթարկուեցաւ։
  2. Մուլլա Մուսթաֆա Պարազանին (Մասուտ Պարազանիի հայրը) ամերիկացիներէն զինուժ կը ստանար, սակայն ամերիկեան ճնշման ներքոյ Իրաքի նախագահ՝ Սատտամ Հիւսէյնը Իրանի շահին հետ 1975թ. Ալճիրի համաձայնութիւնը կնքեց։ Անմիջապէս ամերիկացիները Մուլլա Պարազանիին զինուորական օժանդակութիւնը դադրեցուցին եւ ան անհաւասար կռիւներու պատճառով պարտուեցաւ եւ ապաստանեցաւ Մոսկուա։
  3. Նոյնը Մահապատի հանրապետութեան պարագան։ Քիւրտերը միշտ ալ իրենց պատմութեան ընթացքին յոյսերը դրած են օտար պետութիւններու օժանդակութեան վրայ, որոնք յետագային մենակ թողած են զիրենք։

Այսօր ալ քիւրտերը կը խորհին թէ (ի հարկէ խօսքը բոլոր քիւրտերու մասին չէ) իրենք ամերիկացիներուն համար յենարան կրնան դառնալ եւ պէտք է խոստովանիլ, որ իսկապէս ալ անոնք դարձան յենարան, եւ Սուրիոյ տարածքին միակ կազմակերպուած, քաջարի կռուողներ են ISIS-ի դէմ. բան մը, որ գործնականօրէն ալ ապացուցեցին։ Սակայն մեծ պետութիւնները կը շարժին մեկնելով իրենց պետական շահերուն համաձայն։

Ամերիկացիները երբեք պիտի չկռուին քիւրտերուն համար։

Քիւրտերը դարձեալ պիտի զղջան սուրիական հողատարածքներ կամ շրջաններ գրաւելու համար, քրտական պետութիւն մը հիմնելու նպատակով։ Նոյնիսկ անոնց գրաւած հողատարածքները մաս չեն կազմեր քրտական պատմական Քիւրտիստանին, նոյնիսկ կարգ մը գրաւուած հողատարածքներու վրայ քրտական մեծամասնութիւն գոյութիւն չունի, ուր կ՚ուզեն Քիւրտիստան կամ քրտական քանթոն մը հիմնել, ինչպէս Եփրատի արեւելեան մասը, Ռաքքան, Հասաքէն։

 

Ի՞նչ կը հետապնդէ Թուրքիան

Թրքական «Ձիթենիի ճիւղ» ռազմական գործողութիւնը ըստ տուեալներու երկարաշունչ պատերազմի մը երեւոյթը կը կրէ, հակառակ որ թուրքերը գործողութեան սկիզբը յայտարարեցին, որ շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ պիտի աւարտուի։

Սակայն թուրք ղեկավարներու, ներառեալ Էրտողանի յայտարարութիւնները կ՚ըսեն, թէ գործողութիւնը կրնայ շատ երկար տեւել եւ պիտի աւարտի այն ժամանակ միայն, երբ վերջ տրուի այդ շրջանի քրտական տերորիստական խմբաւորումներուն, զանոնք արմատախիլ ընելով։

Թուրքիոյ վերջին շրջանի, թրքական ձախող յեղաշրջումի փորձէն ետք, արտաքին քաղաքականութիւնը զինք մեկուսացուց միջազգային համայնքէն.

  1. Ամերիկացիներու հետ լարուած յարաբերութիւններ ունի. Թուրքիա կ՚ամբաստանէ յեղաշրջումը կազմակերպող Ապտալլահ Կիւլէնը, որ Ամերիկա կը բնակի, իսկ ամերիկեան կառավարութիւնը կը մերժէ զայն յանձնել թուրքերուն։
  2. Թուրքիան կ՚ամբաստանէ Ամերիկան, որ քիւրտերուն տրուած զէնքերը վերջ ի վերջոյ իրեն դէմ պիտի ուղղուին։
  3. Եւրոպայի հետ հակադրուած յարաբերութիւններ ունի, յատկապէս փախստականները դէպի Եւրոպայի դռները ուղարկելով։
  4. Համարեա արաբական բոլոր երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները վատթարացած են, բացի Քաթարէն։
  5. Թուրքերու յարձակումը քիւրտերու դէմ աւելի աղտոտեց Էրտողանի այլապէս աղտոտուած քաղաքական դիմագիծը։
  6. Թուրքիան Սուրիոյ տագնապի եօթը տարիներուն ընթացքին իր սահմանը Սուրիոյ հետ (շուրջ 600 մղոն) լայնօրէն բացաւ տերորիստական խմբակներուն դիմաց, զինեց զանոնք այն ակնկալութեամբ, որ Սուրիոյ մէջ իշխանութեան գլուխը պիտի տեղաւորէ իրեն հնազանդ իսլամ եղբայրները։

Այսօր Թուրքիան կը գիտակցի, որ վերջին հաշուով ինք խոշոր շահող մը պիտի չըլլայ Սուրիոյ մէջ, սակայն կ՚աշխատի որ քիւրտերն ալ ինքնավար մարզերու չտիրանան իր սահմանի երկայնքին վրայ։

Էրտողանի եւ անոր «Արդարութիւն ե Բարգաւաճում» կուսակցութեան մօտիկ լրատուամիջոցները ինչպիսին՝ «Միլլիյէթ», «Հիւրրիյէթ» եւ նման թերթեր Էրտողանի եւ կառավարութեան խօսափողներն են եւ անոնց տեսակէտներու պաշտպանները։ Այս օրերուն կը գրեն, թէ «սուրիական բանակն է երաշխիքը Սուրիոյ ամբողջականութեան պահպանումին»։ Նոյն թերթերը եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները կը յայտնեն, թէ «թրքական շահերէն կը բխի Ասատի իշխանութեան գլուխը մնալը»։

Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները աւելի առաջ երթալով կառավարութենէն կը պահանջեն Դամասկոսի հետ անմիջապէս յարաբերութիւնները վերականգնել։

Սուրիոյ կառավարութեան յայտարարութիւնները թրքական ներխուժման դէմ աւելի սպառնալի կը դառնան եւ կը ցոյց կու տան, որ հնարաւոր բոլոր միջոցներու պիտի դիմեն՝ նաեւ ռազմական, կասեցնելու համար թրքական ներխուժումը դէպի սուրիական հողեր։

Թուրքերը հեռուէն թնդանօթներով եւ օդուժով կը հարուածեն այդ շրջանը, լաւապէս գիտակցելով, որ քիւրտերը զինուած են հակաթանկային հրթիռներով եւ մի գուցէ նաեւ հակաօդային հրթիռներով։

Թուրքերը գիտեն նաեւ, թէ քաղաքներ ու գիւղեր գրաւելով հարցերը չեն լուծուիր, որովհետեւ քիւրտերը երբեք պիտի չհեռանան իրենց լաւապէս ծանօթ լեռներէն ու հովիտներէն։

Թուրքերը եթէ նոյնիսկ իրենց գրաւած քաղաքներուն մէջ մնան դարձեալ քրտական հակահարուածէն մեծապէս պիտի վնասուին։

 

Վերջաբան

Վերջ ի վերջոյ Սուրիան Ռուսիոյ, Իրանի, լիբանանեան Հըզպալլահի օժանդակութեամբ պիտի վերատիրանայ սուրիական տարածքին։ Քրտական զինեալները պիտի ապազինէ, որովհետեւ առաջին հերթին Սուրիոյ շահերը այդ կը պահանջեն. երկրորդ, անուղղակիօրէն Թուրքիոյ օգտակար պիտի դառնայ որ «թուրքերը իջեցնէ ծառէն» եւ ապա ապահովէ թուրք-սուրիական սահմանի անվտանգութիւնը։

Ամերիկացիները հաստատուած են Սուրիոյ ամենահարուստ շրջանը։ Եփրատի արեւելեան շրջանը, որ Սուրիոյ ամենաբերրի երկրագործական շտեմարանն է բամպակի, ցորենի եւ այլ մթերքներու, բայց մանաւանդ հարուստ է կազի եւ քարիւղի (նաւթի) հսկայածաւալ պահեստներով։

Ամերիկացիներու հիմնական նպատակն է նաեւ Սուրիոյ հողատարածքէն հեռացնել իրանեան ուժերն ու անոնց կողմնակիցները։ Բայց նաեւ հսկել իրաք-սուրիական սահմանին, որպէսզի Թեհրան, Պաղտատ, Դամասկոս, Պէյրութ աշխարհաքաղաքական կապը չամրապնդուի։ Ի հարկին նաեւ իր մարզած ու զինած 20-30,000նոց բանակը օգտագործէ սուրիական պետութեան ուժականութիւնը թուլացնելու համար։

Թուրքերը պիտի բաւարարուին Սուրիոյ քիւրտերը զինաթափելէ, քիւրտ-ամերիկեան կապերու մէջ խրամատ յառաջացնելէ եւ այս բոլոր սահմանափակ յաջողութիւնները պիտի օգտագործեն 2019 թուականի ընտրութիւններուն համար, քանի որ Թուրքիոյ մէջ Էրտողանի ժողովրդականութիւնը այսօր նուազագոյն աստիճանի վրայ է։

Այո, թուրք-ամերիկեան կապերը այսօր լարուած են եւ նուազագոյն մակարդակի հասած, որուն պատճառով թուրքերը կը մօտենան Ռուսիոյ եւ Իրանին։ Այս երկու երկիրներու ղեկավարները լաւապէս գիտեն Էրտողանի քաղաքական լարախաղացութիւնը։

Թուրքիան հազար ու մէկ կապերով ամբողջապէս կախեալ է առաջին հերթին Ամերիկայէն եւ ապա Եւրոպայէն. զինուորական, տնտեսական եւ քաղաքական ոլորտներու մէջ ինչքան ալ փորձէ մօտենալ Ռուսաստանին, Թուրքիան պորտալարը չի կրնար անջատել ՆԱԹՕի երկիրներէն։

Այս մէկը լաւապէս կը գիտակցի Մոսկուան, սակայն այս պահուն թուրք-ամերիկեան լարուածութիւնը օգտակար ազդակ է Ռուսաստանին, ոչ միայն Սուրիոյ մէջ, այլ ողջ Միջին Արեւելքի տարածքին։

Ամերիկացիներն ալ վերջ ի վերջոյ պիտի հեռանան Սուրիայէն, վստահաբար Մոսկուայի հետ որոշ համաձայնութիւններ ձեռք բերելէ ետք այն հարցերու շուրջ, որոնք ամերիկեան մտահոգութիւններ են։

Առայժմ Սուրիոյ ապագան գլխաւորաբար պիտի տնօրինուի Ռուսաստանի կողմէ, եւ որոշ չափով ալ Իրանի։ Այս երկու երկիրները ե՛ւ նիւթական ե՛ւ մարդկային հսկայական զոհաբերութիւն մատուցեցին Սուրիոյ ամբողջականութիւնը պահպանելու եւ պետութեան հիմքերը ամրապնդելու նախագահ Պաշշար էլ Ասատի գլխաւորութեամբ։

Այսօր Սուրիոյ տարածքը բաժնուած է հետեւեալ մասերու.

Քիւրտերու հսկողութեան տակ գտնուող

Ամերիկեան հսկողութեան տակ գտնուող

Թրքական հսկողութեան տակ գտնուող

Իսկ Սուրիոյ երկինքին տակ երկրագունդի խոշոր պետութիւններու ռազմական օդանաւները զիրար կը հրմշտկեն՝ ռուսական, ամերիկեան, հրէական, թրքական, իրանական եւ ամիսներ առաջ նաեւ եւրոպական։ Հետեւաբար, սխալ հաշիւ մը,   անզգոյշ կամ արկածախնդրական դիրքորոշում մը կրնայ աղիտալի դառնալ ոչ միայն Սուրիոյ համար, այլեւ ամբողջ շրջանին եւ հաւանաբար երկրագունդին։

Սուրիական «արաբական գարունը» վերջ գտաւ իր բոլոր անուանումներով՝ տիքթաթոր ռեժիմի փոփոխութիւնը, կամ՝ յանուն ազատութեան եւ դեմոկրատիայի պայքարը, կամ՝ կրօնական հակամարտութիւնները, եւ կամ՝ քաղաքացիական ներքին պատերազմը անուանումներով պատմութեան աղբամանին մէջ նետուեցաւ փոխարինուելով՝ գերհզօր պետութիւններու հակամարտութիւններով։

 

Լոս Անճելըս

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին