*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Բնագիտութիւնը ուրիշ լեզուի կարելի չէ թարգմանել.
եթէ դուք կը ցանկաք ճանչնալ բնութիւնը, գնահատել անոր գեղեցկութիւնը,
ապա պէտք է հասկնաք այն լեզուն, որով կը խօսի բնութիւնը…
Ռիչարտ Ֆայնման ամերիկացի բնագէտ
Անոնք որոնք անհաւանական փորձերու կը ձեռնարկեն,
կրնան հասնիլ անկարելիին:
Ալպերթ Այնշթայն
Եթէ Այնշթայնը չ’ըլլար, 20-րդ դարու բնագիտութիւնը տարբեր կ’ըլլար։ Նոյն բանը կարելի չէ ըսել ոեւէ այլ գիտնականի մը համար… Ան հասարակական կեանքին մէջ այնպիսի տեղ ունի, որ դժուար թէ ուրիշ գիտնական մը ունենայ ապագային։ Փաստօրէն մէկը չի գիտեր, թէ ինչո՛ւ, բայց եւ այնպէս ան մտած է ամբողջ աշխարհի գիտակցութեան մէջ՝ դառնալով գիտութեան կենդանի մարմնաւորում եւ քսաներորդ դարու միտքի տիրակալ։
Ան ըսած է. «Հոգատարութիւնը անհատի եւ իր ճակատագիրին մասին պէտք է ըլլայ գիտութեան հիմնական նպատակը։ Այդ մէկը երբեք մի՛ մոռնաք ձեր գծագիրներուն եւ հաւասարումներուն մէջ»։ Աւելի ուշ ըսած է. «Արժէքաւոր է միայն այն կեանքը, որ ապրած ես մարդոց համար»…
Այնշթայն եղած է ամենավեհանձն մարդը, որուն մենք հանդիպած ենք։ Իսկ շա՜տ քիչերուն յայտնի է, որ Երեւանի մէջ կը գործէ «Փոքրիկ Այնշթայն» գիտական թանգարանը:
Շատերս թանգարան ըսելով կը պատկերացնենք իրեր, ցուցանմոյշներ, որոնք կը գտնուին ապակեպատ փեղկերուն ետեւ, որոնց ձեռք տալը խստիւ արգիլուած է, բայց Երեւան գտնուող Այնշթայն գիտական թանգարանը հիմնովին կը փոխէ թանգարանային այդ կարծրատիպերը: Հոս այցելուներուն թոյլ կը տրուի թանգարանային նմոյշներուն հետ անմիջական շփում ունենալ: Թանգարանը իր բնոյթով միակն է տարածաշրջանին մէջ։ Մտայղացումը կը պատկանի «Փոքրիկ Այնշթայն» նախաձեռնութեան հիմնադիր տնօրէն Մարինա Գրիգորեանին։ Մասնագիտութեամբ բժիշկ Մարինա Գրիգորեանը դեռ երկու տարի առաջ ամուսնոյն հետ միասին սկսան իրականացնել գիտական շօ-ծրագիրներ շրջիկ աշխատանոցներու տեսքով, այնուհետեւ տպագրեցին հայալեզու գիտական հաւաքածոյ։ Թանգարանի ստեղծումը անոնց գործունէութեան տրամաբանական շարունակութիւնն է։ Թանգարանին մէջ ներկայացուած ցուցանմոյշները բերուած են Ռուսաստանէն եւ Չինաստանէն։ Անոնք կը ներկայացնեն ելեկտրականութեան, մագնիսականութեան, տեսաբանութեան, մեքենաբանութեան, բնագիտութեան բնագաւառները։
Նախաձեռնութեան անդամները կը նախատեսեն մօտ ապագային թանգարանը վերածել գիտութեան կեդրոնի։
Մեր պտոյտները այս շաբաթ մեզ հասցուցին «Փոքրիկ Այնշթայն» գիտական թանգարան: Մեր զրուցակիցն է թանգարանի տնօրէն եւ հիմնադիր, մասնագիտութեամբ բժիշկ Մարինա Գրիգորեանը:
«Զ.» – Մարինա՛, կ’ըսէ՞ք՝ ի՞նչպէս ծնաւ նմանատիպ թանգարանի գաղափարը: Ե՞րբ հիմնադրուած է թանգարանը:
«Մ. Գ.» – Փոքրիկ Այնշթայն» թանգարանը եղած է մեր սկզբնական գործունէութեան շարունակութիւնը, այսինքն՝ մենք մեր գործունէութիւնը սկսած ենք որպէս ուսուցաղական գիտական ծրագիրներու կազմակերպութիւն, արդէն տնային պայմաններուն մէջ ստեղծած ենք գիտափորձեր կատարելու համար նախատեսուած արտադրանք, որովհետեւ շօ ծրագիրով միայն չէինք կրնար աւելի հանրային դարձնել գիտութիւնը: Այդ շօ-ծրագիրները հիմնականին մէջ կը ծառայէին ծննդեան տարեդարձներ նշելու համար, բայց ծննդեան տարեդարձը տարին մէկ անգամ կ’ըլլայ, իսկ մենք ցանկացանք այնպէս ընել, որ իւրաքանչիւր երեխայի համար հետաքրքրական ձեւով իրականացուի, որպէսզի երեխան սիրէ տարրագիտական եւ բնագիտական առարկաները: Յետոյ արդէն որպէս այս ամէնուն տրամաբանական շարունակութիւն իմ եւ ամուսնոյս նախաձեռնութեամբ բացուեցաւ այս գիտութեան թանգարանը: Թանգարանը բացուեցաւ 2014 թուականի Սեպտեմբերին:
«Զ.» – Ի՞նչ հաւաքածոյ ներկայացուած է, կրթական ի՞նչ ծրագիրներ կ’իրականացնէք թանգարանին մէջ: Ի՞նչ բնոյթ կը կրեն անոնք:
«Մ. Գ.» – Թանգարանին մէջ ներկայացուած են նմոյշներ բնագիտութեան տարբեր բնագաւառներէն `տեսաբանութեան, մագնիսականութեան, ուժաբանութեան եւ այլն: Կարելի է ըսել բնագիտութեան բոլոր ենթաբաժիններէն ցուցանմոյշներ ունինք: Շուտով նաեւ պիտի համալրուի հաւաքածոն 13 ցուցանմոյշով, իսկ 11 ցուցանմոյշ ալ պիտի պատրաստուի Հայաստանի մէջ: Այսինքն՝ մեր հաւաքածոն շուտով կը կրկնապատուի եւ կը ներկայացուի իր փոքրիկ, ապագայ գիտնականներու փորձարկման:
Այն ամէնը ինչ մեր քով ներկայացուած խաղերու տեսքով կ’իրականացուի, բացի անկէ, մենք կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ կրթութեան ազգային հիմնարկին ծրագիր ներկայացուցած ենք մանիշի վերաբերեալ, քանի որ Հայաստանը կը հանդիսանայ մանիշի պակաս ունեցող երկիրներէն: Մենք ստացած են անոնց հաւանութիւնը եւ դրական կարծիքը: Մօտ օրերս պիտի սկսինք 50 դպրոցներու մէջ իրականացնել «Մանիշը եւ անոր նշանակութիւնը մեր կեանքին մէջ» ծրագիրը: Երեխանրը ինքնուրոյն գիտափորձեր պիտի կատարեն, պիտի հասկնան, թէ ի՛նչ է գիտական ծրագիրը եւ այնուհետեւ գիտելիքներ ձեռք պիտի բերեն մանիշի վերաբերեալ, անոր նշանակութեան ու նաեւ մանիշի անբաւարարութեամբ պայմանաւորուած հիւանդութիւնները ի՛նչպէս կանխարգիլել:
Նպատակը այն է, որ երեխաները իրենց փոքր տարիքէն սկսին սիրել բնագիտական առարկաները, ինչը մեծ խնդիր է, քանի որ դպրոցին մէջ անոնք չեն պատկերացներ բնագիտութեան կամ տարրաբանութեան գործնական կիրարկութիւնը։ Մենք նմոյշները ցուցադրելու ժամանակ կապ կը ստեղծենք իրականութեան հետ՝ բերելով առօրեայ օրինակներ:
«Զ.» – Կ’ըսէ՞ք՝ այս թանգարանը ի՛նչով կը տարբերի միւս թանգարաններէն:
«Մ. Գ.» – Մեր թանգարանը կը տարբերի իր փոխազդեցիկութեամբ: Եթէ ուրիշ թանգարաններ այցելէք, հոն ուղեկցորդը երեխաներուն պարզապէս կը ծանօթացնէ ցուցանմոյշներու պատմութեան, որ առհասարակ պատմողական ոճով կ’ըլլայ, բայց մեր մօտ, բացի ուղեկցողի ծառայութենէն, երեխաները բոլոր ցուցանմոյշները կը փորձարկեն՝ գիտափորձեր կատարելով: Այսինքն՝ մեր շրջայցերը խաղի եւ գիտափորձերու տեսքով կ’իրականացուին, այդ պատճառով ալ կը կոչուի փոխազդեցիկ գիտութեան թանգարան: Հոս ամէն ինչին կարելի է ձեռք տալ, քանի որ առանց ձեռք տալու կարելի չէ բան մը ներկայացնել, իսկ միւս թանգարաններուն մէջ արգիլուած է նմոյշներուն ձեռք տալը: Մեր քով պարտադիր բնոյթ կը կրէ ցուցանմոյշներուն հետ շփում ունենալն ու փորձարկելը: Կ’ուզենք հոս տարբեր խմբակներ կազմել՝ բնագիտութեան, տարրաբանութեան, ծրագրաւորման, մարդ-մեքենայ շինութեան, գիտական անգլերէնի՝ ի հարկէ համալրելով նաեւ մեր ցուցանմոյշները: Մեր առաւելութիւնը այն է, որ համացանցէն չենք վերցներ որեւէ բան, բոլոր թեմաները ես ինքս կը մշակեմ: Բացառութեամբ աչքի զարնող դարձած թեմաներուն՝ ամէն ագամ նոր թեմա կը շօշափուի: Դասընթացքի տեւողութիւնը մէկ ժամ է, որուն առաջին մասին մէջ մատչելի կերպով կը ներկայացուի թեման, իսկ երկրորդ մասին մէջ՝ միասին կը կատարենք այդ թեմային վերաբերող գիտափորձեր: Երեխաները կը տեսնեն, թէ որքան փոխկապակցուած են գիտութիւնները եւ հետեւաբար կը սկսին տարբերել անոնք իրական կեանքի մէջ:
«Զ.» -Հրատարակչական աշխատանքներով կը զբաղի թանգարանը: Ի՞նչ արտադրանք կը ներկայացնէք:
«Մ. Գ.» . Հրատարակչական աշխատանքներով տակաւին չենք զբաղիր, բայց կը ծրագրենք ապագային ամսագիրներ հրատարակել, իսկ այս պահուն ալ կը նախապատրաստենք գիտափորձերը եւ այնուհետ կը խմբագրենք, որպէսզի յետոյ յանձնենք մասնագէտին եւ ուղարկենք հրատարակութեան: Սկսելու համար մէկ համար կը հրատարակենք, որպէսզի տեսնենք հանրութեան արձանգանգը, ապա միայն կ’որոշենք, թէ անոնք ի՛նչ պարբերկական բնոյթ պիտի կրեն:
Մենք արտադրած ենք գիտական հաւաքածոներ՝ տնային պայմաններու մէջ փորձեր կատարելու համար: Փոքրիկ Այնշթայնի գիտական հաւաքածոները առաջին հայալեզու հաւաքածոներն են, որոնց օգնութեամբ երեխաները տունը կրնան տպաւորիչ գիտափորձեր կատարել։
Փոքրիկ Այնշթայնի հաւաքածոն կը պարունակէ բոլոր անհրաժեշտ նիւթերն ու պարագաները գիտափորձեր կատարելու համար, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան պարագաներ, մանրամասն նկարագրութիւն հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն լեզուներով: Նիւթերը կը բաւականացնեն պարունակուող գիտափորձերը առնուազն 3 անգամ կրկնելու համար: Բացի կրթական նպատակէն ՓՈՔՐԻԿ ԱՅՆՇԹԱՅՆԻ հաւաքածոները կը նպաստեն երեխաներու երեւակայութեան, մտածելակերպի խորացման եւ տրամաբանութեան զարգացման։ Հաւաքածոն նախատեսուած է 6+տարիքի երեխաներուն համար: Գիտափորձերը պէտք է կատարել միայն մեծահասակներու մասնակցութեամբ:
Փոքրիկ Այնշթայնը կը կազմակերպէ նաեւ գեղեցիկ եւ տպաւորիչ շօ-ծրագիրներ ինչպէս թանգարանի տարածքին, այնպէս ալ անկէ դուրս:
Թանգարանի տարածքէն դուրս շօ-ծրագիրները կարելի է կազմակերպել որեւէ տեղ, ուր պատուիրատուն կը հրաւիրէ՝ տուն, մանկական սրճարան, դպրոց, ճաշարան, այգի, մանկապարտէզ: Թանգարանի տարածքին կը կազմակերպենք շօ-ծրագիրներ ծննդեան տօներու, դասարանային, խմբային այցելութիւններու համար:
«Զ.» -Ի՞նչպէս կ’իրականացուին այցելութիւնները: Ի՞նչ խումբերու բաժնուած են:
«Մ. Գ.» – Այցելութիւնները մենք բաժնած ենք երեք խումբի` դասարանով այցելութիւնները, ծննդեան տարեդարձները, որոնք կը նշուին մեր մօտ, բացի այդ, մենք որպէս ընտանեկան ժամանցի վայր կը ներկայացնենք թանգարանը, ուր այցելուները կրնան իրենց ընտանիքներով այցելել կամ անհատաբար: Թանգարանի տոմսի արժէքը 3,000 դրամ է` անկախ տարիքէն եւ այցելութեան օրէն: Մինչեւ 3 տարեկան երեխաներուն համար մուտքը անվճար է: Մինչեւ 16 տարեկան անչափահասները կրնան մտնել մեծահասակի ուղեկցութեամբ, որ եւ նոյնպէս տոմս կը ստանայ: Եթէ համեմատելու ըլլանք, որ երբ ծնողքը երեխային այգի կը տանի, երեխան կ’օգտուի տարբեր պտուտարշաւներէ, ապա այդտեղ նոյնքան գումար կը ծախսեն ծնողները, իսկ մեր մօտ ներկայացուած են 35 ցուցանմոյշներ, որոնց հետ շփուելով եւ խաղալով երեխան նոյնպէս նոր գիտելիքներ կ’ամբարէ:
«Զ.» -Ապագայի հետ կապուած ի՞նչ ծրագիրներ ունիք: Կը համագործակցի՞ք սփիւռքի հետ:
«Մ. Գ.» – Սփիւռքի հետ տակաւին ծրագիրներ եւ համագործակցութիւններ չունինք: Ինչ կը վերաչերի ապագայի հետ կապուած ծրագիրներուն, ապա մենք մտադիր ենք ընդլայնել մեր թանգարանը: Կ’աշխատինք նաեւ թանգարանէն դուրս նոր ծրագիրներու վրայ, որոնք նոյնպէս փոխազդեցիկ ու կրթական բնոյթ պիտի կրեն, ինչը մէկ ամիս յետոյ պիտի ըլլայ, բայց այս պահուն չակերտները շատ չեմ ուզեր բանալ, որպէսզի անակնկալ ըլլայ:
Նշեմ, որ այս գիտական թանգարանը կը գտնուի Երեւանի Կոմիտասի պողոտային վրայ, 40/2 շէնքին մէջ: Աշխատանքային օրերուն թանգարանը բաց է ժամը 13:00-20:00-ն:
Հեռ` +37498316789, +37495316789, +3749936789
Կայք` www.poqrikeinstein.am
էլ. փոստ` little.einstein.show@gmail.com