*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
2018-ն Ո՛չ Պատերազմի Եւ Ո՛չ Ալ Բանակցային Տեղաշարժի Տարի Կ’ըլլայ
Կը շարունակուին Արցախեան շարժումի 30-ամեակին նուիրուած միջոցառումները: Հերթականի հասցէն Արցախի Մայր բուհն էր: Արցախի պետական համալսարանին մէջ Փետրուար 26-ին դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ Կովկասի հիմնարկի տնօրէն Ալեքսանդր Իսկանդարեանը: Քաղաքագէտը անցած 30 տարուան ձեռքբերումներուն մասին խօսեցաւ՝ հաշուի առնելով ներկայ եւ կանխատեսելի մարտահրաւէրները: Բացի այդ, ան առանձնացուց յետագայ առաջնահերթ ծրագիրները:
Ալեքսանդր Իսկանդարեան կը խոստովանի. «Մի քանի տարի առաջ տակաւին ոչ, բայց այսօր մինչեւ անգամ հայկական միջավայրին մէջ Շարժումին մանրամասնութիւնները ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը զգալի է: Սերունդը փոխուած է, եւ այսօրուան երիտասարդներուն հետ պէտք է խօսիլ մանրամասնօրէն»: Ապա կը շարունակէ. «Երբ իմ երիտասարդ ունկնդիրներուն 88-ի վերաբերեալ ընդհանուր գիծերու մէջ որոշ դէպքեր կը յիշեցնեմ եւ 88-ին յայտնի մարդկանց ազգանուններ կու տամ, կը տեսնեմ, որ երիտասարդները չեն հասկնար, թէ ի՛նչ կ’ըսեմ: Անոնց համար ատիկա արդէն պատմութիւն է, գրքային բան, զոր պէտք է իրենց մանրամասն ներկայացնել»,- իր փորձին յղում կը կատարէ Ալեքսանդր Իսկանդարեանը:
Ունեցածը աւելի ճշգրիտ գնահատելու համար քաղաքագէտը կ’առաջարկէ 88-ի իրականութիւնը յիշել, Շարժումի արդիւնքով վեր հանուած պահանջները, որոնց իրականացումը այդ ժամանակ երազանք կը թուէր: «Նպատակը հետեւեալն էր. աւելի մեծ պետութեան՝ Խորհրդային Միութեան շրջանակներուն մէջ անոր հասնիլ, որ հայերով բնակեցուած երկու տարածքները դառնան մէկ վարչական միաւոր»,- իր միտքը համառօտ կը ձեւակերպէ Կովկասի հիմնարկը տնօրէնը:
Որ կարգաւորումը հարթ չընթացաւ եւ վերաճեցաւ պատերազմի՝ քաղաքագէտներուն համար անսպասելի չէր: Անսպասելին ու անհաւանականը այն էր, որ անհամեմատ փոքր հնարաւորութիւններով եւ ուժերով հայութեան յաջողուեցաւ յաղթանակ տանիլ: «Այդ ժամանակ Ազրպէյճանի բնակչութիւնը մօտ 7 միլիոն էր, Ղարաբաղի բնակչութիւնը՝ 150 հազար, ինչը իրաւամբ անհամեմատելի է: Ասոր կողքին, ղարաբաղցիներու դիրքերը շատ խոցելի էին: Ես Ստեփանակերտի ռմբակոծութեան մղձաւանջը կը յիշեմ՝ Շուշիէն, Մալիպէյլիէն ու ամէն կողմէն: Ատիկա դիւցազներգական պատերազմ էր: Եւ ձեր հայրերը, ձեր պապերը, երբեմն ալ ձեր մայրերը յաղթանակ տարին»,- Արցախի պետական համալսարանի ուսանողներուն՝ հիմնականը պատերազմէ ետք ծնած երիտասարդներուն եւ աղջիկներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընդգծած է Ալեքսանդր Իսկանդարեանը:
Փաստը, որ հայկական երկրորդ հանրապետութիւնը՝ Արցախը, միջազգային ճանաչում չէ ստացած, քաղաքագէտը դժբախտութիւն չի համարեր: Քաղաքագէտները լաւ գիտեն, որ աշխարհի չորս կողմը կան չճանչցուած տասնեակ միաւորներ ու պետութիւններ: Եւ Արցախը պետականաշինութեան ճամբուն վրայ իր տեսանելի ձեռքբերումներով պաշտօնապէս չճանցչուած պետութիւններու շարքին կրնայ կայացածներէն մէկը համարուիլ: «Աբխազներուն, օսերուն եւ միւսներուն հանդէպ ամենայն յարգանքով պէտք է ըսեմ, որ յետխորհրդային տարածքին մէջ Ղարաբաղը շահեկան դիրքերու վրայ կը գտնուի: Արցախը, առանց կասկածի, կայացած պետութիւն է»,- կ’ընդգծէ քաղաքագէտ Ալեքսանդր Իսկանդարեանը:
Ձեռքբերումներու շարքին, յատկապէս պաշտպանական հզօր համակարգի ձեւաւորումը կը կարեւորէ քաղաքագէտը եւ կը վստահեցնէ, որ նոյն այդ համակարգը այսօր ի զօրու է ապահովել տարածաշրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը: «Մենք երբեւէ խաղաղապահներ չենք ունեցած: Ե՛ւ Մեձտնեսթրը, ե՛ւ Աբխազիան, եւ հարաւային Օսիան խաղաղապահներ ունեցած են, իսկ հիմա այդ երկիրներու անվտանգութիւնը ռուսական զօրքերը կ’ապահովեն: Այստեղ նման բան չկայ, հոս սահմաններու հսկողութիւնը ամբողջութեամբ ազգային ուժերը կ’իրականացնեն: Մէկ կողմը հայկական զինուած ուժերն են, միւս կողմը՝ ազրպէյճանական: Եւ նոյն այդ ուժերու հաւասարակշռութեան արդիւնքով ալ պետական կարգավիճակը կը պահպանուի»,- իրավիճակը ի մի կը բերէ Ալեքսանդր Իսկանդարեանը:
Հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ առանձնապէս լաւատեսութիւն չունի, 2018-ի ընթացքին՝ առաւել եւս: Քաղաքագէտը այս փուլին միջնորդներու գլխաւոր խնդիրը կը համարէ հակամարտութեան ոչ թէ կարգաւորումը, այլ կառավարումը, անկանխատեսելի զարգացումներու կանխումը. «Ներկայիս այն ինչով որ կը զբաղին Մինսկի խումբի համանախագահները, հակամարտութեան կարգաւորում չէ, այլ հակամարտութեան կառավարում: Այսինքն՝ հակամարտութիւնը պահել ա՛յդ վիճակին մէջ, ինչը այսօր ունինք»:
Ալեքսանդր Իսկանդարեանը չի բացառեր, որ արցախցիներու եւս մէկ, կամ թերեւս մի քանի սերունդ ստիպուած կ’ըլլայ ապրիլ ու զարգանալ չլուծուած հակամարտութեան պայմաններուն տակ: Հուսկ, կ’աւելցնէ. «Դժուա՛ր է, բայց կարելի: Նման բազմաթիւ օրինակներ այսօր առկայ են:
Խոջալլուն՝ Ալիեւներու Թագաւորութեան Մեկնարկ
Պաքուի քարոզչամեքենան ամէն տարի աւելի մեծ հանդիսաւորութեամբ կը տարածէ սուտն ու կեղծիքը Խոջալլուի իրադարձութիւններուն մասին: Տարիներուն հետ այդ սուտը այնքան կը տարածուի, որ զայն հերքելու, ճշմարտութիւնը ներկայացնելու համար արդէն իսկ լուրջ ջանքեր ու միջոցներ պիտի պահանջուին: Արցախի մէջ չեն յոգնիր ճշմարտութիւնը անգամ մը եւս կրկնելէ, ոչ այնքան հայկական միջավայրի, որքան սեփական իշխանութիւններու կեղծիքին գերին դարձած ազրպէյճանական ժողովուրդին համար, որուն ներկայացուցիչները, ի դէպ, 1992-ի Փետրուարին Խոջալլուի տխրահռչակ դէպքերուն ժամանակ սեփական իշխանութիւններու ձեռքով սպաննուեցան:
1992-ին Պաքուն արդէն ռազմական բացայայտ գործողութիւններ սկսած էր անկախութիւն հռչակած Արցախի Հանրապետութեան դէմ: Այդ ժամանակ Արցախի համար պատերազմը սահմաններուն վրայ չէր, այլ ամէն տեղ: Մայրաքաղաք Ստեփանակերտը կը հրթիռակոծուէր Շուշիէն, Աղդամէն, Խոջալլուէն, թրքական հարեւան բնակավայրերէն: Հայաստանի հետ ցամաքային կապ չկար: Արցախի մէջ սկսած էր արդէն հասարակական աղէտը: Նման պայմաններու տակ Արցախի Ինքնապաշտպանական ուժերը որոշեցին թշնամիի կրակակէտերը վերացնել: Անոնց շարքին յատուկ տեղ ունէր Խոջալլուն: Ազրպէյճանը 1980-ականներու կէսերէն սկսեալ այս աւանը արհեստականօրէն ընդարձակած էր, թուրք ներգաղթեալներ բնակեցուցած, իսկ ռազմական գործողութիւններուն ընդառաջ՝ Խոջալլուն կրակակէտի վերածուած էր: Այստեղէն կը գնդակոծուէր Ասկերանը, Ստեփանակերտը, հայկական շրջակայ գիւղերը: Խոջալլուն, իր դիրքին շնորհիւ, ոչ միայն անկարելի կը դարձնէր Ստեփանակերտի օդակայանի շահագործումը, այլեւ Ստեփանակերտի եւ մի քանի շրջաններու միջեւ ցամաքային կապը կը կտրէր: Փետրուար 25-ին արցախեան ուժերը հարկադրուած էին ազատագրել Ստեփանակերտի եւ Ասկերանի միջեւ կրակակէտի վերածուած Խոջալլուն, քանի որ ուշացումը կրնար ճակատագրական դառնալ ոչ միայն Ասկերանի, այլեւ ամբողջ Արցախի համար: «Մէկ կողմէ Աղդամէն պիտի հարուածէին, միւս կողմէ՝ Շուշիէն եւ Ասկերանը գրաւելով պիտի մօտենային Ստեփանակերտին»,- կը յիշէ Արթուր Յարութիւնեանը, որ 1992-ին Ասկերանի վաշտի հրամանատարն էր:
Խոջալլուի վնասազերծումը Արցախի զինուած ուժերու համատեղ եւ պայմանաւորուած գործելու առաջին լուրջ փորձն էր: Հաշուի առած էին նաեւ մարդասիրական հարցերը: Կարկառի ափով Խոջալլուէն Աղդամ ձգուող մարդասիրական միջանցքի ապահովումը եղած է Ասկերանի վաշտի մարտական խնդիրներէն մէկը: «Այս գետի հովիտով Խոջալլուէն մինչեւ Աղդամ այդ միջանցքն էր»,- կը պատմէ Արթուր Յարութիւնեանը: Ինքն էր, որ իր զինուորներուն ցոյց տուած է՝ հատուածներուն վրայ կանգնիլ Խոջալլուի բնակիչներու անխափան ելքը ապահովելու համար:
Մարդասիրական միջանցքի բացակայութեան մասին խօսողներէն մէկն ալ Խոջալլուի նախկին քաղաքապետ Էլմար Մամեդովն է: Ասկերանի բնակիչ Սլաւա Առուշանեան իր նախկին ծանօթին կը հակադարձէ. «Եթէ այդ միջանցքը չէ եղած, ան ի՞նչպէս կրցած է Խոջալլուէն Աղդամ հասնիլ: Այդ միջանցքը եղա՛ծ է: Ռազմագործողութեան նախօրէին հայկական կողմը յայտարարած է, որ խաղաղ բնակիչներուն դուրս բերեն: Եւ, ըստ էութեան, բնակիչներու մէկ մասը ինքնակամ հեռացած է: Ի վերջոյ, գոնէ նախնական տուեալներով, այդ տարիներուն Խոջալլուն մի քանի հազար բնակիչ պէտք է ունեցած ըլլար: Ըստ երեւոյթին, մնացած էին անոնք, որոնց ազրպէյճանական զինուորականները թոյլ չէին տար, որ հեռանան՝ զանոնք որպէս վահան պահելով»,- կը վերյիշէ Սլաւա Առուշանեանը:
Այդքանով հանդերձ՝ ազրպէյճանցիներն ալ չեն կրնար թաքցնել, որ Խոջալլուի դէպքերը տեղի ունեցած են ոչ թէ Խոջալլուի տարածքին, այլ Աղդամի մօտ: Ասիկա արդէն կ’ապացուցէ, որ հայերը մարդասիրական միջանցքը ձգած էին: Խոջալլուի վերջին բնակիչները նոյն այդ միջանցքով հեռացած են Խոջալլուէն, որոնք, մի քանի քիլոմեթր ճամբայ կտրելով, անցած են Ասկերանով ու հասած Աղդամի մատոյցներուն, որ այդ ժամանակ ազրպէյճանական ուժերու հսկողութեան տակ էր: Այդտեղ ալ ազրպէյճանական ուժերը գնդակոծած են շարասիւնը ու սպաննած Խոջալլուէն հեռացողները: Ասիկա այն երեւոյթն էր, ինչէն Խոջալլուի առասպելը պէտք է ստեղծեր Պաքուն աւելի ուշ` հակառակ այն փաստին, որ դէպքի վայրը Խոջալլուէն հեռու էր մօտաւորապէս 10, իսկ Աղդամէն` ընդամէնը 3 քիլոմեթր եւ յետագայ ամիսներուն ալ շարունակած է ազրպէյճանցիներու հսկողութեան տակ մնալ: Վերջինս կը վաւերացուի նաեւ այն փաստով, որ զոհերուն նկարած են ազրպէյճանցի լրագրողները, որոնք, բնական է, չէին կրնար աշխատիլ հայերու կողմէ վերահսկուող տարածքներէն ներս: Ի դէպ, այդ լրագրողներն ալ, օրինակ՝ Չենկիզ Մուստաֆայեւը եւ ուրիշներ աւելի ուշ սպաննուեցան Պաքուի մէջ: «Ազրպէյճանական բազմաթիւ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ Խոջալլուի դէպքերու ամբողջ պատասխանատուութիւնը Հայտար Ալիեւի ուսերուն է: Ան մէկ նպատակ ունէր՝ հասնիլ իշխանութեան»,- կ’ընդգծէ քաղաքագէտ Վահրամ Աթանեսեանը: Եւ հասաւ: Որդին ալ կը շարունակէ մնալ իշխանութեան գլուխ՝ Խոջալլուի մասին սուտն ու կեղծիքը բազմապատկելով:
Սումգայիթ.Սովորական Ցեղասպանութիւն
Փետրուար 28-ին կրկին մարդաշատ էր Ստեփանակերտի յուշահամալիրը: Հազարաւոր արցախցիներ ծաղիկներ խոնարհած են Սումգայիթի ոճրագործութեան զոհերու յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանին մօտ: Յիշողութիւններէն ու անպատասխան հարցերէն բացի՝ օրը նաեւ գնահատականները յստակեցնելու, կատարուածը ի մի բերելու եւ ընելիքներու մասին խորհելու խորհուրդը ունի բոլոր սերունդներուն համար:
30 տարի ետք արդէն գաղտնիք չէ, թէ ինչո՛ւ: 1988-ի Փետրուարին Պաքուի ղեկավարութիւնը մի քանի անգամ սպառնացած էր Ստեփանակերտին, իսկ Փետրուարի վերջերուն Արցախի հարցով հայ մտաւորականներու հետ հանդիպման ԽՍՀՄ առաջին ու վերջին նախագահ Գորբաչով ակնարկած էր՝ իսկ դուք մտածա՞ծ էք Ազրպէյճան ապրող հարիւր հազարաւոր հայերուն մասին: Բառացիօրէն երկու օր անց սկիզբ առաւ Սումգայիթի եղեռնագործութիւնը: Երեք օր՝ Փետրուար 27-էն 29 Պաքուէն ոչ շատ հեռու նախապէս կազմակերպուած ու համակարգուած ձեւով ընտրողաբար կը սպաննէին հայերուն: Նախապատրաստական աշխատանքները, ըստ էութեան, աւելի կանուխ սկսած էին, քանի որ մարդասպաններու ամբոխը զինուած էր նախապէս պատրաստուած մետաղէ ձողերով, ապահովուած քարի պաշարներով: Անոնց ձեռքին հայերու բնակարաններու հասցէներն էին: Այդ օրերուն հայերու մեծ մասը կապի միջոցէն զրկուած էր, օրինապահներու օգնութենէն եւս: Խորհրդային բանակը Սումգայիթ մտաւ միայն Փետրուար 28-ին: Դէպքերուն սկսաւ միջամտել Փետրուար 29-էն: Նոյն օրը, Կոմկուսի Կենտկոմի Քաղբիւրոյի նիստին ԽՍՀՄ պաշտպանութեան նախարարը Սումգայիթէն իր վկայութիւնները կը պատմէր, թէ տանջամահ հայերու տեսքէն նոյնիսկ ուշաթափ եղած էին իր զինուորները: Երեք օրուան ընթացքին Սումգայիթի մէջ պաշտօնական տուեալներով մի քանի տասնեակ հայ սպաննուած է, ոչ պաշտօնական թիւերով՝ մի քանի հարիւր:
1988-ի Փետրուարին արցախցիները հրապարակ վրայ էին Հայաստանին վերամիաւորուելու պահանջով: «Սումգայիթէն գաղթականութիւնը անմիջապէս այստեղ սկսաւ գալ եւ կատարուածը հասարակութեան ամբողջութեամբ հասանելի դարձաւ»,- կը վերյիշէ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերկէյ Շահուերդեան:
Այդ օրերուն Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ 30 հազարնոց սգոյ հանդիպում կայացաւ: Օրեր անց յուշահամալիրին մէջ Սումգայիթի զոհերու յիշատակին նուիրուած առաջին յուշաքարը դրուեցաւ: «Ատիկա դժուարութեամբ յաջողուեցաւ, քանի որ ռուսական զօրքերն ալ տարածքը շրջափակած էին»,- որպէս մասնակից՝ կը պատմէ Սերկէյ Շահուերդեան:
Արդեն 30 տարիէ այդ յուշաքարին մօտ ծաղիկներ կը խոնարհուին Փետրուար 28-ին: Կանուխ առաւօտէն սկսած է հոսքը դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր: Յուշահամալիրին մէջ նաեւ Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաները՝ նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ: Յուշահամալիրին մէջ հոգեհանգստեան կարգ կատարուած է՝ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի ձեռամբ: Օրուան խորհուրդը միայն կ’ամրապնդէ Ազատամարտի փորձութիւնը անցած համոզումը, թէ, Արցախի սահմանները ամրացնելով, կը կանխուի ցեղասպանութիւնը, կը յիշեցնէ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը. «Մենք ոչ միայն կը սգանք եւ մեր խոնարհումը կը բերենք ցեղասպանութեան զոհերուն, այլեւ կը հաստատենք, որ ա՛լ երբեք նման բան թոյլ պիտի չտանք»:
30 տարի առաջ Սումգայիթի մէջ կատարուածը նաեւ միջազգային իրաւունքի տեսակէտէն լիովին կը տեղաւորուի ցեղասպանութիւն եզրին մէջ, կ’ընդգծէ Արցախի Խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը. «Այդ յանցագործութիւնը վաղեմութեան ժամկէտ չունի: Եւ ինչքան ժամանակ անցնի, ոչ թէ մեր ցաւը կը պակսի, այլ ընելիքը կը շատնայ: Վստահ եմ, օր մը աշխարհը պիտի դատապարտէ այս ոճրագործութիւնը»: Մինչ այդ Արցախի մէջ ցեղասպանութեան մի քանի փուլ յաղթահարած ժողովուրդին արժանի սերունդ հասակ կ’առնէ՝ վտանգի գիտակցումով եւ նոր ցեղասպանութիւնները կանխելու վճռականութեամբ: «Մեր ազդին վրայ գրուած է՝ թուրքը իր ձեռագիրը չի փոխեր: Մենք Սումգայիթը ցեղասպանութեան շարունակութիւնը կը համարենք եւ պէտք է ուժեղ ըլլանք՝ նոր ցեղասպանութիւն թոյլ չտալու համար»,- կը մեկնաբանէ ստեփանակերտցի դպրոցականներէն՝ Էդուարդը:
Սումգայիթեան ոճրագործութիւնը 1988-ին դատապարտած են Եւրախորհրդարանը, ԱՄՆ ծերակուտարանը, Արժանթինայի Խորհրդարանը: ԽՍՀՄ ղեկավարութիւնը Սումգայիթեան ոճրագործութեան քաղաքական գնահատական չտրուեցաւ: Վերջին դատավարութիւնը կայացաւ 88-ին: Պատասխանատուութեան ենթարկուած է մօտ 90 յանցագործ, մէկը՝ մահապատիժի: Իրական կազմակերպիչները, սակայն, մնացած են անպատիժ: Սումգայիթի ոճրագործութիւնը մեկնարկն էր: Փետրուար 28-ն խորհրդանշական ամսաթիւ է: Այդ օրը կը յիշենք ոչ միայն Սումգայիթի, այլեւ Ազրպէյճանի այլ բնակավայրերուն մէջ ողջակիզուած հայերը: Օրը նաեւ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան մոռացութեան մատնուող կողմի իրաւունքներու մասին յիշելու առիթ է. միայն Սումգայիթէն 18 հազար հայ բռնագաղթած է, Ազրպէյճանի ամբողջ տարածքէն՝ աւելի քան կէս միլիոն: «Ոգեկոչելով Սումգայիթի հայերուն հանդէպ եղեռնագործութիւնը՝ անով կը փորձենք նաեւ վեր հանել ու պաշտպանել նաեւ ազրպէյճանահայութեան իրաւունքները»,- կը վստահեցնէ Արցախի Խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը:
Գնահատականներն ու յետագայ ծրագիրները ամբողջացուած են Արցախի Խորհրդարանի կողմէ ընդունուած յայտարարութեան մէջ, որ նուիրուած է Սումգայիթեան ոճրագործութեան 30-րդ տարելիցին: