Շաբաթ, 09. 12. 2023

spot_img

ՀԲԸՄ – ՀԵԸ «Վահրամ Փափազեան» Թատերախումբը Պիտի Ներկայացնէ Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները»

Մարտ ամսուան երկրորդ շաբաթավերջին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը լիբանանահայ   թատերասէր հասարակութեան պիտի ներկայացնէ մեծանուն  հայ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» կատակերգութիւնը,  բեմադրութիւն՝ Վարդան Մկրտիչեան:

Ներկայացումը բեմ բարձրացնելու նախօրէին, հարցազրոյց մը   ունեցանք թատերախումբի բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեանի  հետ: 

Հարցազրոյցը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք մեր յարգելի  ընթերցողներուն:

Հարց. Վարդան, արդէն չորրորդ բեմադրութիւնն է, որ պիտի  իրականացնէք ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին հետ: Ի տարբերութիւն նախորդներէն, որոնց հեղինակը կամ համադրողը դուք էիք, այս անգամ  կը  վերադառնաք մեր դասական հսկաներէն՝ Յակոբ Պարոնեանին:  Ինչո՞ւ ընտրեցիք այս կտորը:

Պատ. Ներեցէք, «Քաղաքավարութեան Վնասները» ներկայացում մը պիտի չըլլայ, այլ դրուագներու  համադրութիւն: Վերադառնալով Ձեր  հարցումին՝  երեք   բեմադրութիւններէ  ետք որոշեցի նորութիւն մը մատուցել հանդիսատեսին եւ վերադառնալ հայ դասականներուն: Իսկապէս ալ այս մէկը էապէս կը  տարբերի նախորդներէն: Որոշումիս մէջ ի մտի ունէի թատերախումբի անդամներուն դերասանական տաղանդը:  Խորհրդակցութիւններ ունեցայ դերասանական կազմին եւ թատերախումբի վարչութեան հետ: Առաջարկեցի համադրուած հատուածներ ներկայացնել անմահանուն Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» կատակերգութենէն: Ի մտի ունիմ  վերամշակուած  եւ  նոր  շունչով  բեմադրութիւն մը:  Գիւտ  մը  պիտի   չըլլայ    քայլս,  բայց կը  խորհիմ, թէ  դերասաններուն համար նոր   եւ հաճելի փորձառութիւն մը  պիտի  ըլլայ  ներկայացումը:

«Քաղաքավարութեան Վնասները» տարբեր պատմուածքեր, դրուագներ, վիճակներ կ’արտայայտէ: Որոշ պատկերներ եւ  դրուագներ զուգահեռաբար պիտի ընթանան: Որոշ հատուածներ համադրած եմ: Անշո՛ւշտ, հանդիսատեսը ինք պիտի տայ այս աշխատանքին գնահատականը: Դերասաններու պարագային, անոնց  մեծամասնութիւնը  փոփոխական դերերու մէջ պիտի տեսնէք: Տարբեր կերպարներ պիտի մարմնաւորեն:  Տեղ մը պիտի դառնան զոհ, մէկ այլ դրուագի մէջ՝ խաբեբայ…: Բեմին վրայ պիտի  նկատէք աշխուժութիւն, յարափոփոխ  տեսարաններ, շարժում:

Հարց. Փաստօրէն յարափոփոխ պատկերներ պիտի ներկայացնէք:

Պատ. Շատ ճիշդ: Դրուագներու ընտրութեան մէջ նկատի ունեցած եմ հանդիսատեսը: Անոր առօրեան, շրջապատը, կամայ եւ ակամայ շփումները, ծանօթութիւնները…:     Բեմադրութիւններուս մէջ հիմնական մտահոգութիւնս եղած է մատուցման ձեւը, որովհետեւ իրաւունք չունիմ ձանձրացնելու հանդիսատեսը: Բեմին  վրայ  գործող կերպարներուն միջոցով  փորձած եմ  հանդիսատեսը  հաղորդակից դարձնել  բեմադրութեան:  

Փոփոխութիւններէն  մէկը պիտի  ըլլայ իգական սեռի  կերպարներուն առկայութիւնը: Եթէ ուշադիր հետեւիք,  Յակոբ  Պարոնեանի  կերպարներուն մեծամասնութիւնը այր մարդիկ  են: Մենք ունինք շնորհալի դերասանուհիներ: Շատ մը դերեր մեր դերասանուհիներուն վստահած եմ: Բնագիրին հարազատ  մնալով, պատմուածքէն կամ դրուագէն ոչինչ փոխելով՝ այր մարդոց  փոխարէն՝  իգական սեռի ներկայացուցիչներ պիտի  մարմնաւորեն տուեալ կերպարները: 

Հարց.  Յակոբ  Պարոնեանի կերպարները  մնայուն ներկայութիւն են  մեր իրականութեան  մէջ:

Պատ. Անշուշտ այս  իրականութիւնն ալ ի մտի ունէի, երբ  դերասանական կազմին եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի վարչութեան առաջարկեցի այս գործը: Յակոբ  Պարոնեանի ստեղծագործութիւնները, անոր կերպարները միշտ ալ արդիական կը մնան: Մարդիկ, ինչպէս երէկ, այսօր եւս մեծ հաճոյքով կը  փնտռեն, կ’ընթերցեն  Յակոբ Պարոնեանը: Յակոբ  Պարոնեանի կերպարները մեզի  հետ  են այսօր: Միշտ ներկայ են  մարդկութեան հետ: Շատ դիպուկ  բնորոշած է Յակոբ Պարոնեան, երբ կ’ըսէ՝ մարդիկ   բնութեան  օրէնքներուն պիտի  հետեւին, սակայն  չեն կրնար, որովհետեւ  քաղաքավարութիւնը կ’արգիլէ այդ մէկը:

Հարց.  Նոր դերասաններ պիտի  տեսնե՞նք բեմին վրայ:

Պատ. Այո՛, նախորդ երկու ներկայացումներուն կազմը պահած եմ: Յատուկ հրաւիրած եմ Գարմէն Պալեանը: Շատ կը  գնահատեմ անոր երաժշտական կարողութիւնները: Իբրեւ  նորամուտ՝ պիտի տեսնէք փոքր մանչս՝ Հրակ Մկրտիչեանը եւ Ռաֆֆի Ճըրճըրեանը: Դերասանական կազմը ՀԲԸՄ- ՀԵԸ- «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի վարչութեան    համատեղ աշխատանքով հաճելի ժամանց մը պիտի պարգեւէ  լիբանանահայ թատերասէր հասարակութեան: Այս առիթով  կանխաւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ թատերական  վարչութեան  բոլոր  անդամներուն՝ կամաւոր, սիրայօժար աշխատանքին  եւ  վարչութեան՝  ցուցաբերած  օժանդակութեան  համար:

Սկիզբը շաբթական երկու փորձ կը կատարէինք, վերջին  ժամանակաշրջանին փորձերը դարձան ամէնօրեայ:  Աշխատանք մը բեմ հանելու  համար կը  պահանջէ զանազան  զոհողութիւններ: Պէտք է ըսեմ, որ թատրոնի վարչութիւնը,  դերասանական կազմը բոլորն ալ այս գիտակցութեամբ սկսան աշխատանքի: Վստահ եմ, որ հանդիսատեսը պիտի գնահատէ  այդ աշխատանքը:

 «Քաղաքավարութեան Վնասները» ներկայացման  առիթով,  շատ պիտի փափաքէի, որ այս ներկայացումը նուիրուած ըլլար  «Ուստա»-ին՝ Պրն. Մատթէոս Աւագեանի «Ուստա»-ին  յիշատակին: Տարիներու գործընկերս եղած է ան: Երկար  տարիներ գործակցած ենք: Վստահ եմ, որ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի վարչութիւնը պիտի ընդառաջէ  այս փափաքիս: Մատթէոս Աւագեան երկար տարիներ   ծառայած է լիբանանահայ թատրոնին, յատկապէս ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին: «Ուստա»-ն  սիրուած  եւ յարգուած էր բոլորէն՝ իր ծառայասիրութեամբ, նուիրումով եւ աշխատասիրութեամբ:

Հարց.  Յաջողութիւն կը  մաղթենք Ձեր աշխատանքներուն:

Պատ. Շնորհակալութիւն:

ՀԵԸ-Ի  ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին