*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Մեր ճամբէն խաւար, մեր ճամբէն գիշեր,
Ու մենք անհատնում
Էն անլոյս մըթնում
Երկա՜ր դարերով գընում ենք դէպ վեր
Հայոց լեռներում,
Դըժար լեռներում։
Տանում ենք հընուց մեր գանձերն անգին,
Մեր գանձերը ծով,
Ինչ որ դարերով
Երկնել է, ծընել մեր խորունկ հոգին
Հայոց լեռներում,
Բարձըր լեռներում։
Յովհաննէս Թումանեան
Երկրաբանութիւնը գիտութիւններու համալիր է երկրագունդի, մասնաւորապէս երկար կեղեւի կազմի, ֆիզիքական յատկութիւններու, կառուցուածքի, զարգացման պատմութեան, օգտակար հանածոներու յառաջացման, տեղաբաշխման եւ որոնման մասին: Երկրաբանական պատկերացումներու եւ ուսումնասիրութիւններու պարզունակ միջոցներ մշակուած են Հին Յունաստանի, Հռոմի, Չինաստանի եւ Եգիպտոսի մէջ: «Գեոլոգիա» բառը արդի իմաստով առաջինը օգտագործած է նորվեկացի բնախոյզ Մ. Էշոլթը 1657 թուականին: Երկրաբանութիւնը գիտական հիմքի վրայ դրուած է 16–18 դարերուն, իսկ 18–19 դարերուն ձեւաւորուած է որպէս բնագիտութեան առանձին ճիւղ:
Գիտութեան զարգացման զուգընթաց մայր գիտութենէն սերած են քարագիտութիւնը, երկրակառուցուածքի գիտութիւնը, հնէաբանութիւնը, շերտագրութիւնը, հանքաբանութիւնը, երկրատարրաբանութիւնը, երկրաբնագիտութիւնը եւ այլն: Երկրաբանական գիտութեան զարգացման գործին մէջ իրենց աւանդը ներդրած են Ա. Վեռները, Ու. Սմիթը, Ն. Բոուեն, Հ. Հեսը, Հ. Աբիխը, Կ. Բաֆենհոլցը, Ի. Շչուկինը եւ այլք:
ՀՀ-ի մէջ երկրաբանական առաջին ուսումնասիրութիւնները մեկնարկած են 19 դարու սկիզբը, իսկ աւելի մանրամասն եւ խոր հետազօտութիւններ կատարուած են 1945-էն ետք: Այսօր Հայաստանի մէջ երկրաբանական տեղեկութիւններ կրնաք ձեռք բերել երկրաբանական թանգարանին մէջ, որ հիմնադրուած է 1937-ին ականաւոր երկրաբան, գիտութեան վաստակաւոր գործիչ, փրոֆ. Յ. Կարապետեանի նախաձեռնութեամբ եւ անմիջական ղեկավարութեամբ: Թանգարանի առաջին ցուցադրումը կազմակերպուած է իր հարուստ հաւաքածոյի հիման վրայ եւ յետագային համալրուած է հիմնականը Հայաստանի երկրաբաններու ցուցանմոյշներով: Յ. Կարապետեանի մահէն ետք (1943) թանգարանին իր անունը շնորհուեցաւ 1944 թուականին:
2012 թուականին թանգարանին մէջ բացուեցաւ ամերիկահայ նմոյշահաւաք Ա. Տիլտիլեանի անուան հանքերու յատուկ սրահ, ուր ցուցադրուած են ինչպէս իր կողմէ թանգարանին նուիրուած՝ տարբեր երկիրներու հանքավայրերու հազուագիւտ 1400 հանքերէն 750-ը, այնպէս ալ Հայաստանի երկրաբաններու կողմէ նուիրուած հանքերը:
Վերջին տարիներուն թանգարանին մէջ իրականացուած են շարք մը զգալի նորամուծութիւններ: Ստեղծուած է «Բնագէտ» բնասիրական ակումբը, որուն տարբեր տարիքային խումբերու երեխաները կը ծանօթանան Հայաստանի երկրաբանութեանն ու բնապահպանական առկայ հիմնախնդիրներուն: Թանգարանը կը կազմակերպէ բաց դասեր, ուսումնական արշաւներ, զբօսարշաւներ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ առաջադուող մրցոյթներու ծիրէն ներս:
2016-ին թանգարանը մաս կազմեց izi.TRAVEL հոլանտա-շուէտական կազմակերպութեան, որ հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ նորովի բացայայտելու թանգարանները եւ քաղաքները, ինչպէս նաեւ խթանելու մշակութային եւ զբօսաշրջային կազմակերպութիւններու աշխատանքը:
Երկրաբանական Թանգարանի զարգացման գործին մէջ մեծ աւանդ ունին թանգարանի վարիչներ՝ Ս. Լուսեանը , Ա.Ն. Յակոբեանը , Ս.Տ. Տիգրանեանը , Ն.Ա. Սահակեան-Գոզալեանը , Ի.Գ. Գասպարեանը , Լ.Ա. Աւագեանը , Գ.Բ. Մեժլումեանը եւ Ա.Գ. Գրիգորեանը: 2011 թուականէն երկրաբանական թանգարանը կը ղեկավարէ Գայանէ Գրիգորեանը, որ սիրով ընդունեց ու ներկայացուց մեզ թանգարանի պատմութիւնն ու գործունէութիւնը:
«Զ.» -Տիկին Գայանէ, կը պատմէ՞ք՝ ի՛նչ պատմութիւն ունի թանգարանը: Ո՞վ էր Յովհաննէս Կարապետեանը:
«Գ. Գ.» – Երկրաբանական թանգարանը 1937 թուականին հիմնադրած է յայտնի երկրաբան Յովհաննէս Կարապետեանը, որ, իր մեծաթիւ հաւաքածոյէն բացի, թանգարանին տրամադրած էր Աբովեան փողոցը գտնուող իր երկյարկանի առանձնատունը: Մինչեւ 2008 թուականը թանգարանը տեղակայուած էր 19-րդ դարու վերջաւորութեան կառուցուած այդ գողտրիկ երկյարկանի շէնքին մէջ: Այսօր թանգարանը հանգրուանած է Բաղրամեան պողոտային վրայ գտնուող Գիտութիւններու ակադեմիայի երբեմնի տպարանի շէնքին մէջ: Կը կարծեմ, այս շէնքը աւելի յարմար է, քանի որ մենք անմիջական կապ ունինք հիմնարկի հետ: Հայաստանը, ինչպէս նաեւ մեր ցուցանմոյշները ներկայացնելու համար տարածքը շատ փոքր է: Թանգարանի հաւաքածոն կը կազմէ աւելի քան 14000 նմոյշ, որոնցմէ կը ցուցադրենք աւելի քան 2500-ը: Ես կը խորհիմ, որ նմանատիպ թանգարաններու համար, ժամանակակից պայմաններէն մեկնելով, աւելի մեծ տարածքներ պէտք են:
«Զ.» -Ի՞նչ բաժիններու բաշխուած է ցուցադրութիւնը: Ի՞նչ կրթական ծրագիրներ կ’իրականացնէ թանգարանը:
Թանգարանի հիմնական խնդիրը ՀՀ երկրաբանական կառուցուածքի, ընդերքի հարստութիւններու, երկրաբանական նուաճումներու ցուցադրումն է։ Թանգարանին մէջ ցուցադրուած են օգտակար հանածոներու, ապարներու, բրածոյ կենդանիներու (ուշագրաւ է Կիւմրիի աւազահանքին մէջ յայտնաբերուած նախապատմական փիղի կմախքը) եւ բոյսերու նմոյշներ, քարտէսներ։ Գանձարանը կայ աւելի քան 14 հազար նմոյշ (98%-ը՝ ՀՀ տարածքէն), որոնցմէ կը ցուցադրուին 50%-ը։ Ցուցանմոյշները ցուցադրուած են 6 բաժիններու մէջ՝ հանքաբանութեան, հնէաբանութեան, քարաբանութեան, օգտակար հանածոներու, Հայաստանի հանքային ջուրերու եւ Հայաստանի բնական յուշարձաններու։ Ցուցադրուած նմոյշները պարբերաբար կը փոխարինուին նորերով։ Թանգարանի այցեքարտը նախապատմական փիղի կմախքն է (կմախքի բացակայող հատուածները հաւաքուած են գաճով): Նախապատմական այս փիղերը ապրած են մօտաւորապէս 1.5 մլն տարի առաջ: Անոնք մամոնաներու նախնիներն էին:
Թանգարանին մէջ ստեղծած ենք նաեւ պզտիկ լսարան մը, ուր կը ներկայացնենք ֆիլմեր երկրաբանութեան վերաբերող տարբեր թեմաներով, կը կազմակերպենք նաեւ քննարկումներ, կրթական ծրագիրներ երկրաբանական գործընթացներէ յառաջացած օգտակար հանածոներու վերաբերեալ: Ծրագիրները շատ խանդավառ մթնոլորտի մէջ կ’ընթանան, թանգարանը գրեթէ ամէն օր մօտ 100 այցելու կ’ընդունի, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ կը լսեն դասընթացքը: Ծրագիրները հիմնականը առնչուած են բնապահպանութեան, աշխարհագրութեան, երկրաբանութեան, օգտակար հանածոներուն: Շատ յաճախ մենք ուսուցիչներու եւ դասախօսներու հետ միասին կը կազմակերպենք կլոր-սեղան քննարկումներ, ուր կը քննարկենք, թէ ինչպիսի՛ առարկայական մօտեցումներ ցուցաբերենք, որպէսզի երեխաները աւելի լայն տեղեկութիւններ ստանան թանգարանէն, որ կը համապատասխանէ դպրոցական ծրագիրներուն: Թանգարանը մեծ լսարան է եւ աշխատանոց, ուր երեխաները կրնան տեսնել, լսել եւ շօշափել, փորձեր կատարել, այս ամէնը բնականաբար շատ աւելի առարկայական եւ հետաքրքրական կը դարձնէ թանգարան այցը:
«Զ.» – Գիտական ի՞նչ գործունէութիւն կը ծաւալէ թանգարանը: Ի՞նչպէս կ’իրականացուին զբօսարշաւները:
«Գ. Գ.» – Թանգարանը նաեւ գիտական աշխատանքներ կը կատարէ: Մենք ունինք գիտական յօդուածներ գիտական տարբեր համաժողովներու մասնակցելու համար: Թանգարանը նաեւ Գերմանիոյ մէջ մասնակցած է «Մեծահասակներու կրթութիւնը թանգարանին մէջ» ծրագիրին: Բացի այդ, թանգարանը իր սահմաններէն դուրս կու գայ, քանի որ մենք բնութեան հետ կապ ունինք եւ պէտք է բնութեան մէջ դիտարկենք այն ամէնը ինչ բնութենէն թանգարան բերած ենք, իսկ ասիկա շատ կարեւոր է ոեւէ հայ մարդու եւ, ինչու չէ, նաեւ զբօսաշրջիկներուն համար: Կը կարեւորեմ հայ մանուկին եւ հայ երիտասարդին հայաստանեան կրթութիւնը, սերտ կապեր ունինք նաեւ Հայաստանի բոլոր ուսումնական հաստատութիւններու ուսանողներուն հետ:
Զբօսարշաւները երկու ծրագիրներով կ’իրականացուին: Ունինք պարզապէս շրջայց 45 վայրկեան տեւողութեամբ, ինչպէս նաեւ կրթական ծրագիրներ՝ մէկ ժամ տեւողութեամբ քարերու զարմանահրաշ աշխարհի, հրաբուխներու եւ այլ թեմաներու վերաբերեալ: Ասկէ զատ անդրադարձ կը կատարենք բնապահպանական տօներուն, քանի որ այսօր ասիկա շատ կարեւոր խնդիր է եւ թանգարանը կրնայ շատ մեծ դեր խաղալ բնապահպանական կրթութեան գործին մէջ: Արդէն վեց տարիէ կ’իրականացնենք այդպիսի ծրագիրներ. օրինակ՝ «Ջուրի համաշխարհային օր», «Երկիր մոլորակը իմ տունն է»:
Թանգարանը ամէն տարի կը մասնակցի «Թանգարանային գիշեր» ծրագիրին, որ մեծապէս օգնած է թանգարանը աւելի ճանաչելի դարձնելու հանրութեան: Մենք աշխատած ենք այնպիսի ծրագիրներ ստեղծել, որ հետաքրքրական ըլլայ թէ՛ նախադպրոցական տարիքի երեխաներուն եւ թէ՛ մեծահասակներուն համար: Կը փորձենք պահպանել փոխյարաբերութիւնը, քանի որ մեծ խնդիր կայ մեծահասակներու զբաղուածութիւնը ապահովել:
«Զ.» -Ովքե՞ր են թանգարանի բարեկամներն ու բարերարները: Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք սփիւռքի հետ:
«Գ. Գ.» – Սփիւռքի հետ առանձնապէս ծրագիրներ տակաւին չենք իրականացուցած, բայց ասիկա այն թանգարանն է, որ սփիւռքի երեխային եւ բնակիչին աւելի ճանաչելի պիտի դարձնէ Հայաստանի կարեւորագոյն յատկութիւնները: Հայաստանը երկրաբանական առումով շատ ուշագրաւ է եւ կրնայ ուսումնական, ուսումնաճանաչողական եւ երկրաբանական զբօսաշրջութեան կարեւոր տարածք հանդիսանալ ոչ միայն մեր դպրոցահասակ երեխաներուն, այլ նաեւ ուսանողներուն համար: Շատ կարեւոր կը համարեմ <<Զարթօնք>>-ի հետ մեր հանդիպումը, քանի որ սփիւռքի հետ մեր կապը այդքան ալ մեծ չէ: Համացանցին վրայ ունինք թանգարանի փաստացի տարբերակը: Իսկ 2016 թուականին թանգարանը մաս կազմեց izi.TRAVEL հոլանտա-շուէտական կազմակերպութեան, որ հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ թանգարաններն ու քաղաքները նորովի բացայայտելու, ինչպէս նաեւ խթանելու մշակութային եւ զբօսաշրջային կազմակերպութիւններու աշխատանքը: Սփիւռքի մէջ լուսաբանումը շատ կարեւոր կը համարեմ: Մենք ծրագիր մը մշակած ենք, որ կը ներառէ ե՛ւ թանգարանը, ե՛ւ բնութիւնը, ե՛ւ հայրենաճանաչութիւնը նաեւ ազգային կերակուրդ տուեալ տարածաշրջանին մէջ: Ատիկա Ճէոզբօսաշրջութեան առաջին փորձն էր, զոր մենք փորձեցինք իրականացնել Գերմանիոյ կողմէ փոքրիկ ծրագիրի ծիրէն ներս: Կը կարծեմ, որ այս ծրագիրները շատ հետաքրքրական են եւ ուսանելի:
Արտերկրի մէջ ունինք շատ հայրենակիցներ, որոնք, երկրաբաններ ըլլալով, տարբեր երկիրներու մէջ հանգրուանած են, սակայն կը ցանկայի, որ մեր այս փոքրիկ օճախի մասին չմոռնային, որովհետեւ նախադէպ ունինք, որ երկրաբաննները իրենց հաւաքածոները կը նուիրաբերեն թանգարանին: Այս ձեւով թանգարանը կը հարստացնէ իր հաւաքածոն եւ կը ծառայէ իր բնակիչին:
Նախորդ տարի մենք մասնակցեցանք Չինաստանի մէջ կազմակերպուած «Մէկ գօտի մէկ ճանապարհ» ծրագիրին: Իսկապէս շատ կարեւոր ծրագիր էր, որուն առթիւ թանգարանը ներկայացուց, թէ ինչպիսի՛ ծրագիրներ ունի եւ ի՛նչպէս կարելի է համագործակցիլ դուրսի նմանատիպ թանգարաններուն հետ: Թանգարանին մէջ դուք կրնաք տեսնել այդ միջոցառման վերաբերող նկարներ եւ տեղեկութիւններ:
2012-ի Սեպտեմբեր 16-ին թանգարանին մէջ բացուած է Արա Ցոլակ Տիլտիլեանի անուան հանքերու սրահը, ուր կը ցուցադրուին նմոյշներ աշխարհի տարբեր հանքավայրերէն։ Ցուցանմոյշները դասակարգուած են՝ մեկնելով անոնց քիմիական կազմէն՝ որձաքարի խումբ, կայծքարատներ, նռնաքարեր, բնածին տարրեր։ Որձաքարի խումբին մէջ ցուցադրուած են 23 նմոյշներ, որոնցմէ մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն մեղեսիկները, հերկիմեր ադամանդը, ցիտրինը եւ այլն։ Որձաքարի խումբի հանքերը հանդէս կու գան բիւրեղային տարբեր հատիկներու զանգուածային ձեւերով՝ դրուզներով, մոնոբիւրեղներով եւ այլն։ Արա Տիլտիլեանի հաւաքածոյի համար հիմք հանդիսացած էր Անատոլիոյ գոլէճի հարեւանութեամբ գտնուող երկրաբանական թանգարանին մէջ տեղի ունեցած հետաքրքրական զբօսարշաւը, որուն ատեն ան տակաւին հինգ-եօթը տարեկան էր: Այս զբօսարշաւը հիմք հանդիսացաւ իր հաւաքածոյի ստեղծման համար: Սրահի ստեծումէն ետք Հայաստան ժամանած էր հարաւային Քոնեքթիքութի պետական համալսարանի փիլիսոփայութեան ամպիոնի վարիչ փրոֆէսոր, յայտնի ցեղասպանագէտ, դոկտոր Արմէն Մարսուբեանը, որ նաեւ ազգակից էր Արա Տիլտիլեանին: Շրջելով թանգարանի հանքերու յատկացուած սրահին մէջ՝ ան խորին շնորհակալութիւն յայտնած է Երկրաբանութեան հիմնարկի ամբողջ անձնակազմին, որոնք ձեռնամուխ եղած են այս սրահի կազմաւորման գործին մէջ: Նաեւ կարեւորած է թանգարանի աշխատակիցներու անմիջական հոգատար վերաբերմունքը իր քեռիին` Արա Ցոլակ Տիլտիլեանի նուիրաբերած ցուցանմոյշներու նկատմամբ նման հոգածութեան եւ հանրութեան հանդէպ իր ներկայացուածութեան համար:
«Զ.» – Որոշ երեւակայութիւն ունենալու պարագային թանգարանին մէջ տեղի ունեցող զբօսարշաւը կը վերածուի իսկական ճամբորդութեան՝ դէպի երկրագիտական հեռաւոր ժամանակաշրջանները, որոնք լեցուն էին անսպասելի ու անհաւանական յայտնագործութիւններով: <<Զարթօնք>>-ի պտոյտներուն հետ միասին դուք ալ կրնաք ծանօթանալ այս ուշագրաւ եւ կարեւոր թանգարանին եւ հետեւաբար նորանոր տեղեկութիւններ ձեռք բերել անոր մասին: Յիշեցնենք, որ Երկրաբանական թանգարանը մինչեւ 2010 թուականը տեղակայուած էր Աբովեան փողոցը գտնուող, 19-րդ դարու վերջաւորութեան կառուցուած գողտրիկ երկյարկանի շէնքին մը մէջ: Այսօր թանգարանը ի վերջոյ հանգրուանած է Բաղրամեան պողոտային վրայ գտնուող Գիտութիւններու ակադեմիոյ երբեմնի տպարանի շէնքին մէջ:
Հեռ. +37491647009
Ե-նամակ` gayane347@gmil.com
Կայք` www.geology.am