Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Էդուարդ Միրզոյեանի Անուան Պատանի Երգահաններու 5-րդ Հանրապետական Մրցոյթը Պիտի Կայանայ Մայիսին

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան, Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ եւ Հայաստանի երգահաններու միութեան նախաձեռնութեամբ` Մայիս 10-12 պիտի իրականացուի Էդուարդ Միրզոյեանի անուան պատանի երգահաններու 5-րդ հանրապետական մրցոյթը, որ կը նուիրուի Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակին:

Ըստ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ մրցոյթին կրնան մասնակցիլ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի մինչեւ 18 տարեկան հայ պատանի ստեղծագործողները:

Մրցոյթի աւագ խումբի (14-18 տարեկան) մասնակիցները, բացի գործիքային ստեղծագործութենէ մը, պէտք է ներկայացնեն նաեւ երգ մը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ քաղաքամայր Երեւանին: Ի դէպ, լաւագոյն երգը պիտի պարգեւատրուի Երեւանի քաղաքապետի պատուոգիրով:

Կրտսեր խումբին մէջ (մինչեւ 13 տարեկան) նախորդ տարիներու համեմատ կատարուած է փոփոխութիւն․ պատանի երգահանը կրնայ ներկայացնել ցանկացած գործիքի համար գրուած մէկ ստեղծագործութիւն` նախկին պարտադիր պայման դաշնամուրային ստեղծագործութեան փոխարէն:

Երգահանական ստուգատեսի բոլոր մասնակիցները պիտի պարգեւատրուին մասնակցութեան վկայականներով, իսկ մրցանակային տեղեր զբաղեցուցած մասնակիցները` վկայականներով, խրախուսական նուէրներով: Մրցոյթի երկու ենթախումբերու յաղթողները պիտի պարգեւատրուին նաեւ դրամական պարգեւներով: Երկու ենթախումբերու յաղթող մասնակիցներու ուսուցիչները եւս պիտի պարգեւատրուին դրամական պարգեւներով:

Յայտերու ընդունման ժամկէտը Մայիս 5-ն է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին