Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի դահլիճին մէջ Փետրուար 21-ին տեղի ունեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան պատուերով 2016-2017 թուականներու հրատարակուած «Գրական արեւմտահայերէնի եւ ՀՀ տարածքում գործառող Կը ճիւղի բարբառների առնչութիւնները», «Գրական արեւմտահայերէնի ուսումնասիրութեան պատմութիւն», «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման ուղիները», «Քրտերէն-հայերէն, հայերէն-քրդերէն գործնական բառարան», «Արեւմտահայերէն (կանոնակարգ եւ խնդիրներ)» գիրքերու շնորհանդէսը եւ «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքի մէկամեայ ձեռքբերումներու ներկայացումը:
Ողջունելով հիւրերը` Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորեց ներկաները Մայրենիի օրուան առթիւ եւ նշեց, որ այն մեր ամենապայծառ եւ ամենապարտաւորեցնող տօներէն մէկն է: «Իւրաքանչիւր հայ մարդ, պետական եւ հասարակական գործիչ իր գլխաւոր խնդիրներէն մէկը պիտի համարէ մայրենի լեզուի անաղարտութեան պահպանումը: Եւ այսօր կը դիմեմ բոլոր պաշտօնեաներուն, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն, այն մարդոց, որոնք կը խօսին հայերէն, որպէսզի հոգ տանին հայոց լեզուին: Ինչպէս Աւ. Իսահակեան կ’ըսէր, մայրենին պէտք է ապրիլ, զգալ, օտար լեզուն` սորվիլ, հասկնալ»,- նշեց Սփիւռքի նախարարը:
Անդրադառնալով արեւմտահայերէնին նուիրուած գիրքերուն` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծեց, որ այս ուսումնասիրութիւնները պէտք է դառնան մայրենիի ուսուցման գործընթացի կարեւոր բաղադրիչները եւ հասանելի ըլլան սփիւռքեան դպրոցներուն: «Առաջին եւ գլխաւոր խնդիրը դպրոցական գրականութեան, միասնական դասագիրքերու ստեղծման հարցն է: Այս խնդիրները տեղ գտած են նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ մշակուած` արեւմտահայերէնի պահպանման, զարգացման եւ կանոնակարգման ռազմավարական ծրագիրին մէջ: Պէտք է Հայաստանի մէջ բնակող սուրիահայ ուսուցիչներու ներուժը եւս օգտագործենք: Ե՛ւ աւագ դպրոցի, ե՛ւ համալսարաններու, ե՛ւ մշակոյթի տարբեր բնագաւառներու մէջ պիտի օգտագործուի նաեւ արեւմտահայերէնը: Ժամանակն է, որ խօսքէն անցնինք գործի»,- շեշտեց նախարարը:
Լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիկտոր Կատուալեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարին եւ նախարարութեան արեւմտահայերէնը պետականօրէն պահպանելու գործին մէջ նախանձախնդիր ըլլալու եւ ռազմավարութեան նախագիծին մէջ յստակ քայլեր նախանշելու համար:
Ելոյթներ ունեցան նաեւ Լեզուի պետական տեսչութեան ղեկավար Սերգօ Երիցեան եւ Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան: Անոնք յատկապէս կարեւոր համարեցին արեւմտահայերէնի` հայաստանեան դպրոցներու մէջ փորձնական ծրագիրով դասաւանդումը եւ արեւմտահայ գրականութեան հանրահռչակումը:
Այնուհետեւ գիրքերու հեղինակները ներկայացուցին իրենց կողմէ մշակուած հետազօտութիւնները: «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման ուղիները» հետազօտութեան համահեղինակ, «Արեւմտահայերէն (կանոնակարգ եւ խնդիրներ)» գիրքի հեղինակ Յակոբ Չոլաքեան նշեց. «Տասնամեակներ շարունակ Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցիչ եւ դասագիրքերու հեղինակ ըլլալով` հաստատուեցայ Հայաստան ու հասկցայ, որ գիտական ուսումնասիրութիւններ իրականացնելու անհրաժեշտութիւն կայ: Արեւմտահայերէնը դժուար ճանապարհ անցած է, 19-20-րդ դարու Զարթօնքի շրջանի եւ գեղագէտներու սերունդները ուղղակի ծաղկունքի հասցուցին արեւմտահայերէնը: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք ցիրուցան եղած «մնացորդաց» սերունդը, որ սփիւռքահայ գրականութեան ու մշակոյթի հունտերը սերմանեց` դարձաւ հրաշագեղ արեւմտահայերէնի վերածնունդի նոր երաշխաւոր` Անդրանիկ Ծառուկեան, Մուշեղ Իշխան, Վահէ Վահեան եւ այլք: Այսօր կը կրկնեն որ արեւմտահայերէնը վտանգուած է: Մեզի պէտք է ընդամէնը բորբոքել վերածնունդի ոգին: Առանց լեզուի չկայ յաւիտենականութիւն»:
Շնորհանդէսի աւարտին «Հայկաշխարհ» (https://armlands.com/) արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքի համահիմնադիր Նայիրի Մկրտիչեան ներկայացուց մէկամեայ կայքի ձեռքբերումները եւ համացանցի միջոցով արեւմտահայերէնի գիտելիքները զարգացնելու հնարաւորութիւնները: Մանկապատանեկան կայքը առաջինն է իր տեսակին մէջ, ունի շաբաթական 10 հազար ընթերցողներ, որոնք աշխարհի 38 երկիրներէ են: Նայիրի Մկրտիչեան նշեց, որ կայքը տեղեկատուութեան աղբիւր է սփիւռքի ուսուցիչներուն համար եւ մեծ հարթակ սփիւռքահայ պատանիներու համար:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ արեւմտահայերէնի խնդիրներուն նուիրուած կլոր սեղան-քննարկում: