Կիրակի, 03. 11. 2024

spot_img

«Վարդանանց»-ի Ոգեկոչումը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանէն Ներս

«Չերկնչինք եւ չվախնանք հեթանոսներու բազմութենէն, իսկ եթէ հասած է ժամանակը՝ մեր կեանքը սուրբ մահով աւարտելու այս պատերազմին, մահը ընդունինք ուրախ սրտով, միայն թէ արիութեան ու քաջութեան մէջ վախկոտութիւն չխառնենք»:
Վարդան Մամիկոնեան

Վարդանանց պատերազմը Մարզպանական Հայաստանի տարածքին տեղի ունեցած ապստամբութիւնն է՝ ուղղուած Սասանեան արքունիքին, որուն նպատակն էր քրիստոնէադաւան հայերու շրջանին տարածել զրադաշտականութիւնը եւ աստիճանաբար հայերը ձուլումի տանիլ: Համահայկական պայքարը կը գլխաւորեն ժամանակի հայկական նախարարական տուները: Անոնց կողքին կը կանգնի Հայ Առաքելական եկեղեցին:

Վարդանանքի յիշատակը պանծացնելու համար վարժարանիս Մանկապարտէզի փոքրիկները շաբաթէ մը աւելի զբաղած էին՝ քաջն Վարդանի, Ս. Ղեւոնդ Երէցի եւ Աւարայրի ճակատամարտի մասին պատմութիւններ մտիկ ընելով ու ձեռային աշխատանքներ պատրաստելով: Անոնք նաեւ բեմականացուցին Վարդանանցը, տողանցեցին ու երգեցին հայրենասիրական երգեր:

Իսկ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները, Երեքշաբթի, 13 Փետրուար 2018-ին վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահին մէջ ներս ոգեկոչեցին «Վարդանանց» տօնակատարութիւնը, ներկայութեամբ Արժանապատիւ Տէր Դանիէլ Քահանայ Մանճիկեանի, յարգարժան ներկայացուցիչներու, վարժարանիս հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ծնողներու:

Յայտագիրը սկսաւ նախակրթարանի Գ. դասարանի աշակերտներու կատարողութեամբ՝ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք Հայ Գրականութեան եւ Հայոց Պատմութեան դասատու Պրն. Աւետիս Տիպան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ Վարդանանց հերոսութիւնը մեզի համար միայն պատմութիւն կամ յիշողութիւն չէ, այլ կենդանի խոհրդանիշ է պայքարի, զոր միշտ պիտի մղենք: Արդի ժամանակներուն, հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներ եւ խնդիրներ կը սպառնան մեր ժողովուրդին: Այսօր եւս կարիքը ունինք Վարդանանց ոգիին ազգի միութիւնն ու միաբանութիւնը ամրապնդելու համար: Ան իր խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով, թէ 451 թուին հայ ժողովուրդը իր իշխանական ու հոգեւորական աւագանիով, զինուորներով ու համեստ զաւակներով միացեալ բռունցք դարձաւ եւ դէմ դրաւ մեր քրիստոնէական ու ազգային դիմագիծին սպառնացող մեծ վտանգի մը, կեանքի գնով պայքարեցաւ, նահատակուեցաւ հաւատքի ու հայութեան պահպանումին, արձանագրեց պատգամ մը, որ եղաւ գրաւականը մեր հայրենիքի ու ժողովուրդի գոյատեւումին՝ հայօրէն վերապրումին:

Յայտագիրը շարունակուեցաւ «Վարդանանք» խմբային արտասանութեամբ նախ. Գ. դասարանի աշակերտներու կատարողութեամբ, որմէ ետք նախ. Զ., Միջն. Ա., Բ. եւ Գ. դասարանները ներկայացան «Զարթօնք» պարով, ապա նախ. Բ. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Վարդանանք» թատերախաղը:

Իսկ նախ. Ա. եւ Գ. դասարաններու աշակերտները իրենց քաղցրահնչիւն երգեցողութեամբ հանդէս եկան «Իմ Հայրենեաց Հոգի Վարդան» խմբերգով: Նախ. Ա. դասարանը ներկայացաւ «Աւարայրի    Խորհուրդը» խմբային     արտասանութեամբ:

Աւարայրը կը շարունակուի մինչեւ այն ատեն, քանի դեռ անհրաժեշտութիւնը կայ մեր սրբազան արժէքներու պահպանութեան, եւ այդ տեսակէտէն մեկնելով նախ. Դ., Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին «Հայուն Երգը» եւ «Մենք քաջ Վարդանի Զաւակներն Ենք» խմբերգները, իսկ նախ. Ե., Զ. եւ միջն. Ա. դասարանները՝ Համբիկ Մարտիրոսեանի «Պատգամ Վարդանանց» բանաստեղծութեան խմբային արտասանութեամբ:

Վերջապէս բեմահարթակ բարձրացաւ Արժանապատիւ Տէր Դանիէլ Քահանայ Մանճիկեան, որ, սիրայօժար ընդառաջելով վարժարանիս հրաւէրին, մեր մէջ ներկայ գտնուեցաւ դիւրամատչելի ոճով աշակերտներուն ներկայացնելու օրուան պատգամը: Ան Վարդանանցի պատմագրականը կատարելէ ետք շեշտեց, թէ ճի՛շդ է, որ այսօր չկայ  մեր մէջ զրադաշտական կրօնը պարտադրող Պարսկաստանը, բայց եթէ աւելի արթուն ըլլանք, պիտի տեսնենք, որ վարդանանց Պատերազմը տակաւին կը շարունակուի, ո՛չ թէ աշխարհագրական գետնի վրայ, ո՛չ թէ միայն Աւարայրի դաշտին վրայ, ա՛յլ ամէն տեղ: Մեր տուներուն, ընտանիքներուն եւ մեր շրջապատին մէջ: Ամէն ժամանակներէ աւելի պէտք է   պատրաստ ըլլանք պայքարելու մեր թշնամիներուն դէմ:

Այսօր կան այնպիսի  հոսանքներ, որոնք մեզ կը տանին դէպի համաշխարհայնացում: Հազարաւոր հոսանքներ կան, որոնք մեզ կը հեռացնեն  մեր մայրենի լեզուէն, մեր կրօնքէն, մեր եկեղեցիէն, մեր  Հայ՛ դպրոցէն եւ հայ ընկերութենէն:

Որպէս նոր սերունդ, իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է պայքարելու մեր լեզուի եւ կրօնքի անաղարտ գոյատեւման եւ զարգացման համար: 

Հանդիսութեան աւարտին, տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց քահանայ հօր, ապա հրաւիրեց վարժարանիս հոգաբարձութեան անդամ՝ Տիար Պերճ Արապեանը, որ յուշանուէրով պատուեց  օրուան հիւր բանախօսը:

Վահան    Թէքէեան Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին