Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Անտոնեան նշած է, որ կեդրոնի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է 2017 թուականի Մայիս 21-ին:

«Կեդրոն այցելած են բազմաթիւ երկիրներէ ժամանած զբօսաշրջիկներ, անոնք այնքան տպաւորուած էին կեդրոնով՝ ըսելով, որ իրենք բացայայտեցին հոգեւոր, մշակութային նոր Հայաստանը: Անոնք մեզի հետ հայկական պարեր պարած են, ծանօթացած եւ նոյնիսկ մասնակցած են ծիսակատարութիւններուն, ինչպէս նաեւ համտեսած մեր աւանդական կերակուրները»,- «Արմենփրէս»-ի հաղորդմամբ, ըսած է Անտոնեան:

 «Երբ վերադարձայ Սանահին, նկատեցի, որ գիւղին մէջ երեխաներուն մէջ աշխուժութիւն չկայ: Մտածեցի, եթէ ես ունիմ ներուժ եւ մանկավարժի փորձ, ինչո՞ւ չստեղծել նման կեդրոն: Ես եւ ամուսինս` Սօս Մարտիրոսեանը որոշեցինք մեր պապենական տունը դարձնել զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի կեդրոն»,- պատմելով կեդրոնի ստեղծման գաղափարին մասին` ըսած է բանախօսը:

Նիւթը պատրաստուած է «Բացայայտիր երկիրդ» արշաւի ծիրէն ներս ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի եւ Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամի աջակցութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին