Շաբաթ, 09. 11. 2024

spot_img

Լուսաւորեալ Մըն Էր Հայր Անդրանիկ

Մենք Բախտաւոր Ենք Ժամանակակիցները Եղած Ըլլալու Այս Մեծ ՄԱՐԴՈՒՆ

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Այսօր` 20 Յունուար 2018, Հայր Անդրանիկ Կռանեանի ծննդեան 89-ամեակն է: Ան ֆիզիքապէս մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ 27 Սեպտեմբեր 2017-ին, սակայն իր գծած լուսաւոր ուղին պիտի շարունակէ առաջնորդել մեզ:

Հետեւեալ գրութիւնը հատուած մըն է 4 Մայիս 2016-ին ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան կազմակերպութեամբ կայացած Հ. Անդրանիկ Կռանեանի կեանքը եւ ստեղծագործական ուղին մեծարող ձեռնարկին ընթացքին այս տողերը գրողիս արտասանած խօսքէն:

***

Հայր Անդրանիկը մտաբերել առանց փորձութիւնը ունենալու զինք նոյնացնելու յոյն հին փիլիսոփաներուն հետ… կարելի չէ:

Ամէն պարագայի նայեցէք, թէ յոյն մեծ փիլիսոփայ Պղատոնը (Plato) մեր թուականէն 2500 տարիներ առաջ ի՛նչ գրած է Հայր Անդրանիկին մասին…:

Պղատոն իր «Հանրապետութիւնը» (The Republic) գիրքին մէջ ունի խորունկ այլաբանական բաժին մը՝ The allegory of the cave, որ, կարելի եղածին չափ պարզացնելով, պիտի փորձեմ ներկայացնել ձեզի:

Իր «Հանրապետութիւնը» գիրքին մէջ Պղատոն «Բանտարկեալներ քարայրին մէջ» գրութեամբ մը այլաբանական ոճով կը բացատրէ այն ճամբուն մասին, որ կ’առաջնորդէ դէպի գիտութիւն, ուր կը շեշտէ փիլիսոփաներուն պատասխանատուութիւնը։

Երեւակայեցէք քարայր մը, որուն մէջ բանտարկեալներ (մենք) շղթայուած նստած ենք, երեսները մէկ ուղղութեամբ՝ դէպի պատը:

Բանտարկեալները իրենց կեանքի ընթացքին միշտ հոն եղած են առանց բան գիտնալու դուրսի աշխարհի մասին:

Այն միակ բանը, որ բանտարկեալները իրենց առջեւ կը տեսնեն շուքեր են, որոնք կ’արտացոլան պատին վրայ:

Բանտարկեալներուն ետեւը կրակ վարած է, որ սակայն բանտարկեալները չեն տեսներ, որովհետեւ շղթայուած են եւ այդ կրակին լոյսն է, որ շուքեր կը ստեղծէ իրենց դիմացի պատին վրայ:

Այդ կրակին ու բանտարկեալներուն միջեւ անցք մը կայ, որուն վրայ քարայրը կառավարողները, ձեռքերնին զանազան առարկաներ բռնած, առջեւ-ետեւ կ’երթան կու գան: Մինչ իրենց գլխուն վրայ իրենց շարժած առարկաներուն շուքն է, որ կ’արտացոլայ պատին վրայ:

Այն ամէն ինչը, որ բանտարկեալները կը տեսնեն իրականութիւն չեն, անշո՛ւշտ, այլ շուքեր պատին վրայ, սակայն անոնք կը հաւատան, որ տեսածնին ճշգրիտ իրականութիւնն է:

Հիմա երեւակայեցէք, որ այդ բանտարկեալներէն մին, ձերբազատուելով իր շղթաներէն, քարայրէն դուրս դէպի լոյս աշխարհ եկած է:

Հաւանաբար ազատագրուած բանտարկեալը առաջին հերթին անհանգիստ ըլլայ դուրսի լոյսէն:

Սակայն ժամանակի ընթացքին ան պիտի անդրադառնայ, որ այդ լոյսը եւ դուրսի աշխարհն են իրականները, մինչ քարայրի մէջի աշխարհը պարզապէս խաբկանք մըն է:

Եթէ պատահի, որ ազատագրեալ բանտարկեալը դարձեալ ներս մտնէ՝ պատմելու իրականութիւնը, հոն գտնուողները կրնան ծաղրել զինք իր գիտութեան համար ու չհաւատալով մերժել զինք:

«…Քարայրը մեր ապրած աշխարհն է, կրակը մեր աշխարհի արեւը, մինչ դէպի վեր ճանապարհորդութիւնը հոգիին սլացքն է դէպի մտաւորական աշխարհ…», գրած է Պղատոն:

Մեր աշխարհին, այսինքն՝ այդ քարայրին այն բանտարկեալը, որ ազատագրուած է եւ առիթը ունեցած ամբողջական հասկացողութիւնը ունենալու, թէ ի՛նչն է իրականը եւ ո՛րն է խաբկանքը, Փիլիսոփան է` ԼՈՒՍԱՒՈՐԵԱԼԸ, որուն պարտականութիւնն է վերադառնալ քարայր՝ հալածուելու գինով ջանալ ուսուցանելով փրկելու հոն գտնուողները:

Պղատոնի համար փիլիսոփայ մը պարտականութիւն ունի, որն է՝ լուսաւորել ոչ լուսաւորեալը:

Լուսաւորելու այս առաքելութեամբ է, որ գործած է Պուտտան:

Լուսաւորելու այս ճամբուն վրայ խաչուած է Յիսուս:

Լուսաւորեալ մըն էր Կանտին:

Լուսաւորեալ մըն է Հայր Անդրանիկը։

Հայր Անդրանիկ ամբողջ կեանք մը նուիրած է իր շուրջ ապրող մարդկութիւնը լուսաւորելու համար: Ան պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ եւ քաջութեամբ վերադարձած է քարայր՝ հոն շղթայուածները փրկելու, մինչ թերեւս ուրիշ ազատագրուածներ, գլուխնին ազատելով, առանց իսկ ետ նայելու հեռացած են անկէ եւ իրենց աշխարհիկ զբաղումներով տարուած:

Մեզի հետ այստեղ նստող Հայր Անդրանիկը, սիրելինե՛ր, թող ներէ՛ զիս, եթէ ըսեմ՝ սովորական մահկանացու մը չէ: Մենք չենք, որ զինք կը մեծարենք այսօր: Ինքն է, որ մեր մէջ գտնուելով կը պատուէ մեզի: Մենք բախտաւոր ենք ժամանակակիցները ըլլալու այս մեծ ՄԱՐԴՈՒՆ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին