Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Հազարաւոր Մարդիկ Կ’այցելեն Թուրքիոյ Քարաման Նահանգ` Հայկական Եկեղեցւոյ Որմնանկարները Տեսնելու

Թուրքիոյ Քարաման նահանգին մէջ գտնուող Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ առաստաղի որմնանկարները տեղացի եւ օտարերկրացի զբօսաշրջիկներու կողմէ մեծ հետաքրքրութեան կ’արժանանան: Այս մասին կը յայտնէ «Էրմէնիհապեր»-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը:

Քաղաքի հնագոյն Թափուջաք թաղամասին մէջ գտնուող եկեղեցին կը համարուի բիւզանդական ժամանակաշրջանէն մնացած բազիլիկ եկեղեցւոյ օրինակ:

Ըստ աղբիւրին` թէ ո՛ր թուականին կառուցուած է եկեղեցին, ստոյգ տեղեկութիւն չկայ. ան կը թուագրուի 17-18-րդ դարերուն:

Եկեղեցին 2007 թուականին անցած է Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան պահպանութեան տակ եւ վերականգնուած:

Նահանգի Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Ապտուլլահ Քըլըչ «Անատոլու»-ին պատմած է, որ եկեղեցւոյ որմնանկարները յայտնաբերուած են միայն 2007 թուականին, երբ եկեղեցւոյ մէջ վերականգնողական աշխատանքներ կատարուած են: Մինչ այդ որմնանկարները պատուած եղած են գաճով:

«Ամէն տարի հազարաւոր մարդիկ կու գան՝ այս որմնանկարները տեսնելու: Նման որմնանկարներ ամբողջ Քարամանի մէջ` միայն այս եկեղեցւոյ մէջ կան, որ կ’աւելցնէ եկեղեցւոյ կարեւորութիւնը»,- ըսած է ան:

Քըլըչ պատմած է, որ մինչեւ 2007 թուականը եկեղեցին որոշ ժամանակ օգտագործուած է որպէս բանտ: Իսկ այժմ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ’ունենան մշակութային տարբեր ձեռնարկներ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին