Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Անդրադարձ – Ապրի՛ս Ալիս… Ապրի՛ր, որ Ապրեցնես…

Լիբանանահայ երաժշտասէր գաղութը անցնող երկու օրերու ընթացքին աննախընթաց առիթը ունեցաւ լսելու եւ ըմբոշխնելու Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ կազմուած «The Youth Band»-ի տարեկան ելոյթը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանահայ երիտասարդներ, որոնց ջանքերով ու աշխատանքով պիտի շարունակուի ապրիլ հայ երաժշտութիւնը մշակոյթները կործանող աշխարհայնացման այս քաոսին մէջ:

Այս գրութեան նպատակը երբեք ձեռնարկին հաղորդագրութիւնը գրել չէ, այլ խորհրդածել հայ երաժշտութեան, հայ երիտասարդներու կատարումին եւ ընդհանուր հայ մշակոյթի մեր կեանքին մէջ ունեցած կարեւոր դերին մասին:

Ընդհանրացած արտայայտութիւն մըն է ըսել, որ հայ երիտասարդը հեռացած է ընդհանրապէս հայ մշակոյթէն եւ մասնաւորաբար հայ երաժշտութենէն, սակայն անցնող երկու օրերուն կայացած ելոյթը եկաւ անգամ մը եւս փաստելու այն իրողութիւնը, որ նման արտայայտութիւններ կարելի չէ ընդհանրացնել:

Վերոյիշեալ ելոյթի մեծ մասը յատկացուած էր լիբանանահայ երգչուհի Ալիս Իփրաճեանին, որ լիբանանեան գաղութին մէջ զանազան առիթներու բեմ բարձրանալով՝ արժանաւորապէս հնչեցուցած է հայ երգն ու երաժշտութիւնը՝ ազգային, հոգեւոր, ժողովրդային եւայլն:

Ալիս Իփրաճեանին ձայնը իւրայատուկ է այն իմաստով, որ կրնայ յարմարիլ երաժշտական բոլոր ժանրերուն անխտիր ու բոլորն ալ իր իւրայատուկ ոճով ու շունչով: Ալիսը կրնայ աշուղական երգելով յուզել հանրութիւնը, ազգայինով ոգեւորել ու ժողովրդայինով եւ կամ գաւառականով խանդավառել մթնոլորտը եւ այդ մէկը ինքնին շնորհք մըն է, որ տրուած չէ ամէն բեմ բարձրացողի:

Կը յիշեմ, տարիներ առաջ Ատիս Հարմանտեան մեծ երաժիշտը, խօսելով Ալիս Իփրաճեանին մասին, կ’ըսէր, որ անոր ձայնը համաշխարհային բեմերու վրայ ելոյթ ունեցող մեծ երգիչներու ձայներուն մրցակից է ու որոշ ճիգով Ալիսը կրնայ դառնալ այդ աստղերէն մէկը, սակայն մեր գաղութներուն մէջ քիչ մը երաժշտութեան հանդէպ տրուած արժեւորումը տարբեր է, քան մեր կարծածը, որովհետեւ դժբախտաբար ներկայիս լաւ երգիչ անպայմանօրէն լաւ ձայն չէ որ կը նշանակէ, այլ ծանօթութիւն ու նիւթական կ’ենթադրէ… ու բաւարար կ’ըլլայ, որ ուզողը դառնայ երգիչ:

Վարձքը կատար Թէքէեան Մշակութային Միութեան, որ իրապէս իրենց անուան հաւատարիմ հայ մշակոյթն է, որ առջեւ կը տանին ու մեր ազգը պարտաւոր է Ալիսն ու Ալիսին նմանները ապրեցնելու, որպէսզի իրենց ճամբով ապրի նաեւ հայ երգն ու երաժշտութիւնը:

Ապրի՛ս Ալիս… Ապրի՛ր, որ ապրեցնես Սայաթ-Նովան ու ապրի հայ մշակոյթը:

 

Զուլալ

***

Նշենք, որ ձեռնարկի ամբողջական թղթակցութիւնը լոյս պիտի տեսնէ մեր վաղուայ թիւով:

«Զ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին