*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի աշխատակից
Յուշը երէկէն եկող ընկերակիցն է, որ օրերու հետ կ’ընթանայ միշտ ներկայ եւ կենդանի: Կը կարդանք պատմութիւն ու անոր մէջ անցեալի կեանքը կը վերյուշենք: Կ’ապրինք: Անմեռ է, քանի կ’ապրի մեր մէջ իր երէկի ներկայութեամբ: Ի հարկէ, կրնայ հիննալ, բայց չի մահանար: Կրնայ հիննալ, բայց ադամանդը՝ էութիւնը կը մնայ անաղարտ՝ միշտ տանելով դէպի անցեալ եւ երբեմն ալ աւելի անուշցած, նայած նիւթին: Նայած նիւթին նաեւ կրնայ վրէժի զգացումներ արթնցնել պատմական անիրաւութեան պարագային, ինչպէս նաեւ՝ համակրանքի՝ ըստ տուեալներու:
Գործով (ճարտարապետական գծագրիչ) Պահրէյն կեցութեանս ընթացքին գործս անգլիացիի մը հետ էր, որուն ազգանունը այնքան ֆրանսական էր, որ համարձակութիւն ունեցայ հարցուփորձելու այդ մասին: Ըսաւ, որ նախահայրերը ապրած են Ֆրանսայի այսօրուան Պրիդայնը կոչուած թերակղզիին մէջ, ուրկէ յետոյ անցած են Անգլիա շուրջ հազար տարի առաջ. ուրեմն հազարամեայ պատմութիւն: Ես ալ, առիթը եկած նկատելով, ըսի, որ ինծի համար ալ անծանօթ է, թէ ի՛նչ եղած է անցեալս, երբ երկու հօրեղբայրներս տարբեր մականուններով կը ճանչցուին: Երեք եղբայր, երեք մականուն: Նազարեան, Թօփալեան եւ Փոշօղլեան: Երեքն ալ հայկական բոյն կազմած են: Պատճառը պարզ է, խորքը մնացած է անաղարտ:
Ինչ-ինչ քաղաքներու, երկիրներու անուններով մականուններ ունինք: Անգիր Հայոց Պատմութիւն, որ ցրուածութիւնն ալ կը բնորոշէ, այսինքն՝ այն իրականութիւնը, որ ապրած ենք ու տակաւին կ’ապրինք դարերէ ի վեր:
Ես անձամբ պիտի ուզէի կամ Ուրֆալեան ըլլալ, կամ Այնթապլեան: Առաջինը՝ մօրս ծննդավայրը ըլլալուն, իսկ երկրորդը՝ հօրս: TRADE MARK. մօրս հայերէնին կը հիանայի, մանաւանդ գիրին գեղին, իսկ հօրս հետ իմ գիտցած կէս-կատար թրքերէնով կը հասկցուէինք:
Անունը Աւետիս ըլլալէ չդադրեցաւ, ոչ ալ սիրտը հայրենասիրութենէ, նախքան որ յաւիտեան իր աչքերը փակէ: «Ինչ որ արմատացած է, չի կրնար խաթարուիլ» (Լաօ Ցէ):
«Տուիք ինծի սիրտ մը բարի, որ մարդկային սիրով խորունկ կ’արիւնի.
Աչքեր, որոնց ծիրին վրայ ներգաղթող Նաւը կ’անհետի»: