*ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ*
“I’ve learned that people will forget what you said, people will forget what you did, but people will never forget how you made them feel.”
Maya Angelou
Ամերիկացի բանաստեղծուհի Մայա Անճէլուն ըսած է տեղ մը թէ «Մարդիկ կրնան մոռնալ թէ ինչ ըսած ես կամ ըրած ես, բայց մարդիկ բնաւ չեն կրնան մոռնալ թէ ինչպէս զգացուցած ես զիրենք»:
Մեր յաճախակի ճամբորդութիւնները մեր զաւակներուն մօտ անցնող քսան եւ աւելի տարիներու ընթացքին աւելի եւս կ՛իմաստաւորուին երբ ճամբու ընթացքին թոռնիկներուն մասին կը մտածենք, եւ ճամբան դադարի մը համար հանգստավայր մը կենանք, եւ անպայման բան մը գնենք այս կամ այն թոռնիկին համար: Իւրաքանչիւրը նախասիրութիւն մը ունի: Բնականաբար անպայման խմորեղէնի տեսակ մը պիտի նեռարուի: Մին Կասիա-կարագով «Սինըպան»ը կը սիրէ: Իսկ միւս թոռնիկներս անպայման «Տանքին Տօնաթս» կ՛ուզեն:
Քանի մը օր առաջ տօնական օրերու առթիւ մեր սովորական ճամբորդութիւններէն մին էր: Մի քանի հանգստավայր փախցնելէ ետք շունչ առինք «Տանքին»ի հիւրընկալ շրջափակին մէջ: Ինքնաշարժէն դուրս ելլելով դեկտեմբերեան չոր ու ցուրտ օդը մեր թոքերէն ներս ղրկելով, մի քանի անգամ ալ մեր թեւերն եւ ոտքերը շարժելով, հինցած՝ ճռճռացող յօդերը իւղոտել փորձեցինք: Վաճառատունին ապակեայ հսկայ փեղկերը կաղանդ պապուկի, ձիւնէմարդերու գծանկարներով եւ լոյսերով աւելի եւս տօնական տրմադրութիւնները կը շեշտէին: Գծանկարներուն ընդմէջէն կ՛երեւէր որ ներսը շարք պահած էին: Վերջապէս տօնական օրեր էին եւ մարդիկ կը փութային տեղէ տեղ երթալ – անշուշտ ոչ «պարապ ձեռքով»: Մենք ալ օդին մէջ տարածուող սուրճի հաճոյալի բուրմունքը ներշնչելով ներս մտանք:
Աճապարանք մը կար բոլորին ալ կեցուծքին մէջ: Երկու վաճառորդուհի բաւական արագ էին անհամբեր յաճախորդները գոհացնելու:
Ես եւ ամուսինս հանգիստ մէկ կողմ քաշուած կը դիտէինք մէկ առ մէկ ապսպրանքը շալկելով դէպի իրենց ինքնաշարժերը փութացող յաճախորդները:
Վերջապէս կարգը իմս էր: Թելադրեցի ինչ որ կ՛ուզէի գնել: Էն առաջ անուշտ ուզեցի սուրճս՝ քիչ կաթով առանց շաքարի համեղ սուրճը Տանքինին, որ ոեւէ միւս անունով սուրճերուն հետ պիտի չուզէի փոխել: Քիմքս այս մէկէն կ՛ախորժի: Կարծէք իւրաքանչիւր սուրճի խանութ իրեն յատուկ յաճախորդութիւն ունի: Այս կամ այն ընկերային դասու մը կը պատկանին, կ՛ուզեն անպայման ցուցադրել կամ՝ տեսնուիլ թէ իրենք ա՛յդ տեսակի սուրճ խմողներ են, ցուցադրաբար գաւաթին վրայի անունը տեսանելի ձեւով բռնելով:
Դէ՛ լաւ, ես ալ իմս կը վայելեմ եթէ ոչ ցուցադրաբար, այլ ակնյայտ հաճոյքով:
Ես սուրճս առած ումպ առ ուպ ըմբոշխնելով մէկ կողմ քաշուեցայ, որպէսզի միւս վաճառորդուհին նոր մտնող յաճախորդին սպասարկէ: Մեզի սպասարկողը մէկ առ մէկ տեսակաւոր եւ ծննդեան տօներու յատուկ զարդարանքով «տօնաթները» կը լեցնէր տուփերը: Փակելէ ետք երկու տուփերն ալ հարցուց թէ կ՛ուզէի՞նք որ պայուսակի մէջ դրուէին: Կատակասէր ամուսինս պատասախանեց՝
- Եթէ ձրի է, ինչո՞ւ ոչ . . . Բոլորս միասին խնդացինք:
- Անշուշտ ձրի է – ըսաւ վաճառորդուհին, մինչ ես սուրճս ումպ առ ումպ կը վայելէի….
- Տօնական օրեր են քիչ մը խնդանք – աւելցուց ամուսինս եւ գրպանէն հանեց դրամը, որ վճառէ .. մինչ այդ վաճառորդուհին ըսաւ թէ պէտք չունիս վճառելու արդէն վճառուած է…. եւ աչքով նշան ըրաւ թէ միւս յաճախորդն էր մեզի համար վճառողը՝
Մինչ այդ տեղեակ չէինք ո՞վ կը մտնէր կ՛ելլէր, ով էր մեր քովի յաճախորդը,
յանկարծ երկուքս մէկ քովի յաճախորդին կողմը դարձանք զարմացական …խոշոր «ինչպէ՞ս թէ» մը մեր դէմքին:
Տեսանք թէ արդէն իր քրէտիթ քարտը վճառում ընդունող մեքենային մէջ դրուած եւ ստացագիրն ալ տպուած դուրս ելած էր: Այնքան արագ շարժած էր այս երիտասարդուհին, որ չէինք հասցուցած տեսնել թէ ինչ կը կատարուէր այդ պահուն.
- Merry Christmas- Մէրրի Քրիսթմըս – ըսաւ անգլերէնով
- Բայց ինչո՞ւ սիրելիս – երկուքս միաբերան հարցուցինք
- Այդպէս փափաքեցայ — տօնական օրեր են, բարով վայելէք դուք ալ ձեր թոռնիկներն ալ.. . եղաւ պատասխանը
Տակաւին արմանք-զարմանք հագած մեր հարցական դէմքերը սա երիտասարդ աղջկան կը նայինք պատասխանի մը սպասելով.
Բայց ի՜՜նչ պատասախան.
- It’s Christmas I just wanted to treat you! – Ծննդեան տօներու առթիւ այդպէս փափաքեցայ . . եւ աւելցուց . . . այսօր վերջին օրս էր գործիս, վճառուեցայ . . . դուք հանդիպեցաք….
- Գոնէ անունդ ըսէ՛ որ շնորհակալութիւն յայտնենք քեզի – ըսի քիչ մը սթափած
անակնկալին պատճառած շփոթ վիճակէս
- Լիսա… միայն Լիսա – ըսաւ ու իր ապսպրապքը շալկած կը պատրաստուէր
դուրս ելլել մեզմէ առաջ, շուտասելուկի պէս ըսի
- Լիսա – նախ շնորհակալ ենք, գիտնաս որ գրեթէ քառասուն տարիէ այս
կողմերը կ՛ապրինք, կ՛երթանք եւ կու գանք, առաջին անգամն է որ նման ազնիւ արարքի կը հանդիպինք: Կը մաղթեմ որ ինչ պատճառով ալ որ այսօր վերջին օրդ է գործիդ մէջ, կը մաղթենք որ, նոր ճանապարհ բացուի քեզի, աւելի լաւը եւ քու այս ազնիւ սրտիդ համեմատ…
Լիսան երկար եւ շեշտակի նայեցաւ մեզի ու կրկին մեր մաղթանքին առ ի պատասխան միմիայն «շնորհակալ եմ» ըսելով դուրս վազեց դէպի իր ինքնաշարժը:
Տօնական օրերու առթիւ չսպասուած նուէր մըն էր բոլորովին օտարականէ մը: Մէկ պահ միայն, մէկ ազնիւ արարք՝ ակնթարթի մը մէջ մեզ հիանալի տրամադրութեան մէջ փոխադրեց:
Ո՜՜վ կ՛ըսէ թէ աշխարհ անտարբեր, անգութ, անշնորհակալ ու չարակամ մարդոցմով լեցուած է:
Միմիայն մէ՛կ ազնիւ արարք, առանց անմիջական ակնկալութեան կատարուած մէկ գեղեցիկ ժեստ, մեզի տրուած նուէր-բարիքը մեզ ինչպէս լաւատեսութեան փոխադրեց: Ինչ որ ալ էր դրդապատճառը այս բարի անծանօթուհիին, մեր կատարած մաղթանքը իր հասցէին կը յուսանք որ կը հասնի գործնականի:
Ծննդեան տօներու առթիւ մեզի տրուած տասներկու տօնաթ-նուէրը իր տուփով պայուսակովը բռնած, գոհունակ վերադարձանք մեր ինքնաշարժին՝ մեր թոռնիկներուն այս քաղցրեղէնին հետ փոխանցելու մեր վերանորոգուած լաւատեսութիւնը-
Այո՛, աշխարհի մէջ տակաւին կա՛ն լաւ մարդիկ:
Նիւ Եորք
Դեկտեմբեր 24, 2017