Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Առողջապահութեան Բարելաւում Արցախի Համար․ Թուֆենկեան Հիմնադրամը Քաշաթաղի Իշխանաձոր Գիւղի Բուժարանը Վերանորոգած է

Ազատագրուած Քաշաթաղի գիւղերէն մէկուն` Իշխանաձորի մէջ, ամիսներ տեւած վերանորոգման աշխատանքներէն ետք Դեկտեմբերի 25-ին վերաբացուեցաւ տեղի բուժարանը: Բացման արարողութեան մասնակցեցան Քաշաթաղի վարչակազմի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեանը, Թուֆենկեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանը, ինչպէս նաեւ Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան, Բերձորի հիւանդանոցի եւ Իշխանաձորի համայնքի ներկայացուցիչները:

Թուֆենկեան հիմնադրամի կողմէ 2004-2006 թուականներուն կառուցուած բուժարանը Քաշաթաղի հարաւը գտնուող 16 հեռաւոր գիւղերուն բժշկական ծառայութիւններ տրամադրող միակ կառոյցն է: Աւելի քան մէկ տասնամեակ գործելէ ետք բուժարանը հրատապ վերանորոգման եւ բարեկարգման կարիք ունէր իր ծառայութիւնները շարունակելու համար:

Գիտակցելով այս կառոյցի կարեւորութիւնը Իշխանաձորի եւ ամբողջ հարաւային Քաշաթաղի համար՝ Թուֆենկեան հիմնադրամը այս տարուան Սեպտեմբերին յանձն առաւ բուժարանի վերանորոգումը: Ինչպէս հիմնադրամի կողմէ Արցախի մէջ կատարուող բոլոր շինարարական աշխատանքները, շինութեան վերանորոգումը վստահուեցաւ տեղացի աշխատողներուն:

Կառոյցը վերանորոգուած է ամբողջութեամբ, ներառեալ պատերու, յատակի եւ առաստաղի բարեկարգումը, նոր պատուհաններու եւ դռներու տեղադրումը եւ արտաքին յարդարումը: Արդիւնքով ապահովուած է այս առողջապահական կառոյցի պահպանումը գալիք տասնամեակներու համար:

Դիմելով բացման արարողութեան մասնակիցներուն՝ Թուֆենկեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան ըսած է. «Քաշաթաղի վերաբնակեցումը եւ զարգացումը կարեւոր են ոչ միայն այստեղ ապրող մեր հայրենակիցներուն, այլ նաեւ Արցախի եւ Հայաստանի համար: Մենք պէտք է շարունակենք աշխատիլ միասին այս ազատագրուած տարածքներուն նոր կեանք հաղորդելու եւ այստեղ ապրելու նոր հնարաւորութիւններ ստեղծելու համար»:

Բուժարանի բժշկական անձնակազմը այժմ բաղկացած է 6 մասնագէտներէ, որոնք առողջապահական ծառայութիւններ կը տրամադրեն տարեկան աւելի քան 500 հիւանդներու:

Բուժարանին կողմէ տրամադրուող խնամքը Քաշաթաղի համար առաջնային կարեւորութիւն ունի: Ազատագրուած այս շրջանի շատ բնակիչներուն համար բժշկական խնամքը դժուարամատչելի է վատ ճանապարհներու եւ փոխադրամիջոցներու սակաւութեան պատճառով: Մինչեւ վերջերս, գիւղերուն մէջ գործող առողջապահական կառոյցներ գրեթէ գոյութիւն չունէին, եւ յաճախակիօրէն հանդիպող այնպիսի դէպքերը, ինչպիսիք են օձի խայթոցները, յանկարծակի հիւանդութիւնները եւ նոյնիսկ ծննդաբերութիւնները կրնային մահուան տանիլ:

Իշխանաձորի բուժարանի կառուցումը, սարքաւորումներով զինումը եւ յետագայ վերանորոգումը Թուֆենկեան հիմնադրամի կողմէ Քաշաթաղի մէջ առողջապահութեան բարելաւման ուղղուած ծրագիրներէն մէկն է: 2005-էն ի վեր հիմնադրամը կառուցած, կահաւորած եւ սարքաւորումներով զինած է հեռաւոր համայնքները, ներառեալ  Մշենի եւ Աղաւնատուն գիւղերու մէջ գտնուող քանի մը փոքր բուժարաններ: Բացի այդ, 2008-2010 թուականներուն հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Քաշաթաղի մէջ գործած է շարժական բուժարան, որ երկու տարիներու ընթացքին բժշկական խնամք տրամադրած է մօտ 2000 հոգիի, որոնցմէ 597-ին երեխաներ են:

Արցախի ազատագրուած սահմանամերձ գիւղերու մէջ առողջապահական իրավիճակի յետագայ զարգացման նպատակով Թուֆենկեան հիմնադրամը 2018-ին կը նախատեսէ բուժարան մը կառուցել հիւսիսային Քաշաթաղի Մոշաթաղ գիւղին մէջ, ուր բժշկական որեւէ ծառայութիւն ներկայիս հասանելի չէ:

Թուֆենկեան բարեգործական հիմնադրամի մասին

Հիմնադրամը բացուած է 1999-ին գործարար Ճէյմս Թուֆենկեանի կողմէ` նպատակ ունենալով հզօրացնել տեղի քաղաքացիներու նախաձեռնութիւնները, աջակցիլ հասարակութեան առաւել խոցելի խումբերուն, նպաստել շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան եւ խթանել ընկերային արդարութիւնը Հայաստանի մէջ: 2003-էն ի վեր Հիմնադրամը ընդլայնած է իր գործունէութեան շրջանակը դէպի Արցախ, ուր ան կը խթանէ վերաբնակեցման եւ զարգացման ծրագիրներու իրականացումը շրջանի ամենախոցելի սահմանային գօտիներու մէջ:

www.tufenkianfoundation.org

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին