Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

Վայոց Ձորի Հերհեր Գիւղը Կը Դատարկուի

ԱՐՄԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Վայոց ձորի Հերհեր գիւղի բնակիչներու խօսքով, իրենց մօտ կ’աճի շրջանի ամենալաւ ընկոյզը: Մեծ ներուժ ունեցող գիւղը այսօր կը դատարկուի: Հերհերցիները կ’ըսեն` գիւղացին ու գիւղը այսօր անտեսուած են եւ զիրենք կը յիշեն միայն ընտրութիւններու ժամանակ:

Մեծ փոսերով խորդուբորդ ճանապարհը ձեւով մը յաղթահարելով՝ կը հասնինք Վայոց Ձորի մարզի հեռաւոր Հերհեր գիւղ: Մայրուղիէն բաւական հեռու գտնուող այս գիւղ տանող ճանապարհի կէսը հողային է, կուպրը կ’երեւի  միայն տեղ-տեղ յիշեցնելով իր երբեմնի գոյութեան մասին: Գիւղի փողոցներուն մէջ հնարաւոր չէ հեշտութեամբ շարժիլ, արդէն տեղացած էր առաջին ձիւնը ու ճանապարհը դարձած էր անանցանելի:

Դեռ հեռուէն կը նշմարուի ծխնելոյզներու ծուխը, կը մտնենք առաջին պատահած տունը: Յունանեաններու ընտանիքն  է,  Հերհերի հնաբնակներէն: Ներս կը մտնեմ ու միանգամայն կը զգամ վառարանի հաճելի  տաքութիւնը, յետոյ արդէն կը նկատեմ, որ ան սովորական վառարան չէ. «ջեռուցիչ, որ կ’աշխատի աթարով կամ փայտով»:

Ժամանակին Հերհերի մէջ գոյութիւն ունեցած է գորգի  գործարան, այսօր սակայն գիւղացիներուն ապրուստի հիմնական միջոցը անասնապահութիւնն ու հողագործութիւնն է: Հերհերը համայնքային խոշորացման արդիւնքով միացած է Ջերմուկ համայնքին, բայց Ջերմուկի հետ ուղիղ գիծով կապուող ճանապարհ չունի: Ան աւելի շատ մօտ է խոշորացուած Վայքին:

Այս գիւղի բնակիչները կը նշեն,  որ խոշորացման պտուղները դեռ չեն վայելած: Աւելին` կ’ըսեն, որ ժամանակին մեծ գիւղ համարուող Հերերը կամաց-կամաց կը դատարկուի:

Կը շարժինք գիւղամէջ ու կը հիւրընկալուինք արցախեան ազատամարտիկ  Գարեգին Առաքելեանէն: Անծանօթ մարդ տեսնելով՝ կը զարմանայ:

Յետոյ Առաքելեանը մեզ կը հրաւիրէ տուն: Կը սկսին խօսք ու զրոյցի: Կը սկսինք գիւղ հասնող ճանապարհէն: Գարեգինը ժպտալով՝ կ’ըսէ` ձեր տուած հարցին պատասխանած էք:

Այնքան խօսած ենք ճանապարհի մասին, որ ան նաեւ ծիծաղի առարկայ դարձած է: Կ՛ըսեն` եթէ կարենանք այս ճանապարհով Վայք հասնիլ, ապա կ’արտագաղթենք  Հայաստանէն:

Վերջին քանի մը տարիներուն Հերհերը մինչեւ հազար բնակիչ ունեցած է, այսօր գիւղին մէջ արդէն 727 մարդ կ’ապրի: Բնակիչներուն խօսքով, ծերացող այս գիւղին մէջ բնակիչները ընելիք չունին:

Ջերմուկի հետ միաւորուած Հերհեր վարչական շրջանի ղեկավար, հանրապետական Անդրանիկ Աբրահամեանը «Ռատիոլուր»-ի հետ զրոյցի ընթացքին կ’ըսէ` արդէն հաշտուած է այն մտքին հետ, որ գիւղը ճանապարհ չունի:

Հերհերցիները կը նշեն, որ գիւղացիներուն մասին յիշեն միայն ընտրութիւններու ժամանակ, կը լսեն անոնց խնդիրները ու վերջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին