*ԵՐԱՆՈՒՀԻ ՂԱԶԱՐԵԱՆ*
Իր մայրենին վատ իմացողը կէս մարդ է, չիմացողը՝ թշուառ, ծառից
ընկած մի տերեւ, որ տարուբերւում է ամէն մի պատահական քամուց …
Ստեփան Զօրեան
Տարուան աւարտին եւ նոր տարուան սեմին մտաբերեցի Resolution (որոշում, խոստում, յանձնառութիւն) բառը, որուն հետ շատեր կը պայմանաւորուին Յունուարի առաջին օրը, որուն սակայն հաւատարիմ կը մնան շատ քիչեր եւ ընդհանրապէս շատ կարճ ժամանակի համար:
Յետոյ ես ինծի հարց տուի, թէ կրնա՞նք արդեօք, մեզմէ իւրաքանչիւրը, առանձին թէ հաւաքաբար, որոշել, խոստանալ, յանձնառու ըլլալ մեր ազգային ամէնէն կարեւոր արժէքին, մեր մայրենիին հաւատարիմ մնալու, անոր տէր կանգնելու, անով արտայայտուելու պարտականութեան. ոչ թէ տարուան առաջին օրը, առաջին շաբաթը, առաջին ամիսը, այլ մեր կեանքի ամբողջ ընթացքին:
Ամերիկացիները կ’ըսեն. «It takes a village …» այսինքն՝ ընկերային կառոյցի մը բոլոր սիւներուն նեցուկը եւ գործակցութիւնը պայման են նպատակի մը յաջողութեան համար: Այսպէս՝ տուն, դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, մամուլ ձեռք-ձեռքի տալով, մէկը միւսին բացը գոցելով միայն կրնանք հասնիլ մեր մայրենիի պահպանութեան նպատակին:
Ընդունուած իրողութիւն է, թէ տունը առաջին դպրոցն է անհատի մը, հիմքը կառոյցին: Հաստատուն չէ, սակայն այդ հիմքը այսօր, որովհետեւ տան մէջ հայերէնը քիչ կամ բնաւ կը խօսուի, հետեւանք անտարբերութեան, անկարեւոր նկատուելուն կամ վախին՝ թէ եթէ հայերէն խօսուի, տեղական լեզուին հմտանալը անկարելի է: Փաստուած իրողութիւն է սակայն, որ հայախօսութիւնը ոչ միայն արգելք չի հանդիսանար անձի մը տեղական լեզուին մէջ հմտանալուն, այլեւ ընդհակառակը՝ կը սրէ անոր մտային կարողութիւնները: Իսկ տեղական լեզուին հմտանալը անխուսափելի է առօրեայ կեանքին, ուսման, աշխատանքին, լրատուական միջոցներուն պատճառով:
Դպրոց, հայկական դպրոց, տակաւին չփակուած հայկական դպրոց. այնտեղ ուր հայերէն կը դասաւանդուի ճիշդ կերպով՝ ըստ լեզուական եւ քերականական կանոններուն: Բայց քանի՞ աշակերտ սորվածը հետը կը տանի տուն, խաղավայր, ակումբ: Լեզուի գործածութիւնն է, որ կ’երաշխաւորէ անոր յարատեւումը: Եւ լեզուն ժողովուրդի մը գոյութիւնն իսկ է: Չգործածուող լեզուն, ինչպէս ամէն ինչ, կը բթանայ, կը մոռցուի, կը կորսուի: Քանի՞ հոգի կը մտահոգուի արդեօք: Զոհողութեան պակասը եւ «կացութիւնը ե՞ս պիտի փրկեմ»-ի կամ «հայերէնը փոր չի կշտացներ»-ի մտայնութիւնը մեզ կը մղեն դէպի օտար դպրոց, որովհետեւ տան մօտ է, աժան է, ձրի է, տեղական կամ օտար լեզուն լաւ կը սորվեցնէ: Յետոյ ալ մենք մեզ կը համոզենք, թէ հայ զգալու համար հայերէն գիտնալը պայման չէ: Ինքնախաբէութիւն: Հայու ինքնութեան անբաժանելի մասնիկներ են հայոց լեզուն, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, մեր պապերէն աւանդ մնացած ազգային ժառանգութիւնը:
«Եկեղեցին հայկական հայ հոգիին եւ մարմնոյն զրահանդերձն է փայլուն …»: Եղաւ, դարեր շարունակ: Բայց ինչպէ՞ս պիտի զրահուի այսօր հայ հոգին, երբ Հայաստանեայց Ուղղափառ Առաքելական Եկեղեցիէն ներս խոստովանանքը կ’ըլլայ կէս-կէս հայերէն-անգլերէն, ընթերցումները՝ կէս-կէս, քարոզները՝ հայերէն-անգլերէն. երբեմն նախադասութիւնները կէս-կէս, ուրեմն երկու լեզուներն ալ չգիտցողը ըսուածէն բան չի հասկնար. երբ հաղորդութեան համար եկեղեցի մտնող կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներուն քահանան խօսք կ’ուղղէ անգլերէնով, կարծես տուեալ է, թէ անոնք հայերէն չեն գիտեր. երբ տարիներ առաջ քահանայ մը խորանէն կը յայտարարէր «եթէ ուզեմ թրքերէն ալ կը քարոզեմ. կարեւորը Աստուծոյ խօսքը տարածելն է:» Օտարամոլութիւ՞ն, անտարբերութիւ՞ն, սորուելու դժկամութիւ՞ն: Հայ եկեղեցւոյ մէջ կարեւորը Աստուծոյ խօսքը հայերէնով տարածելն է: Մխիթարուի՞նք, թէ պատարագը հայերէնով կը մատուցուի տակաւին: Զո՞րն ասեմ կամ զո՞րն խոստովանիմ …
Իսկ մենք, որ եկեղեցի կ’երթանք տարին մի քանի անգամ (տաղաւար, հոգեհանգիստ), պատարագի աւարտին, եթէ մնանք մինչեւ վերջ, կը մեկնինք գանգատելով – երկար էր, ձանձրացուցիչ էր, բան մը չհասկցայ, եւլն: Տարին մի քանի ժամ չե՞նք կրնար զոհել այդ երկար, ձանձրացուցիչ պատարագին միջոցաւ մեր ինքնութեան հետ կապը պահելու սիրոյն: Իսկ եթէ ուզենք, կը հասկնանք. երգարաններուն մէջ, դէմ-դիմաց, շարականները գրուած են հայերէն, անգլիատառ հայերէն, իմաստը՝ անգլերէն:
Ամիսներ առաջ կարդացած էի երիտասարդութեան ուղղուած երկու խօսք եւ իւրաքանչիւրէն գրի առած սրտիս մօտիկ հատուած մը: Առաջինը՝ հրապարակագիր Ահարոն Շխրտմեանին մէկ յօդուածը «Հայերն Այսօր» կայքէջին վրայ՝ «մեր իսկ ձեռքով արշաւ մը ծաւալած ենք մայրենիին դէմ՝ մոռնալով, որ լեզուն ու հաւատքն են ազգը պահողը, զայն միացնողը: Խօսքս կ’ուղղեմ մեր երիտասարդութեան. սիրելի՛ տղաք եւ աղջիկներ, յիշեցէք Խաչատուր Աբովեանի «տասը լեզու սորվեցէք, բայց ձեր լեզուն եւ հաւատքը ամո՛ւր պահեցէք» աղերսը:
Երկրորդը՝ ՀՀ նախագահ Ս. Սարգսեանի խօսքն էր ուղղուած «Անդրանիկ Մարգարեան» քաղաքական դպրոցի ունկնդիրներուն. «Մեր ժառանգութեան իմացութիւնը ուղղակի կապ է անցեալի, ներկայի եւ վաղն էլ՝ ապագայի հետ: Առանց այդ ժառանգութեան իմացութեան լիարժէք չես կարող մտածել: Առանց Հայոց լեզուն լաւ իմանալու դու չես կարող հայերէն մտածել»:
Երիտասարդութեան հայեցի շրջապատի մէջ գուրգուրալու նպատակով հիմնուած ակումբները, կազմակերպութիւնները – մշակութային, մարզական, կուսակցական, հայրենակցական – միշտ ունեցած են եւ տակաւին կրնան մեծ դեր ունենալ հայապահպանութեան եւ հայախօսութեան մէջ: Բայց ամէն ծնողք կը ստանձնէ՞ իր զաւակը հոն հասցնելու զոհողութիւնը: Կազմակերպութիւններու ղեկավարները կը խրախուսե՞ն – պարտադրել կամ ստիպել չես կրնար այլեւս – երիտասարդները հայերէն խօսելու, իրենց մայրենին սորվելու, վերյիշելու, գործածելու: Եթէ չգործածենք, կը կորսնցնենք ու կը կորսուինք:
Կը գրէ Ղազարոս Աղայեան. «Բաւական չէ ազգասէր ու հայրենասէր լինել, պէտք է մի քիչ էլ լեզուասէր լինել, պէտք է սիրել, պաշտել, գգուել հարազատ մօր հարազատ լեզուն: Այս սէրը միայն կը բանայ մեր առջեւ մեր լեզուի անհատնում ճոխութիւնը, նրա նրբութիւնը եւ քաղցրութիւնը»:
Սիրենք ու սիրցնենք մեր լեզուն, խօսինք անով ու կարդանք հայերէն գիրք ու թերթ: Գնահատենք ու քաջալերենք հեղինակը, խմբագիրը, յօդուածագիրը նիւթական մեծ զոհողութիւններով լոյս տեսնող մեր կենսական թերթերուն, որոնք զոհ կ’երթան իրենց անմիջականութեան ու արագութեան շնորհիւ անհրաժեշտ դարձած համակարգիչին ու համացանցին: Արժանի ժառանգները ըլլանք անապատի աւազին վրայ այբուբեն սորվեցնող մայրերուն, հիւղաւաններուն մէջ դպրոց եւ եկեղեցի պահողներուն, անոնց որ քաջ գիտէին, թէ այդ սրբութիւնները -լեզու, դպրոց, եկեղեցի – երաշխիքներն էին ազգի վերածնունդին ու գոյատեւման:
Կրնա՞նք ստանձնել յանձնառութիւնը գոյատեւելու, սպիտակ ջարդին դէմ պայքարելու: Այսօր, վաղը, ամէն օր: Կամքի հարց է. եթէ ուզենք, կրնա՛նք: