Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Սապահ Էլ Խէյր Եա Ուսթազ…

*ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ*

Շահան Բագրատունին աթոռին մէջ առջեւ ծռեցաւ,եւ արմուկներով սեղանին յենած`դասարանին ետեւի գրասեղաններուն կողմը նայեցաւ: 
Պատուհանի լոյսին դիմաց կլոր ակնոցներուն ապակիները փայլեցան եւ իր պզտիկ աչքերը խնդացին: 
Դասարանը մեծ էր եւ լուսաւոր: 
Ան առջեւէն ճերմակ կաւիճի կտոր մը առաւ. 
– Պօհճա՛լ… կանչեց ու կողմս նետեց: 
Բայց նշանառութեան մէջ վրիպեցաւ, կաւիճը օդին մէջ կէս շրջան գծեց եւ դեռ ինծի չհասած` առջեւի դասընկերոջս գլխուն զարնուեցաւ ու գետին ինկաւ: Ես ոտքի ելայ: 
Պրն. Շահանը աշակերտները դասի կանչելու երկու իւրայատուկ ձեւեր ունէր: 
Առաջինը` կաւիճի կտորներ նետելով, եւ երկրորդը՝ մեր մականունները կրճատելով: Դասարանին մէջ ամէնքս Պօհճալ էինք, Եազըճ էինք եւ Ալթուն կամ Արթին: 
– Ան արաբերէն լեզուի մեր առաջին ուսուցիչն էր: 
Դեռ պզտիկ էինք, եւ Բագրատունի մականունը մինչեւ այն ատեն դեռ բնաւ չէի լսած: Բայց երբ յետագային աւելի մեծցայ եւ գիրքերուս մէջ Բագրատունեաց հարստութեան հանդիպեցայ, սկսայ յաճախ ինքզինքիս հարց տալ. 
– Առաջին դասարանի Պրն. Շահանը արդեօք մեր Բագրատունի թագաւորներու հին գերդաստանէ՞ն էր:
Այն տարիներուն հազիւ ինը կամ տասը տարեկան տղայ էի եւ տան մէջ ու դուրսը, այնպէս կը զգայի, թէ պզտիկները մեծերուն քով կարեւոր չէին, որովհետեւ մեզ հետաքրքրող հարցումներուն ընդհանրապէս գոհացում տուող չէր ըլլար, եւ մեծերուն քիչ անգամ նիւթ բացող քանի մը հարցումներն ալ միշտ սահմանափակ, նոյները կ’ըլլային:
Կարճ խօսքով՝ հաղորդակցական կապ գրեթէ չկար մեր եւ մեծերուն միջեւ: 
Ամէն անգամ երբ հօրաքրոջս կամ մօրաքրոջս տունը այցելութեան երթայինք, տունիններէն շատ անգամ կրկնուած հարցում մը դարձեալ կը նորոգուէր:
– Է՜հ, ըսէ՛ նայիմ տղաս, դուն երբ մեծնաս ի՞նչ պիտի ըլլաս… 
Ես սկիզբը անփոփոխ, միշտ նոյն պատասախանը կու տայի 
Մուհանտի՛ս… 
Աւելի վերջ սակայն, չեմ գիտեր ուրկէ լսած ըլլալով, «փոխեցի» ապագայի արհեստս ու հարցնողին 
– Տոքթո՛ր,- սկսայ ըսել: 
Դեռ չէի սորված, կամ թերեւս ալ գործածական չէին այդ արհեստներուն հայկական անունները մեր տան մէջ… 
Բայց մուհանտի՛ս ըլլալ ուզէի կամ տոքթոր, կարեւոր չէր: Մեծերը կ’ուրախանային, գլուխս կը շոյէին եւ պատասխանէս գոհ՝ 
– Ապրի՛ս, տղա՛ս,- կ’ըսէին: 
Բայց հօրաքրոջս աղջիկը Մայրենին` չէր բաւարարուեր, եւ ուրիշ անգամներու ըրած անիմաստ հարցումը դարձեալ կը յիշէր ու միշտ կը կրկնէր: 
– Դուն մամա՞դ աւելի կը սիրես թէ պապադ… 
Ես ծնողքս հաւասար չափով կը սիրէի, բայց այս հարցումին առջեւ կը շուարէի եւ չէի կրնար ճիշդ պատասխանել: 
Մեծերը կը խնդային, եւ անոնց հետ խօսակցութիւնը հոն կը վերջանար: 
– Պօհճա՛լ… կանչեց դարձեալ Պրն. Շահանը: 
Ես դեռ բժիշկ կամ ճարտարապետ չէի դարձած եւ հիմա Գալուստեան վարժարանի առաջին դասարանի արաբերէն լեզուի դասապահուն էի տակաւին: 
Ուրիշ խօսքով, սանդուխի առաջին աստիճանին իսկ, դեռ չէի հասած… 
Պրն. Շահանը հիմա սեղանին առջեւ ոտքի ելաւ:
Ան երիտասարդ էր: Միջահասակ, լեցունի վրայ, կլոր ակնոցներով եւ այտերով, մազերուն ձախ կողմէն միշտ ճեղք կը բանար եւ դասի ժամանակ ալ սեղանին ետեւ նստած` բամպակով ճակատը կը շփէր: 
Ձեռքի դասագիրքը ինծի երկարեց եւ՝ 
– Կարդա՛,- հրամայեց: 
Ես լաւ էի արաբերէնի մէջ, մանաւանդ առոգանութեան: 
Անթերի կարդացի եւ յաղթական տեղս վերադարձայ: Պրն. Շահանը գոհ մնաց: Ես ալ գոհ մնացի, որովհետեւ ինք լաւ ուսուցիչ էր, լաւ կը բացատրէր, եւ ես կը սիրէի հետեւիլ իր դասերուն: Բայց իրականութեան մէջ արաբերէնի առաջին ուսուցիչս իրմէ առաջ հայրս եղած էր: 
Ան լաւ գիտէր արաբերէնը: Ջարդերու տխուր ժամանակ, պզտիկութեան տարիներուն, շրջան մը արաբախօս քիւրտերու քով ապրած էր եւ հոն տիրապետած էր լեզուին: 
Հայրս արաբերէն լրագիրներ կը սիրէր կարդալ: Առտուները փողոցները թերթ ծախող տղոցմէ «Ախպար Էլ Եօմ»-ը 
կը գնէր, կարդալով՝ գործի կ’երթար եւ իրիկունները վերադարձին հետը տուն կը բերէր: 
Աշխարհի բոլոր լուրերը, Սարուխանի ծաղրանկարներուն հետ ամէն օր մեր տունէն ներս կը մտնէին: 
Ես կը սիրէի թերթին մէջ Սարուխանին գծած ծաղրանկարները դիտել եւ շատ անգամ անոնց իմաստը հօրս կը հարցնէի: Թերեւս ալ ճիշդ այս պատճառաւ, կրնամ ըսել, որ արաբերէնի առաջին դասագիրքս, հօրս այն օրերուն գնած «Ախպար Էլ Եօմ» օրաթերթերը եղած են:
Բայց տարի մը վերջ Պրն. Շահանը արաբերէնի մեր ուսուցիչը ըլլալէ դադրեցաւ, եւ անոր տեղ յաջորդ տարիներուն եկան մութ ակնոցներով Աւետիս Թերզիպաշեանը, Պրն. Մարգարեանը, Քամալ էֆէնտին եւ ամէնէն վերջ ուսթազ Պայումին: 
Ուսթազը Եգիպտացի էր: Փոսը ինկած այտերով, ալեխառն մազերով, թուխ եւ կարճահասակ: 
Զանգակի կանչերուն, դանդաղ քայլերով դասարան կը մտնէր: 
Երիտասարդ օրերուն, կրթական նախարարութեան մէջ քննիչի պաշտօն վարած էր, բայց հիմա հանգստեան կոչուած՝ մեր դպրոցի վերջին կարգերուն արաբերէնի եւ, եթէ չեմ սխալիր, Եգիպտոսի պատմութեան դաս ալ կու տար: 
Օր մը Եգիպտոսի ազատագրական պայքարի հերոս` Օրապիի պատմութիւնը ըրաւ եւ մեծ հպարտութեամբ ու գովեստով խօսեցաւ անոր տարած ազատագրական պայքարներուն եւ Եգիպտացի ժողովուրդի իրաւունքներուն մասին: 
Ուսթազը Եգիպտացի էր եւ բնական էր, որ հպարտանար ու սիրէր իր հայրենիքը: 
Մեր դասարանի նրբանցքին աջ կողմը, բակին նայող պատուհանով, բայց տուփի չափ պզտիկ, քառանկիւն ուսուցչարան մը կար: 
Ներսը՝ պատուհանին դիմաց, մէկ հատիկ գրասեղան մը դրուած էր: 
Ուսուցչարանին դուռը միշտ բաց կ’ըլլար, եւ նրբանցքէն անցնողը կը տեսնէր ներսը գտնուող ուսուցիչը: 
Հոն ուսուցիչները դասեր կը պատրաստէին, քննութիւններ կը սրբագրէին կամ ալ պարզապէս երկու դասապահերու միջեւ կը հանգստանային: 
Ուսթազ Պայումին կը սիրէր ծխել: Ուսուցչարանին մէջ գրեթէ միշտ կը տեսնէի իր նստած ծխելը:
1956 տարւոյն վերջերը Սուէզի պատերազմը վերջացած, դպրոցներն ալ մասամբ վերաբացուած էին: Սակայն երկիրը դեռ քարուքանդ վիճակի մէջ էր եւ վերաշինութեան համար դեռ շատ բան կար ընելիք, որովհետեւ մարդկային զոհերուն, նիւթական վնասներուն եւ հողային կորուստներուն չափերը շատ մեծ էին:
Յաղթող եւ կորսնցնող կողմերուն միջեւ զինադադար կնքուած էր, բայց հաշտութեան բանակցութիւնները կ’ուշանային… 
Ապագան դեռ յստակ չէր եւ մասամբ անորոշ ալ էր, բայց պատերազմին պատճառով կորսուած դասերը եւ ժամանակը կարգաւորելու համար, դպրոցները մասամբ վերաբացուեցան: 
Օր մը նրբանցքէն անցած ժամանակ, պզտիկ ուսուցչարանէն ներս ուսթազ Պայումին տեսայ: Գրասեղանին առջեւ նստած` աւելի կարճ կ’երեւէր: 
Ան կը ծխէր, մտահոգ դէմքով գլանիկին ծուխը ներս 
կը քաշէր եւ պատուհանէն դուրս կը դիտէր: 
Տխուր կ’երեւար:
Դասի մասին հարցում մը ունէի: Մտածեցի մինակ եղած վայրկեանէն օգտուիլ եւ առանց ժամանակ կորսնցնելու 
Սապահ էլ խէյր եա ուսթա՛զ,- ըսի եւ բաց դրան երկու թեթեւ հարուած տուի: 
Առջեւը, սեղանին վրայ լրագիրի մը առաջին բաց էջին վրայ Փորթ Սաիտի աւերակներուն պատկերները կային… 
– Արդեօք սխա՞լ ժամու հանդիպեցայ,- անցաւ միտքէս: 
Ուսթազը այն օրերու բոլոր Եգիպտացիներուն պէս նեղուած էր: Գլուխը առանց կողմս դարձնելու մեքենաբար՝ 
Սապահ էլ խէյր եա Կարօ՛ ,- պատասխանեց ու մտածկոտ շարունակեց ծխել եւ հեռուները դիտել:
Դիմացը բարձր նիւենիներու տերեւները կը շարժէին… 
Քովը կեցած` 
-Ուսթազին ծերացած աչքերը դուրսը ի՞նչ կը փնտռեն,- մտածեցի,-գալիք օրե՞րը, անցած օրե՞րը, թէ նոր օրերու Օրապիին պատերազմէն երկրին քաշած վնասները: 
Ուսթազը գլանիկին ծուխը դուրս փչեց: 
Վերը երկինքին վրայ ճերմակ շաքարէ ամպեր հեռու տեղերէ եկած, յոգնած ու իրարու յենած՝ դանդաղ կ’անցնէին կապոյտին վրայէն: 
Յանկարծ փոքրիկ թռչուն մը եկաւ եւ պատուհանին բաց փեղկերէն մէկուն վրայ արագ թառեցաւ: Մեզ տեսաւ, բայց առանց վախնալու պզտիկ գլուխը աջ-ձախ դարձուց, վիզը երկնցուց եւ սկսաւ երգել: Ձայնը զօրաւոր էր, կոկորդէն կու գար եւ գլգլացող ջուրի պէս անուշ, կիսաբաց կտուցէն սահելով՝ դուրս կը թռէր:
Ուսթազին դէմքը թեթեւ մը պայծառացաւ: 
– Արդեօք պզտիկ թռչունը իր երգերով լաւ օրերու յոյսե՞ր տուած էր ուսթազին: Անկարելի չէր: Բայց չէ՞ որ թռչունները իրենց յաճախ քանդուած տուները նոր յոյսերով միշտ կը վերաշինեն… 
Ես տարիներ առաջ ծիծեռնակներու մասին այդպէս երգ մը սորված էի մեր երաժշտութեան ուսուցիչ Պրն. Հապէշեանէն:

– Ծիծեռնակը բոյն էր շինում 
Եւ շինում էր եւ երգում, 
Ամէն մի շիւղ կպցնելիս 
Առաջուայ բոյնն էր յիշում…

Բայց ուսթազը մտքով կատարելապէս ներկայ չէր: 
– Թերեւս ծիծեռնակներու մասին իրեն դեռ չեն պատմած,- մտածեցի… 
Պզտիկ թռչունը քիչ վերջ լռեց: Թեւերը բացաւ եւ արեւին տակ սահեցաւ, հեռուները գնաց: 
Ես ուսթազին կողմէ կսկիծին հետ առանձին մնալու փափաք կարծեցի նշմարել…
Տրամադիր չէր, չուզեցի խանգարել: Առանց զգացնելու դուրս սահեցայ ուսուցչարանէն եւ պզտիկ թռչունին պէս լռեցի ու թեւերս բացի, հեռացայ…

Քամփինաս, Պրազիլ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին