*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Բարեփոխումներ՝ Ապրիլեան Պատերազմի Դասերու Հաշուարկով
Հայկական երկու հանրապետութիւններու նախագահները Դեկտեմբերի առաջին օրերուն այցելած են Արցախի հարաւային սահմանները: Բարձրացուած կարմիր դրօշը զօրավարժութիւններու մեկնարկը կ’ազդարարէ: Հրամանատարական դիտակէտներուն վրայ հայկական երկու հանրապետութիւններու նախագահներուն զօրավարժութեան մտայղացման մանրամասնութիւնները ներկայացուած են: Զօրավարժութեան բեմագիրը անփոփոխ է: Հակառակորդը յարձակման անցած ու ճեղքած է պաշտպանութեան առաջնագիծը: Հայկական ուժերը խնդիր ունին նախ կասեցնելու հակառակորդի յառաջխաղացքը, ապա անցնելու հակայարձակման եւ գործողութիւնները տեղափոխել անոր տարածքը: Վերջին տարիներուն կատարուած բարեփոխումներուն արդիւնքով՝ հայկական ուժերը այդ խնդիրը կատարելու համար ունին նոր հնարաւորութիւններ եւ ըստ այնմ կը կիրարկուի նոր մարտավարութիւն: Զօրավարժութեան մասնակցած են նաեւ գումարտակային մարտավարական խումբերը: Անոնք նախատեսուած են ունեցած կազմով եւ սպառազինութեամբ սահմանուած ժամկէտներուն ինքնուրոյն մարտական խնդիրներ կատարել, ինչպէս աւելի մեծ ստորաբաժանումներու կազմին մէջ, այնպէս ալ առանձին ուղղութիւններուն վրայ: Գործողութիւնները, ըստ հնարաւորութեան, յարմարցուած են իրական պայմաններուն, մանրամասնօրէն հաշուի առնուած են ապրիլեան պատերազմի իւրայատկութիւնները:
Զօրավարժութեան ընթացքին հետեւած ու կատարուածը գնահատած են Հայաստանի եւ Արցախի նախագահները: Սերժ Սարգսեանի խօսքը զօրավարժութեան բոլոր մասնակիցներուն ուղղուած է. «Մենք անտարակոյս պիտի պաշտպանենք մեր սահմանը, պիտի պաշտպանենք մեր հայրենիքը: Կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեր ծնողներուն, ձեր ուսուցիչներուն: Բոլոր անոնց, որոնք իրենց դերը ունեցած են ձեր կայացման գործին: Ձեզի կը մաղթեմ բարի ծառայութիւն եւ հպարտ կեցուածք: Շնորհակալ եմ»: Շնորհակալութեան հետ նաեւ պարգեւներ՝ բարձրաստիճան ղեկավարներու ձեռքէն: ՀՀ նախագահը շարքայինի ու սպայի, հրասայլ վարողի ու հրետանաւորի ձեռքը կը սեղմէ: Իւրաքանչիւրը իր աւանդը ունի ընդհանուր գործի յաջողութեան մէջ:
Բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ուղեկցութեամբ՝ երկու նախագահները նաեւ զօրամասերու մշտական տեղակայման վայրերուն մէջ բարեկարգման աշխատանքներու ընթացքին հետեւած են: Առաջնագիծէն ոչ հեռու՝ նոր ճաշարան կառուցուած է: Շէնքային պայմանները, սնունդի որակը, նաեւ քանակը նախագահներու ուշադրութենէն չի վրիպիր: «Առաջուան պայմաններուն համեմատ՝ հիմա պայմանները շատ լաւ են: Մենք ալ կը խոստանանք լաւ աշխատիլ: Սիրով կը պատրաստենք ամէն ինչը՝ մեր զինուորներուն համար»,- կը գնահատէ եւ կը խոստանայ խոհարար Էլմիրա Հայրապետեանը: Զինուորները արդէն ճաշարանն են. նախագահներէն անմիջապէս ետք առաջին խումբը կը մօտենայ սնունդի բաշխման կէտին: Յաջորդ զօրամասին մէջ նորակառոյց զօրանոց շահագործման յանձնուած է: Պահպանուած են բոլոր նորմերը, ստեղծուած են բոլոր պայմանները. պաշտպանութեան նախարարները կը զեկուցեն, նախագահները կը շրջին ու անձամբ կը համոզուին:
Կարմիր ժապաւէն կտրելու առիթ եղաւ նաեւ Հադրութ քաղաքի մէջ: Զինծառայողներու եւ պահեստազօրի սպաներու 20 ընտանիքներ բնակարաններ ստացան նորակառոյց շէնքին մէջ: «2003 թուականէն ՊԲ-ի մէջ կը ծառայեմ: Վարձքով կը բնակիմ: Հիմա ստացայ այս հրաշք բնակարանը, որ բառերով անհնար է նկարագրել»,- կը պատմէ ՊԲ փոխգնդապետ Մանուկ Մելքումեանը՝ դրսեւորելով իր զգացած ուրախութիւնը այս ուրախալի առիթով: Երկու դուստր ունին: Նոր պայմանները թոյլ կու տան հեռակայ ծրագիրներ ունենալ: «Արդէն տղայ ունենալու մասին ալ կը մտածենք»,- կնոջ՝ Էլէնա Համբարձումեանի խոստումն է: Մինչ այդ, աղջիկները՝ Սոֆիան ու Մերին, բարձրաստիճան հիւրերուն դէպի իրենց տունը կ՛ուղեկցին: Բնակարանամուտի առթիւ երիտասարդ ընտանիքը առաջին բարեմաղթանքները կը ստանայ հայկական երկու հանրապետութիւններու նախագահներէն:
Առաջին Խնդիրը Սահմանի Վրայ Կայունութեան Ամրապնդումն Է.
Ստեփանակերտէն Կ»արձագանգեն Վիեննայի Հանդիպման
Դեկտեմբեր 6-ին, ուշ երեկոյեան Վիեննայի մէջ կայացած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Ինչպէս կը նախատեսուէր , հանդիպման ընթացքին անակնկալներ չեղան: Սակայն անակնկալը մասամբ այն էր, որ հանդիպման փաստին դրական գնահատականներ տուած է Երեւանը եւ Պաքուն: Արցախի մէջ ուշադիր հետեւած են Վիեննայի մէջ կայացած հանդիպումներու շարքին, բայց առանց անհիմն լաւատեսութեան: «Անշո՛ւշտ հետեւած ենք, սակայն այս պարագային որեւէ հիմք չկար բանակցութիւններուն էական տեղաշարժ ակնկալելու համար»,- անկեղծօրէն կը խոստովանի Արցախի Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արզիկ Մխիթարեանը: Չափաւոր լաւատեսութիւն կար՝ հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ իրավիճակի կայունացման մեքանիզմի հարցին գծով, այս մասին կը յայտնէ Արզիկ Մխիթարեանը:
Մինչեւ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը՝ տեղի ունեցած են առանձին հանդիպումներ համանախագահներու հետ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական տեղեկատուութեան համաձայն՝ հանդիպման, որուն համանախագահներու ամբողջական կազմի հետ մէկտեղ մասնակցած է նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճեյ Գասբշիք, քննարկման ենթարկուած են Վիեննայի, Ս. Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովներու ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղղուած քայլերը: Կողմերը շարունակած են մտքերու փոխանակումը ղարաբաղեան հիմնախնդիրի, բացառապէս խաղաղ կարգաւորման գործընթացի յառաջմղումին համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման շուրջ: Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Պապայեան այս երեւոյթը կը գնահատէ որպէս բախումներ հրահրող կողմին յիշեցում, որ միջազգային ուժային կեդրոնները, առնուազն այս փուլին մէջ, միակարծիք են եւ արկածախնդրութիւնը չեն հանդուրժեր:
Աւելի մեծ էր հետաքրքրութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու ուշ երեկոյեան կայացած հանդիպման շուրջ: Հանդիպումը սկսած է Մինսկի խումբի համանախագահներու եւ Անճեյ Գասբշիք մասնակցութեամբ եւ շարունակուած է առանձնազրոյցի ձեւաչափով: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած տեղեկատուության համաձայն՝ Նալպանտեան-Մամեդիարով հանդիպման օրակարգի վրայ էին երկու երկիրներու ղեկավարներու Վիեննայի, Ս. Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործման ուղիները: Խօսքը բնականաբար, առաջին հերթին, շփման գիծին վրայ իրավիճակը կայունացնելու մեքանիզմներու ապահովման մասին է: «Հարցը նախ քննարկած են համանախագահներու հետ, ապա նաեւ՝ արտաքին գործոց նախարարներու ձեւաչափով հանդիպման ընթացքին: Կը նշանակէ՝ այս փուլին առաջին կարգի կայունութիւնը, գոնէ համեմատաբար կայունութիւնը վերականգնելուն ուղղուած են ջանքերը»,- կ’ընդգծէ արցախցի գործիչը: Դաւիթ Պապայեան կը խոստովանի, որ գոնէ այս փուլին աւելին չէր ակնկալէր: «Այն ժամանակ, երբ Պաքուի մէջ հայատեացութիւնը կը շարունակեն սերմանել պետական մակարդակով, երբ այդ երկրի նախագահը բոլոր ամպիոններէն պատերազմով կը սպառնայ Հայաստանին, դժուար է պատկերացնել, որ բանակցային գործընթացքի միջոցին էական տեղաշարժ կ’ըլլայ»,- կը հիմնաւորէ Արցախի նախագահի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Պապայեան:
Հետաքրքիրը այն է, որ հերթական հանդիպման արդիւնքներէն դժգոհ չէ նաեւ Պաքուն: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը Հայաստանի պաշտօնակիցին հետ քննարկումները որակած է դրական եւ կառուցողական:
Այս լաւատեսութեամբ ալ՝ արտաքին գործոց նախարարները պայմանաւորուած են յաջորդ հանդիպման մասին, որ պիտի կայանայ 2018-ի տարեսկիզբին:
Արեւն ու Ջուրը. Արցախի Մէջ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 2018 Թուականի Գերակայութիւնները
Անցնող տարին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Արցախեան ծրագիրներու առումով բեղուն էր: Աւարտեցաւ Արցախը Հայաստանին կապող երկրորդ ուղիի շինարարութիւնը: Ստեփանակերտի մէջ ուռուքաբանական բժշկական հիմնարկի շէնքը նախագծային տեսքի բերուած է: Շուշիի մէջ նոր մշակութային կեդրոն շահագործման յանձնուած է: Ստեփանակերտի մէջ թիւ 9 դպրոցի հիմնանորոգումը կը շարունակուի: Բազմազաւակ ընտանիքներու բնակարանային պայմաններու բարելաւման ծրագիրի շրջանակներուն մէջ մօտ մէկուկէս տասնեակ ընտանիքներ նոր առանձնատուներ ստացան՝ Արցախի շարք մը բնակավայրերուն մէջ: Միաժամանակ երկու ընտանիք բնակարանամուտ տօնեց Նոր տարուան նախաշէմին՝ Լուսաձոր գիւղի եւ Ճարտար քաղաքի մէջ: Յառաջիկայ տարիներուն ալ Արցախի հիմնադրամի համաֆինանսաւորումով կը շարունակեն իրականացուիլ շինարարական ծրագիրներ կրթութեան, առողջապահութեան, ենթակառուցուածքներու բարելաւման ոլորտներուն մէջ: Կը շարունակուի նաեւ բազմազաւակ ընտանիքներու բնակարանային պայմաններու բարելաւման ծրագիրը:
Մօտեցող 2018 թուականը հիմնադրամի՝ Արցախեան ծրագիրներու գծով նորութիւններ պիտի բերէ: «Բերքառատ Արցախ» խորագիրով տեղի ունեցած մարաթոնի ընթացքին հաւաքագրուած գումարները, ընթացիկ ծրագիրները շարունակելով հանդերձ, նաեւ նոր ծրագիրներու մեկնարկի համար պիտի օգտագործուին: Հիմնականները կ’ըլլան երկու մեծ ծրագիրներ՝ ուղղուած ոռոգման համակարգի բարելաւման ու արեւային ուժանիւթի կիրարկման գործին, կը մանրամասնէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Վալերի Ղազարեանը:
Արցախի գիւղատնտեսական նշանակութեան հողերու 7 տոկոսը այսօր ոռոգուած է: Բայց եթէ 30 տոկոսը հնարաւոր է ջրամբարներէն ինքնահոս եղանակով սնել, ապա 60 տոկոսի միակ փրկութիւնը ստորգետնեայ ջուրերն են: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նոր ծրագիրով կը նախատեսուի հիմնականօրէն Ասկերանի եւ Մարտունիի շրջաններուն մէջ կառուցել 40 արտեզեան ջրհոր, իւրաքանչիւրը՝ միջինը 20 հեքթար ոռոգելու հնարաւորութիւն կու տան: Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան ջրային համակարգերու օգտագործման եւ պահպանութեան տեսչութեան պետ Արմէն Ներսիսեանի խօսքով՝ նման փորձ Արցախի մէջ արդէն կայ պետական ծրագիրի շրջանակներուն մէջ: Դեռ աւելին՝ պետական աջակցութեան ծրագիրով՝ ստորգետնեայ ջուրեր օգտագործողները նաեւ ջրախնայող համակարգեր տեղադրելու հնարաւորութիւն ստացած են: Արմէն Ներսիսեան կը վստահեցնէ՝ Հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ կառուցուած կամ վերականգնուած ջրհորներու ջուրերը օգտագործելու համար ըստ այնմ կ’օգտագործուին նաեւ ջրախնայող, այսպէս կոչուած, կաթիլային համակարգները, որոնք հնարաւորութիւն կու տան բազմապատկել ոռոգովի դարձող հեքթարները: Ջրախնայող համակարգերու տրամադրման կարգը արդէն պատրաստ է, պահանջներն ալ շատ են:
Հիմնադրամի յաջորդ առանցքային ծրագիրի մեկնարկի համար գումարը Արցախ կու գայ Եւրոպայէն: Նոյեմբեր 15-19 Ֆրանսայի մէջ կազմակերպուած հեռախօսամարաթոնի ընթացքին Եւրոպայի հայերու հանգանակած 1.23 մլն եւրոյէն 500 հազարը կը ներդրուի արեւային կայաններ հիմնադրելու ծրագիրին: Յաջողուած փորձը արդէն կայ: Շուշիի Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական ուսումնարանը արդէն 2-3 տարի՝ յաջողութեամբ կ’օգտուի արեւի ուժանիւթէն՝ տեղադրուած ջրատաքացուցիչներու եւ կայաններու շնորհիւ, զորս ցոյց կու տայ եւ այնուհետեւ կը պատմէ ուսումնարանի տնօրէն Վասպուրակ Կարապետեանը: Սա ալ տակաւին ամէնը չէ: Ուսումնարանի տնօրէնը ոչ պակաս հպարտութեամբ ցոյց կու տայ արդէն պատրաստ աշխատանոցներ: Ուսումնարանը, որ կը խոստանայ նոր սերունդի վարպետներով ու արհեստաւորներով ապահովել ոչ միայն Արցախը, ահա նաեւ ելեկտրակայաններ կրթելու ծրագիրներ ունի: Աշխատանոցները պատրաստ են, մասնագէտ-ուսուցիչները պատրաստուած են. Աւելին՝ վերապատրաստուած են Ֆրանսայի մէջ: Մոզեանի շրջանաւարտները մասնագիտացուած պիտի ըլլան արեւային ուժանիւթի կայաններու տեղադրման ու սպասարկման մէջ: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ծրագիրով՝ արդէն 2018 թուականէն կը սկսի արեւային կայաններու տեղադրման ծրագիրը: Շուշիի մէջ կը կազմուին ընդհանուր 50 ՔՈւաթ/ժամ հզօրութեամբ ելեկտրածին տախտակներ՝ հանրային նշանակութեան կառոյցներուն մէջ, կը տեղադրուին 160 ջրատաքացուցիչ, միաժամանակ Քարին տակ գիւղի բոլոր ընտանիքները կ’ապահովուին արեւային ջրատաքացուցիչներով: Իսկ Ասկերանի մէջ ընդհակառակը՝ մեծ տեղ կու տան արեւային ուժանիւթի ելեկտրական տատանումներու յառաջացման արդիւնքով ելեկտրական ուժանիւթ ստանալու ծրագիրին, ընդհանուր 300 ՔՈւաթ/ժամ հզօրութեամբ համակարգ կը ներդրուի:
Քանի որ աշխատանքներու զգալի մասը Արցախի կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ պիտի իրականանայ, անոնց որակի վերահսկողութիւնը դարձեալ բազմամակարդակ կ’ըլլայ: Նման մօտեցումը դրական արդիւնքներ կու տայ, այս մասին կը վստահեցնէ հիմնադրամի արցախեան գրասենեակի ղեկավար Վալերի Ղազարեանը՝ յղում կատարելով նախորդ տարիներու փորձին:
Ստեփանակերտ