Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

Համադրութիւն

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Պերճախօս տղայ մըն էր, ինչպէս կ’ըսեն «լեզուն բերանը». Ինչ որ պատմէր ուշի-ուշով մտիկ կ’ընէինք եւ ինք թափ կու տար իր հաճելիութեան, աւելի ընդունելի եւ հետաքրքրական դառնալու միտումով: Մեզի հետ համեմատելով, այսինքն՝ մեր թաղի տղոց հետ, թիկնեղ էր, գլուխն ալ քիչ մը խոշոր, աչքերը խոր ու սեւ, իսկ նիւթը ընդհանրապէս կ’ըլլար Անդրանիկէն, մանաւանդ անուանակիցն էր ինք, ինչ որ աւելի եռանդ, հետաքրքրութիւն եւ  հաճելիութիւն կ’ուզէր ներմուծել իր պատմածներուն եւ կը յաջողէր: Իր ներկայութիւնը կ’ուզէինք զգալ միշտ: Պատմուածքները կ’աւարտէր՝ «ՄԻԱՅՆ ԶԷՆՔՈՎ ԿԱՅ ՀԱՅՈՑ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ» ըսելով: Այդ էր իր «Գիշեր բարի»-ն:

Իր պատմածներէն մին յատկանշական էր ինծի համար, այլապէս այդ ալ կրնայի մոռնալ: Թէ՝ Անդրանիկի զօրախումբը կը յատկանշուէր քաջերով եւ հնազանդութեամբ, իսկ խումբի անդամներէն մին կը սիրէր հայհոյել տեղի-անտեղի, ուստի, իբրեւ պատիժ՝ Անդրանիկ իրեն կը սահմանէ յարմար անկիւն մը՝ արգիլելով ընկերանալ իրենց կատարելիք արշաւանքին: Ուրեմն խումբը կը հեռանայ, կը հասնի վայր մը, որուն հանդիպակաց կողմը թուրք կռուողներ կը յայտնուին, որոնք կը սկսին հայհոյանքներով «դիմաւորել» Անդրանիկի խումբը, ուստի Անդրանիկ կը հրամայէ կանչել պատժուածը ու կը սկսի լուտանքներու փոխանակում: Ըսել կ’ուզէր, որ…ամէն ինչ իր տեղին անհրաժեշտութիւն է: Զէնքի հրամայականը այդ պահուն տեղի տուած էր: Ձեւով մըն ալ կ’արդարաձնէր ինքզինք, քանի որ…

Թաղի տղաք էինք, տակաւին դիւանագիտութիւն բառին անծանօթ, աշխարհը մեզի համար քիչ մը հաւաք, քիչ մը ծիծաղ եւ կռուըտուք էր: Տարիներ պէտք էին, որ կամաց-կամաց կեանքին ամբողջութեան հետ շաղուելով, գիտելիքներ ամբարելով զարգանայինք: Անդրանիկ մարտական ուժ էր միայն մեզի համար, ոչ աւելի, եւ այդ էր մեզ՝ պատանիներս, խանդավառողը:

Տարիներու թաւալքին հետ թաղային կռուըտուքը վերածուած էր դասարաններու գիրքերու, ինչպէս նաեւ արտադասարանային գիրքերու հետ շփման եւ երբեմն ալ կռիւի, ինչո՛ւ  չէ. ամէն ինչ սահուն գետ չէ: Անհաշիւ գիրքեր կեանքի զանազան երեսներու մասին, ժողովուրդներու, պատմական, կրօնական, փիլիսոփայական եւ այլն: Սակայն…

Սակայն անհաշիւ գիրքերու մէջ մենք՝ իբրեւ քրիստոնեայ, ունինք Աւետարանները, որ երկու հազար տարիէ կը քարոզուի, կը սերտուի, կը քննարկուի այն հիմնական պատճառով, որ համապարփակ է, եւ մենք ընդունած ենք մեր հայրերէն ժառանգաբար: Համապարփակ է թէեւ, սակայն դարերէ ի վեր վեր կ’առնուի միայն հոգեւոր բաժինը, անձի փրկութեան, անձի փոխյարաբերութեան, անձի եւ եկեղեցիի յարաբերութեան, պարտականութեան եւ պարտաւորութիւններու մասին:

Եւ այլ բազմաթիւ հարցեր, որոնք անտես մնացած են: Համառօտ՝  Ղուկասու Աւետարանի ԺԴ. գլխուն 31 եւ 32 համարներուն, ի՞նչ կը կարդանք հոն.-  «Կամ ո՞ր թագաւորը ուրիշ թագաւորի մը հետ պատերազմելու երթալէ առաջ չի նստիր ու չխորհիր, թէ արդեօք տասը հազարով կրնա՞յ դէմ կենալ անոր, որ քսան հազարով իրեն վրայ կու գայ: Իսկ եթէ չի կրնար, ապա այն պատճառով, որ անիկա հեռու է, դեսպան ղրկելով՝ խաղաղութիւն կը խնդրէ»:

Հրեաներ կ’ուզէին թօթափել Հռոմէական կայսրութեան լուծը եւ կը պատրաստուէին յեղափոխութեան: Յիսուս դէմ էր: Քարոզեց կրաւորականութիւն .- «Չարին հակառակ մի՛ կենաք»: Եւ ով որ քեզի պահակ, բռնէ՛ ու մղոն մը ճամբայ քալէ, գնա՛ անոր հետ երկու»:(Մատթէոս Ե. 41): Եւ վերջ ի վերջոյ Յիսուս լացաւ Երուսաղէմի վրայ, քանի որ կանխատեսեց անոր կործանումը: Տիտոս Կայսրը պաշարեց զայն 70 թուականին ու ջախջախեց զէնքի հերոսները, Երուսաղէմ յանձնուեցաւ, իսկ բնակչութիւնն ալ ցրուեցաւ աշխարհով մէկ, մանաւանդ Հռոմէական կայսրութեան ենթակայ երկիրներ, ի մասնաւորի Հռոմ:

«Միայն զէնքով կայ…»: Միայն զէնքո՞վ, թէ համադրութեամբ. նկատի ունենալ ժամանակը, պարագաները, հոգեբանական վիճակները, տնտեսականը, ոգին եւ այլ տուեալներ:

Դրօշը: Հայաստանի դրօշը միայն կարմիր չէ, ոչ ալ միայն կապոյտ կամ միայն նարնջագոյն, այլ ՀԱՄԱԴՐՈՒՄԸ ԱՅՍ ԵՐԵՔԻՆ:

ԴՐՕՇ՝ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԸ  ԵՐԿՐԻՆ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին