Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

Զբօսաշրջութեան Զարգացման Համար Պիտի Խրախուսենք «BnB» Կարգի Հիւրատուներու Ստեղծումը. Նախարար

Ընթացիկ տարուան Յունուար-Հոկտեմբեր ամիսներուն Արցախ այցելած օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներուն թիւը նախորդ տարուան համեմատ՝ աճած է շուրջ 40 տոկոսով, իսկ 2015-ի համեմատ 28 տոկոսով:

Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, ըսած է Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերկէյ Շահուերդեանը`  նշելով, որ դեռ չամփոփած տուեալներով արդիւնքները գոհացուցիչ են եւ մինչեւ տարեվերջ անիկա դեռ պիտի աճի:

Նախարարին խօսքով` ոլորտի զարգացումը մշտապէս կը գտնուի պետութեան ուշադրութեան կեդրոնին:

«ԱՀ պետական պիւտճէի ֆինանսաւորումով 2017-ին իրականացած են Հադրութի շրջանի Տող գիւղի Մելիքական ապարանքի տարածքի բարեկարգման եւ յարմարեցման աշխատանքներ: Մինչեւ տարեվերջ կը նախատեսուի աւարտին հասցնել Ասկերանի բերդի հիւսիս-արեւելեան հատուածի վերականգնման աշխատանքները: Մասնաւոր  ֆինանսաւորումով` ընթացիկ տարին վերականգնման աշխատանքներ իրականացած են ԱՀ Մարտունիի շրջանի Մուշկապատ գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ, Շուշիի Վերին մզկիթի հարեւանութեամբ գտնուող Մետրեսէի շէնքի եւ Դադիվանքի վանական համալիրի տարածքին»,- ըսած է Շահուերդեանը եւ նշած, որ Մուշկապատի եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները ամբողջութեամբ աւարտած են, իսկ Դադիվանքի վանական համալիրի եւ Մետրեսէի շէնքի վերականգնման աշխատանքները կը նախատեսուի շարունակել յաջորդ տարի:

2018-ին ԱՀ պետական պիւտճէի ֆինանսաւորումով ծրագրուած է վերականգնել նաեւ Ասկերանի բերդի միջնաբերդի հատուածը, ինչպէս նաեւ հռչակաւոր Գտչավանքի գլխաւոր եկեղեցւոյ եւ գաւիթի տանիքները:

«Մասնաւորապէս բոլոր զբօսաշրջավայրերը, որոնք ընդգրկուած են Արցախի զբօսաշրջային երթուղիներու ցանկին վրայ, կը գտնուին բարեկարգ վիճակի մէջ կամ ալ բարեկարգման ընթացքի մէջ են: Յաջորդ տարի պիտի շարունակենք այս տարի գործարկուած «Թուրպուս» զբօսաշրջային ուղեւորափոխադրումները, քանի որ կը կարծենք, որ յաջողած նախագիծ է: Նոր երթուղիներու մասին դեռ կանուխ է խօսիլ. ստոյգ ժամկէտները ճշդելէ ետք անիկա պիտի ներկայացուի հանրութեան»,- ըսած է Շահուերդեանը:

Խօսելով յաջորդ տարի իրականացուելիք աշխատանքներուն մասին` նախարարը նշած է, որ գիւղական համայնքներու մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման համար պիտի խրախուսեն օրինակ` «BnB» կարգի հիւրատուներու ստեղծումը, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջային նոր նախագիծի ձեւաւորումը եւ խթանումը: Բացի այդ, մեծ ուշադրութիւն կը դարձուի թուային շուկայագիտութեան միջոցով Արցախի վաճառանիշի տարածման, որ համացանցային տիրոյթին մէջ աւելի պիտի նպաստէ Արցախի ճանաչելիութեան: Այս ուղղութեամբ կը նախատեսուին   Հայաստանի եւ արտերկրի զբօսաշրջութեան բնագաւառի մասնագէտներու հետ խորհրդատուութիւններ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին