Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Կը Սկսի Իր Աշխատանքներուն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը կարեւորութեամբ կը շեշտէ, թէ Ազգային ընդհանուր ժողովը իր յառաջիկայի աշխատանքներուն մէջ յատուկ ուշադրութեամբ ծրագրէ եկեղեցւոյ առաքելութեան հետեւեալ մարզերը՝ Կրօնական եւ ազգային դաստիարակութիւն, Ընկերային ծառայութիւն, Երիտասարդութիւն, Պահանջատիրութիւն, Թեմերուն վերակազմակերպում, Սփիւռք-Հայաստան գործակցութիւն

Երեքշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2017-ին առաւօտեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Վեհարանի դահլիճին մէջ ընթացք առաւ Ազգային Ընդհանուր ժողովը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2017։ Քառօրեայ Ժողովին կը մասնակցին թեմակալ առաջոր դներ, շուրջ հարիւր պատգամաւորներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ։

Բացման նիստին իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետը, որ առաջին հերթին դիտել տուաւ, թէ սոյն ժողովը կենդանի վկայութիւն մըն է հայ եկեղեցւոյ հարազատ դիմագիծին, որ յատկանշական է հայկական եկեղեցիին ժողովուրդին եկեղեցին ըլլալուն մէջ. առ այդ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը բնորոշուի որպէս հաւատքի, առաքելութեան եւ ազգային ծառայութեան եկեղեցի, նշեց Հայրապետը, շարունակելով, որ պատմութեան ընթացքին հայ եկեղեցին կանգուն մնացած է փոթորիկներուն դիմաց, որովհետեւ հաւատարիմ եղած է երկնային ճշմարտութիւններն ու արժէքները աշխարհ տանելու եւ ժողովուրդին ծառայելու քրիստոսատուր պատգամին։

Խօսելով Սփիւռքի ներկայ իրավիճակին մասին, Վեհափառ Հայրապետը  ընդգծեց. «Իմաստութիւնը ու քաջութիւնը պէտք է ունենանք մեզ շրջապատող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու՝ մեր հաւաքական կեանքը վերա­նորոգելու ու վերակազմակերպելու նպատակասլաց յանձնառու­թեամբ։ Հետեւա­բար, անհրաժեշտ է ըլլալ զգօն եւ համապատասխան մօտեցում­ներ ճշդել այնպիսի մտածելակերպերու, գործելակերպերու ու կենցաղակերպերու նկատ­մամբ, որոնք կրնան մեր ինքնութեան արմատները կրծել ու մեր արժէքները խաթարել։ Միա­ժամանակ, անհրաժեշտ է ըլլալ իրատես ու հեռատես, հինը նորով ընդելուզելու ու հարստացնելու, աւանդականը՝ արդիականով, անցեալը՝ ներկայով եւ տեղականը՝ համահայկա­կա­նով, որպէսզի մեր նոր սերունդները կապենք մեր կեանքին ու կարե­նանք քայլ պահել ներկայ աշխարհի զարգացումներուն հետ»։ Այս մեկնակէտով, Հայրապետը ժողովին յանձնարարեց յաջորդ քառամեայ գործունէութիւնը ծաւալել հիմնականօրէն կեդրոնանալով հայ ժողովուրդին հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կենսագործման, կրօնական դաստիարակութեան ու ծառայութեան մարզերուն ամրապնդման, հայկական իրականութեան մէջ հայ երիտասարդութեան դերակատարութեան արժեւորման եւ անոնց՝ մեր գործունէութեան մէջ ներառման, ինչպէս նաեւ Հայ դատի պահանջատիրական ծիրերուն եւ Սփիւռքի վերակազմաւորման ու վերանորոգման հրամայականին վրայ։

Նորին Սրբութիւնը ժողովին տրամադրութեան տակ դրաւ վերոնշեալ թեմաներուն նկատմամբ իր ունեցած մտահոգութիւնները։ Ան ըսաւ, որ ժողովուրդին կեանքին մէջ նուազած է հոգեւոր ու բարոյական արժէքներուն կենսագործման հրամայականը, որուն պատճառով ժողովուրդը կը զգայ այս արժէքներուն պակասը իր առօրեային մէջ։ Այս առնչութեամբ, Հայրապետը կոչ ուղղեց վերանորոգել Հայ եկեղեցւոյ ու Աստուածաշունչին փոխանցման ձեւերը եւ մեթոտները։ Շարունակելով, Վեհափառը յայտնեց, որ կրօնական դաստիարակութեան առընթեր, ծառայութիւնը հիմնական առաքելութիւն մըն է եկեղեցւոյ, եւ որուն աշխատանքները պէտք չէ սահմանափակել մարդասիրական աշխատանքներով, այլ ըլլալ կազմակերպուած ու մասնագիտական եւ այժմէական աշխատանք տանիլ այս ծիրին մէջ։

Անդրադառնալով երիտասարդ ուժին, որուն մասին բազմիցս բարձրաձայնած է Վեհափառ Հայրապետը, ան նշեց. «Մեր երիտասարդութեան ու մեր կառոյցնե­րուն եւ ընդհանրապէս մեր համայնքային կեանքին միջեւ սկսած է խրամատներ գոյա­նալ։ Մեր երիտասարդութիւնը սկսած է դառնալ անտարբեր մեր կեանքը յուզող խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ։ Լոզունքներ արձակելով ու քննա­­դատական կամ յուսահատական արտայայտութիւններ ունենալով ներկայ մտա­հոգիչ կացութիւնը չենք կրնար բարելաւել, այլ աւելի կը հեռացնենք մեր երի­տա­սարդները մեր շրջապատէն։ Պէտք է խօսինք մեր երիտասարդներուն հետ, լսենք անոնց մտահոգութիւնները ու սպասումները, եւ մեր կեանքին դռները լայն բանանք անոնց առջեւ՝ ոչ «մենք»ի եւ «դուք»ի մօտեցումով, այլ հաւաքական «մենք»ի մէջ կարեւոր պատասխանատուութիւն տալով անոնց»։ Ան ընդծեց, որ երիտա­սարդ մարդուժն է, որ կենսունակութիւն, վերանորոգում ու յառաջդի­մութիւն պիտի ապահովէ։

Պատգամին աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը խօսեցաւ Ս. Աթոռին առաքելութեան ամէնէն կարեւոր մարզերէն մէկուն մասին, որն է պահանջատիրութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, թէ Հայ դատի աշխատանքները ճանաչումէն պահանջատիրութեան հանգրուան անցած է, որ կը յատկանշուի Սիսի դարաւոր Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով Կաթողիկոսութեան բացած դատը Թուրքիոյ դէմ։ Հայրապետը յայտնեց, որ այս քայլը առաջին վճռական քայլն է։ Ան ժողովին ուշադրութեան յանձնեց, որ հետեւողական ու տքնաջան աշխատանքներէ ետք, դատը ներկայիս կը գտնուի իրաւաքաղաքական ճնշումներու տակ, «հակառակ այս կացութեան, մեր Ս. Աթոռը պէտք է շարունակէ իրաւական գործընթացը», եզրափակեց Նորին Սրբութիւնը։ Իսկ Սփիւռքի վերանորոգման մասին խօսելով, Հայրապետը առաջնահերթութիւն համարեց թեմերուն վերակազմակերպումն ու վերանորոգումը, մանաւանդ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100ամեակի սեմին, որուն առիթով Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ համահայկական համագումար պիտի գումարուի եւ Կոթող պիտի բարձրացուի Մայրավանքին շրջափակին մէջ՝խա» ի յիշատակ անկախութեան ճակատամարտերուն նահատակուած եւ անկախութեան համար զոհուած հերոսներուն։

Եզրափակելով իր խօսքը, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Մեր պատգամին եւ ընդհանուր ուղենիշ Մեծի Տանն Կի­լիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան, կարեւորութեամբ կ’ուզենք վերյի­շեցնել, թէ՝ Կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուող որե´ւէ աշխատանք եւ իրագործուող որե´ւէ ծրագիր մէկ հասցէ ունի՝ մեր ժողովուրդը եւ մէկ նպատակ՝ ժողովուրդին ծառայութիւնը»։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին