*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի աշխատակից
Օրեր էին՝ գիրքեր հաւաքելու ապագայի երազով, որ օր մը…պիտի կարենամ ըմբոշխնել: Հիւանդագին երեւոյթ, արդարեւ, երբ նոյնիսկ երբեմն արաբերէն, երբեմն ֆրանսերէն գիրքեր իսկ կ՛աւելնային գրադարանիս առանց այդ լեզուներուն տիրապետած ըլլալու, կարելի քիչէն ալ գոհունակութիւն մը ստանալու յոյսով ու ահա անոնցմէ մին, որ Ժագ Բրեւերի Փարոլը գիրքն էր, որմէ յուզականութիւն առթող եւ մտորումներու առաջնորդող մէկ քերթուածը լայն ժողովրդականութիւն ունենալուն պատճառաւ մի գուցէ բազմաթիւ նկարահանումներու առիթ տուած է: Բայց ի՞նչ կ՛ըսէ հեղինակը այս գրութեամբ:
Առաւօտեան Նախաճաշ
Սուրճը դրաւ գաւաթին մէջ
Կաթը դրաւ սուրճի գաւաթին մէջ
Շաքարը դրաւ կաթով սուրճին մէջ
Փոքր դգալով մը խառնեց
Խմեց կաթով սուրճը
Դրաւ գաւաթը տեղը
Առանց հետս խօսելու
Ծխախոտ մը վառեց
Ծուխէն շրջանակներ կազմեց
Դրաւ մոխիրը մոխրամանին
Առանց հետս խօսելու
Առանց ինծի նայելու
Ելաւ տեղէն
Իր գլխարկը դրաւ իր գլխուն
Հագաւ անձրեւարգել վերարկուն
Քանի որ կ՛անձրեւէր
Եւ անձրեւին տակ գնաց
Ոչ մէկ բառով
Ոչ իսկ նայուածքով մը
Գլուխս առի ափերուս մէջ
Ու լացի
«Մարդ արարածը ընկերային կենդանի է: Ան, որ կ’ապրի ընկերութենէ դուրս, կամ գազան է կամ ալ Աստուած» Արիստոտէլ: Ան ուրիշ թէ, մանաւանդ անցեալին ինքնամեկուսացումներ կային կրօնի ազդեցութեամբ (ճգնաւոր, միստիք), իսկ պետական-պաշտօնական մեկուսացումներն ալ, անշո՛ւշտ, բանտերն են իբրեւ ապահովութիւն ընկերութեան:
Անհրաժեշտութեան կամ պէտքին հրամայականը մարդս ինքնաբերաբար ընկերային վիճակի կ’առաջնորդէ: Ժողովրդային ասոյթը կ’ըսէ .- «մարդ մարդով է», ուստի ընկերութիւնը արդիւնք է անհատներու պայմանաւորուածութեան իրենց հաւաքական եւ անհատական շահին ի խնդիր: Հոն իրար կը բախին շահն ու փոխ-յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ անհասկացողութիւններն ու բարդութիւնները: Գալով մեր քերթուածին՝ իշխողը յուզականութիւնն է, մանաւանդ աւարտը, որ հարցադրումներու երկրորդ երեսն է: Մարդ կենդանին աւելի յուզականութեամբ կ’առաջնորդուի քան բանականութեամբ, քանի որ առաջինը աւելի ուժեղ է, հին եւ տիրական: Յեղափոխութիւնները յուզականութիւնը գրգռելով՝ կը սկսին, ու ալ զսպելը կ՛ըլլայ անհնարին: Մեր գործը յանձնապատան, ինքնամփոփ անձի մը հետ է, որ առաւօտեան նախաճաշը (թէյով սուրճ, կաթ) կը կատարէ առանց աջ-ձախ նկատի ունենալու. կը վառէ ծխախոտը եւ անոր ծուխէն շրջանակներ արձակելով օդը, որ գուցէ կը բնորոշէ իր ներաշխարհի անել վիճակը կամ ամուսնութեան կլոր, անսկիզբ ու անվերջ մատանիի մը խորհրդանիշը օղակաձեւ: Ո՞վ գիտէ իր հոգիին թաքուն խորքը: Բայց եւ այնպէս ոչ մէկ ձախաւեր շարժում. Կ’անձրեւէ՞: Կայ անձրեւարգել վերարկուն եւ գլխարկը, ու կը հեռանայ անձրեւին տակ՝ պաշտպանուած եւ ապահով: Այս պա՞հ մըն էր արդեօք. եթէ այդպէս է, ո՞վ չէ ունեցած նմանօրինակ ապրումներ, երբ ընկերութիւն եւ անհատ անհամերաշխ վիճակի մէջ կը գտնուին կամ անձը ինքն իր մէջ՝ երկուութեան բարդոյթի: Ո՞վ գիտէ: Պատահական են նման երեւոյթներ:
Առողջ ընկերութեան անդամները նմանօրինակ վիճակներու չեն մատնուիր, քանզի առողջ ընկերութենէ առողջ անհատներ կը գոյանան, ինչ որ շա՜տ իտէալական է եռացող այս աշխարհի մէջ, ուր տարուէ-տարի կը բարդանան կեցութեան պայմանները եւ հետեւաբար փոխադարձ հասկացողութիւնները: Վերջապէս առողջ անհատ առողջ ընկերութեան արդիւնք է, ինչպէս առողջ միտք՝ առողջ առողջ մարմինի եւ փոխադարձաբար : Գործնականին մէջ, քանի որ ընկերութիւնը թերացած է, անհատին կը մնայ զօրացնել ինքզինք՝ դիմագրաւելու բազմաթիւ դժուարութիւնները, հոգեկան, ընկերային թէ այլ:
Արեւելքը մեծ ներդրում ունի այս մարզին մէջ: Փիլիսոփայութեամբ, կրօնով, առաջնորդներով, որոնք սակայն գործնականացնելու համար անհատը պարտի աշխատանք տանիլ իմաստութեամբ, ջանքով եւ յարատեւութեամբ:
Թատրոնը վերջացաւ, իսկ հանդիսատեսը ինչո՞ւ լացաւ արդեօք: Միթէ հոգեընկեր մը զգաց, որ չեղաւ հաղորդական, թէ մարդասիրաբար լալու աստիճան խորզգաց անոր հետ. Ցաւակի՞ց էր արդեօք, թէ ինզինք զգաց զերօ մը, անգոյ մը, անտարբերութեան հանդիպած ըլլալու ցաւով վիրաւոր: Ո՞վ գիտէ:
Այս վերջինին համար Լաօ Ցէ ունի բուժիչ խօսք իր թիւ 13 քերթուածով.-
«Ընդունէ՛ անտեսումը կամովին.
Ընդունէ՛ անտեսումը իբրեւ մարդկային վիճակ.
Ի՞նչ կը հասկնաս «ընդունէ՛ անտեսումը կամովին»
Ընդունէ՛ անկարեւոր ըլլալ»: