*ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ*
Պրն. Կարապետը գրեթէ ամէն Շաբաթ կամ Կիրակի առտուները Փալմաս տօ Թրեմեմպէյի մեր տունը այցելութեան կու գար:
Ձեռքը հայերէն թերթերու տրցակ մը բռնած՝ մօրս պէս ինքն ալ Խարբերդցի, մատը մեր տան զանգակին կը կոխէր եւ
– Հայրենակի՛ց, դուռը բա՛ց,- կը պոռար դուրսէն:
Այդ ժամերուն մայրս երբեմն խոհանոցը գործով զբաղած կ’ըլլար եւ ես Չալոյին հաջելը երբ լսէի, դուռը կը բանայի եւ Պրն. Կարապետը ներս կու գար:
Չալօն կը ճանչնար տուն յաճախող մեր բոլոր բարեկամները, կ’ուզէր եկողներուն դիմաւորել ու երբ կապը քակէի, պոչը շարժելով՝ անոնց դիմաց կը վազէր:
Ան մեր տան մէջ բոլորիս շունն էր, սակայն իրաւունքով բուն տէրերը հայրս ու մայրս էին: Աւելի ճիշդ, հայրս շունին տէրն էր, մայրս ալ անունին, որովհետեւ տարիներ առաջ, երբ հայրս օր մը անակնկալ ըրաւ եւ այդ շունը տուն բերաւ, մայրս խնդրեց, որ անունը Չալօ դնէ :
Շունը անունին պէս աղուոր էր եւ սկիզբէն մեզի շատ կապուեցաւ:
Խարբերդի մէջ, ուր ծնած եւ մինչեւ չորս կամ հինգ տարեկան հօր տանը մէջ ապրած էր, մայրս շուն մը ունէր, որուն անունը Չալօ դրած էր : Ան շատ կը սիրէր իր խոշոր շունը, որ դունչը հովերու դէմ տուած՝ դաշտերու մէջ կը խաղար մօրս հետ :
Սակայն օր մը գէշ մարդիկ խլեցին մեծ հօրս ձեռքէն իր հողերը եւ մայրս դեռ դպրոց յաճախելու տարիքին չհասած՝ այդ ուրախ հովերու դէմ խաղերը դադրեցան եւ ան ճակատագրի տխուր հարուածով բաժնուեցաւ Չալոյէն ու հօրը պատկանած հողերէն:
Յետոյ անկէ վերջ տարիներ անցան եւ առանց տիրոջ մինակ մնացած շունը, ո՛վ գիտէ, դաշտերու մէջ խոտեր հոտոտալով՝ որքա՜ն երկար փնտռեց մօրս ոտքի հետքերը ու չգտաւ: Բայց մայրս ալ դաշտերէն հեռու՝ չմոռցաւ իր Չալօն: Ան Խարբերդէն վերջ շատ դժուար օրեր անցուց, շատ հեռու տեղեր գնաց, մեծցաւ, ամուսնացաւ, բայց չմոռցաւ իր Չալօն, եւ այդ պատճառաւ ալ, երբ հայրս օր մը հետը շուն առած՝ տուն եկաւ, առաջին մէկ օրէն ան մօրս նոր Չալօն դարձաւ: Մայրս հինին պէս սիրեց նորը …
Հայրս նոր բերած շունը տան առջեւի բակը կապեց եւ նոր Չալօն քիչ ժամանակուան մէջ մօրս պաշտպանը եւ ի՛մ ալ հաւատարիմ խաղընկերը դարձաւ:
Չալօն պաշտօնով մեր պահապանն էր, եւ երբ օտար մէկը տան առջեւէն անցնէր կամ մօտենար, կատղած ձեւով կը հաջէր եւ ակռաները կը ցուցնէր:
Բայց եթէ անցնողը կամ զանգակի կոճակին կոխողը տան բարեկամներէն իրեն ծանօթ մէկը ըլլար, պոչը կը շարժէր, առջեւը կը վազէր եւ հաջելուն մէջ «բարի եկար» կը դնէ:
Շաբաթ կամ Կիրակի օրերու այդ «բարի եկար»-էն վերջ մօրս հայրենակիցը տունին մէջ կը բանար հետը բերած թերթերէն մէկը եւ ամէն բանէ առաջ հոն գրուած շահեկան յօդուածներու մասին նախ մեզի ընդհանուր գաղափար մը կու տար : Յետոյ թերթերուն մնացեալ թիւերը սեղանիկի մը վրայ կը դնէր եւ մանրամասնութիւններու համար
– Ասոնք հոս դնեմ, վերջը կը կարդաս,- կ’ըսէր ինծի :
Ես այն օրերուն Պէյրութի «Շիրակ» ամսաթերթը կը ստանայի եւ փոխադարձելու համար իր ազնուութիւնը ունեցածներէս փոխ կու տայի:
Այս ձեւով մեր խօսակցութեան նիւթերը հայկական կեանքէ կ’ըլլային:
Իր այցելութիւններուն ան չէր խօսեր Խարբերդի մանկութեան օրերու մասին եւ ես չէի գիտեր, եթէ պզտիկութեան ինքն ալ Չալօ մը ունեցած էր թէ ոչ:
Ես միայն կ’երեւակայէի, թէ Խարբերդի դաշտերուն մէջ շուն ունենալը սովորական էր …
Բայց Խարբերդի մասին չխօսելէ զատ դասընկերոջս հայրը Եգիպտոսի կեանքէն ալ հատուածներ չէր պատմեր մեզի: Մենք ընդհանրապէս հայկական լուրերու մասին կը խօսէինք: Սակայն երբ ուրիշ նիւթերու մասին մեր տեսակէտները երբեմն տարբերէին, ան կը խուսափէր երկար վիճաբանութեան մէջ մտնելէ եւ խօսքը «անուշի կապելու» համար
– Եա հալաո՛ւթաք,- կ’ըսէր ու հաշտարար բաց ափը առջեւ կ’երկարէր:
Բայց, լաւ կը յիշեմ, երբեմն սիրած կամ «քէյֆին եկած » բանի մը համար ալ «եա հալաո՛ւթաք» կ’ըսէր եւ ափն ալ նոյն ձեւով դիմացինին կ’երկարէր, ճի՛շդ Եգիպտոսի մէջ ըրածին պէս: Հոն սովորական էր, ճիշդ ատենին ըսուած շիտակ բանի մը համար «եա հալաո՛ւթաք» ըսել եւ յետոյ ափը բաց՝ դիմացինի ափի հարուածին երկարել:
Պրն. Կարապետը լման անունով Կարապետ Սէֆերեան էր եւ Գահիրէի Գալուստեան վարժարանի հին դասընկերոջս՝ Գէորգին հայրն էր:
Մենք Շուպրայի Նիըր Իսթ ակումբին մէջ տրուած հանդէսէ մը վերջ ծանօթացած էինք իրարու ու այն գիշեր ալ պատահաբար գիտցած էինք, թէ անոնք ընտանիքով մեզմէ մէկ ամիս առաջ պիտի գաղթէին Պրազիլ: Ընտանիքներու միջեւ սկսած այն գիշերուան բարեկամութիւնը, Պրազիլ հասնելնէս յետոյ ալ շարունակուեցաւ եւ Սան Փաուլօյի մէջ Պրն. Կարապետը իր հետը բերած հայերէն թերթերով՝ մեր տան Շաբաթ կամ Կիրակի օրերու սպասուած սովորական հիւրը դարձաւ:
Այն օրերուն, բերած թերթերուն մէջի հետաքրքրական գրութիւններու մասին պատմելէ եւ թերթերը առջեւի սեղանիկին վրայ դնելէ վերջ խօսակցութիւնը
կը շարունակէր եւ յաճախ Եգիպտոսի մէջ ունեցած դեղձանիկներու մասին կամ ալ հայրենի ծանօթ գրող Վախթանգ Անանեանի որսորդական գրութիւններէն յիշածները կը պատմէր :
Մինչ այդ, մայրս խոհանոցի գործերը վերջացուցած՝ ափսէի մէջ սուրճով մեզի կը մօտենար ու կը հիւրասիրէր իր հայրենակիցը: Յետոյ, առիթէն օգտուելով, մեր քով կը մնար ու արդէն սկսուած կամ սուրճին հետ խօսակցութեան նոր բացուող նիւթերու, մայրս ալ կը մասնակցէր եւ այդ վայրկեաններուն, խօսքերուն մէջ կարօտով, երբեմն իր ծննդավայրի թթենիներուն հիւթեղ ու անուշ պտուղներու մասին կը խօսէր: :
Ան թութ շատ կը սիրէր եւ պտուղի տարբեր գոյներուն մէջ խտրութիւն չէր դներ, որովհետեւ թթենիներու տուած ճերմակ կամ սեւ բոլոր պտուղները կը սիրէր:
Սակայն Պրազիլի թթենիները Խարբերդի թթենիներուն պէս խոշոր եւ հիւթեղ պտուղներ չէին տար : Մայրս գոհ չէր ատկէ եւ կը պատմէր, որ պտուղի ժամանակ իր ծննդավայրի ծառերը այնքան բեռնաւորուած կ’ըլլային, որ մարդիկ թութերը հատիկ-հատիկ չէին քաղեր ծառերէն : Անոնք թթենիներուն տակ խոշոր սաւան մը կը փռէին եւ ծառերը կը թօթուէին …
Մայրս Խարբերդի թութերուն մասին այնքան խօսեցաւ, որ տարի մը Հայաստան գացող ծանօթի մը միջոցաւ թթենիի «չիթիլ» մը ճարեց: Իր բերնով ըսուած «չիթիլ»-ը Փալմաս տօ Թրեմեմպէյի մեր տան պարտէզին մէջ տնկեցինք, եւ յետագային երբ այդ ոստը ծառ դարձած պտուղ տուաւ եւ վրայի ճերմակ թութերը փորձեցինք, մեզի համար տեղականներէն աւելի խոշոր եւ անուշ երեւցան:
Սակայն մօրս համար Խարբերդի թութերը դեռ տարբեր համ ունէին …
Սուրճի վրայ խօսուած նիւթերը այսպէսով դեղձանիկներէն թութերու կ’անցնէին, յետոյ չմտածուած դեռ ուրիշ նիւթեր ալ կը բացուէին եւ ժամանակը առանց զգալու արագ կը սահէր …
Սակայն երբեմն մէկ նիւթէն միւսին անցնելու ժամանակ հայրս կ’օգտուէր առիթէն եւ մեր հիւրը գրգռելու համար կատակի ձեւով.
– Ի՞նչպէս է վիճակդ, վերջին խաղէն ի վեր յառաջդիմեցի՞ր,- կը հարցնէր …
Պրն. Կարապետը կռուող չէր:
– Դուն ատ հարցումդ քեզի՛ ըրէ, վերջին կորսնցնողը դո՛ւն եղար,- հանդարտ կը պատասխանէր հօրս:
Տան առջեւի բակին մէջ սեղանիկի մը վրայ հայրս
կը բանար թաուլուի տուփը եւ երկուքը դէմ-դիմաց նստած՝ խաղի կը սկսէին:
Ներսէն ես կը լսէի տուփին մէջ գլտորող զարին ձայնը:
Մինչեւ կէսօրուան մօտ քանի մը ձեռք խաղալէ վերջ Պրն. Կարապետը յանկարծ ոտքի կ’ելլէր, «երթալու ժամը եկաւ» կ’ըսէր ու հրաժեշտ կու տար մեզի: Յետոյ տուած «Շիրակ»-ներս ձեռքը բռնած՝ գետնին վրայ կամաց կոխելու իր սովորական քայլուածքով կ’երթար եւ ամառ թէ ձմեռ գործածած գոց կապոյտ պերէ գլխարկին հետ փողոցի անկիւնադարձին կ’անհետանար:
Օր մը տարիներով հօրս հետ թաուլու խաղալէ վերջ գալիք օրերէն Շաբաթ կամ Կիրակի առաւօտ մը, չեմ յիշեր ճիշդ երբ, Չալօն չհաջեց եւ Պրն. Կարապետը չեկաւ : Անկէ վերջ Շաբաթներ անցան, բայց ան չերեւցաւ, ու մենք իրմէ լուր չունեցանք:
Նոյեմբեր ամսուան մէջ Կիրակի օր մը բակին մէջ Չալօն յանկարծ ոտքի ցատկեց եւ հաջեց : Ներսէն անմիջապէս առաջուան
– Հայրենակի՛ց, դուռը բա՛ց… կանչը դարձեալ լսեցի:
Բոլորս դուրս վազեցինք: Մայրս դրան առջեւ կեցած
– Ո՞ւր էիր մարդ Աստուծոյ , հայրենակիցդ մոռցա՞ր,- հարցուց …
– Անպայմա՛ն վերջին խաղը կորսնցնելուդ համար ամչցար ու չեկար,- կատակի ձեւով ալ գրգռել փորձեց հայրս …
Սակայն Պրն. Կարապետը իր հանդարտ ձեւը պահեց եւ բացատրեց, թէ ատենէ մը ի վեր աղջկան քով կ’ապրէր եւ տուներու հեռաւորութեան պատճառաւ, դժուար էր իր այցելութիւններուն յաճախականութիւնը պահել:
Պրն. Կարապետը իրաւունք ունէր եւ դժուար էր հետը չհամաձայնիլ: Պրազիլի մէջ հեռաւորութիւնները մեծ էին, եւ հանրային փոխադրական միջոցներն ալ հանգստաւէտ չէին: Յուսացինք, թէ ժամանակուան ընթացքին թերեւս վարժուէինք պրն. Կարապետին ուշ դարձած այցելութիւններուն:
Սակայն մենք չվարժուեցանք, քաղաքին մէջ փոխադրական միջոցներն ալ չլաւացան, եւ Պրն. Կարապետին այցելութիւնները նոյն ձեւով հազուադէպ մնացին : Իսկ ես անկէ քիչ ատեն վերջ, աշխատած ընկերութեանս կողմէ մնայուն ձեւով ուրիշ քաղաք փոխադրուեցայ:
Հարաւի աշխատած քաղաքէս ես դեռ սակաւաթիւ առիթներով շարունակեցի Սան Փաուլօյի մեր տունը այցելել եւ ծնողքս ու Չալօն ալ տեսնել, բայց կապս մեր ունեցած բարեկամներէն երկար ատեն կտրուած մնաց:
Օր մը մայրս իմացաւ, որ Պրն. Կարապետը ինքնաշարժի արկածէ մը մահացած էր:
Տխրեցանք:
Բայց կեանքի օրէնքը այդպէս էր, եւ ատեն մը վերջ հայրս, յետոյ Չալօն եւ յետոյ ալ մայրս, հովերու պէս պրն. Կարապետին եղած հեռու տեղը գացին ու հոն մնացին : Այսօր անոնք քովս չեն այլեւս, եւ կը խորհիմ, թէ այսքան տարիներ վերջ հաւանաբար արդէն շատոնց վերը իրարու հանդիպած են, ու այս վայրկեանիս ալ, թերեւս հայրս տեղ մը թաուլույին տուփը բացած՝ Պրն. Կարապետին հետ մեր բակին մէջ կէս մնացած խաղ մը կը շարունակէ …
– Կրնա՞յ արդեօք վերը այդպէս բան մը արդէն պատահած ըլլալ, քանի որ բոլորն ալ հիմա միասին նոյն տեղը կը գտնուին, – երբեմն կասկածով հարց կու տամ ինքզինքիս …
– Չեմ գիտեր, կամ աւելի ճիշդ չեմ հաւատար… կ’ըլլայ պատասխանս:
Բայց միտքէս անցած այս անկարելին, եթէ պարզ երեւակայութենէ զատ, մինչեւ այսօր վերը արդէն իրականութիւն չէ դարձած եւ օր մը անսպասելիօրէն դեռ յանկարծ կրնայ դառնալ, ես շատ պիտի ուզէի, որ Պրն. Կարապետը բերած հայերէն թերթերը չմոռնար եւ ձեւով մը վար ղրկէր, որովհետեւ ես «Շիրակ» ամսաթերթէն դեռ քովս քանի մը թիւեր ունէի եւ իրեն տալ կ’ուզէի… Վստահ եմ, որ այն ատեն ինք պիտի խնդար ու յետոյ եթէ կրնար, բաց ափը վերէն առջեւ երկարէր եւ ինծի ուրախ «եա հալաո՛ւթաք» ըսէր …
Քամփինաս, Պրազիլ