Դադիվանքի վանական համալիրի փոքր գմբէթով եկեղեցւոյ հիմքի ուսումնասիրման ժամանակ գաղտնարան յայտնաբերուած է:
Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, ըսած է Դադիվանքի վերականգնման նախագիծերու հեղինակ, ճարտարապետ Սամուէլ Այվազեանը:
«Վերականգնման աշխատանքներու ծիրէն ներս կ’իրականացուէր հիմքերու ուսումնասիրութիւն, երբ գաղտնարան յայտնաբերուեցաւ: Այդ թաքստոցը եկեղեցւոյ մէջ է հարաւային պատին տակ: Այդ գաղտնարանը զմռսուած էր եւ մինչ այժմ չէ ուսումնասիրուած: Որոշուեցաւ, որ եկեղեցւոյ վերականգնման նախագիծին մէջ ներառուի նաեւ այս գաղտնարանին ցուցադրումը: Այսինքն` ո՛չ միայն պէտք է ամբողջական եկեղեցին վերականգնուի, այլեւ պայմաններ ստեղծուին այդ թաքստոցը ցուցադրելու համար: Նախատեսուած է դնել ապակեպատ ծածկ, բացուող դռնակ, լոյսեր»,- ըսած է Սամուէլ Այվազեան:
Ան տեղեկացուցած է, որ գաղտնարանը յայտնաբերելէ ետք հրաւիրած են հնագէտ: Այժմ մասնագէտները կ’ուսումնասիրեն` հասկնալու, թէ ինչի համար ծառայած է այդ գաղտնարանը:
Անդրադառնալով Դադիվանքի վանական համալիրի փոքր գմբէթով եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքներուն՝ Սամուէլ Այվազեան նշած է, որ վերականգնման նախագիծը ամբողջութեամբ աւարտած է:
«Այս ընթացքին աշխատանքներ տարուեցան մանրամասներու, նիւթերու հայթայթման ուղղութեամբ: Կարելի է ըսել, որ քարի հայթայթման հարցը կարգաւորուեցաւ: Իրականութեան մէջ այդ քարատեսակէն չկար, բայց տեղ մը գտնուեցաւ, ուր կան պահանջուածին շատ նման քարեր: Այսօր խնդիր ունինք կապուած կղմինտրի հետ: Քանի որ անիկա միաչափ չէ, հետեւաբար գտնելը դժուարացաւ: Երկար չարչարուեցանք, փնտռեցինք, եւ հիմա գտնուեցաւ մէկը, որ համաձայնած է փորձնական շինել: Վերջնական բան մը ըսելու համար այդ աշխատանքին արդիւնքը պէտք է տեսնել»,- ըսած է Սամուէլ Այվազեան: Անոր խօսքով, քանի որ ներկայիս եղանակային պայմանները բարենպաստ չեն, հետեւաբար եկեղեցւոյ բուն վերականգնման աշխատանքները պիտի սկսին յաջորդ գարնան:
Անդրադառնալով կառոյցի վիճակին՝ Սամուէլ Այվազեան նշած է, որ անիկա կանգուն է, ներկայիս վտանգ չի սպառնար, պարզապէս արդէն քայքայուած է վրայի ծածկը, եւ ճաքեր յառաջացած են: Այս քայլերը կ’իրականացուին յետագային լուրջ խնդիրներէ խուսափելու համար: