Սեպտեմբեր 21-ին Արարատի մարզի Շաղափ գիւղին մէջ սկսած է «Shaghap Tea» («Շաղափ թէյ») խոտաբուսային թէյին արտադրութիւնը:
«Պատանի լրագրող» նախագիծը զրուցած է «Shaghap Tea» ընկերութեան հիմնադիր–նախագահ Ռոզա Մուրատեանի հետ: Վերջինս պատմած է, թէ ի՛նչպէս ծնունդ առած է նշեալ արտադրութեան վաճառքի գաղափարը։
21-ամեայ գործարար Ռոզան պատմած է, թէ ի՛նչպէս, ուսումնասիրելով հայկական շուկան, նկատած է, որ կայ ոլորտ մը, որ բաւարար չափով զարգացած չէ մեր երկրին մէջ եւ որոշած է նպաստել անոր զարգացման։ «Հաշուի առնելով այս հանգամանքը` որոշեցի սկսիլ խոտաբուսային թէյերու արտադրութիւն այնպիսի համադրութիւններով, որոնք ե՛ւ առողջարար են ե՛ւ օգտակար»,- նշած է Ռոզան եւ պատմած, թէ ի՛նչպէս փոքր եղած ժամանակ մեծ մայրիկը իրենց համար խոտաբոյսերով յատուկ թէյեր կը պատրաստէր, որոնք, ըստ իրեն, նպաստած են իրենց առողջ մեծնալուն։
«Հին տետրակ մը ունէինք, ուր թէյերու հետ կապուած գրութիւններ կային. անիկա մեծ մեծ մայրիկս (մեծ մօր մայրը) բերած էր Արեւմտեան Հայաստանէն Եղեռնի ժամանակ: Իսկ ես այժմ «Shaghap Tea»-ը կը պատրաստեմ մեծ մեծ մայրիկիս բաղադրատոմսով:
Ըստ երիտասարդ գործարարին՝ նշեալ արտադրութեան ամենակարեւոր առանձնայատկութիւնը անոր ամբողջովին մաքուր եւ բնական ըլլալն է։ Այդ խոտաբոյսերը, ըստ անոր, կը հաւաքուին Խոսրովի անտառի յարակից լեռներէն եւ կը մշակուին աւանդական եղանակով առանց քիմիական միջամտութեան։
«Անոնք կը հաւաքուին 2000-2400 մեթր բարձրութիւններէն: Մօտակայքը չկան գործարաններ եւ օդը աղտոտող շինութիւններ, իսկ բոյսերն ալ կը սնուին աղբիւրներու սառնորակ ջուրերով եւ մաքուր օդի առկայութեամբ ստացած են թարմացնող եւ համեղ բոյր»,- կ՝ընդգծէ Ռոզան:
Ըստ իրեն՝ առ այժմ կ’արտադրուի «Shaghap tea»-ի 4 տեսակ։ «Այս ամէնը, ինչպէս նշեցի, կը պատրաստուի մեծ մեծ մայրիկիս բաղադրատոմսերով. հիանալի, բնական, հանգստացնող եւ դիմադրողականութիւնը բարձրացնող միջոց է: Անիկա ունի նիհարացնող յատկութիւններ, մտքին կը հաղորդէ յստակութիւն, կ’օգնէ հազի, պրոնշիթի, բացի այդ, օգտակար է ստամոքսաղիքային համակարգի աշխատանքին համար»,- նշած է երիտասարդ գործարարը եւ անդրադառնալով աշխատանքի յաջողութեան՝ յայտնած է, թէ բնականաբար եղած են մարդիկ, որոնք ծիծաղած են՝ ըսելով, որ Հայաստանի մէջ թէյ խմելու սովորութիւնը շատ տարածուած չէ եւ աշխատանքը չի յաջողիր։ Բայց ան նաեւ ընդգծած է այն մեծ թիւով մարդոց մասին, որոնք ամէն ձեւով փորձած են աջակցիլ իրեն ու հաւատալ իր յաջողութեան։
Ռոզան պատմած է, թէ Շաղափ գիւղի բնակիչները կը համարուին արտադրողներ եւ ո՛չ թէ սպառողներ, որովհետեւ անոնց շնորհիւ է, որ կը հաւաքուին խոտաբուսային թէյերը։
«Ծրագիրներ կան՝ գարնան ընթացքին աւելի մեծ ծաւալի արտադրանք թողարկելու, իսկ վայրի բոյսերու հաւաքը կրկին պիտի կատարուի գիւղացիներուն օգնութեամբ, եւ որ ամենակարեւորն է, անոնց պիտի ապահովենք աշխատանքով եւ եղանակային եկամուտով»,- ընդգծած է երիտասարդ գործարարը։
Ռոզան կը հաւատայ, որ հետաքրքրական ապագայ ունեցող իր ծրագիրը պիտի ունենայ երկարատեւ կեանք։ «Ես եւ ամբողջ աշխատակազմը պիտի ընենք ամէ՛ն ինչ, որպէսզի պահպանենք եւ զարգացնենք ա՛յն, ինչ ստեղծած ենք մեծ ջանքերու շնորհիւ։ Կը խոստանամ, որ «Shaghap tea» ընկերութիւնը յառաջիկային հանդէս պիտի գայ շատ մեծ անակնկալով»,- նշած է ան: