Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

ՀՀ ԱԺ-ն Ամբողջութեամբ Ընդունեց «Զինուորական Ծառայութեան եւ Զինծառայողի Կարգավիճակի Մասին» Օրէնքը

ՀՀ ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքի նախագիծը:

«Armenpress.am»-ի տեղեկութիւններով՝ նախագիծին՝ իբրեւ կողմնակից, քուէարկեց 86 հոգի, անոր դէմ` 6 պատգամաւոր:

Քուէարկութենէն առաջ դէմ քուէարկելու մասին յայտարարեց «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Արարատ Միրզոյեանը: ՀՀԿ-ն, ՀՅԴ-ն ու «Ծառուկեան» դաշինքը կողմ քուէարկեցին նախագծին:

Պարտադիր զինուորական ծառայութենէն տարկէտման հիմքերու ցանկէն հանուած են գիտական աստիճան ունենալու հիմքով պարտադիր զինուորական ծառայութենէն ազատուելու իրաւունքը միաժամանակ մինչեւ օրէնքի ուժի մէջ մտնելը ասպիրանդուրայի մէջ ուսանելու կապակցութեամբ արդէն իսկ տարկէտում ստացած անձերուն համար կը պահպանուի նշուած իրաւունքը մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2020:

Տարկէտման հիմքերու ցանկէն հանուած է ուսումը շարունակելու համար տարկէտման իրաւունքը, որ փոխարինուած է նպատակային ուսման համար տարկէտման իրաւունքով` ի դէմս պաքալորիայի, վկայական ստացած մասնագէտի կամ ընդելուզուած կրթական ծրագիրով առկայ ուսուցումով ուսանող եւ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ պայմանագիր կնքած այն անձերուն, որոնք ցանկութիւն կ’ունենան ուսումնառութեան ընթացքին անցնելու ռազմական պատրաստութիւն, իսկ ուսման աւարտէն ետք պաշտպանութեան նախարարութեան հետ կը կնքեն պայմանագրային սպայական ծառայութեան անցնելու պայմանագիր` երեք տարի ժամկէտով պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ նշուած վայրին մէջ եւ պայմաններով: «Մանրամասները կը սահմանուին կառավարութեան կողմէ սահմանուած ենթաօրէնսդրական աշխատանքով:

Թափանցիկութեան, արդարութեան ապահովման եւ հնարաւոր վտանգէ խուսափելու նպատակով՝ ծաւալուն փոփոխութիւններ նախատեսուած են զօրակոչի ենթակայ անձերու եւ զինծառայողներու առողջական վիճակի հետազօտման եւ բժշկական փորձաքննութեան գործընթացին մէջ, որուն ծիրէն ներս հետազօտութեան եւ փորձաքննութեան կարգերը, զինուորական ծառայութեան հետ կապուած խնդիրներ յառաջացնող հիւանդութիւններու ցանկը պիտի սահմանէ կառավարութեան որոշումով:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին