Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան 96-ամեակին առթիւ – Անձինք Նուիրեալք Գ. Ազգանուէր Բարերարներու Հետքերով

*ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆՏԱՐԱԳՃԵԱՆ*
«Զարթօնք» Երէց Աշխատակից

Անզուգական բարերարուհիին՝ Լէյլա Գարակէօզեանի մահէն ետք, Գարակէօզեան հաստատութեան հոգաբարձութեան նախագահ կ՝ընտրուի Դոկտ. Բերկրուհի Նաճարեան-Սվաճեան։

Բարերախտութիւն է, որ օրհնաբեր այս հաստատութինը, գրեթէ դարաշրջան մը ամբողջ, մինչեւ այսօր բարիք կը սփռէ հայ ժողովուրդի զաւակներուն, ազգանուէր ու պատկառելի անձնաւորութիւններու հետեւողական ջանքերով։

Անոնց շարքին էր Տիկ. Բերկրուհի Սվաճեան, որ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանէն հասած էր Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը՝ տիրանալով մտային զարգացման բարձր տիտղոսներու։

Հաստատուելով Միացեալ Նահանգներ՝ ճիգ չխնայեց իր կարեւոր ներդրումը բերելու հայ կեանքէն ներս՝ ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ Հ.Բ.Ը.Միութեան եւ Գարակէօզեան հաստատութեան մէջ։

Տիկ. Սվաճեան, քաջ ծանօթ էր Սփիւռքահայ կեանքի բոլոր ծալքերուն, ապրած էր այդ մթնոլորտին մէջ։

Եւ ահա Հալէպ իր այցելութեան ժամանակ կը փափաքի տեսնել Զէյթուն Խանի հայ ընտանիքները։ Իր ցուցաբերած հետաքրքրութենէն յայտնի էր, թէ որքան յուշեր ու յիշատակներ ունէր պահուած այդ հիւղաւանին մէջ։ Հոն, ուր  թիթեղածածկ տնակներու մէջ ապաստան գտած էին եղեռնէն ճողոպրած հայ գաղթականներ։

Աշնանամուտի պայծառ օր մը, երբ կը բարձրանայինք Զէյթուն Խանի սանդուխներով , յանկարծ կը լսուի կնոջ մը բաձրաձայն աղաղակը։ Սանդուխներուն վրայ նստած միջին տարիքի քիւրտ կինը՝ կռահելով մեր հայ ըլլալը ձեռքի արագ շարժումներով կը բացագանչէր.- «Պուրտա Էրմենի եօք»:

Տիկին Սվաճեան անցեալի յուշերուն սուզուած, կը յիշէ այն օրերը, երբ մօրը հետ ամէն շաբաթ կ՝այցելէին Զէյթուն Խանի ընտանիքները իրենց անմիջական կարիքները հոգալու համար։ Իսկ այդ օրը մեծ անակնկալ էր իրեն համար, երբ կը տեսնէր Զէյթուն Խանը պարպուած էր իր հայ բնակիչներէն։ Պահ մը անցեալի տպաւորութիւններով պարուրուած, զարմանքով կը դիտէր շրջապատը՝ անմոռանալի յուշեր որոնելով։ Հոգեկան բերկրանքի ու գոհունակութեան արտայայտութիւններ կը գծագրուէին դէմքին վրայ իր սրտաբուխ խօսքերուն ու արտայայտութիւններուն ընդմէջէն։ Որքա՜ն ուրախ էր, որ Գարակէօզեանը նախաձեռնութիւնը ունեցած է Զէյթուն Խանի հայ ընտանիքները ապահովելու յարմարաւէտ քարաշէն բնակարաններով։ Հոն, ուր հայ մանուկները հասակ կ՝առնէին լաւ պայմաններու տակ Նոր Գիւղի հայահոծ շրջաններու մէջ։    

Այդ մասին կը յիշուի ձեռագիր նամակին մէջ,-

Ազնուափայլ

Տիկ. Նուարդ Տարագճեան,

Գնահատանքով կարդացի Ձեր իմաստաւոր պատկերաւորումը «Զէյթուն Խանի Սանդուխներուն Վրայ» 20 Ապրիլ 1993 «Զարթօնք»-ի մէջ երեւցած Ձեր յօդուածին մէջ։ Գրելու կարողութիւնը հանրօգուտ ծառայութիւն է։

Ուրախ եմ, որ Ձեզ անձամբ ճանչնալու պատեհութիւնը ունեցայ։ Շնորհակալ եմ այդ պատեհութեան, եւ Ձեր ու Տոքթորին տրամադրած ժամանակին, համով էր հին օրերու վերապրումը Ձեզի հետ։

Լաւագոյն Մաղթանքներ՝

Բերկրուհի Սվաճեան

Նիւ Եորք, 1 Յունիս 1993

Ընդհանրապէս երկրի մը, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան ու հաստատութեան մը փառքն ու յառաջընթացը կը հիւսեն իր շրջահայեաց, ուժեղ տրամբանութեան ու դատողութեամբ օժտուած իր ղեկավարները։

Եւ նոյնպէս ղեկավարենրն են, որ իրենց նոր փորձերով եւ արկածախնդիր նաւարկումներով կրնան վտանգել իրենց երկրին ու ազգին յառաջընթացը։

Գարակէօզեանը չէր կրնար սայթաքիլ բարեգործութեան իր բռնած ազգանուէր ուղեգիծէն, որուն խոր հաւատքով ու համոզումով կառչած մնացին իրերայաջորդ իր ղեկավարները։

Վերջին տասնամեակներուն Հաստատութեան հոգաբարձութեան նախագահութիւնը կը ստանձնէ բարեսիրական գործին հաւատաւոր նուիրեալ՝ Մայքըլ Յարութիւնեան, որ կու գար ձեռնհասօրէն շարունակելու իր նախորդներուն անշեղ ուղին։ Այդ մասին բաւական է յիշել, ազգանուէր հայորդիին եւ հոգաբարձութեան պատկառելի անձնաւորութիւններուն, Սուրիական պատերազմի տագնապալի ու դժնդակ տարիներուն ցուցաբերած անմիջական հետաքրքրութիւնն ու հետեւողականութիւնը, որ ինքնին փայլուն ապացոյցն է իրենց ազգասիրութեան եւ կոչումին խոր գիտակցութեան։

Օրհասական այդ օրերուն անոնք ճիգ չխնայեցին միջոցներ տրամադրելու վախի ու սարսափի մէջ ապրող Հալէպահայութեան, որպէսզի դիմագրաւեն պատերազմին արհաւիրքը։ Գարակէօզեանը Սուրիոյ տարածքին մեծ թափով ծաւալեց խնամատարական իր աշխատանքը՝ հասնելով մինչեւ սահմանամերձ շրջանները, օգնութեան ձեռք մեկնելով բազմահազար հայ ընտանիքներուն, հայ մանուկներուն ու ծերերուն, զօրավիգ կանգնելով հայ դպրոցին ու հայկական մշակութային կեդրոններուն, որպէսզի անոնք չյանձնուին պատերազմի կործանիչ տարերքին։ Որպէսզի հայութիւնը կարենայ պահպանել իր գոյերթը առանց կորսնցնելու արժանապատիւ կեանքի ուժն ու կորովը։ 

Ահա թէ ինչո՛ւ մարդիկ չեն կրնար չլեցուիլ համակրանքով ու յարգանքով Գարակէօզեանի նկատմամբ։ Յատկապէս նկատելով, որ իր մատուցած անգնահատելի ծառայութիւններուն, ուշադիր վերաբերմունքին ու ջերմ հոգածութեան ընդմէջէն կ՝արտացոլայ հայու սեփական ազնիւ նկարագիրը։

Եւ ինչո՛ւ 96 տարիներու թաւալքը չծերացուց երիտասարդական աւիւնով լեցուն այս հիմնարկը, որ միշտ կանգուն մնաց սէրով ու հաւատքով շաղախուած իր ամուր պատուանդանին վրայ։ 

Բարեգործութեան աւանդները խորապէս իւրացուցած այս կառոյցը, չտարուեցաւ հրապարակային գովեստներով, այլ իր կատարած առաքելութեան երախտիքը գտաւ մարդկանց սրտերուն մէջ թաքնուած ջերմ զգացումներուն, օրհնաբեր աղօթքներուն ու սրտաբուխ մաղթանքներուն մէջ։ Եւ այս բոլորը՝ որպէս մնայուն կենդանի վաւերագիրներ, իրապաշտ եւ անաչառ արժեւորումն է Գարակէօզեանի մարդասիրական ու նուիրական գործին, որ իր իւրայատուկ կնիքը պիտի դրոշմէ Սուրիահայ տարեգրութեան պայծառ էջերուն մէջ։

Հալէպ

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին