«Պուքինիստ» գրախանութներու ցանցի «Մետրոնոմ» մասնաճիւղին մէջ Նոյեմբեր 18-ին տեղի պիտի ունենայ ֆրանսացի գրող Անթուան տը Սենթ Էքզիւփերիի «Մարդկանց երկիր» գիրքի շնորհանդէսը:
«Էտիթ Փրինթ»-ի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն կը յայտնեն, որ վերջինս բնօրինակէն հայերէն թարգմանուած եւ լոյս ընծայուած է «էտիթ փրինթ» հրատարակչութեան կողմէ: Էքզիւփերիի «Մարդկանց երկիր» գիրքին մէջ տեղ գտած են հեղինակին` տարիներու ընթացքին գրուած պատմուածքները, խոհագրութիւնները, յուշերը, որ այստեղ հանդէս կու գան որպէս առանձին գլուխներ: Օդաչուի` իր կենսագրութեան, օդագնացութեան խնդիրներու, թանկագին ընկերներու, անապատի, օազիսի, անապատի թափառական ցեղերու կենսակերպի մասին պատմող այդ դրուագները կ՛ամբողջացնէ ընդգրկուն խորհրդածութիւնը մարդկային ճակատագրի, երկրի վրայ մարդու առաքելութեան շուրջ:
«Հայաստանի մէջ բոլորը կարդացած են եւ կը սիրեն «Փոքրիկ Իշխանը», սակայն այնքան ալ ծանօթ չեն Էքզիւփերիի միւս գործերուն, որոնք գեղարուեստականօրէն ընդհանրապէս չեն զիջիր «Փոքրիկ Իշխան»-ին: «Մարդկանց երկիր» -ը թարգմանուած է սովետական տարիներուն ռուսերէնէ, եւ ընդհանրապէս այդ գիրքէն օրինակներ չեն մնացած: Կարիք ու պահանջարկ կար բնագիրէն թարգմանուած բարձրորակ գրականութեան»,- նշած է «էտիթ Փրինթ» հրատարակչութեան առեւտուրի տնօրէն Շաւարշ Կարապետեանը:
Անոր խօսքով` «Մարդկանց երկիր» գիրքին մէջ նկարագրութիւններ կան, ուր մարդիկ կրնան նշմարել «Փոքրիկ Իշխան»-ի նախապատմութիւնը:
«Մարդկանց երկիր»-ը առանձնայատուկ է իր ոճով: Այս գործին մէջ Էքզիւփերին նոյնիսկ մանրուքներու մէջ ի յայտ կը բերէ գեղեցիկը, ճշմարտութիւնն ու ամենակարեւորը կը տեսնէ պարզ բաներու մէջ, ու ամէն ինչ պարզ լեզուով կ՛ըսէ»,- կը նշուի Կարապետեանը:
Էքզիւփերիի միւս` «Գիշերային թռիչքը», «Ռազմական օդաչուն», «Նամակ պատանդին», «Սիթատել» գիրքերը յաջորդաբար կը թարգմանուին հայերէն: Շուտով գիրքերը լոյս պիտի տեսնեն ու պիտի դրուին հայ ընթերցողի սեղանին:
«Մարդկանց երկիր»-ը լոյս տեսած է 1939-ի Փետրուարին: Նոյն տարուան Մայիս 25-ին Ֆրանսայի ակադեմիան Էքզիւփերիի ստեղծագործութիւնը կ՛արժանացնէ արձակ երկի համար սահմանուած բարձրագոյն մրցանակին: