*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Արդէն մէկ տարի է Արցախը ելեկտրական ուժի առումով ինքնաբաւ դարձած է: Փոքր ելեկտրական ուժ արտադրող գործարաններու շինարարութեան արդիւնքի պարագային ելեկտրական ուժի արտադրութեան ծաւալները Արցախի մէջ հասած են սպառուող ելեկտրական ուժի ծաւալներուն: Սակայն արտադրութեան ծաւալները կը շարունակեն աւելնալ: Ելեկտրական ուժի ինքնաբաւութեան շեմը յաղթահարած Արցախը կը յաւակնի դառնալ ելեկտրական ուժի արտահանող երկիր: Հերթական ջրա-ելեկտրակայանը շահագործման յանձնուած է Քաշաթաղի շրջանին մէջ: Աղավնո գետի վրայ կառուցուող յաջորդ հէկը պիտի գործարկեն յառաջիկային: Աշխատանքի արդիւնքներուն մէկ մասը ու միւս մասի ընթացքը նախագահ Բակո Սահակեանը օրերս տեղին գնահատած է:
Արցախի՝ ելեկտրական ուժի արտադրելու հնարաւորութիւննեը կը շարունակուին աւելնալ: Մինչեւ տարեվերջ շահագործման կը յանձնուի Աղաւնոյ գետի վրայ կառուցուող « Աղաւնոյ» ջրա-ելեկտրակայանը: Մեկաուաթ դրուածքային հզօրութիւն ունեցող հէկ-ը տարեկան պիտի արտադրէ աւելի քան 33 միլիոն քիլուաթ ժամ ելեկտրական ուժի՝ դառնալով Արցախի մէջ արտադրութեան ծաւալով երկրորդը՝ Սարսանկ Հէկ-էն ետք: Աշխատանքներուն ընթացքին տեղին ծանօթացած է Արցախի նախագահ Բակո Սահակեանը: «90 տոկոսով աւարտած են շինարարական աշխատանքները: Ներկայ դրութեամբ փոխիչ ենթակայանի վրայ կ’աշխատինք: Այդ ալ կ’աւարտենք յառաջիկայ ամսուան ընթացքին» ,- կը մանրամասնէ «Լեւ Էներճի» ՍՊԸ տնօրէն Սերգեյ Մուսայելեանը:
Արցախի մէջ շահագրգռուած են լիարժէք օգտագործել ջրա-ելեկտրիկ հնարաւորութիւնները: Ներդրողներու համար բաւական լուրջ արտօնութիւններ սահմանուած են: Օրէնսդրական դաշտն ալ այդ ոլորտին մէջ ներդրումներ կատարելու գրաւչութիւնը կ’աւելցնէ: « Կը փորձենք պայմաններ ապահովել, որ պարզ, հեշտ ուղիով յաղթահարուի ամէն խոչընդոտ, եւ պատահական չէ, որ այս ոլորտին մէջ այդքան մարդ կը ցանկայ ներդրում կատարել»,- կատարուած աշխատանքներու արդիւնքները կը գնահատէ Արցախի Խորհրդարանի արտադրութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու հարցերուն մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արպատ Աւանէսեանը:
Արցախի մէջ ներդրումներ կը կատարեն ոչ միայն տեղի, այլեւ օտարերկրեայ գործարարները: Նայիրի Բաշխինեանը Քաշաթաղի շրջանին մէջ արդէն երկրորդ ջրա-ելեկտրակայանի կառուցման կը մասնակցի: Հինգ տարուան ընթացքին կայանը կը վերադարձնէ ներդրումները: Քաշաթաղի շրջանին մէջ ներդրումերը տնտեսականի հետ նաեւ քաղաքական նշանակութիւն ունին: « Որպէս տնտեսական ծրագիր, ի հարկէ, կարեւոր է: Սակայն ասիկա մէկ կողմէ ալ մեր հայրենիքին մէջ ամրանալու քայլ է: Մենք գիտենք ատիկա: Իսկ այս ծրագիրներով միւսներն ալ կը հասկնան, կը համոզուին, որ հայ ժողովուրդը իր հայրենիքին մէջ ամրացած է, կը ստեղծէ եւ կը յօրինէ»,- տնտեսական ծրագիրներու քաղաքական բաղադրիչը կը կարեւորէ « Աղաւնո-կ» Յէկ-ի բաժնետէր Նայիրի Բաշխինեանը:
Աղաւնո գետի երկայնքով կառուցուած ջրա-եկրակայաններէն իւրաքանչիւրը կ’ապահովէ աւելի քան 10 աշխատատեղ: Ծրագիրներու կարեւորութիւնը սակայն, երկրորդ հարթակ չի մղեր բնապահպանական խնդիրները: Խիստ ու հետեւողական ըլլալու յանձնարարականը բնապահպանութեան նախարարը Բակո Սահակեանէն տեղին ստացաւ: 2007 թուականէն ի վեր Արցախի մէջ մէկ ու կէս տասնեակ պզտիկ հէկեր կառուցուած են՝ բազմապատկելով Արցախի մէջ ելեկտրական ուժի արտադրութեան ծաւալները: Պետական մարմինին զուգահեռ բնապահպանական հարցերը նաեւ պարբերաբար հասարակական կազմակերպութիւններու ուշադրութեան կեդրոնը կը յայտնուին: Առայժմ լուրջ խախտումեր գրի չեն առնոած:
Քաշաթաղի Շրջանը՝ Արցախի Հացի Շտեմարան
Արցախի մէջ հացահատիկի արտադրութեան բաւական լայն հնարաւորութիւններ կան եւ արդէն տարիներ շարունակ այդ հնարաւորութիւնները կ’օգտագործուին՝ աճող արդիւնաւէտութեամբ: Որպէս արդիւնք՝ Արցախը կ’արտադրէ ներքին պահանջարկը գերազանցող քանակի հացահատիկ Արտահանի մէջ: 2017 թուականը մրցանշային էր՝ հաւաքուած բերքի մասով: Աւելի քան 160 հազար տոննա հացահատիկ արտադրուած է, այսինքն՝ ներքին պահանջարկներուն գրեթէ եռապատիկը : Միաժամանակ աճը ոչ այնքան ցանքի տարածութիւնները ընդլայնելու հաշւուն է, որքան մշակման կանոններու պահպանման: Միայն բաւական է ըսել, որ վերջին մի քանի տարուան ընթացքին հացահատիկի միջին բերքատուութիւնը Արցախի մէջ մօտ երկու անգամ աւելցած է: 2017-ի բերքահաւաքը արդէն բարեյաջող աւարտած է: Այս օրերուն իրենց վերջնական փուլին հասած են աշնանացանի աշխատանքները: Եթէ տարիներ առաջ այս օրերուն աշնանացանի հիմնական փուլը դեռ նոր-նոր կը մեկնարկէր, ապա այս տարի բոլոր հիմքերը կան՝ ենթադրելու, որ աշնանացանը նոյն աշնան ալ կ’աւարտի: Ոլորտի պատասխանատուները չեն շտապեր կանխատեսումներ ընել: Ի վերջոյ, վերջնական արդիւնքը շատ հանգամանքներէ պայմանաւորուած կ’ըլլայ: Բայց փաստ է, որ աշնանացանի նախատեսուող ծաւալի հիմնական մասը իրականացուած է գիւղատնտեսութեան կենսագործման ժամկէտներուն, իսկ այդ արդէն դրական տեղաշարժ է: Թէ գալիք տարի ինչպիսի՛ն կ’ըլլայ հացահատիկի բերքը՝ հողագործութեան պատասխանատուները տակաւին որեւէ կանխատեսում չեն ըներ այդ մասին: Սակայն լաւատես ըլլալու հիմքեր արդէն կան: Գալիք տարուան բերքի տակ առնուած աշնանացանը իր ծաւալով 2017-ին պիտի չզիջի: Ինչպէս նաեւ հակառակը: «Նոյեմբեր 8-ի տուեալներով՝ հանրապետութեան մէջ կատարուած է 52, 736 հեկտար հերկ եւ 38, 633 հեկտար ցանք: Նախորդ տարուան նույն ժամանակահատուածին համեմատած՝ մօտ 4,4 անգամ աւելի»,- այս տուեալները ի մի կը բերէ գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալ Վիլեն Աւետիսեանը:
Նախասիրութիւններու հարցի պարագային էական փոփոխութիւններ չկան: Հիմնական ցորեն եւ գարի ցանուած է: Գերակշռողը ցորենն է: Կատարուած ցանքէն 22, 520 հեկտարը՝ ցորենին կ’երթայ , 16, 112 հեկտարը՝ գարիին: Փոփոխութիւնը վերաբերմունքի մէջ է: Այս տարի բոլոր հիմքերը կան՝ յուսալու, որ աշնանացանը աշնան կ’աւարտի, առանց գիւղատնտեսութեան կենսագործման ժամկէտներու խախտման: «Եթէ նկատի առնենք, որ վերջին տարիներուն հանրապետութեան մէջ աշնանացանի ծաւալները կը տատանուէին 50-55 հազար հեկտարի մօտ եւ որ այս տարի ալ նույն մակարդակը կը կանխատեսենք, ապա կրնանք արձանագրել, որ, այո՛, այս տարուան աշնանացանի հիմնական մասը հասցուցած ենք վերոյիշեալ ժամկէտներուն իրականացնել»,- կը հաստատէ գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Վիլեն Աւետիսեանը:
Ըստ շրջաններու՝ ցանքերու բաշխման հարցի պարագային ալ էական փոփոխութիւններ չկան: Քաշաթաղը առաջին տեղը կը գրաւէ՝ 17 հազար հեկտար հերկի եւ 13 հազար ցանքի ցուցանիշներով: «Քաշաթաղի շրջանը նախորդ տարի միւս շրջաններէն զգալիօրէն աւելի շատ ցանք ունէր, իսկ այս տարի, մինչեւ անգամ նախորդ տարուան ցուցանիշները գերազանցելու հիմքեր կան: Այնպէս որ այսօրուան տուեալները դեռ հեռու են վերջնական ըլլալէ»,- կ’ընդգծէ Վիլեն Աւետիսեանը: Աճը կը սպասուի ամենաշատը Քաշաթաղի շրջանին մէջ: Եթէ նախորդ տարի այս շրջանին մէջ աւելի քան 20 հազար հեկտար հացահատիկ ցանուած եւ ապահովուած էր՝ Արցախի մէջ արտադրուած հացահատիկի աւելի քան մէկ-երրորդը, ապա 2018-ի բերքին տակ, Քաշաթաղի մէջ պիտի պատրաստուին մօտ 22 հազար հեկտար հացահատիկ ցանել:
Ստեփանակերտ