Կիրակի, 03. 11. 2024

spot_img

Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ – ԺԶ – Ա՛յն, Ինչ Որ Ան Ձգեց Մեզի, Անմահ Է… Ալեքսանդր Սպենդիարեանի Տուն-Թանգարան

*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

Հպարտ եմ, որ մեր հայկական երաժշտութեան մէջ այնպիսի երգահան մը եղած է, առանց որուն  հրաշալի ստեղծագործական ժառանգութեան այժմ արդէն կարելի չէ պատկերացնել հայկական երաժշտութիւնը: Որքան մեծ կ’ըլլար մեր կորուստը, եթե չ’ըլլար Ալեքսանդր Սպենդիարեանը:

Առնո Պապաճանեան

Շատ սերունդներ հիացած են  հայ մեծ երգահան Ալեքսանդր Սպենդիարեանի սքանչելի երաժշտութեամբ եւ դեռ շատերը պիտի հիանան, քանի որ այդ երաժշտութիւնը մարդոց սրտերը կը լեցնէ լոյսով ու բարութեամբ, անոր երաժշտութիւնը անմահ է: Ան հազուագիւտ գրաւիչ եւ բացառիկ համեստ մարդ էր: Իր ստեղծագործութիւններուն նկատմամբ շատ պահանջկոտ էր եւ երբեք իր երկերը լոյս աշխարհ չէր հաներ, մինչեւ որ անոնք վերջին մանրուքներով հանդերձ չմշակեր:

Նոյեմբերի 1-ը հայ մեծ երգահան Սպենդիարեանի ծննդեան օրն է։ Այս տարի կը նշենք երգահանի ծննդեան 146 ամեակը, որ առիթ հանդիսացաւ այս մեծ հայուն տուն-թանգարանի մեր այցելութեան, ուր ապրած  է կեանքի վերջին երկու տարին:  Երեւանի Նալպանտեան փողոցին  վրայ գտնուող թիւ 29 (այժմ` 21)  այս շէնքը, ուր 1926-28թթ. ապրած է Ալեքսանդր Սպենդիարեանը, այսօր ընդգրկուած է Երեւանի պատմութեան մշակոյթի յուշարձաններու ցանկին մէջ` որպէս հանրապետական նշանակութեան յուշարձան:  1967  թուականի Նոյեմբեր 25-ին երգահանի դստեր` Մարինա Սպենդարովայի ջանքերով այստեղ կը բացուի Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը: Այն հանրապետութեան առաջին երաժշտական, յուշթանգարանն է: Սպենդիարեանի երաժշտութեան հնչիւնները այցելուներուն կ’ուղեկցին դէպի թանգարան, ուր պահպանուող մասունքները կը պատմեն իր կեանքի ու ստեղծագործական փառահեղ ուղիին մասին: Թանգարանին մէջ այցելուները կրնան ունկնդրել Սպենդիարեանի ստեղծագործութիւնները, հնչեցնել <<Սպենդիարաֆոնը>>, դառնալ <<Ալմաստ>> օփերայի հերոսներ: 

<<Զարթօնքի>> զրուցակիցն է երգահան Մարինէ Օթարեանը, ով 1996 թուականէն մինչեւ օրս կը ղեկավարէ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը:

«Զ.» Տիկին Մարինէ, կ’ըսէ՞ք՝ ե՞րբ եւ ո՞րքան ժամանակ այս տունը ապրած է  Ալեքսանդր Սպենդիարեանը: Հիմնադրման ի՞նչ պատմութիւն ունի թանգարանը:

«Մ. Օ.» – Մինչեւ թանգարանին մասին խօսիլը կարճ պատմական ակնարկ մը ընենք, թէ ի՛նչպէս ունեցանք տուն-թանգարան ստեղծելու  գաղափարը  եւ պէտք է նշեմ, որ այդ գաղափարը կ’երթայ դէպի երգահանի մահուընէ ետք  1920 -ական թուականներու վերջը: Մենք գիտենք, որ երգահանը մահացած է  1928 թուականի մայիսի 7-ին, որմէ ետք իր դուստրը Մարինա Սպենդիարովան, որ այդ ժամանակ տակաւին կը բնակէր Խրիմի Սուդակ քաղաքը,  կը մտածէ  հաւաքել հօր արխիւը, մէկտեղել անոր ստեղծագործական ժառանգութիւնը եւ արդէն այդ ժամանակուընէ իրեն մտքին մէջ կար թանգարան ստեղծելու գաղափարը: Ան գրութիւն կ’ուղարկէ Մոսկուա և Հայաստան ու ցանկութիւն կը յայտնէ, որ այդ տարիներուն թանգարան բացուի Հայաստանի մէջ։  Ի հարկէ, ցանկութիւն կար, որ թանգարան բացուի նաեւ Խրիմի մէջ, բայց ծանր ժամանկաշրջան էր եւ այդ տարիներուն թանգարան ստեղծելու գաղափարը չ’իրականանար:  1940-ին արդէն երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն, Մարինա Սպենդիարովան զգալով, որ այդ պատերազմական ժամանակաշրջանը  կրնայ վտանգաւոր ըլլալ եւ կորսնցնել հօր արխիւը , կ’որոշէ այդ արխիւը ուղարկել Հայաստան: Այսպես Սպենդիարեանի ձեռագրերը, նօթաները, երաժշտական գործիքներէն` ջութակը, այն ստեղծագործական ժառանգութիւնը, որ հաւաքած եւ պահպանած էր,  կ’ուղարկէ Հայաստան իր ընկերներուն եւ կը խնդրէ, որ անոնք պահեն:  Պէտք է նշեմ, որ Ստալինեան բռնապետութիւնը անցաւ նաեւ Սպենդիարեանի ընտանիքի քովէն եւ իր ծանր հետեւանքը ունեցաւ անոնց համար։ Սպենդիարեանի դուստրը ենթարկուելով այդ բռնապետութեան` աքսորուեցաւ:  Աքսորէն վերադառնալէ ետք, միայն  Մարինա Սպենդիարովան նորէն գործի անցաւ` իր նուիրական երազանքի իրականացմանը: 

1959 թուականին Մարինա եւ Թաթիանա Սպենդիարեանները  կու գան Հայաստան եւ կը տեսնեն, թէ հայ ժողովուրդը ինչպէս գնահատած է իր զաւակին աւանդը հայ երաժշտաարուեստի զարգացման գործին մէջ, այս ժամանակ արդէն օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի այդ վեհաշուք շէնքի դիմաց կանգնեցուած էր Ալեքսանդր Սպենդիարեանի արձանը, որ իր անունը կը կրէր։ Իր անունը կը կրէր Երեւանի առաջին երաժշտական դպրոցը, ինչպէս նաեւ փողոց մը Երեւանի մէջ: Եւ ահա քոյրերը կ’որոշեն դիմել Հայաստանի կառավարութեան, որպէսզի Սպենդիարեանի Հայաստանի մէջ ապրած այն բնակարանը, ուր ան ապրած է կեանքի վերջին երկու տարին վերածուի թանգարանի: 1963 թուականին  ՀԽՍՀ նախարարներու խորհրդի նախագահ Անտոն Քոչինեանի  որոշմամբ կը հիմնադրուի տուն-թանգարանը, կը կազմուի  թանգարանի աշխատակազմը` երգահան Վլադիլեն Բալեանի ղեկավարութեամբ:

«Զ.» – Գիտեմ, որ պատմութեան ընթացքին տուն-թանգարանին մէջ աշխատած են մարդիկ, ովքեր ինքնանուիրումով ու բացառիկ ոգեշնչուածութեամբ  պահպանած են Ալեքսանդրի ձգած ժառանգութիւնը: Կ’ըսէ՞ք ՝ ո՛րն էր այդ գործին մէջ թանգարանի հիմնադիր Վլադիլեն Բալեանի դերը:

«Մ. Օ.» – Երկու խօսքով ներկայացնեմ այս շէնքի մասին, որովհետեւ այդ շատ իւրայատուկ է անով, որ շէնքը կառուցուած է 1925-26 թուականներուն Նիկողայոս Բունաթեանի նախագծով եւ Երեւանի առաջին բազմաբնակարան շէնքերէն է: Այժմ շէնքը կը գտնուի  Հայաստանի պատմամշակութային արժէքներու ցանկին վրայ՝ որպէս հանրապետական նշանակութեան յուշարձան:  Վլադիլեն Բալեանը տնօրէն կը նշանակուի 1966 թուականին եւ նոյն այդ թուականէն է Մարինա Սպենդիարովան, Վլասիլեն Բալեանը եւ ժամանակի արուեստագէտներ` Էդուարդ Միրզոյեանը, Ալեքսանդր Յարութիւնեանը եւ այլոք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն այս թանգարանի ստեղծման ու բացման համար: 1967 թուականի  25-ին կը բացուի թանգարանը , որ Հայաստանի մէջ երաժշտական առաջին յուշային թանգարանն է, այսինքն՝ յուշային թանգարան, որ նուիրուած է երաժիշտ մարդու: Թանգարանի բացման ժապաւէնը կը կտրէ Մարտիրոս Սարեանը: Հետաքրքիր պատմութիւն կայ պէտք է նշեմ, որ մէկ օր ետք ալ բացուեր է Մարտիրոս Սարեանի տուն թանգարանը եւ ինքը՝ վարպետը ցանկացած է, որ այդ ձեւով ըլլայ: Ան կ’ըսէր . << Թող առաջինը բացուի իմ աւագ ընկերոջ թանգարանը, յետոյ բացուի նաեւ իմ թանգարանը>>:  Տուն-թանգարանի հիմնադիր տնօրէն երգահան Վլադիլեն Բալեանի տնօրինութեան տարիներուն (1966-1972) թանգարանը դարձաւ մայրաքաղաքի սիրուած մշակութային օճախներէն մէկը: Յիշարժան են թանգարանի պուրակին կազմակերպուող բացօթեայ համերգները, որոնց կը մասնակցէին անուանի արուեստագէտներ, երաժիշտներ ու գրողներ. Առնո Պապաճանեան, Էդուարդ Միրզոյեան, Ալեքսանդր Հարութիւնեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Գէորգ Էմին, Յովհաննէս Չէքիճեան եւ այլք: Ինքնատիպ էր Վ. Բալեանի նախագծած թանգարանի սպենդիարեանական շունչով յագեցած ցուցադրութիւնը, որ արժանացաւ բազմաթիւ այցելուներու բարձր գնահատանքին:
Իր ծաւալած գործունէութիւնը ամփոփուեցաւ Սպենդիարեանի ծննդեան 100-ամեայ յոբելեանի օրերուն, երբ կայացան բազմաբնոյթ միջոցառումներ ոչ միայն Հայաստան, այլեւ անոր սահմաններէն դուրս:

«Զ.» – Ի՞նչ պատմութիւն ունի Ալեքսանդր Սպենդիարեանի դիմանկարը, որ թանգարանին նուիրած է Մարտիրոս Սարեանը:

«Մ. Օ.» – Երբ արդէն կը կազմակերպուէր թանգարանի մշտական ցուցադրութիւնը Վլադիլեն Պալեանը իր յուշերուն մէջ կը պատմէ, որ իրենք զգացին՝ անհրաժեշտութիւն կայ երաժշտագէտին դիմանկարի եւ այդ հարցով Վլադիլեն Պալեանը և Մարինա Սպենդիարովան  կը դիմեն Մարտիրոս Սարեանին, իսկ այդ տարիներուն մենք գիտենք, որ նկարիչը պատկառելի տարիք ունէր, ան  87 տարեկան էր, տեսողութիւնը վատացած էր եւ երբ սկզբնական շրջանին ան քիչ մը կը դժուարանար տեսնելու, կ’ըսէր, որ արդէն տեսողութիւնը վատ է: Պէտք է հաշուի առնենք նաեւ, որ Մարտիրոս Սարեանը դիմանկարներ կ’ընէր կենդանի մարդոց համար, որովհետեւ ան նկարելու ատեն կը զրուցէր մարդկանց հետ, կը թափանցէր անոնց ներաշխարհը եւ այդ ներաշխարհը իր գոյներու միջոցով կ’արտայայտէր, իսկ այդ ժամանակ իր երաժշտագէտ ընկերը արդէն մահացած էր եւ ան ստիպուած էր ընկերջ դիմանկարը նկարել լուսանկարէն: Երբ որ նկարը աւարտեր է, վարպետը խոստովաներ է . « Ես այնքան տարուեցայ այդ նկարով, որ ամբողջ ժամանակ  կը զրուցէի իմ ընկերոջս հետ: Ահա հաւանաբար այդ զրոյցի ժամանակ վարպետը յիշեր էր, թէ ի՛նչպէս իրենք երկու հոգիով Երեւան եղած ժամանակ կը քայլէին փողոցներով եւ Սպենդիարեանը յաճախ  կ’ըսէր, որ Արարատը իրեն կը փոխարինէ ծովին. չէ՞ որ ան ծնած էր ծովային երկրի մը մէջ՝ Խրիմ, իսկ այստեղ ծով չկար, միայն Արարատն էր: Հաւանաբար այդ էր պատճառը, որ Սպենդիարեանի դիմանկարի ետեւի ֆոնին վարպետը պատկերած է ծովը և լեռները: Սպենդիարեանը եկաւ ծովի երկրէն դէպի լեռներու երկիր:

«Զ.» – Նոյեմբերի 1-ին լրացաւ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի ծննդեան 146 ամեակը: Կ’ըսէ՞ք՝ ամէն տարի ի՞նչ միջոցառումներ կ’իրականացուին երաժշտագէտի ծննդեան օրը եւ ինչ կրթական ծրագիրներ ունի թանգարանը:

«Մ. Օ.» – Աւանդոյթ է արդէն երկար տարիներ, որ կոմպոզիտորի մահուան և ծննդեան օրերուն տուն-թանգարանի աշխատակազմը կը կազմակերպէ այցելութիւն անոր շիրիմին , իսկ մենք գիտենք, որ Սպենդիարեանի մարմինը կը հանգչի օբերայի և բալետի ազգային ակադեմիական թատրոնի յարակից պուրակին մէջ : Այդ այցելութեան օրը միշտ անոր շիրիմի քով կը հաւաքուին իր անունը կրող երաժշտական դպրոցի սաները, օփերայի եւ պալէի ազգային թատրոնի անձնակազմը, ինչպէս նաեւ յիշատակի տուրք կը մատուցեն եւ ծաղիներ կը դնեն երգահան շիրիմին: Ամէն տարի իւրօրինակ ձեւով կը նշեն այդ օրը պատանի Սպենդիարանականները, որոնք Սպենդիարեանի անուան երաժշտական դպրոցի առաջին դասարանի  աշակերտներն են եւ արդէն 21 տարի շարունակ իրենց առաջին այցելութեան ժամանակ թանգարանը երդման արարողութիւն կը կատարեն կ’երդնուն երգահանի  յիշատակին` բարձր պահել իր ստեղծագործական ժառանգութիւնը եւ մեծ հռչակը: Այս տարի մենք որոշեցինք երդման արարողութիւնը իրականացնել կոմպոզիտորի շիրիմին մօտ եւ երեխաները մէկ կարմիր վարդ կը դնեն անոր շիրիմին, որովհետեւ  կոմպոզիտորի սիրած ծաղիկը կարմիր վարդն էր: Այնուհետեւ երգահանի տուն թանգարանը տեղի  կ’ունենայ կրթական երկու նոր ծրագիրներու ներկայացում, մէկը կը կոչուի  <<Որքանո՞վ Կը Ճանչնամ Սպենդիարեանին>>՝  հարցաշարի տեսքով, իսկ միւսը <<Ես Բեմանկարիչ Եմ>>, որ Ալամստ օփերայի էսքիզներու ստեղծման ձեւով երեխաները, այցելուները, երիտասարդները կը կարողանան կերտել Ալմաստ օփերայի բեմը, այսպիսով նաեւ ծանօթանալով, թէ ի՛նչ է բեմանակարչութիւնը:  Բացի այս երկու ծրագիրներէն ունինք կրթական մի քանի ծրագիրներ տարիքային տարբեր խմբերու  երեխաներու համար: Ատոնցմէ մէկը նշեմ, որ շատ մեծ տարածում գտած է դպրոցներուն մէջ. ատիկա << Իմ Տոհմածառը>> ծրագիրն է, որ  նախատեսուած է. Հանրակրթական դպրոցներու 2-4-րդ դասարանի աշակերտներու համար: Ծրագիրին նպատակն է `թանգարան այցելող դպրոցականներուն ծանօթացնել Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տոհմի պատմութեանը, հետաքրքրութիւն առաջացնել իրենց տոհմի պատմութիւնն իմանալու հանդեպ եւ սորվեցնել տոհմածառ կազմելու սկզբունքները:

 

«Զ.» Հրատարակչական ի՞նչ աշխատանքներով  կը զբաղի թանգարանը:

«Մ. Օ.» – Պէտք է նշեմ, որ այս տարին յոբելեանական է մեր թանգարանի համարր, որովհետեւ կը լրանայ մեր թանգարանի հիմնադրման 50 ամեակը եւ մենք Նոյեմբերի 25-ին  կը պատրաստուինք նշել մեր թանգարանի կէսդարեայ պատմութիւնը: Այդ առիթով թանգարանը կը պատրաստէ հրատարակութեան  «Հայաստանի մէջ առաջին երաժշտական յուշային թանգարանը 50 տարեկան է» վերնագրով տարեգրությունը, ուր կը ներառուի այս 50 տարիներու թանգարանի պատմութիւնը ինչպիսի մշակութային ուղի անցած է, ինչ դժուարութիւններ ունեցած է թանգարանը, եւ այստեղ կը զետեղուին բացի փաստագրական, լուսանկարչական նիւթերէն, տուն թանգարանի առաւել աչքի զարկած, առաւելագույն կարեւոր ցուցանմուշներ:  20 ցուցանմուշ  ընտրուած է , որոնք կը մտնեն այս գիրքին մէջ: Գիրքի շնորհանդէսը կ’ըլլայ թանգարանի ծննդեան օրը` Նոյեմբեր 25-ին :

«Զ.» -Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք Սփիւռքի հետ: Ո՞րն է Սփիւռքի ներդրումը թանգարանի զարգացման գործին մէջ:

«Մ. Օ.» – Անկեղծ ըլլալու համար մենք շատ համագործակցութիւն չունինք: Ի հարկէ, կապեր ունինք Ղրիմի հետ, որովհետեւ Սպենդիարեանը Ղրիմ ծնած է : Այնտեղ կապեր ունին հայկական համայնքի հետ եւ գիտենք, որ անոնք ինչ աշխատանքներ կը տանին  Սպենդիարեանի ստեղծագործական ժառանգութեան եւ ընդհանրապէս երգահանի հանրահռչակաման գործին: Ես վերջերս  եղայ նաեւ Պէյրութ եւ այնտեղի երկու ռատիոկայաններուն հարցազրոյց տուի Սպենդիարեանի գործունէութեան մասին եւ ես հասկցայ, որ մենք Սփիւռքի մէջ պակասը ունինք մեր դասականներուն հանրահռչակելու : Շատ-շատ կ՛ուզէի եւ կ’ուղղորդէի, որ մեր դասականներուն`Սպենդիարեան, Խաչատրեան, Պապաճանեան, Յարութիւնեան , Միրզոյեան շատ հանրահռչակուէին եւ կ’ուզէի, որ սփիւռքի մէջ երիտասարդները մեր մեծերուն լաւ ճանչնան: Մենք նաեւ կը քաջալերենք եւ կ’աջակցինք այն բոլոր նուագախմբերուն, այն բոլոր անհատներուն, ովքեր դուրսը ցանկութիւն ունին եւ իրենց աշխատանքները կը տանին Սպենդիարեանի ստեղծագործութիւններու տարածման գործին մէջ: Վառ օրինակը ֆրանսաբնակ մեր լաւագոյն երգիչներէն մէկուն` Մկրտիչ Մկրտչեանի նախաձեռնութեամբ Ֆրանսիայի երկու քաղաքներուն մէջ սիմֆոնիկ նուագախմբի հետ կատարեցին Սպենդիարեանի ստեղծագործութիւնները  առաջին անգամ եւ հոն կային ստեղծագործութիւններ, որոնք ֆրանսայի մէջ հնչեցին առաջին անգամ: Մենք  աջակցեցանք եւ ուղարկեցինք բոլոր նօթաները: Միանգամընդմիշտ պատրաստ ենք իւրաքանչիւր արուեստագէտի մեր աջակցութիւնը ցուցաբերելու ի նպաստ Սպենդիարեանի ստեղծագործական ժառանգութեան տարածման:

«Զ.» -Այսօր ալ տուն-թանգարանը կ’ապրի մշակութային եռուն կեանքով, հին ու բարի աւանդոյթները կը ներդաշնակուին նոր մտայղացումներով։ Յիշեցնենք, որ թանգարանը կը գտնուի Երեւանի Նալպանտեան փողոցին վրայ թիւ 21:

Հեռ.  +374 10 521299 / +374 10 580783

Կայք՝ www.spendiaryanmuseum.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին